ՇՂԱՐՇԻ ՏԱԿ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆ

Ինչքանով ճիշդ են այն արաբ վերլուծաբանները, որոնք տիւ ու գիշեր կը խօսին այն մասին, թէ Կազզէի մէջ Պաղեստին կամ աւելի ճիշդը՝ «Համաս» արդէն իսկ յաղթական դուրս եկած է այս պատերազմէն։ Հարցումը այսօր ալ ունի յստակ պատասխան, սակայն խուսափելու համար խիստ դատողական ոճէն՝ այս փուլին աւելի ճիշդ ու նպատակայարմար պիտի ըլլայ հետեւիլ պատերազմի ընդհանուր հունին եւ հաւանական իրադարձութիւններուն։

Այստեղ, հարկաւ, կարեւոր է հաշուի նստիլ այն հանգամանքին հետ, թէ պատերազմի սկիզբէն անցած է արդէն երկու ամիս, բայց եւ այնպէս, Իսրայէլի վերջնական (թերեւս վախճանական) նպատակը չէ իրականացած։ «Համաս» կերպով մը ընկճուած է, բայց եւ այնպէս, կը կարողանայ հարուածներ հասցնել Իսրայէլի բազում քաղաքներուն։

Միւս կողմէ հարկ է նշել, որ երբ անցեալ 7 հոկտեմբերին Կազզէի պատերազմը ընթացք առաւ, քիչ չէին Իսրայէլի այն պաշտօնեաները, որոնք կը վստաեցնէին, թէ այս պատերազմը երկար պիտի տեւէ։ Իսրայէլ, որ միշտ ալ նախընտրած է կարճատեւ պատերազմական գործողութիւնները, այսօր այս պատերազմը չշարունակելուն այլընտրանքը չունի։

Մենք չենք խօսիր, որ Իսրայէլ ի՛նչ գինով դուրս պիտի գայ այս ռազմական գործողութիւններէն, սակայն, պարզ է բոլորիս, որ վարչապետ Պենիյամին Նեթանիյահուի համար ետդարձը դարձած է անհնարին ու անկարելի։

Ո՛չ ոք Իսրայէլէն կը պահանջէ դադար տալ այս պատերազմին, որովհետեւ միւս կողմէ «Համաս»ի պատասխանատուներէն սկսեալ, մինչեւ վերլուծութիւններ կատարող անձեր՝ կը շարունակեն շրջանառութեան մէջ դնել այն կասկածելի գաղափարը, թէ «Համաս» յաղթած է։ Եւ Պաղեստինի, նաեւ իրանամէտ շրջանակներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այս դրոյթը յաւելեալ պատճառաբանութիւն մը կը դառնայ, որպէսզի Իսրայէլի զօրքերը շարունակեն ռազմական գործողութիւնները։

Նեթանիյահուի գլխաւորութեամբ եթէ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ անզիջող մնալ իր ընտրանքներուն մէջ, ապա պարագան նոյնն է նաեւ Պաղեստինի «Համաս»եան թեւին, որ ամուր է իր կեցուածքներուն մէջ եւ պատրաստ՝ շարունակել այս ընթացքը մինչեւ վերջ։

Ուշադրութի՛ւն, խօսքը կը վերաբերի ամուր կեցուածք ունենալու, իսկ միւս կողմէ աւելի քան ակներեւ է, որ երէկուան Կազզէ քաղաքը ընդհանրապէս դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Չկայ նախկին քաղաքը, չկան մարդկային տարրական պայմանները, չկայ կեանքի իրական պատկերը եւ այս բոլորին եկած են փոխարինել համատարած քանդումն ու մահը։ Տարբեր տեղերու մէջ «Համաս»ի զինեալներ թէժ մարտեր յառաջ կը տանին, Իսրայէլ կորուստներ ունի եւ անոր զոհերուն թիւը արդէն անցած է 400-ի սահմանը։ Բայց այս պարագային եւս էականը Իսրայէլի բանակի կորուստներուն թիւը կամ աննախընթաց ըլլալը չէ։ Կայ խորքային դրուածք մը եւ այդ մէկը պարզապէս կը վկայէ, որ այսօր Իսրայէլի առջեւ բացուած առիթը դժուար թէ կրկնուի։ Պատերազմը կը գտնուի իր տարերքին մէջ եւ երկու կողմերը համոզուած են, թէ պարտաւոր են երթալ մինչեւ վերջ՝ հասնելու համար նոր իրադրութիւն-իրավիճակի մը ու այդ ձեւով անոնք դարձեալ անկարեւոր կը համարեն մահն ու աւերները, կորուստն ու քայքայումը։ Կարեւորը այն է, որ ի՛նչ տեսակի Կազզէ մը պիտի մնայ այն ժառանգներուն, որոնք այսօր հեռացած են իրենց ծննդավայրէն, անշուշտ, եթէ այդ ժառանգները իսկական որոշում ունենան վերադառնալու իրենց՝ փլատակներու կոյտ դարձած ծննդավայրը։ Միւս կողմէ բաւական մեծ քննադատութիւններու եւ մեղադրանքներու տարափին տակ Իսրայէլ օրեր առաջ խօսեցաւ Կազզէի գործողութիւններուն նոր ընթացք մը տալու մասին։ Իսրայէլի բանակի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Հերցի Հալեւի կողմէ եկաւ այս յայտարարութիւնը։ Ան ըսաւ. «Պատերազմի մեկնարկէն 60 օր անց մեր զօրքերը այժմ Կազզէի հատուածի հարաւին մէջ կը շրջապատեն Խան Եունիս շրջանը: Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը շարունակենք ամրապնդել մեր նուաճումները Կազզէի հատուածի հիւսիսին։ Մենք անցած ենք ցամաքային գործողութեան երրորդ փուլին: Գրաւած ենք «Համաս»ի բազմաթիւ յենակէտեր՝ քաղաքի հատուածի հիւսիսային շրջանին մէջ եւ այժմ կը գործենք հարաւի մէջ գտնուող անոնց յենակէտերուն դէմ։ Անոնք, որոնք կը կարծէին, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը չի գիտնար՝ ինչպէս վերսկսիլ մարտերը դադարէ ետք, սխալած են եւ «Համաս»ն ալ արդէն կը զգայ այդ մէկը: Վերջին օրերուն ոչնչացուած են «Համաս»ի շատ զինեալներ՝ այդ շարքին բարձրաստիճան հրամանատարներ»։

Այս յայտարարութիւններէն անդին ու վերադառնալով Իսրայէլի ներքին ճակատին՝ աւելի քան յայտնի է, որ այս օրերուն ներքին լարուածութիւն մը կրնայ ազդել բանակի գործողութիւններուն վրայ։ Այս առումով ալ՝ մանաւանդ իրանամէտ «Ալ Մայատին» կը գրէ, որ Իսրայէլի ներքին խոհանոցներուն մէջ առկայ անորոշութիւնը մեծ հաշուով կապ ունի այն հանգամանքին հետ, թէ աւելի քան երկու ամսուան բուռն մարտերէ վերջ ան չէ կարողացած հասնիլ իր նպատակներուն։ Սա արաբական աշխարհի Իրանի թեւի վերագրումն է։ Այստեղ կայ նաեւ վրիպում մը, որովհետեւ եթէ պահ մը նոյնիսկ հաշուի նստինք այդ մօտեցումին հետ, ապա անպայման պիտի նկատենք, որ այո՛, Իսրայէլ ամբողջապէս չէ յաղթած, սակայն Կազզէն փլած է ու այդ փլատաներուն տակ կայ Պաղեստինի ժողովուրդէն հատուած մը կամ «Համաս»ի զոհուած զինուորներու մարմինները։ Ուստի, անպայման պէտք է շեշտադրել, որ Կազզէի փլատակներուն տակ կայ՝ մանաւանդ Պաղեստինի դիմադրութեան դրօշը, որ զուտ պետական դրօշ մը չէր, այլ «Մահմետական եղբայրներ»ու դրօշն էր։ Գալով Կազզէի տագնապի վերջին իրադարձութիւններուն, ապա ստեղծուած իրավիճակը կարծէք կը յուշէ, որ ապագայ հարուածները կրնան նոյն տարողութիւնը չունենալ։ Պաղեստինի ժողովուրդը սկսած է հեռանալ կեդրոնական շրջաններէն եւ մարդիկ կը փորձեն հաստատուիլ հարաւի մէջ։ Կան նաեւ աշխոյժ խօսակցութիւններ, ըստ որոնց՝ արաբական աշխարհը պատրաստ է ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ Կազզէի մէջ մնացող պաղեստինցիներուն։

Խորքին մէջ, էական հարցումը կը շարունակէ մնալ նոյնը՝ Կազզէն դէպի ո՞ւր։ Ի՞նչ տիպի քաղաք մը պիտի աճի անոր փլատակներուն վրայ ու ամենակարեւորը՝ Մահմուտ Ապպասի գլխաւորած Պաղեստինի օրինական ճակատը պիտի կարողանա՞յ մասնակից դառնալ նոր խաղին մէջ կամ ոչ։ Մինչ այդ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ազդանշաններ կու տայ, որ զօրավիգ պիտի ըլլայ տագնապի հանգուցալուծուման որեւէ ձեւի, պիտի ուզէ գործակցիլ Պաղեստինի օրինական իշխանութեան մը հետ, որպէսզի նաեւ պահպանուի շրջանի ժողովրդագրական վիճակը եւ Իսրայէլ հեռու մնայ ցեղապաշտական նկրտումներէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2023