«ՀԱՅՐ ՄԵՐ»Ի «ՀԱՅՐ»Ը
«Հայր մեր»ի «Հայր» անուանակոչումը Աստուծոյ համար ունի շատ հին պատմական ենթահող եւ քրիստոնէութեան առաձնայատկութիւններէն չէ՛։
Արեւելեան կրօնական շրջանակներու մէջ այս յորջորջումը լայն տարածում ունեցած է։
Հին կտակարանի մէջ այս կոչումը ունի սահմանափակ կիրառութիւն։ Աստուած Իսրայէլի հայրն է, ոչ թէ դիցաբանական առումով, այլ որպէս մէկը, որ ընտրեց, առաջնորդեց եւ ազատեց իր ժողովուրդը պատմական շարք մը փուլերուն մէջ։ Այս հասկացողութիւնը իր լաւագոյն արտայայտութիւնը կը ստանայ մարգարէներու մօտ։ Ուստի, մարգարէները իրենց ճառերուն մէջ անընդհատ կ՚ընդգծեն ժողովուրդի թերացումները Հօր հանդէպ։
«Հայր մեր» աղօթքի առաջին երկու աղերսները՝ որ հաւատացեալ աղօթողը կ՚արտասանէ դիմելով երկնաւոր Հօր՝ «Սուրբ եղիցի անուն քո» եւ «Եկեսցէ արքայութիւն քո», հոգեշունչ տողեր են։
Երկու աղերսներն ալ, որոնք տողավերջեան նոյնայանգութեան օրինակներ են, իրար կ՚ամբողջացնեն նաեւ իրենց որոշակի բովանդակութեամբ։ Երկու աղերսներն ալ էութեամբ վախճանաբանական են։ Անոնք ունին օրհնաբանական նշանակութիւն, ինչպէս Յայտնութեան գրքին մէջ «Սուրբ, սուրբ, սուրբ, Տէր Աստուած ամենակալ, որ էն եւ ես եւ որ գալոց ես» տողը. «ՅԱՅՏ. Դ 8), միաժամանակ ունին խորհրդանշական իմաստ՝ «Գոհանամ զքէն, Տէր Աստուած ամենակալ, որ էն եւ ես եւ առեր զզօրութիւն քո մեծ եւ Թագաւորեցեր». (ՅԱՅՏ. ԺԱ 17)։
Այս երկու աղերսները՝ որոնց Մատթէոս Աւետարանիչ կ՚աւելցնէ երրորդ աղերս մը եւս՝ «Եղիցի կամք քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի». (ՄԱՏԹ. Զ 10), կը բովանդակեն «Վերջին Դատաստան»ի ակնկալութիւն. (ՅԱՅՏ. ԻԲ 20)։
Այս խօսքերու խորհրդածութեան առիթ տուող յաջորդ կէտն ալ այն է որ, ըստ մեկնաբաններու՝ հեղինակներու համաձայն, Քրիստոսի երկրորդ յայտնութեամբ իրականալու էր, խոստումը. (ԵԶԵԿ. ԼԶ 23)։
Երեք սրտառուչ կոչերն ալ կը բխին մարդկութեան անհնարին տենչերէն. հաւաքականութիւն մը՝ որ մասնակից է Քրիստոսի եւ Անոր հակառակորդներու միջեւ տեղի ունեցող մշտական պայքարին՝ կը խնդրէ, որ Աստուած՝ Հայրը երկնային թագաւորութիւն հաստատէ երկրի վրայ։
Իսկ երկու «Մեր» աղերսը ամէնօրեայ «հաց»ի եւ «մեղքերու թողութեան» համար իրար կը լրացնեն, ինչպէս նախորդ երկու «Քո» աղերսը։ Այդ կ՚երեւի երկու աղերսներու «Աղօթք»ի շարադրանքի մէջ՝ բաղկացած երկու մասէ. «Զհաց մեր հանապազորդ / տուր մեզ այսօր եւ թող մեզ զմեղս մեր / զի եւ մենք թողումք ամենայնի որ պարտիցի մեզ»։
Աղերսներէն առաջինը կը խնդրէ ՀԱՑ (artos epiousios)։
Յունարէն «epiousios» բառը՝ որ Լութեր կը թարգմանէ «ամէնօրեայ», մատենագրութեան մէջ երկար վիճաբանութիւններու առարկայ եղած է։ Այս հարցի առարկայական լուծման համար պէտք է դիմել Հերոնիմոսին (342-420), որուն աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը նշէ, որ արամերէն «mahar» բառը կը նշանակէ «ՎԱՂ» եւ, հետեւաբար «Տէրունական աղօթք»ի խնդրանքը «վաղուայ հացին» կը վերաբերի. այսինքն՝ «Մեր ապագայի հացը տուր այսօր»։ Ուստի «mahar» բառը ունի «ԱՊԱԳԱՅ» իմաստը։
Իսկ քրիստոնէական գրականութեան մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ «Փրկութեան Հաց», «Կեանքի Հաց», «Երկնային մանանայ» արտայայտութիւններուն։ Կենաց Հացը՝ այն Հացը, որ Յիսուս օրհնեց եւ բաժնեց աշակերտներուն Վերջին Ընթրիքի պահուն՝ որ կը խորհրդանշէ նաեւ «Տիրոջ Մարմինը», որ պիտի «Գամուէր Խաչին»։
Այս իմաստով՝ «Հաց»ը կը խորհրդանշէ նաեւ թողութեան եւ փրկութեան խորհուրդները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկետմբեր 30, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/04/2025