ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ՝ 28 մայիս 1918 թուականին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը, գլխաւորութեամբ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Հայաստանի պաշտօնական դրօշ ընդունուեցաւ եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: 

Նոր Հանրապետութեան կազմումի գործը այնքան ալ դիւրին չէր, որովհետեւ անոնք նախկիններուն պիտի չյաջորդէին, այլ սկիզբէն ստեղծէին նորը, առանց մարդուժ եւ տնտեսական ապահովութիւն ունենալու: Այս կապակցութեամբ Քաջազնունի իր գրութիւններէն մէկուն մէջ յայտնած է. «բացառիկ ծանր պայմաններու մէջ գործի անցած է իմ կազմած կառավարութիւնս. ան անցեալի կապուած ոչ մէկ յենարան ունի,  ան չի յաջորդեր նախկին կառավարութեան՝ շարունակելու արդէն իսկ ընթացք առած պետական աշխատանքը»:

Պետութիւն՝ ուր ամէն բան նոր՝ սկիզբէն պէտք է սկսիլ. այդ ժամանակուայ Հայաստանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար պէտք է կարդալ Յովհաննէս Քաջազնունիի հրատարակած «Հայաստանի Հանրապետութիւն» յուշագիրը, որ տպագրուած է 1919 թուականին: Աշխատութեան 25-րդ էջին մէջ Քաջազնունի հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ օրուան Հայաստանը.-

«Երկիրէն ներս դրութիւնը յուսահատական էր:

«Ազգաբանութեան կէսէն աւելին փախստականներ, գաղթականներ, անտուն, մերկ եւ անօթիներ էին: Գիւղերը քանդուած ու աւերուած, դաշտային աշխատանքները դադրած:

«Հացի բացակայութեան եւ միւս կենսամթերքներու սակաւութեան պատճառով գիւղացիներ կերած էին իրենց սերմանածը եւ սկսած էին ուտել լծկան կենդանիները:

«Բառին ամբողջական իմաստով սով էր:

«Սովի պատճառով առաջացած էր տարափոխիկ հիւանդութիւններ, մասնաւորաբար բծաւոր տիֆ, իսկ դեղերը սպառած էին, դեղատուները դատարկ:

«Արտաքին աշխարհի հետ հաղորդակցութիւնը միանգամայն կտրուած էր. կտրուած էին կապերը թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ Պարսկաստանի եւ թէ՛ Եւրոպայի հետ, իսկ դրացի երկիրները՝ Վրաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա իրենք չունէին արտահանելու ապրանք:

«Այս պատճառով տիրած էր սուր պակասութիւն ամենէն անհրաժեշտ ապրանքներու: Նոյնիսկ կը պակսէր քարիւղը՝ լուսաւորելու համար տուները. Դժուար էր ճարել նաեւ թուղթ՝ պետական գործերու համար:

«Տիրած էր կատարեալ քաոս եւ անիշխանութիւն: Ամէն բան պէտք է սկիզբէն սկսիլ, աւերակներու վրայ շինել նոր պետութիւն մը»:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ դարեր շարունակ ուրիշի տիրապետութեան տակ ապրող ազգութիւն մը առաջին անգամ իր սեփական պետութիւնը կը հիմնէր՝ իր վարչապետով ու նախարարներով. շատերու համար հաւանաբար խորթ էր «անկախութեան» գաղափարը եւ պետութիւնը իւրովի կառավարելու տեսութիւնը: Այդ իսկ պատճառով ազատութեան գաղափարը հաղորդելու համար նորահիմ պետութեան նշանաբան ճշդուեցաւ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» կարգախօսը:

Ու նման ոչինչով հիմնուած պետութիւն մը պարտաւորութիւնը ունէր պաշտպանուիլ արտաքին աշխարհէն, որոնք համեմատած նորաստեղծ պետութեան հզօր էին. վտանգը մի՛շտ առկայ էր, այդ իսկ պատճառով Հայաստան պարտաւոր էր զօրակցութիւնը խնդրել աւելի հզօր պետութիւններու՝ պաշտպանուելու համար վտանգներէն: Այդ օրերուն նորակազմ հանրապետութիւնը յաջողած էր 18 հազար հայ զինուոր հաւաքել եւ կազմել առաջին պաշտօնական բանակը. Քաջազնունի կը գրէ. «տնտեսական դժուարութեան պատճառով կը պակսի ամէ՛ն բան (զէնք, հագուստ, պարէն), զօրքերու կացութիւնը վերին աստիճանի անբաւարար է եւ տանելի է միայն հայու պէս չարքաշ, սակաւապէտ մարդու համար»:

Նման պայմաններու մէջ ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կ՚ապրէր աւելի քան 2 միլիոն 159 հազար մարդ.։ Բնակչութեան 60 տոկոսը՝ 1 միլիոն 293 հազար մարդ հայ, հարիւր առ 27 տոկոսը՝ 588 հազար մարդ թուրք, թաթար եւ թուրքմէն, հարիւր առ 5 տոկոսը՝ 110 հազար մարդ ռուս եւ յոյն, հարիւր առ 4 տոկոսը՝ 82 հազար քիւրտեր, հարիւր առ 3 տոկոսը՝ 73 հազար մարդ եզիտի եւ ցիկան, իսկ հարիւր առ 1 տոկոսը՝ 13 հազար մարդ վրացի: 

Ժամանակաշրջան՝ ուր աշխարհը նոր դուրս եկած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմէն. պետութիւններ իրենք եւս ժամանակի կը կարօտէին դարձեալ վերականգնուելու:

Այս բոլոր տուեալները նկատի ունենալով, պէտք է գիտակցինք, թէ դիւրին գործ մը չէր Քաջազնունիի եւ անոր նման նուիրեալներու կատարած գործը, որ ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան վառ օրինակներ են:

Քաջազնունիի բառերով «Հայաստան երկիրը եւ հայ ազգը ունին բոլոր սեփական տուեալները պետութիւն կազմելու համար: Երկիրը հարուստ է ամէն տեսակ բնական հարստութիւններով, իսկ ժողովուրդը ընդունակ է ամենաբարձր քաղաքակրթութեան, օրինապահ է, աշխատասէր, ձեռներէց ու խնայող. կայ տոկուն եւ առողջ գիւղացիութիւն, սերտ կապ հողի հետ, վարժ գիւղատնտեսական բոլոր տեսակի աշխատանքներու»:

Վա՜յ այն մարդուն, որու օրով այս ազգը դարձեալ ստրուկի, գերիի կարգավիճակի մատնուի. ազատութիւն կերտողներու անէծքները թող ոչնչացնեն զինք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ
(1867-1938)

Մեր թուականէն 155 տարիներ առաջ՝ 1 փետրուար 1867-ին, Ախալցխայի մէջ ծնած է ճարտարապետ, քաղաքական գործիչ եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի (բուն անունով՝ Յովհաննէս Տէր-Յովհաննիսեան):

 Քաջազնունի իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի մէջ. դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք 1887-ին ընդունուած է Սեն Փեթերսպուրկի քաղաքացիական ճարտարապետական կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1893 թուականին: Աշակերտութեան տարիներուն ուսումնասիրած է Անիի եկեղեցիները եւ բազմաթիւ նկարներով ու յատակագիծերով մասնակցած է ցուցահանդէսներու:  Ուսումը աւարտելէ ետք Քաջազնունի մեկնած է նախ Պաքու եւ ապա Պոլիս եւ զբաղած է կուսակցական գործունէութեամբ. 1909 թուականին ձերբակալուած է, սակայն գումար վճարելով դարձեալ ազատ արձակուած է եւ այս պատճառով ստիպուած հեռացած է երկրէն:

Քաջազնունի 1914 թուականին վերադարձած է Կովկաս, իսկ 1917-ին ընտրուած է Հայոց Ազգային խորհուրդի անդամ: Եղած է անդամ այն պատուիրակութեան, որ մասնակցած է Տրապիզոնի եւ Պաթումի խորհրդաժողովներուն եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Խատիսեանի հետ միատեղ ստորագրած է Պաթումի պայմանագիրը:

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութենէն ետք Քաջազնունի նշանակուած է  նորաստեղծ պետութեան առաջին վարչապետ, կառավարութեան մէջ գործընկեր ունենալով Ալեքսանդր Խատիսեանը (արտաքին գործոց նախարար), Արամ Մանուկեանը (ներքին գործոց նախարար), Խաչատուր Կարճիկեանը (ելեւմուտի նախարար) եւ Յովհաննէս Հախվերտեանը (ռազմական նախարար): Կարճ ժամանակ ետք Ազգային ժողովի ճնշմամբ հրաժարական ներկայացուցած է կազմը եւ Քաջազնունիի վստահուած է դարձեալ կառավարութիւն կազմելու գործը:

Քաջազնունի վարչապետի պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1919 թուականը. այնուհետեւ վարչապետի պաշտօնը յանձնելով Խատիսեանին, բանակցութիւններու համար պատուիրակութեամբ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Հայաստան կը վերադառնայ 1920 թուականին եւ կը ստանձնէ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալի եւ ապա նախագահի պաշտօնը: Խորհրդային կարգերու ներխուժումէն ետք Քաջազնունի կը ձերբակալուի եւ մօտաւորապէս ամիս ու կէս բանտ կը դրուի:

Քաջազնունի ազատ արձակուելէ ետք ապրած է Իրանի, Հնդկաստանի, Եգիպտոսի եւ Ռումանիոյ մէջ:

Քաղաքականութենէ ամբողջապէս հեռանալէ ետք յատուկ հրաման ու արտօնութիւն կը խնդրէ Հայաստան վերադառնալու, իր գիտելիքները ի գործ դնելու նոր Հայաստանի կերտումին եւ ստանալով հրամանը վերադարձած է Երեւան եւ զբաղած՝ ճարտարապետութեամբ:

Նախքան քաղաքական գործունէութիւնը, որոշ ժամանակ զբաղած է նաեւ իր մասնագիտութեամբ՝ ճարտարապետութեամբ, աշխատելով Պաքուի շրջանային ճարտարապետական բաժնին մէջ. անոր նախագիծով շինուած է Պաքուի Ս. Թադէոս Բարթողոմէոս մայր տաճարը, որուն օծումը տեղի ունեցած է 1906 թուականին: Անոր նախագիծերով կառուցուած է այլ շէնքեր եւ կառոյցներ:

Որոշ ժամանակ ետք Քաջազնունի դարձեալ հետապնդուած է կառավարութեան կողմէ եւ 29 յուլիս 1937-ին դարձեալ ձերբակալուած է. ձերբակալութեան հիմք հանդիսացած է անոր հարազատ որդիին՝ Կարէն Քաջազնունիի մատնագիրը, որով կառավարութեան կը յայտնէր, թէ իր հայրը «խորհրդային կառավարութեան թշնամի է»: Այսպիսով Քաջազնունի մեղադրուած է լրտեսութեամբ եւ պետական գաղտնի ծրագրեր այլ պետութիւններու տրամադրելու մեղադրանքով. զինք ստիպած են խոստովանիլ եւ ենթարկած են զանազան չարչարանքներու, մինչեւ իսկ վնասած են անոր տեսողութիւնը՝ ելեկտրական լամբերու միջոցաւ կուրացնելով ազգային գործիչը: Քաջազնունի դատարանի կողմէ ստացած է գնդակահարման վճիռ, սակայն առողջական վիճակին պատճառով մնացած է Երեւանի բանտային հիւանդանոցին մէջ եւ մահացած է հիւանդանոցի մէջ, 1938-ին:

Քաջազնունիի գերեզմանը մնացած է անյայտ. այդ իսկ պատճառով իր դուստրը՝ Մարգարիտա Քաջազնունին «Թոխմախեան լիճ»ի մօտ գտնուող գերեզմանատան մէջ Յովհաննէս Քաջազնունիի անունով յուշարձան կանգնեցուցած է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022