ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Ժա­մա­նա­կին կը խա­բէին մեզ մեր ծնող­նե­րը, մենք ալ միամ­տօ­րէն կը հա­ւա­տա­յինք:

Ա­նոնք ան­համ­բեր կը սպա­սէին մեր լե­զու ել­լե­լուն: Եւ գի­տենք, որ լե­զու ել­լե­լէ ետք, մա­նու­կը պի­տի սկսի իր շրջա­պա­տը ճանչ­նալ, շօ­շա­փել ու այդ շօ­շա­փած ի­րե­րուն ա­նուն­նե­րը սոր­վիլ, ա­նոնց օ­գուտ­ներն ու վնաս­նե­րը հասկ­նալ եւ ին­չու չէ նաեւ՝ զգալ...:

Հար­կաւ ա­նոնք բա­ցատ­րու­թիւն­ներ կու տա­յին ի պա­տաս­խան մեր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն: Երբ մեր պզտիկ մա­տիկ­նե­րով մօ­տե­նա­յինք ե­լեկտ­րա­կան կո­ճակ­նե­րուն, ան­կէ յա­ռա­ջա­նա­լիք վտան­գին մա­սին եր­կար-բա­րակ բա­ցատ­րու­թիւն կու տա­յին մե­զի, որ շատ խօսք լսե­լէ զզուած՝ կը հե­ռա­նա­յինք:

Երբ մա­տիկ­նե­րով հիւ­րա­սե­նեա­կի սե­ղա­նին վրա­յէն ձե­ռա­գոր­ծը քա­շէինք, ա­նոր հետ կու գա­յին նաեւ շա­քա­րա­ման­ներ, ծաղ­կա­ման­ներ, ար­ժէ­քա­ւոր ա­պա­կեայ զար­դեր, ո­րոնք գե­տին իյ­նա­լով կը փշրուէին պայ­թու­մի նման հզօր ձայն մը հա­նե­լէ ետք, որ­մէ սար­սա­փած ար­դէն կը հե­ռա­նա­յինք:

Ու ա­հա, այդ մի­ջո­ցին, մա­ման բար­կա­նա­լով կու գար, գետ­նի ա­պա­կեայ փշուր­նե­րը հա­ւա­քե­լու ժա­մա­նակ ձեռ­քէն կար­միր հե­ղուկ մը կը սկսէր հո­սիլ: Աս ի՞նչ է, կը մտա­ծէինք, ա­պա ներ­սէն պա­պան, մեծ մա­ման ու քիչ կը մնար որ դրա­ցի­ներն ալ գա­յին ու ի­րար ան­ցած՝ մա­մա­յին մա­տէն հո­սած այդ կար­միր հե­ղու­կը սրբէին հա սրբէին, ու մա­տը կը փաթ­թէին ճեր­մակ կտո­րով մը, որ­պէս­զի կե­նար հո­սող հե­ղու­կը:

Պահ մը ետք մենք՝ յան­ցա­ւոր­ներս, մա­մա­յին շուր­ջը կ՚ըլ­լա­յինք ա­հա ու ան կը հասկց­նէր մե­զի, թէ այդ կար­միր հե­ղու­կը՝ ա­րիւն է, որ ե­թէ ա­պա­կեայ կտոր մը մխուի մոր­թին՝ կրնայ ճեղ­քել մոր­թը ու մա­զե­րա­կի մը կամ բազ­կե­րա­կի մը հպիլ ու ան­կէ ա­րիւ­նը դուրս հո­սիլ, որ ե­թէ չկեց­նեն ա­րեան հոս­քը՝ կրնայ մար­դուն կեան­քին վտանգ սպառ­նալ: Ուս­տի պէտք չէ ա­մէն ինչ ձեռ­նել ու քա­շել...: Կը բա­ցատ­րէր ան, բայց ան­շուշտ նաեւ կ­­՚ո­րո­շէր ծած­կո­ցը վերց­նել:

Աս մէկ ա­րար­քով ին­չե՜ր սոր­վե­ցանք: Օ­րեր ան­ցան ու սկսանք նկա­տել մա­մա­յին փո­րի­կին կլոր­նա­լը: Հատ մը իր փո­րին, հատ մըն ալ մեր փո­րին նա­յե­ցանք. մե­րի­նը նոյնն է, ի­րը՝ մեծ­ցած. հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը մեծ­նայ եւ կար­ծես ու­ռեց­քը կը տա­րա­ծուի բո­լոր մարմ­նի ան­դամ­նե­րուն վրայ: Դէմքն ալ ու­ռած է, ոտ­քե­րը, ձեռ­քե­րը: Ան­ճա­նա­չե­լի ըլ­լա­լու չափ անբ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն մը նկա­տե­լի է: Ո­րո­շե­ցինք հարց­նել՝ տե­սակ-տե­սակ ան­գո­հա­ցու­ցիչ պա­տաս­խան­ներ ստա­ցանք՝ «Քիչ մը հի­ւանդ եմ. շու­տով կ­­՚անց­նի, ձա­գուկս. բան չկայ, ու­ռեցք է... եւ այլ­ն». ու ա­հա մի քա­նի օր ետք հա­ղոր­դեց մե­զի, որ պի­տի բա­ցա­կա­յի ու՝ «Քո՞յ­րիկ կ՚ու­զէք, թէ աղ­բա­րի­կ». իսկ ուր­կէ՞ պի­տի գայ այդ քոյ­րի­կը կամ աղ­բա­րի­կը, երբ հար­ցուց մեզ­մէ ա­մե­նէն հա­մար­ձա­կը, պա­տաս­խա­նը ան­շուշտ բո­լո­րիդ գու­շա­կա­ծը ե­ղաւ՝ կա՛մ ծա­ռէն պի­տի քա­ղեն, կա՛մ ալ թռչու­նը կտու­ցին կա­խած տոպ­րա­կով պի­տի բե­րէ: Այդ պա­հուն զննե­ցինք մենք զմեզ, ու մտա­ծե­ցինք, թէ մե՞նք ալ ու­րեմն թռչու­նի կտու­ցին կա­խուած՝ բե­րուած ու նե­տուած ենք մեր մօր գիր­կը:

Եւ չէ՞ որ մա­նուկ էինք ու կեն­դա­նի­նե­րը շատ կը սի­րէինք, կը սկսէր մեր մի­ջեւ խորհր­դա­ծու­թիւն մը: Ու­րեմն աշ­խար­հի բո­լոր կեն­դա­նի­նե­րուն ձա­գուկ­նե՞րն ալ թռչուն­նե­րը կը բե­րեն մե­զի պէս. ի՜նչ լաւ, կ՚ե­րե­ւա­կա­յէինք զա­նոնք տոպ­րակ­նե­րու մէջ կա­խուած՝ շու­նիկ­նե­րը, կա­տու­նե­րը, սկիւ­ռիկ­նե­րը, ճու­տիկ­նե­րը, բայց մեղք չէ՞ մի­թէ այդ թռչու­նին, որ ոզ­նիի մը կամ կո­կոր­դի­լո­սի մը կամ շա­նա­ձու­կի մը ձա­գու­կը կը բե­րէ, վստահ որ փե­տուր­նե­րը փետ­տուած կը հաս­նի մին­չեւ կո­կոր­դի­լո­սին կամ ոզ­նիին կամ շա­նա­ձու­կին մայ­րը գտնէ:

Ա­հա մա­ման քա­նի մը օ­րէն վե­րա­դար­ձաւ նախ­կին տես­քով՝ փոր-մոր չէր մնա­ցած, փո­խա­րէ­նը՝ մա­նուկ մը գրկած էր, կար­ծես տոպ­րա­կով մա­նու­կը բե­րող թռչու­նը կտու­ցո­վը պայ­թե­ցու­ցած էր մա­մա­յին փո­րը ու զինք ա­զա­տած ու­ռեց­քէն:  

Շատ միա­միտ էինք, բայց ո՛չ, մենք ալ մա­նուկ էինք հի­մա­կուան մա­նուկ­նե­րուն նման: Սա­կայն մեր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ու մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թեան տակ այդ էր հար­կա­ւոր ու այդ­պէս ալ հա­սակ ա­ռինք, ա­մօթ­խա­ծու­թիւնն ալ մե­զի հետ հա­սակ ա­ռաւ, այն աս­տի­ճան, որ նոյ­նիսկ երկ­րոր­դա­կա­նի բարձր կար­գե­րուն մէջ, երբ մե­զի կ՚­­ա­ւան­դուէին ժա­ռան­գա­կա­նու­թեան մա­սին գի­տե­լիք­ներ, թէ ինչ­պէս օ­րի­նակ կա­պու­տա­չեայ աղ­ջիկ մը երբ ա­մուս­նա­նայ սե­ւա­չեայ ե­րի­տա­սար­դի մը հետ՝ ա­նոնց ո՞ր զա­ւա­կը կը ժա­ռան­գէ հօր կամ մօր աչ­քին գոյ­նը. մեր քի­թե­րուն տա­կէն կը ժպտէինք, կը կարմ­րէինք ու կը քա­շուէինք նիւ­թին մա­սին նոյ­նիսկ ո­րե­ւէ հարց ուղ­ղե­լէ:

Այժ­մու մա­նուկ­նե­րը ա­ւե­լի աչ­քա­բաց են, ծնող­նե­րը՝ յա­ռա­ջա­դէմ: Մա­նու­կը ա­մէն հար­ցու­մի ճշգրիտ պա­տաս­խա­նը կը ստա­նայ, իր բո­լոր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րուն յա­գե­ցու­մը լիու­լի կը տրուի: Բայց այն աս­տի­ճան ար­թուն են որ, նոյ­նիսկ եր­բեմն կ՚ապ­շեց­նեն ի­րենց իսկ ծնող­նե­րը:

Մեր հա­րա­զատ­նե­րուն մօտ այ­ցի գա­ցած էինք, ա­նոնց հնգա­մեայ դստրի­կը այն­պի­սի ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէր իր հօր կայ­ծա­կի, փայ­լա­կի, անձ­րե­ւի ու կար­կու­տի մա­սին հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն ու հօ­րը բեր­նէն կա­խուած ափ ի բե­րան մտիկ կ՚ը­նէր. հայ­րը հա­մա­ցան­ցէն պատ­կեր­նե­րով բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը կը հա­մե­մէր ան­շուշտ ու փոք­րի­կը լուռ կը հե­տե­ւէր: Բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տե­լէ ետք ման­կի­կը հօր գի­տե­լիք­նե­րէն գո­հու­նակ ու հօր մարմ­նա­կան զօ­րու­թեան վստա­հե­լով հար­ցուց՝ «Հայ­րի՛կ, ե­թէ կայ­ծա­կը եր­կին­քէն իյ­նայ, կը բռնե՞ս զայ­ն», բո­լորս զար­մա­ցած կը հե­տե­ւէինք. հար­ցում մը, որ պէտք ու­նի նոր պրպտում­նե­րու ու նոր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րու: Մա­նու­կին ու­շի­մու­թիւ­նը յստակ էր ու գի­տե­լիք­ներ ամ­բա­րե­լու ա­նոր մա­ռա­նին դար­պա­սը՝ բաց:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2016