«ԱՅՍՕՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱՆ»

Վաղը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն հայկական աւանդական կուսակցութիւններէն միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) պիտի մասնակցի: Միւս երկուքը՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) որոշած են մասնակցութիւն չբերել եւ այս մասին ալ հանդէս եկած են յայտարարութիւններով: Երեւանի մեր աշխատակից Սագօ Արեան, որ վերջերս զանազան առիթներով անդրադարձաւ Հայաստանի ընտրութիւններուն, հարցազրոյց մըն ալ ունեցաւ ՍԴՀԿ-ի Հայաստանի վարիչ մարմնի ատենապետ Սեդրակ Աճէմեանի հետ, որ խօսած է ո՛չ միայն ընտրութիւններուն, այլեւ երկրի ընդհանուր վիճակին շուրջ։

Ստորեւ՝ հարցազրոյցը:

*

-Պրն. Աճէմեան, ՍԴՀԿ շատ խանդավառ ձեւով յայտարարեց, որ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, սակայն աւելի ուշ, յանկարծ, հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ եւ պարզ դարձաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ընտրութիւններուն։ Ի՞նչ է իրական պատճառը այս որոշումին։

-Ձեր հարցադրումը շատ ճիշդ եւ տեղին է: Այո, մենք առաջին կուսակցութիւններէն էինք, որ յեղափոխութեան կողքին կանգնեցանք եւ միշտ քաջալերեցինք, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի, քանի որ այդ յաջողութիւնը բոլորիս յաջողութիւնն էր: Նկատի առնելով ընդհանուր քաղաքական իրավիճակը Հայաստանէն ներս՝ մենք մեր յայտարարութիւններով, բնականաբար, մեր ծրագրերը սկսած էինք ներկայացնել զանգուածային լրատուութեան միջոցներով եւ շատ բարձր ձեւով տրամադրուած էինք մասնակցելու համար յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Անշուշտ, այս բոլորին առընթեր մեզի համար ամենէն կարեւոր կէտը ընտրական նոր օրէնսգրքի մը ընդունումն էր եւ ՍԴՀԿ-ն մասնակից դարձաւ համապատասխան քննարկումներու։ Երբ այդ նախագծի ընդունումը տապալեցաւ, մենք վերատեսութեան ենթարկեցինք մեր որոշումը եւ յայտարարեցինք, որ մասնակցութիւն պիտի չբերենք ընտրութիւններուն։ Ըսեմ նաեւ, որ այլ պատճառներ ալ կային այս որոշման ետին, սակայն գլխաւոր պատճառը ընտրական օրէնսգրքի խնդիրն էր։ Այստեղ յարմար կը նկատեմ յայտարարել, որ այսօր մեր կուսակցութիւնը մուտք գործած է նոր փուլ մը, որ վերակազմակերպումի շրջան մը պիտի ըլլայ։ Մենք կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրենք, որպէսզի մեր ծրագրերը եւ սկզբունքները հասանելի դառնան Հայաստանի ժողովուրդին։ Ըսեմ նաեւ, որ մինչ այլ կուսացութիւններ փափաք յայտնեցին, որ ընտրութիւնները յետաձգուին, մենք դէմ ըլլալով հանդերձ ընտրական օրէնսգրքին այդ մասին չխօսեցանք, ոչ ալ ընտրութիւնները յետաձգելու կապուած յայտարարութիւններ ըրինք։

Պէտք է նաեւ նշեմ, որ մենք՝ որպէս կուսակցութիւն ընտրութիւններուն միասնաբար մասնակցելու առումով խորհրդակցութիւններ եւ քննարկումներ ունեցանք բազմաթիւ ուժերու հետ, սակայն աւարտին հասանք այն եզրակացութեան, որ յատկապէս այս շրջանին որեւէ ձեւաչափով համագործակցութիւնը նպատակայարմար պիտի չըլլայ։ Անշուշտ, այսօր ալ մենք պատրաստ ենք համագործակցութեան ու հաւատացած ենք, թէ յեղափոխութիւնը վերջնականօրէն պիտի աւարտի այս ընտրութիւններով։ Աւելի վերջ քաղաքական կեանքը նոր փուլի մը պիտի թեւակոխէ ու կը նախատեսենք, որ այդ փուլին մենք կարեւոր ու կենսական ընելիք կ՚ունենանք ու բնական է, որ այդ հանգրուանէն վերջ ալ, այսինքն մեր ծրագրերը ծանօթացնելէ վերջ ՍԴՀԿ շատ յստակ քայլերով պիտի շարունակէ իր երթը։

-Վստահ եմ, թէ քաջատեղեակ էք սփիւռքի երիտասարդութեան տրամադրութիւններուն ու տեղ մը ինծի հետ պիտի համաձայնիք, թէ այսօր սփիւռքի երիտասարդութիւնը որոշ չափով անտարբեր է: Երիտասարդութիւնը գրաւիչ չի գտներ մեր կուսակցութիւնները, նոյն հիւանդութիւնը կայ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ պիտի ըլլան ձեր առաջնահերթութիւնները, որպէսզի Հայաստանի երիտասարդութիւնը հաւատայ այս կուսակցութեան եւ միանայ ձեր շարքերուն: Որովհետեւ գիտենք, որ ամենամեծ զէնքը այսօր երիտասարդութիւնն է, առանց անոր ոչ մէկ կուսակցութիւն կրնայ գոյատեւել կամ յաջողիլ իր ծրագրերուն մէջ:

-Մեզի համար ամենէն առաջնայինը նոր ծրագրերու մշակումն է։ Հասկնալի է, որ այսօրուան երիտասարդութեան առաջնահերթութիւնները այլ են ու քաջ կը գիտակցինք, որ ժամանակները փոխուած են։ Հետեւաբար, մեր երիտասարդութեան տեսակէտէ գրաւիչ պայմաններ ստեղծելու համար մենք պարտաւոր ենք խօսիլ ծրագրերու լեզուով։ Անշուշտ, այդ ծրագրերուն զուգահեռ կայ մօտեցումներու եւ պատկանելիութեան գաղափարական երեսակը։ Հետեւաբար, վերոյիշեալ նոր ծրագրեր ներկայացնելու անհրաժեշտութեան կողքին, մենք կը կարեւորենք գաղափարական երեսակը, առանց որու դէպի մեզի եկող երիտասարդները պիտի դառնան միայն շահերու ետեւէ վազող մարդոց խումբի մը ներկայացուցիչներ։ Բնականաբար, երբ հանրութեան հասանելի դառնան մեր ծրագրերը, զուգահեռաբար մեր գաղափարները դաւանող երիտասարդութիւնը մօտէն պիտի ծանօթանայ սոցիալ դեմոկրատ գաղափարախօսութեան թարմացուած մօտեցումներուն եւ աշխատանքային ծրագրերուն։ Անշուշտ, այս բոլորին հիմքը կուսակցութեան հաւատամքն է, որ անփոփոխ է: Անշուշտ, այս մօտեցումներով մենք պիտի փորձենք ի մի բերել Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդութիւնը եւ այդ մէկը իմ կարծիքով պիտի ըլլայ Հնչակեան կուսակցութեան գլխաւոր յաջողութիւններէն մին։

-Ինչպէս գիտենք, Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ ալ ձեր կուսակցութիւնը ունի ակումբներ եւ կեդրոններ։ Այսօր ի՞նչ են ձեր ծրագրերը շրջաններու հետ կապուած նաեւ, որովհետեւ Հայաստան չի նշանակեր միայն Երեւան, բնականաբար:

-Հնչակեան կուսակցութիւնը, ի հարկէ, միայն Երեւանի մէջ չի գործեր: Մենք բոլոր շրջաններուն մէջ ալ ունինք մեր կեդրոնները եւ արդէն սկսած ենք մեր աշխատանքները։ Օրեր առաջ այցելեցինք զանազան շրջաններ եւ վերստին ներկայացուցինք մեր քաղաքական ծրագրերն ու սկզբունքները: Մեր հիմնական նպատակներէն է ուշադրութիւն դարձնել կուսակցութեան այն կեդրոններուն, որոնք կը գտնուին Երեւանէն դուրս։

-Դուք այն տեսակի գործիչներէն էք, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚ապրիք եւ թէ պաշտօն կը վարէք Հայաստանի մէջ. ՍԴՀԿ-ի վարիչ մարմնի ատենապետն էք: Ի՞նչ են ձեր ակնկալութիւնները յառաջիկայ փուլին Հայաստանի իշխանութիւններէն: Այս հարցը կ՚ուղղեմ ձեզի, որովհետեւ դուք սփիւռքէն կու գաք: Մենք գիտենք, որ անցեալ իշխանութիւններուն վերաբերեալ դժգոհութիւններ կային զանազան մակարդակներու վրայ: Սփիւռքի հանդէպ ի՞նչ պէտք է ըլլայ նոր իշխանութիւններուն վերաբերմունքը՝ որպէս յեղափոխական իշխանութիւն:

-Հարցումը շատ տեղին է, որովհետեւ Հայաստան այսօր առանձին չ՚ապրիր: Հայաստան կ՚ապրի իր սփիւռքով: Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս վերջին տարիներուն, մեծ բացթողումներ տեղի ունեցան եւ կը մաղթենք, որ յառաջիկային ստեղծուին այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնք կը նպաստեն կապերու ամրապնդման, նաեւ կը ներգրաւեն մեր երիտասարդութիւնը։ Դժբախտաբար, արտասահմանի մէջ ունինք ահռելի խնդիրներ, մենք այդ մասին ալ պէտք է խօսինք: Ժողովուրդը, երիտասարդութիւնը այսօր տարուած են օտար արուեստէ, օտար մշակոյթէ: Ձուլումը կանխելու համար մեր երիտասարդութիւնը պէտք է կապենք մայր հողին եւ այդ առումով հսկայական ընելիք ունի մեր ապագայ իշխանութիւնը։ Մենք այս առումով ալ պատրաստ ենք յորդորելու, մեր աջակցութիւնը ցուցաբերելու, որպէսզի մեր իշխանութիւնները յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ։ Այո, ճիշդ է, որ սփիւռքի կուսակցութիւնները ազգապահպանման համար աշխատանք տարած են անցեալին, բայց այսօր այդ մէկը բաւարար չէ։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ այսօր Հայաստանն ու անոր նոր իշխանութիւնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք ու մենք կը գիտակցինք, որ առանց Հայաստանի՝ սփիւռքը դատապարտուած է մահուան։

Իսկ ինչ կը վերաբերի տնտեսական ոլորտին, ապա այսօր ամենէն էականը Հայաստանի հանդէպ վստահութիւն ստեղծելու հարցն է։ Եթէ այդ վստահութիւնը վերականգնուի, ապա այն ատեն կարելի է ակնկալել, որ սփիւռքահայ գործարար շրջանակներ հանդէս գան նոր նախաձեռնութիւններով։ Մենք՝ իբրեւ Հնչակեան կուսակցութիւն, մեր քաղաքական ծրագրերուն մէջ մատնանշած ու առաջարկած ենք, որ ազգային նշանակութեամբ հաստատութիւնները պէտք է ըլլան պետութեան տրամադրութեան տակ։ Այսինքն, պետութիւնը պէտք է բաժին ունենայ ազգային մեծ նշանակութեամբ հաստատութիւններուն մէջ, այսպէսով կերտելով նոր համակարգ մը, որուն մէջ ամրագրուած պիտի ըլլան ազգային, ինչպէս նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հիմնական դրոյթները։ Այսօր, երբ մենք յեղափոխութեան մասին կը խօսինք, ապա այդ մէկը կը նշանակէ, որ պարտաւոր ենք նոր ձեւեր որդեգրել ու ամենէն կարեւորը՝ ամրագրել Հայաստանի հանդէպ հետաքրքրութիւնն ու վերադարձնել վստահութիւնը։

-Կը կարծուէր, թէ 9 մայիսին յեղափոխութիւնը հասաւ իր աւարտին, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան վարչապետ ընտրուեցաւ խորհրդարանին կողմէ եւ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ մտաւ: Բայց այդպէս չեղաւ Հայաստանի պարագային: Այսինքն, երազային դրութեան մը մէջ է եւ այդ ժողովուրդի տաքարիւնութիւնը առ յեղափոխութիւն եւ առ Փաշինեան, ըստ երեւոյթին տակաւին պիտի շարունակուի ընտրութիւններէն վերջ եւս: Որովհետեւ եթէ այս ժողովուրդին պէտք եղածը չտրուի, եթէ ծրագրերը յառաջ չերթան՝ փոքր հարցերէն մինչեւ ամենամեծ հարցերը, արդեօք ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ: Արդեօք հակայեղափոխութի՞ւն կրնայ ըլլալ։ Դուք ունի՞ք այդ մտահոգութիւնը:

-Անցեալի քաղաքական իրավիճակը պիտի չվերադառնայ, անոր մասին ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկած ունենայ եւ իրականութեան մէջ մենք պէտք է իրատես ըլլանք եւ ձեւով մըն ալ պէտք է օգտակար հանդիսանանք, որպէսզի նման երեւոյթներ չստեղծուին։ Անշուշտ, մեր փափաքն է, որ յեղափոխութիւնը լրումին հասնի եւ ընտրութիւնները բարեյաջող ըլլան։ Յուշելու քաղաքականութիւնը մենք բնաւ պիտի չդադրեցնենք եւ այդ կը նշանակէ, որ մենք առաջ պիտի տանինք ինքնուրոյն քաղաքականութիւն մը՝ կերտելու ուժեղ, զօրաւոր Հայաստան մը։ Այսօր մեր ժողովուրդը կը հաւատայ Փաշինեանի քաղաքականութեան, հետեւաբար, մենք ալ կը կանգնինք ժողովուրդի կողքին: Բայց մենք յեղափոխութեան հետ ենք, մենք անձի հետ չենք, յստակ ըսեմ, այս մեր տեսակէտն է, մենք ժողովուրդին հետ ենք՝ ժողովուրդին համար: Այսօր ժողովուրդը ընկերային բազմաթիւ խնդիրներ ունի եւ այս բոլոր խնդիրները լուծելու համար լուրջ ծրագրերու կարիք կայ ու կարեւորագոյն խնդիրն է՝ Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու տեղի ունենալը։ Մեզի համար՝ որպէս 130 տարուան փորձառութեամբ կուսակցութիւն, այդ է գերագոյն խնդիրը, որուն համար ալ մենք պատրաստ ենք պայքարելու մինչեւ վերջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8, 2018