ՍԻՐԵԼԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Սիրելի դասընկերներ,

Իսկապէս սրտի մեծագոյն կսկիծով այս շաբաթավերջին ստացայ Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան գոյժը: Ձեզմէ անոնք որ Լիբանան կը բնակին, զինք պիտի ճանչնան իբրեւ ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան միացեալ երկրորդականի նուիրեալ տնօրէնը եւ հայերէն լեզուի մասնագէտ պաշտպանը: Սակայն Ժիրայրը այդ բոլորէն եւ այդ իրականութիւնը նկարագրող բառերէն շատ աւելի վեր անձ մըն էր:

Ժիրայրը այսօր անփոխարինելի է: Եւ այս կ՚ընդգծեմ: Մեր վերջին տասնամեակներու սփիւռքի լաւագոյն մատենագէտներէն էր, չըսելու համար լաւագոյնը: Բծախնդիր գիտաշխատող մը, որ երբ կը նուիրուէր ծրագրի մը, ո՛չ միայն զայն կ՚ամբողջացնէր, այլ զայն կ՚ամբողջացնէր ամենաբարձր որակով:

Ազգային իրավիճակով եւ մանաւանդ հայերէն լեզուի իրականութեամբ եւ վերապրելու յոյսերով մտահոգ եւ գերմտահոգ անձ մը եղաւ, որ տառացիօրէն քուն կը փախցնէր ատոր համար: Աւելին, իր ուշադրութեան առարկան ո՛չ միայն մեր լեզուն եւ մշակոյթն էին, այլ նաեւ մեր նոր մեծցող սերունդը, մեր մամուլը, մեր ազգային կազմակերպութիւնները, մեր պետութիւնը, մեր ընկերային իրավիճակը, մեր գաղութները: Փաստօրէն մենք, որպէս հայեր, ամբողջութեամբ:

Իսկական, ողջախոհ եւ յանձնառու մտաւորական էր Ժիրայրը, որ նոյնպէս անխոնջ կերպով կ՚աշխատէր զինք մտահոգող բոլոր հարցերուն համար, որպէսզի բարելաւէր իրականութիւնը, նպաստէր մեր ազգային յառաջացման եւ պայքարէր ընդդէմ միջակութիւններուն: Իր գործո՛վ եւ ո՛չ միայն իր խօսքով:

Ժիրայր Դանիէլեանը այդպէս եղած էր միշտ: Մեր ազգային ճղճիմ եւ իրերամերժ իրականութեան մէջ՝ Ժիրայրը, իր հեզութեամբ եւ նաեւ իր անկեղծութեամբ եւ գիտուն ու իմաստուն միտքի պայծառութեամբ մնայուն, մեզի իրարու կպցնող այն խէժը եղաւ, որ միշտ եւ ամէն բանէ առաջ հաւատքը ունեցաւ, թէ կարելի է ազգովին ստեղծել միասնականութեան ոգի մը, տեսիլք մը, որուն շուրջ կարելի է համախմբուիլ եւ աշխատիլ նուիրեալ կերպով: Իր կեանքը ամբողջ ատոր լաւագոյն օրինակն էր: Այո՛, կը ցաւէր մեր ազգային իրականութեան ի տես, բայց միշտ յուսալից էր, եւ նամանաւանդ՝ միշտ աշխատող եւ բնաւ չընկրկող:

Ժիրայր Դանիէլեանը այդպէս եղած էր միշտ, դեռ իր պատանեկութենէն ի վեր եւ երիտասարդ տարիներուն ալ: Քիչերուն ծանօթ է, սակայն եթէ սփիւռքի եւ Հայաստանի պատմութեան մէջ ազգային մեծ դեր ունեցան 1965-ի Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչումները, նամանաւանդ մեծաթիւ, համազգային, միացեալ եւ յստակ պահանջատիրութիւնը, ատիկա հուր մըն էր, որ բռնկեցաւ սկսելով Պէյրութէն, որուն համար գոնէ նախապէս 2-3 տարուան աշխատանք մը տարին բուռ մը նուիրեալ հայ երիտասարդներ: Անձեր, որոնք ականատես վկաներն էին անկէ քանի մը տարի առաջ տեղի ունեցած մեր ազգային եղբայրասպան ոճիրներուն, մեր շարունակուող բաժանումներուն եւ ինքնակործան քաղաքական դիրքորոշումներուն, եւ որ նոյնիսկ իրենք ալ այս կամ այն պատճառներով պիտակուած էին որոշ կողմի անդամակցութեամբ: Երիտասարդներ էին անոնք, որոնք ո՛չ միայն մերժեցին այդ պիտակումները, այլ ոգի ի բռին աշխատեցան ամէն օր, տարիներով, հաւատալով թէ իրերատեաց բաժանումը ազգակործան է եւ զայն պէտք է արմատախիլ ընել մեր ամենօրեայէն: Այդ երիտասարդներու փոքր խումբին մաս կը կազմէր Ժիրայր Դանիէլեանը: Եթէ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ 1965-ի 50-ամեակի պատմական ոգեկոչումը, անձերէն մէկը, որուն կը պարտինք այդ՝ Ժիրայրն էր:

Ժիրայրը նաեւ անձնական բարեկամ էր ծնողներուս, ինծի եւ քրոջս, եւ որուն հետ ունեցած խօսակցութիւններս եւ զրոյցները մեր յարկին տակ, եւ որուն նուիրուածութիւնը ի նպաստ ընտանիքիս մտաւորական ժառանգութեան պահպանման՝ անզուգական էին: Սիրով մաս կազմեց հօրս յետմահու հրատարակուած ձեռագրերու բարձրորակ հրատարակման յանձնախումբին եւ իր աշխատանքը փայլուն կերպով իրագործեց, ինչպէս միշտ:

Աւելին, տասնամեակ մը առաջ, Ժիրայրը ձեռնարկեց եւ ապա խմբագրեց ու հրատարակեց հօրս գրականագիտական եւ հայագիտական լաւագոյն դասախօսութիւններն ու յօդուածները, որոնցմէ շատերը նախապէս անտիպ էին, «Մատեան բանաւոր խօսքի» անունը կրող հատորով մը: Այդ գործը ես ներկայացուցի Մոնթրէալի մէջ 2012-ին, հօրս ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին: Որպէս որդի, հօրս միտքին արգասիքը ներկայացնելու պատիւը պիտի չունենայի, եթէ Ժիրայր Դանիէլեանը կատարած չըլլար այն ինչ որ ըրած էր միշտ: Սիրել իր լեզուամշակոյթը եւ անոր անձնանուէր ծառան դառնալ ու միշտ, անշեղօրէն, անոր սպասարկել իր բոլոր կարելիութիւններով:

Ո՛չ միայն ես, այլ մեր ազգը ամբողջ պիտի իր կարօտը քաշէ շա՜տ երկարօրէն:

ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ

Մոնթրէալ, 28 նոյեմբեր 2022

«Էրեբունի» կայքէջ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022