ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԵՍ ԸՆԴԳՐԿՈՂՆ ԵՄ

Ես արաբներն եմ՝ առանց նաւթի:

Ապըտ ալ-Նասէրը՝ առանց բարձրախօսի:

Ես Լիբանանի դէմ դաւադրութիւնն եմ, սակայն չեմ կրնար յայտնել այդ:

Պարսից ծոցի պատերազմներու ջարդերն եմ, սակայն չեմ կրնար կանգնեցնել զանոնք:

Պաղեստինեան դիմադրութիւնը կը փլուզուի եւ չեմ կրնար աջակցիլ անոր:

Բոլոր տուներէն ներս անօթի փորերը՝ եւ չեմ կրնար կերակրել զանոնք:

Իւրաքանչիւր փողոցի վրայ եղող մերկ մարմինները՝ եւ չեմ կրնար ծածկել զանոնք:

Իւրաքանչիւր սիրտի մէջ եղող խոր ցաւերը՝ եւ չեմ կրնար սպիացնել զանոնք:

Իւրաքանչիւր կռնակի վրայ ցցուած դանակները՝ եւ չեմ կրնար հանել զանոնք:

Իւրաքանչիւր երեսի վրայի արցունքները՝ եւ չեմ կրնար չորցնել զանոնք:

Մահացուցիչ առանձնութիւնը իւրաքանչիւր անկողինի մէջ՝ եւ չեմ կրնար թեթեւցնել զայն:

Իւրաքանչիւր քայլափոխի տարածուած դիակները՝ եւ չեմ կրնար թաղել զանոնք:

Իւրաքանչիւր վանդակի մէջ բանտարկուած արծիւները՝ եւ չեմ կրնար արձակել զանոնք:

Ամէն տեղ մսխուած իրաւունքները՝ եւ չեմ կրնար դպնալ անոնց:

Այսինքն, բոլոր քաղաքական, իմացական, տնտեսական ու զգացական կորովը՝ սիրոյ, բարութեան, գեղեցկութեան, ընկերութեան, փորձառութեան, հաւատարմութեան, զուարթամտութեան եւ չափազանց ուշադրութեան, պէտք է ինքզինք կատարեալ անկարողութեան դիմաց գտնէ:

Այսինքն, արաբ մարդը այս դժուար պարագաներուն մէջ որոնց մէջէն կ՚անցնի իր ազգը, չի՛ կրնար ո՛չ մէկ քաղաքական, մշակութային, ընկերային կամ դիմադրողութեան խաղ խաղալ, նոյնիսկ երգել՝ Ապտէ ալ-Համուլիի կամ Սալէհ Ապըտ ալ-Հէյի նման:

Սակայն, միւս կողմէն, ես արջերուն պարելու վարժեցուցի:

Կապիկներուն՝ երգելու:

Պլպուլներուն՝ կռկռալու:

Մրջիւններուն՝ իրարանցումի:

Այծին՝ կարգ կանոնի:

Աղուէսին՝ հաւատարմութեան:

Շան՝ դաւաճանելու:

Ծիծեռնակներուն՝ բնակութիւն հաստատելու:

Հաւերուն՝ գաղթելու:

Գայլերուն՝ ներողամտութեան:

Կարապներուն՝ ոխակալութեան:

Գառներուն՝ դիմադրութեան:

Նապաստակներուն՝ անխոհեմութեան:

Գորտերուն՝ լռելու:

Թութակին՝ ճարտարախօսութեան:

Ձուկին՝ քնանալու:

Մորեխներուն՝ սողալու:

Կրիային՝ ցատկելու:

Սակայն չկրցայ մէ՛կ արաբի վարժեցնել հանրակառք բարձրանալ ետեւէն ու իջնել՝ առջեւէն, ո՜ւր մնաց զինք յեղափոխութեան պատրաստելու:

Այդ պատճառով ալ Արեւելքի փոքրինկներուն հիմակուընէ սպառազինեցի Օնորուայի (UNRWA) եւ փախստականներու օգնութեան գործակալութիւններու հասցէներով, ես անոնց սորվեցուցի սնունդ ստանալու հերթերուն մէջ կանգնելու, գաղթակայաններու մէջ քնանալու, հաւաքական գերեզմաններուն մէջ պառկելու: Ինչպէս նաեւ անոնց անչափահաս աղջիկներուն սորվեցուցի բռնաբարութեան ցաւին դիմանալու, ինչպէս նաեւ իրենց խաղալիքներուն, գանձանակներուն ու իրենց չորս կողմը եղող մեռածներուն հագուստներուն կառչելու անհրաժեշտութեան, եւ որպէսզի երբեք լուրջ չվերաբերին 1948-ին, Իսրայէլի արձակած կարգախօսին՝ «պատիւը հողէն առաջ է», որովհետեւ հողը լայնքէն ու երկայնքէն առաջ է: Նարինջի այգիներէն եւ լեմոնի պարտէզներէն առաջ է, ծովի կապոյտէն, ձկնորսներու երգելէն եւ պարտիզպաններու մեղեդիէն առաջ է: Գիւղատնտեսութենէն, արդիւնաբերութենէն, արուեստէն, գիտութենէն, գիտելիքէն, աջէն ու ձախէն, անցեալէն, ներկայէն ու ապագայէն առաջ է, սակայն ազատութենէն առաջ չէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 19

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2024