ՆՈՐ ՏԱՐԻ՝ ՀԻՆ ԱՄՕԹ

Նոր տարին իր հետ բերաւ վերջերս ստեղծուած, արդէն իսկ «հին» նկատուող ատելութիւն մը. Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը այս տարի եւս պետական որոշ անձերու քինախնդրութեան եւ ատելութեան շնորհիւ չի հեռարձակեր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նոր տարուան ուղերձը: Ահաւասիկ այսպէս սկիզբ կ՚առնէ եկեղեցի եւ պետութիւն կապի 2025 թուականը, ինչ որ իր մէջ դրական ո՛չ մէկ բան կը ներառէ. լոկ ատելութիւն, հակակրանք ու գարշանք:

Մեր ժողովուրդի դարաւոր ախտն է՝ կառոյցը անձէն չկարենալ զանազանելը եւ որոշ պետական գործիչներ տակաւին չեն կրնար ըմբռնել, որ քաղաքականութիւնը անձնական խնդիրներ լուծելու հարթակ մը չէ եւ անձնական ատելութիւններն ու թշնամանքը անձնական ըլլալով հասարակութեան ու հանրութեան վրայ ո՛չ մէկ ազդեցութիւն գործելու իրաւունք ունի:

Լրատուական աղբիւրներ կը նշեն, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուղերձին հեռարձակման արգելքին պատճառը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած կեցուածքն է Ամենային Հայոց Վեհափառ Հայրապետին (գուցէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին) նկատմամբ. Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը նախորդ տասնամեակներուն առանց բացառութեան հեռարձակած է Վեհափառ Հօր ուղերձը, նկատի ունենալով, որ Կաթողիկոսը (հանրութեան կողմէ սիրուած ըլլայ թէ ոչ) եկեղեցին կը ներկայացնէ եւ, հետեւաբար, բնական է, որ նոր տարուան սեմին ունենայ իր ըսելիքը: Սակայն անցնող տարիներուն ականատես եղանք պետութեան եկեղեցւոյ դէմ ունեցած ամօթանքներուն. բազմաթիւ զինուորականներ թշնամիի մը դէմ դնելու նման փակեցին Վեհափառ Հօր ճամբան եւ բախումներ ունեցան որոշ եկեղեցականներու հետ, ոտնակոխ ընելով ամէն տեսակ յարգանք ուղղուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ եւ այս զզուելի վերաբերումին համար ո՛չ մէկ պետական գործիչ մտածեց ներողութիւն խնդրել ո՛չ միայն Կաթողիկոսէն, այլ ընդհանուր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, մոռնալով, որ Մայր Աթոռը հայ ազգի դարաւոր սրբութիւնն է եւ մի քանի օրուան կառավարութիւն մը իր անձնական շահերու սիրոյն իրաւունք չունի ոտնակոխելու ազգի սրբութիւններէն մէկը:

Նախապէս բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք, որ պէտք է զանազանել կառոյցն ու անձերը, որովհետեւ անձերը այսօր կան իսկ վաղը ոչ, մինչ կառոյցը մնայուն է եւ արդար ըլլալու համար մենք այսօր կառոյցին շահերն է, որ կը հետապնդենք ու կը պաշտպանենք. այսօր եթէ դուն չես սիրեր Նիկոլ Փաշինեանը, այդ չի նշանակեր չես սիրեր հայրենիքդ. նոյնն է նաեւ եկեղեցւոյ պարագային. Կաթողիկոսի անձին դէմ եղած ատելութիւն մը իրաւունք չունի եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը նուաստացնելու, այնպէս, ինչպէս պիտի չուզէինք նուաստացնել մեր հայրենիքը՝ պետական այս կամ այն գործիչը ատելու հաշւոյն:

Այս կապակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հետեւեալ յայտարարութիւնը կը տարածէ. «Հանրային Հեռուստային ալիքի նոր տարուան ծրագիրի յայտարարութիւններէն յայտնի դարձաւ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նոր տարուան ուղերձը նախատեսուած է հեռարձակել դեկտեմբեր 31-ին, ժամը 21.55-ին:  Հարկ կը նկատենք նշել, որ ուղերձի հեռարձակման առընչութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հանրային Հեռուստային ալիքի միջեւ քննարկումներ տեղի չեն ունեցած: Հեռուստային ալիքը կը շարունակէ շրջանցել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու նոր տարուան ուղերձի հեռարձակման տասնամեակներու աւանդոյթը՝ անտեսելով Մայր Աթոռի դիրքորոշումն ու Հայոց Եկեղեցւոյ հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներու պահանջներն ու սպասումները»:

Անշուշտ, ժողովուրդի արձագանգը բացասական է Հայաստանի Հանրային հեռուստային ալիքի որդեգրած քաղաքականութեան հանդէպ. տասնամեակներու աւանդութիւն մը անձերու ներքին հարցերու պատճառով եթէ ազդեցութիւն կը կրէ, այդ կը նշանակէ, որ փոխանակ ազգին շահերուն՝ սեփական շահերը ի նկատի կ՚առնուին: Անձնական շահերու սիրոյն պետական մակարդակով թշնամութիւն մը կը ստեղծուի երկու կողմերուն միջեւ. այսօր կայ Փաշինեանը՝ սակայն վաղը ոչ. այսօր կայ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ սակայն վաղը ոչ. թէ՛ պետական գործիչները եւ թէ կաթողիկոսները իրենց «սիրել» «չսիրել»ու պատճառով իրաւունք չունին ազգային որոշ արժէքներ ոտնակոխելու, որովհետեւ այդ մէկը ո՛չ իրենց հեղինակութեան եւ ո՛չ ալ ազգին շահ մը կրնայ բերել:

Հիմա երբ ողջ աշխարհը նոր սպասումներով, նոր յոյսերով կը դիմաւորէ իր նոր տարին, մենք ազգովին դէմ յանդիման կը գտնուինք պետական մարմիններու կողմէ ի գործ դրուած մանկական անխելքութեան, փաստելով, որ փոխուողը միայն տարեթիւն է եւ ո՛չ մենք: Անշուշտ, տեղ մը կը հաւատանք, որ կրնայ ըլլալ այս բոլորը անձնական շահերէ անդին մտածուած ըլլայ, որովհետեւ մեր պետութիւնը այսօր աւելի քան երբեք պատրաստ է վերացնել եկեղեցին եւ հոգեւոր կեանքը հայ ժողովուրդին մէջէն՝ գուցէ իր «անյայտ» մեծաւորներուն կամքը կատարելու համար:

Կ՚ուզենք, որ պետական գործիչները անգամ մը նային այս յօդուածին կից տեղադրուած նկարին, հասկնալու համար, որ այս քարերը աւելի հին են՝ քան իրենց հետապնդած ազգակործան նպատակները։ Հազարամեակներ տոկուն մնացած այս քարերը պիտի չխոնարհին մի քանի տարուան տակաւին աղուամազերը հազիւ դուրս եկած կառավարութեան մը դիմաց՝ որ ազգակործան ինչ երեւոյթ ուզես ի գործ կը դնէ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ արժէք ունի եկեղեցին հայ ժողովուրդին համար:

Պատասխան. Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդին համար մշակութային, հոգեւոր եւ պատմական հսկայ արժէք մը ունի: Որպէս Քրիստոնէական հնագոյն կեդրոն, հայ եկեղեցին եղած է հայ ինքնութեան հիմնաքարը, ապահովելով ո՛չ միայն հաւատքի զգացում, այլ տոկունութեան խորհրդանիշ դարեր շարունակ ի գործ դրուած արշաւանքներու եւ ցեղասպանութիւններու դէմ: Եկեղեցին պահպանած է հայ ժողովուրդի լեզուն, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները ներկայանալով ուժ, որ կը համախմբէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Հայ եկեղեցին հայ ժողովուրդի մնայուն ազգային ժառանգութիւնն է: (Մեր պետութեան չգիտցածը Արհեստական բանականութիւնը գիտէ...):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2025