ԻՆՉ ԲԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ. ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ Է
Միջինարեւելեան դէպքերուն հետեւող վերլուծաբաններուն համար Իսրայէլ-Լիբանան սահմանային գօտին կը համարուի «մարած հրաբուխ»ի նմանող գործօն մը, որ կրնայ որեւէ պահու բռնկիլ եւ տուն տալ նոր պատերազմի մը:
Իսրայէլի կառավարութեան համար ներկայ փուլը «աղօտ» ծրագիրներու փուլ մըն է՝ տրուած ըլլալով, որ մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ ընթացք առած պատերազմէն ի վեր Թել Աւիւ նախընտրած է դիտողի դերին մէջ ըլլալ: Ու այս կարեւոր փաստարկը նկատի առնելով՝ սկսած է յստակ դառնալ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները շատ ալ «դրական» աչքով չեն դիտուիր վարչապետ Նեթանիյահուի եւ անոր կողմնակիցներուն կողմէ:
Ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ կարեւոր ապացոյց է շաբաթներ առաջ իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Ուաշինկթըն մեկնելու լուրը: Ամերիկացիներուն հետ եղած հանդիպումներուն մասին կը խօսուի, որ իսրայէլացիք չեն յաջողած զանոնք համոզել, որ Սուրիոյ մէջ յայտնուած իրանեան ուժերն ու «Հիզպուլլահ»ը պէտք է արագօրէն հեռանան յատկապէս Իսրայէլի սահմանակից հատուածներէն: Իր կարգին «Եատոհոթ Ահրոնոթ» պարբերականը այս նիւթին մասին գրելով՝ նկատել տուած է, որ իսրայէլացի ապահովական պատասխանատուներ լուրջ մտավախութիւններ ունին իրանեան ուժերու Իսրայէլի սահմանակից գօտիներուն վրայ գտնուելու առընչութեամբ: Անոնք իրենց մտավախութիւնները բացատրած են ըսելով, որ եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի, ապա իրանցիք եւ «Հիզպուլլահ» կրնան որեւէ պահու նոր ճակատ մը բանալ Թել Աւիւի դէմ: Թերթը նաեւ տեղեկութիւն փոխանցած է այն մասին, թէ հակառակ «Մոսատ»ի ղեկավար Եոսի Քոհէնի պնդումներուն՝ ամերիկացիները մերժած են հաւաստիացնել, որ պիտի կարողանան իրենց ռուս գործընկերներուն հետ իրանցիներու Սուրիայէն քաշուելու վերաբերեալ երաշխիքներ տալ: Կը նշուի նաեւ, որ այս բոլորին լոյսին տակ Իսրայէլի զինուորական խորհուրդը յարմար դատած է նախայարձակ ըլլալ եւ սկսիլ նոր պատերազմի մը, որուն հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլայ մահացու հարուած տալ «Հիզպուլլահ»ին: Կը նշուի նաեւ, որ նախատեսուած պատերազմը այս անգամ պիտի ըլլայ ոչ միայն Լիբանանի ճակատին վրայ, այլ՝ Սուրիոյ իսրայէլամերձ հատուածներուն մէջ, ուր գոյութիւն ունին իրանեան ուժեր եւ «Հիզպուլլահ»ի ջոկատներ: Իսրայէլացի պատասխանատուներ իրենց մտահոգութիւնները ամրագրած են՝ ըսելով, որ վերջին տարիներուն առաջին անգամն է, որ իրանեան ուժերու այսքան մեծ կուտակումներ կան Սուրիոյ մէջ: Անոնք իրենց խօսքերը ուղղորդած են արբանեակներու շնորհիւ առնուած զինուորական քարտէսներով:
Պատերազմի հաւանականութիւնը աւելի մեծ կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք Թրամփի իշխանութեան ապրած ներքին տագնապները, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Քորէայի հետ առկայ լարուածութիւնը: Այս հանգամանքները պատճառ կը դառնան, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ ամերիկացիք չկարողանան ազդեցիկ եւ վճռական խօսք մը ունենալ:
Իբր այդ, յստակ է նաեւ, որ բացի ապահովական գետինէն, Իսրայէլ կը փորձէ ամէն գնով «խառնել» երկար ատենէ ի վեր «սառած» վիճակի մէջ գտնուող Լիբանանի ելեւմտական «թղթածրար»ը, որուն հիմնական կէտն է տնտեսական պատժամիջոցներ գործադրել ոչ միայն «Հիզպուլլահ»ին, այլ նաեւ լիբանանեան դրամատուներու, յատկապէս, երկրի Կեդրոնական դրամատան դէմ: Այս առումով ու հակառակ Լիբանանի ֆինանսական դաշտի ազդեցիկ գործիչներու վստահեցումներուն, ԱՄՆ-ի համար «մեծ խնդիր» մը չէ մինչեւ հիմա միայն խօսքի ծիրին մէջ մնացած պատիժները դարձնել իրականութիւն:
Նոյն առումով կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնէ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին: Հարիրի, որ ամիս մը առաջ այցելութիւն տուաւ Ուաշինկթըն, ուր կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ, տարբեր առիթներով ալ յայտարարեց, որ իրեն համար ամենաէական հարցը ամերիկացիներուն բացատրելն է Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը: Այսինքն լռելեայն ու առանց աղմուկի ներկայացնել Լիբանանի առանձնայատկութիւնները եւ երկրի ընդհանուր դրութիւնը: Այս մօտեցման մէջ է նաեւ, որ կան կարեւոր նրբերանգներ՝ առընչուած յատկապէս Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքներուն: Խօսքը այստեղ մասնաւորապէս կը վերաբերի «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ պատերազմին մասնակցութեան վերաբերեալ լիբանանցիներու որոշ եւ կարեւոր խաւի մը ժխտական կեցուածքին:
Եթէ ճիշդ զուգահեռներ գծենք, ապա յստակ կը դառնայ, որ Լիբանանի ան-վըտանգութիւնը փորձաքարի առջեւ դնող դրոյթը միայն «Հիզպուլլահ»ը չէ, այլ Իրանի Սուրիոյ մէջ ունեցած երեւելի միջամտութիւններն ու նոյնիսկ պատերազմին մասնակցիլը: Այս տուեալները մտահոգութեան տեղի կու տան Թել Աւիւի մօտ, որուն համար ամենէն հեշտ ու թոյլ կարծուած օղակը կը դառնայ Լիբանանը: Այսինքն Թեհրանի քայլերուն փոխարէն ճնշումներ գործադրելու ամենաարագ եւ «քիչ վնասներ»ով ըլլալիք արարքը Լիբանանի դէմ շղթայազերծուելիք պատերազմն է։ Շատ հաւանական է, որ նոյն այդ պատերազմի միջոցաւ Իսրայէլ յաջողի տակնուվրայ ընել տարածքաշրջանի բոլոր «խաղաթուղթեր»ը:
Այս բոլորը նկատի ունենալէ ետք՝ բացայայտ է, որ մէկ կողմէ Թել Աւիւի ունեցած մտահոգութիւնները, իսկ միւս կողմէ իսլամական «ներքին ընտանիք»ին մէջ առկայ տարակարծութիւնները ստեղծած են այնպիսի կարծր եւ անզիջող կեցուածքներու համակարգ մը, որ բոլոր կողմերուն համար «շատ լաւ կ՚ըլլայ», եթէ շրջանին մէջ գործի դրուի լարուածութիւնը «թեթեւցնող» «մինի-պատերազմ» մը, որուն գլխաւոր թիրախը պիտի դառնայ Լիբանանը:
Լիբանանի իրադրութեան եւ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուելիք որեւէ պատերազմի մասին խօսելու ժամանակ հարկաւոր է անպայման հաշուի առնել Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը: Այս առումով շատ բացայայտ է, որ հակառակ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ առկայ կարծիքներու տարբերութեան, սկսած է յստակ դառնալ, որ բոլոր կողմերը, յատկապէս Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա, հետամուտ են ամէն գնով Սուրիոյ մէջ արիւնը դադրեցնելու:
Միջազգային միւս խաղացողներուն համար եւս, յատկապէս Եւրոպայի, այս մօտեցումը ձեռնտու է: Այսինքն. «եկէ՛ք նախ դադրեցնենք արիւնահոսութիւնը, անկէ ետք կը մտածենք լուծման տարբերականերուն մասին»:
«Շրջանային քաոս»ը կանխելու եւ Սուրիոյ մէջ ծագած հրդեհները Լիբանանէն, Յորդանանէն եւ յատկապէս Թուրքիայէն հեռու պահելու համար է, որ Մոսկուայի ու Ուաշինկթընի սեղանին «ձգուած» Սուրիոյ տագնապի ճակատագիրը սկսած է մտնել նոր դրական փուլ մը: Այդ պատճառով է նաեւ, որ անձերու կամ անոնց ճակատագիրներուն մասին խօսակցութեան «թոնալիթէ»ն անգամ սկսած է փոխուիլ:
Սուրիոյ տագնապի վերջին զարգացումներուն մասին կարեւոր վերլուծական մը հրապարակած է «Տը Կարտիըն» պարբերականը, որուն հաղորդմամբ չէ բացառուած, որ Մոսկուա իր ընդհանուր կեցուածքը փոխէ այդ երկրի իշխանութիւններուն նկատմամբ, եթէ զգայ, որ հոն մեծագոյն յաղթանակողը պիտի յայտարարուի Թեհրանը: Որքանով ճիշդ դուրս կու գայ ամերիկացի դիւանագէտի մը (որուն անունը չի տրուիր յայտնի պատճառներով) կողմէ կատարուած այս վերլուծութիւնը՝ յայտնի չէ, սակայն յստակ է, որ «ռէէլ փոլիթիք»ի կանոններով յառաջ մղուող շահերուն համար Մոսկուա եւ Թել Աւիւ իրարմէ շատ հեռու չեն: Այսինքն, եթէ Թեհրանը «պատժելու» միտում մը ըլլայ, շատ հաւանական է, որ այդ մօտեցումը երեւելի դառնայ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն՝ Լիբանանի հետ անոր ունեցած սահմանին վրայ:
Ու մինչ այդ, ներկայիս բոլոր հիմնական կողմերը՝ Ուաշինկթըն, Մոսկուա, նաեւ Թել Աւիւ «խաղ»ը կը խաղան «փափուկ» ձեռքերով:
Մէյ մը օրակարգը Լիբանանի հարաւը տեղակայուած «Եունիֆիլ»ի ուժերն են, մէյ մը՝ «Հիզպուլլահ»ի ունեցած դրամական աղբիւրները, մէյ մըն ալ՝ Լիբանանի դրամական համակարգը «արգելափակել»ու մասին եղած կոչերը: Այս բոլորը կան, սակայն յստակ է, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող նոր «դասաւորումներ»ու լոյսին տակ ամենատկար օղակը Լիբանանն է: Ու կարեւոր հարցումը, որ կը հնչէ այստեղ. արդեօք Լիբանանի քաղաքական վերնախաւը ճիշդ հաշուարկներ կը կատարէ՞ այս առումով: Հարցումին պատասխանը պիտի տայ ժամանակը եւ այս առումով բացայայտ է, որ յառաջիկայ ամիսներուն շատ յստակ պատասխաններ պիտի առնուին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան