ԱԿՆԱՐԿ - 65 - ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր, 9 մայիս 2024-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձումը:

Այս տօնին կապակցութեամբ ընդհանրապէս կը գրուի ու կը խօսուի կամ հոգեւոր ընկալումի, եւ կամ ալ ժողովրդային աւանդութիւններու ու սովորութիւններու մասին:

Այսօր պիտի փորձեմ քիչ մը դուրս գալ արդէն իսկ «աւանդական» դարձած այդ շրջագիծէն, եւ Համբարձումի տօնի այս խորհուրդը ծառայեցնեմ խորհրդածելու ազգովին մեր ապրած ներկայ իրավիճակին մասին:

Վերջին տարիներուն մեր ապրած մութ ու գորշ տարիները բաւական ծանր հետեւանքներ ունեցած են, գրեթէ բոլոր հայերու ներաշխարհին վրայ: Բոլոր հայերու ըսելով, նկատի չունիմ այն հայերը, որոնք անունով ու մականունով, կամ խորովածի ու խմիչքի սեղաններուն վրայ, կամ Արարատի ու Սեւանայ լիճի հեռանկարներուն վրայ հայ են միայն: Բոլոր հայերու ըսելով, նկատի ունիմ այն հայերը, որոնք Հայաստանի մէջ ըլլան կամ Հայաստանէ դուրս, կ՚ապրին ու կը շնչեն հայութեամբ:

Այսօր, սակայն, այս մասին չէ որ կ՚ուզեմ խօսիլ, այլ՝ կ՚ուզեմ խօսիլ գրեթէ բոլոր ոլորտներէն ներս մեր անկում ապրած բարոյականութեան մասին: Կ՚ապրինք իրականութեան մը մէջ, որ զուրկ է բարոյականութենէ: Բարոյականութիւնը դարձած է «պարապ վախտի խաղալիք» կամ ժամանակավրէպ բան մը, որու մասին խօսիլն իսկ շատերու համար ամօթ է:

Բարոյականութեան անկում երբ կ՚ըսենք, մեր ընթերցողները նկատի պէտք է ունենան, որ այդ անկումը ո՛չ միայն բարոյական արժէնքրու կը վերաբերի, այսինքն՝ միայն ընտանիքի, այր-կին, ուսուցիչ-աշակերտ, պաշտօնատէր-պաշտօնեայ յարաբերութեամբ չի՛ սահմանափակուիր, այլ՝ կարկինը շա՜տ աւելի ընդարձակ է:

Այսօրուան հոգեւորականներէն շատերը դատարկուած են բարոյականութենէ այն առումով, որ իրենց առաքելութեան հակառակ կը գործեն: Այսինքն, հոգեւորականները փոխանակ Տէր Յիսուսը քարոզելու մարդոց եւ զանոնք դէպի երկինք, դէպի յաւիտենականութիւն առաջնորդելու, սկսած են իրենք զիրենք քարոզել, մարդիկը կապել իրենց, սկսած են փառք ու պատիւ փնտռել եւ նիւթական ու աշխարհիկ շահեր եւ հաճոյքներ հետապնդել: Այս արարքը այլ բան չէ, եթէ ոչ բարոյական անկում:

Այսօրուան դասախօսներէն, ուսուցիչներէն շատերը զուրկ են բարոյականութենէ այն առումով, որ փոխանակ իրենց ուսանողներուն եւ աշակերտներուն բարոյականութեամբ զինելու, կը զինեն ամէն տեսակի անբարոյականութեամբ: Գիտութիւնը կ՚աստուածացնեն, արուեստագիտութեան «ամենակարողութեան» թեւեր կու տան, եւ իրենց յանձնուած մատղաշ ու դեռատի հոգիներու պարզութիւնն ու անմեղութիւնը կը պղտորեն սին ու փուճ գիտելիքներով, զանոնք վերածելով մարդամեքենաներու: Այս արարքը այլ բան չէ, եթէ ոչ բարոյական անկում:

Այսօրուան իշխանաւորները անբարոյականութեան «բացառիկ տիպար»ներ են այն առումով, որ փոխանակ իրենց ենթակայութեան յանձնուած ժողովուրդին կեանքը բարօր դարձնեն, բարելաւեն, զբաղած են իրենց ստամոքսները յագեցնելով, գրպանները լեցնելով, գլուխները փայլեցնելով…, եւ այս բոլորը կ՚ընեն՝ իրենց խնամքին յանձնուած ժողովուրդը կողոպտելով, կեղեքելով ու բռնաբարելով: Այս բոլորը այլ բան չեն, եթէ ոչ բարոյական անկում:

Այսօրուան լրագրողները, խմբագիրներն ու գրողները անբարոյականութեան գործարաններ են այն առումով, որ փոխանակ ճշմարտութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի մունետիկները ըլլալու, են՝ կեղծիքի, շողոքորթութեան, դատարկաբանութեան, բամբասանքի եւ ստութեան «ռահվիրա»ները, որոնք իրենց ստապատիր գրութիւններով եւ լեցուցած էջերով կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնը, կը խառնակեն մարդոց միտքերը, սպիտակը՝ սեւ, իրաւը՝ սուտ եւ հակառակը ներկայացնելով ու հրամցնելով մարդոց: Այս բոլոր այլ բան չեն, եթէ ոչ բարոյական անկում:

Այսօրուան արհեստաւորները, հողագործները, բանուորները, ճարտարապետները, փաստաբանները, նպարավաճառները անբարոյականութիւն կը բուրեն այն առումով, որովհետեւ իրենց թիւ մէկ նպատակը շատ դրամ շահելու համար՝ մարդիկը խաբելն ու կեղեքելն է: Արհեստաւորը իր գործը կիսատ կ՚ընէ: Հողագործը իր հասցուցած բերքը թոյնով (քիմիական տեսակ-տեսակի «պարարտանիւթերով») կ՚աճեցնէ: Բանուորները կէս ժամուան գործը՝ երկու ժամուան ընթացքին չեն աւարտեր: Ճարտարապետները իրենց հաշիւները կ՚աւելցնեն կամ կը պակսեցնեն, ըստ ակնկալուած շահի: Փաստաբանները յանուն դրամի պատրաստ են մեղաւորը արդարացնել, իսկ արդարը, անմեղը՝ մեղաւոր դարձնել ու մահապատիժի իսկ ենթարկել: Նպարավաճառներուն մէկ աչքը ծախուած ապրանքին վրայ, միւս աչքը կշիռքին վրայ դրուած մանր քարերուն… Այս բոլորը այլ բան չեն, եթէ ոչ բարոյական անկում:

Այսօրուան բժիշկներուն նշդրակներն ու վկայականները անբարոյականութեան մետայլներ են կախուած անոնց կուրծքերէն ու ձեռքերէն այն առումով, որ փոխանակ այդ նշդրակները ծառայեցնեն մարդոց կեանքերը փրկելու եւ անոնց հիւանդութիւնները բուժելու, կը ծառայեցնեն մարդոցէ դրամ կողոպտելու համար, որով եթէ մարդը մահամերձ իսկ ըլլայ՝ սակայն դրամ չունի, անոնք իրենց նշդրակը կէս սանթիմ իսկ չեն շարժեր: Նման պահուածքը այլ բան չէ, եթէ ոչ բարոյական անկում:

Շարքը տակաւին կարելի է երկարել, բայց այսքանով կը բաւարարուինք:

Միւս կողմէ կը կարծեմ, որ այսքան բարոյական անկումներու առկայութեան պարագային, կարելի չէ, աւելին՝ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ չէ Տէր Յիսուսի համբարձումին մասին խօսիլ, կարծէք ամէն ինչ բնական է:

Տէր Յիսուսի համբարձումին մասին խօսելէ առաջ աշխատինք մենք մեզ հանել անբարոյականութեան յորձանուտէն, որպէսզի արժանի ըլլանք ո՛չ միայն Անոր համբարձումին մասին խօսելու, այլեւ՝ Անոր օրհնութեամբ եւ պարգեւած իմաստութեամբ հոգեպէս համբառնալու, նոր մարդ դառնալու, ԻՐԱՒ ՄԱՐԴ դառնալու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 3 մայիս 2024

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024