ԸՍԷ ԻՆԾԻ, Ի՛ՆՉ ԿԱՅ (ՄՕՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Մա՛յր բոլոր ասոնք ու աս պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր ու անոնք մէկ-մէկ սորվեցուցած աղօթքիդ պէս կը յիշեն, բայց՝ քանի որ կ՚ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով, այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն, որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կայ անդին։ - Ի՞նչ ունիս գերեզմանէն, որ հունա այնքան ալ մեր մօտը կը գտնուի։ Ըսէ՛ Մայր, վստահ եղիր, որ չպիտի մերժեմ լսել, երբեք չպիտի ձանձրանամ ըսելիքներէդ։ Երազներուդ պէս արդեօք գերեզմանէն անդիիներն ալ նորէն ճշմարիտ իրականութիւննե՞ր պիտի հռչակես, թէ բացարձակ ոչնչութիւն պիտի ըսես պարզապէս։ Հարցուկի մը պատկառոտ սարսռանքներուն մէջ ու միշտ անանուն կարեւորութիւնով մը պիտի լսէի քեզ, Մա՛յր, որն է երազը, սա արեւի՞նը, թէ վաղուան ստուերներուն կեանքը, որուն դուն ամիսներէն ի վեր սկսուածքն ըրիր՝ դեռ մեզի բան չես ապսպրած, մեզ յուսահատ սպասանքի մը մէջ սգաւորներ կը պահես, բայց դուն այսչափ երկար չէիր քնանար, Մա՛յր, դուն աքաղաղին ճիչովը ընդոստ արթնցող մը, հիմա ամպերը կը պոռան ականջիդ ու բնաւ չես շարժիր, վեր չես առներ գլուխդ, աղօթքի չես վազեր, երազներդ իրականութիւն, թէ ինչ, չես յայտներ մեզի... ու կը զարմանամ թէ՝ ի՞նչպէս կրնաս համբերել։

Այսչափ երկար ու խորունկ քուն քնանալով, մինչեւ հիմա աշխարհք մը ըսելիք կը կախէիր շրթունքէդ. թզուկ գիշերի մը կեանքէն ամէնքն ալ, հիմա ի՞նչ պիտի կրնայիր խօսիլ ան մեծ գիշերին կողքէն, անոր սոսկալի ու խաւարակուլ ալքերէն, ուր մտար ու մարեցիր ճրագը ետեւէդ։

Առաջին օրը ինչպէ՞ս ճամբորդեցիր, որո՞ւ հանդիպացար, ո՞ւր ըրիր հանգիստի վայրկեանային դադարդ, դուն որ արդէն շունչէդ կը կանչէիր։

Այն պահուն, ուր հողն ու քարը բուռ-բուռ քու մարմինդ խփող սնտուկի վրայ թափելով՝ գոռ թնդիւն մը կը լեցնէր գերեզմանդ, ի՞նչ խորհեցար արդեօք, հէգ Մայր, մեղաւոր հնդկուհի մը կը թաղեն ըսիր, թէ՝ մարդիկ մահուան վրէժը կ՚առնեն այնպէս հողին տակ քեզ՝ քու մարմինն ծեծելով։

Դուն սակայն զգացի՞ր անոնք, անդրադարձա՞ր այն եղածներուն, երդում քեզի, որ ես աւազահատ մըն ալ չնետեցի վրադ, այդպէս թող ձեռքս փրթէր, Մա՛յր, թող այդ տեսակ յիմար սովորութեան մը համակերպութիւնով աջ ձեռքէս, աջ աչքէս զրկուէի։ Քարերը, հողերը քու կուրծքիդ նետուած, իմ գլխուս կ՚իյնային արդէն, գերեզմանիդ քովէն դէպի տուն ես արդէն ճշմարիտ մեռել մը դարձայ։ Առաջին մուտքը դժուար քայլափոխ մըն է եղել կ՚ըսեն, հոգիս աս կողմէն այն կողմը սաւառնող հրեշտակներն ալ անխուսափելի այդ դժուարութիւններէն պիտի անցնին եղեր անպատճառ, հոգ մի՛ ըներ։ Դուն միայն հիմա ըսելու եղիր թէ՝ ի՛նչ տեսար այն քուկիններդ, որոնց կը փափաքէիր հէնց թերասուտերը տեսնել։

Հայրս ո՞ւր կը մնար արդեօք, չտեսա՞ր, չբարեւեցի՞ր, չըսի՞ր, թէ՝ երեսիս վրայ իր զարկած ապտակներուն տեղը հիմա աղեբեկ մօրուք մը կը շփէ տղադ, ան ատեն, որ անել ու թնճկոտ խորհուրդ մը կը ճմռթկէ իր միտքին մէջ։

Ես ալ ո՞ր ճամբով գայի, որ շիտակ քեզի հասնէի, հոն ալ մէկտեղ ապրէինք. առանց քու ներկայութեանդ, ինծի համար այդ լոյսերու աշխարհն ալ տրտում դատարկութիւն մըն է յայտնապէս, ինչպէս հոս քեզ կորսնցնելէս ի վեր դժոխքի մը ցաւերն ունիմ հոգիիս մէջ։ Միայն քեզի կը հաւատամ Մա՛յր, պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ըսէ՛, հէնց ակնարկով մը հասկցուր, թէ ի՞նչ կայ անդին։ Միայն քու ըսածներուդ անձնատուր պիտի մնամ, Մա՛յր։

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ

Շաբաթ, Մայիս 8, 2021