ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Ե.

Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի: Նկուղները, վառարանները, լամբը, մանկիկին արտաթորութիւնները, փոշին: Մանկանոցի կահաւորութիւնը: Օրօրո՞ց, ճոճա՞ն, թէ՞ մահճակալ: Օրօրումը եւ օրօրոցի երգը: Մանկիկին քունը:

Այսքանը օդի մասին: Մէկ-երկու խօսք ալ լոյսի կարեւորութեան մասին ըսենք: Լոյսը, մանաւանդ արեգակին անմիջական ճառագայթները մեր սննդառութիւնը կ՚արագացնեն, մեղմ կերպով գրգռելով մեր ջիղերը: Կենդանիները մութ վայրի մէջ բոյսերուն նման կը թառամին ու, բացի այդ, հիմա ապացուցուած է, որ արեւը բազմաթիւ միքրոպներ կը սպաննէ. ամէն պարագայի, մեքրոպները աւելի դիւրութեամբ մութին մէջ կը զարգանան, քան արեւոտ տեղերու մէջ: Այս տեսակէտէն ներքնայարկ բնակարանները, ուր արեւ չի թափանցեր, շատ վնասակար են մանուկին համար: Սակայն, նորածին մանուկը չի՛ կրնար անմիջապէս ընտելանալ լոյսին եւ այս է պատճառը, որ անհրաժեշտ է զայն առաջին օրերը կիսամութ սենեակի մէջ պահել:

Աղքատ տուներուն եւ գիւղական խրճիթներուն մէջ, անշուշտ, ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ առանձին մանկանոց ունենալ, եւ երեխան միշտ կա՛մ ծննդկանին ծոցը կը դրուի, կամ, ինչպէս ըսինք, օրօրոցին մէջ կը կապուի, որ մօր կողքին կը դրուի խրճիթին, կամ հացատան, կամ նոյնիսկ գոմին մէկ անկիւնը: Նոյն տան մէջ կը վառուի թոնիրը եւ տունը անթափանցելի ծուխով կը լեցուի: Այնտեղ կապուած են նաեւ տնային անասունները, որոնց աղբին հոտը ամբողջ տունը կը լեցնէ: Ի՞նչ ընել այսպիսի դառն պայմաններու մէջ: Ալ ո՞ւր մնաց մեր պահանջած մաքուր օդը: Ճիշդ այս դառն պայմաններուն մէջ է, որ ծնողները պիտի խղճան իրենց նորածին զաւակներուն: Անասունները պէտք է հեռացնել դրացիին գոմը, կամ դուրսը, եթէ եղանակը թոյլ կու տայ. ամբողջ տունը պէտք է լաւ մաքրել ու միշտ մաքուր պահել, խոնաւութիւնը հեռացնել, թոնիրը վառած ատեն, ձմեռ ժամանակ, երեխան պէտք է դուրս տանիլ ուրիշ տուն մը, իսկ ամառը լաւ փաթթած կարելի է նոյնիսկ դուրս ուղարկել եւ դուրսն ալ պահել, ինչքան կարելի է երկար ժամանակ: Օդը մաքրելու համար պէտք է շուտ-շուտ բանալ դուռն ու երդիքը, աւլելու ժամանակ փոշի չբարձրացնել, եւ այլն: Այսպէսով, ինչքան չըլլայ, դարձեալ մեղմացուցած կ՚ըլլանք մեր գիւղական տուներուն վատ ազդեցութիւնը երեխային վրայ:

Ի՞նչ բանէն կ՚աղտոտի սենեակին օդը. որպէսզի մայրերը լաւ հասկնան, թէ ի՛նչ զգուշութիւններ անհրաժեշտ են մանկարանին օդը մաքուր պահելու համար. ամենէն լաւը այն է, որ բացատրենք, թէ ինչ պատճառներով կը վատանայ սենեակին օդը:

Ահաւասիկ գլխաւոր պատճառները.

Ամենէն առաջ բնակարանին յատակէն ու պատերէն կրնան գէշ հոտեր ու կազեր դուրս գալ: Աղքատ ընտանիքներուն բնակարանները նեղ եւ աղտոտ բակերու մէջ են: Յաճախ, բակին մէջ արտաքնոցի հորեր եւ աղտոտ ջուրերու համար փոսեր կան: Այս հորերուն աղտոտ ջուրերն ու կազերը նկուղներուն յատակը ու պատերուն մէջ կ՚անցնին, եւ անոնց միջոցով նկուղի օդին մէջ կը լեցուին: Մանաւանդ ձմեռը, երբ վառարաններ կը վառեն, այդ խոնաւութիւնն ու կազերը ուղղակի ներս կը քաշուի:

Նկուղները, ընդհանրապէս, գրեթէ միշտ խոնաւ կ՚ըլլան եւ քանի որ այդ խոնաւութիւնը գետնէն կու գայ, իսկ գետինը միշտ աղտոտած է արտաքնոցի հորերով, հետեւաբար նկուղներուն օդը ընդհանրապէս մանուկներուն համար վնասակար է:

Նոյն հիման վրայ վնասակար են նաեւ նոր շինուած տուները, որոնք դեռ լաւ չեն չորցած եւ որոնց պատերը թաց են:

Օդը կ՚աղտոտի նաեւ վատ վառարաններէն: Իսկ վատ վառարանները՝ թիթեղէ կամ երկաթը վառարաններն են, որոնց պատերու մէջէն, խողովակէն ու դռնակի ճեղքերէն ծուխ ու խեղդող կազեր կը լեցուին օդին մէջ: Այստեղ աւելորդ կը համարենք կրակարաններու մասին խօսիլ, որ երբեք կարելի չէ սենեակին մէջ դնել (մանաւանդ մանկանոցին մէջ), որովհետեւ անոնք ուղղակի օդը թունաւոր կը դարձնեն: Բացի այդ, սենեակի օդին մէջ լողացող հարիւր տեսակ փոշիներ, չորցած այրուող մասերէ բաղկացած, շիկացած երկաթին կպնելով, կ՚այրին եւ հոտեր կը տարածեն սենեակին մէջ: Երկաթէ վառարանները այն անյարմարութիւնը ունին նաեւ, որ շուտ եւ շատ կը տաքցնեն սենեակը, իսկ երբ կը պաղին քիչ մը, սենեակը շուտով կը սառի եւ օդը սաստիկ կը չորնայ: Սենեակի օդին այս արագ ջերմութեան փոփոխութիւնը կրնայ մանուկը մսեցնել: Բուխարին նոյն վատ յատկութիւնները ունի: Ուստի, ամենէն նպատակայարմարը պատի վառարանը պէտք է համարել:

Օդին վատանալու մէկ պատճառն ալ գիշերուան լուսաւորութեան ձեւն է: Ամենէն լաւ լուսաւորութիւնը, անշուշտ, ելեկտրականն է, որ զանազան կազերով, հոտերով ու ծուխով չ՚ապականեր օդը: Բայց ատիկա տակաւին մատչելի է, ուստի կը մնան կերոսինի լամբերը: Կերոսինային լուսաւորութիւնը, որ արդէն ամէն տեղ մտած է, կարելի է լաւ եւ անվնաս համարել միայն այն պարագային, երբ լամբին մէջ կերոսինը ամբողջութեամբ լաւ կ՚այրուի ու չի՛ ծխար: Հակառակ պարագային մի քանի ժամ ետք օդը ծուխով եւ անախորժ ու վնասակար հոտով կը լեցուի: Ուստի, այնպիսի լամբ պէտք է վառել, որ ծուխ չտայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 10

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023