ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԸ
Կարգ մը խորհուրդներ օրինակ առնուած են կեանքի զանազան պարագաներէն, որոնց մարդ շատ անգամ չ՚անդրադառնար, սովորական ընթացքի մէջ կ՚անտեսէ եւ էականը միշտ կը մնայ խորհուրդ կամ «գաղտնի՛ք»։
Մարդիկ երբ անբողջ մարմինով լուացուին, ամենէն վերջ կը լուան նաեւ իրենց ոտքերը։ Առանց այդ վերջին գործողութեան լուացումը չի կատարելագործուիր եւ եթէ կարելի է ըսել՝ ամբողջ մարմնին լուացումը նշանակութիւն մը չ՚ունենար։ Լոգանքը այս վերջին գործողութեամբ կատարուած եւ վերջացած կ՚ըլլայ։ Եւ այս պարզ, գիտցուած գործողութիւնը ամէն մարդ, գրեթէ անգիտակցաբար կը կատարէ։
Ահաւասիկ Յիսուսի կատարած «ոտնալուայ»ի գործողութեան պատկերին իմաստը այս բնական, ամէնօրեայ եւ պարզ արարքն է։ (Ոտնլուայ կամ ոտնալուայ)։
Ուստի բաւական չէ՛ մարմնով ամբողջ մաքրուած ըլլալ՝ մարդուս ո՛տքն ալ պէտք է մաքուր ըլլայ…։
Ինչպէս մարմնական մաքրութիւնը կը կատարելագործուի ոտքի՛ն ալ մաքրութեամբ, նո՛յնն է պարագան՝ հոգեկան ու բարոյական կատարելութիւններուն համար ալ։
Ընդհանուր տեսարանը բոլորովին կը համակերպի այս իրողութեան՝ թէ անոր իմաստը սա է. բաւական չէ՛ օժտուած ըլլալ զանազան հոգեկան ու բարոյական շնորհներով, բաւական չէ նաեւ ունենալ բազմադիմի առաւելութիւններ, ինչպէս նաեւ մտային պաշար։ Եթէ մարդուս ձիրքերէն, ունեցածներէն կը պակսի «ուրիշներու բաժին հանել»ու յօժարութիւնը, եթէ մարդուս մէջ տկա՛ր է ուրիշներուն օգնելու՝ օգտակար ըլլալու, ծառայելու փափաքը, օգուտ չունին ո՛չ առաւելութիւններ, ո՛չ մտային պաշար, ո՛չ շնորհ, ո՛չ տաղանդ, ո՛չ հաւատք եւ ոչ իսկ սէր։ Ուստի «կատարեալ» ըլլալ կը նշանակէ՝ գլուխէն մինչեւ ո՛տք նուիրուիլ, անկեղծ կերպով ծառայելու պատրաստ ըլլալ ամբողջութեա՛մբ։
Եթէ մարդուս գլուխը՝ միտքը եւ ոտքը՝ գործը համընթաց չեն, այդ մէկուն համար կարելի չէ՛ ըսել, կատարեալ կամ անթերի եւ զօրաւոր…։
Արդարեւ կատարեալ է այն՝ որ անթերի է եւ զօրաւո՛ր։ Զօրաւոր է այն՝ որուն խորհուրդը, խօսքը եւ գործը մէ՛կ է եւ համապատասխան։ Եւ դարձեալ զօրաւոր է այն մարդը՝ որուն գլուխը եւ ոտքը նոյն ուղղութեամբ կը յառաջանան, գլուխը տարբեր, ոտքը տարբեր չ՚ընթանար։ Զօրաւոր է այն մարդը՝ որուն գլուխը կը մտադրէ եւ ոտքն ալ այդ մտադրութեան համաձայն՝ դէպի նոյն նպատակին ծառայելու պատրա՛ստ է…։
Արդարեւ, ծառայել կը նշանակէ ամբողջութեամբ նուիրուիլ, նոյնիսկ զոհել ամէն ինչ, զոհուիլ առանց վերապահութեան։ Ուրեմն կը տեսնուի, որ կարեւորը «ամբողջութի՛ւն»ն է, ինչպէս սովորաբար կ՚ըսուի՝ գլուխէն մինչեւ ոտք նուիրուած է, մէկու մը համար, որ անկեղծութեամբ կը կատարէ իր պարտականութիւնը։
Հոս, պահ մը կեդրոնանանք «մաքրութեան» վրայ, քանի որ խնդրոյ առարկայ է լուացումը։
Մկրտութիւնը բոլոր մեղքերէ մաքրութիւն է, եւ կը կատարուի ջուրով։ Եւ մաքրութիւնը, մանաւանդ ներքին, սրտի մաքրութիւնը զԱստուած տեսնելու նախապայմա՛նն է։ Յիսուս բացայայտօրէն կ՚արտայայտէ, թէ. «Երանի՜ անոնց որ սուրբ են սրտով, քանի որ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (ՄԱՏԹ. Ե 8)։ Իսկ սրտով սուրբերը, այսինքն մաքուրները անոնք են՝ որ իրենց իմացականութիւնը եւ կամքը կրնան ներդաշնակել, կրնան համագործակցնել Աստուծոյ սրբութեան, այսինքն «մաքրութեան» պահանջներուն հետ, գլխաւորաբար երեք մարզերու մէջ. եղբայրասիրութեան, ողջախոհութեան կամ ուղղամտութեան, ճշմարտութեան եւ ուղղափառ հաւատքին։ Սա ակնյայտ է, որ սրտին, մարմնին եւ հաւատքին մաքրութեան միջեւ կապ մը, զօդ մը գոյութիւն ունի՝ անտեսանելի բայց զգալի՛…։
Սուրբ Օգոստինոս, իր «Խոստովանութիւններ»ուն մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ հաւատացեալներ պէտք է հաւատան Հանգանակին (Հաւատամքին) զատ-զատ, ամէն մէկ մասին՝ որպէսզի հաւատալով՝ հնազանդին Աստուծոյ, հնազանդելով՝ լա՛ւ ապրին, եւ լաւ ապրելով՝ մաքրազտեն իրենց սիրտը, եւ մաքրազտելով իրենց սիրտը՝ հասկնան իրենց հաւատացածը։ Ուստի, սրտով մաքուրներուն խոստացուած է տեսնել զԱստուած եւ դէմ առ դէմ գտնուիլ Անոր հետ եւ ըլլալ նմա՛ն Անոր։
Ուրեմն, քանի որ մարմնի եւ հոգիի մաքրութիւնը առընչուած են իրարու, ոտք լուալու կարեւորութիւնն ալ կը յայտնուի այս իրականութեան մէջ, սիրտը մաքուր պահելու համար մարդ մարմնին ամբողջութեամբը՝ գլուխէն մինչեւ ոտք, մաքո՛ւր պէտք է ըլլայ…։
Ինչպէս ոտքերուն ուժեղութիւնը անհրաժեշտ է մարմինը եւ գլուխը վե՛ր բռնելու համար, նոյնպէս ծառայելու փափաքը հարկաւո՛ր է միւս բարձր յատկութիւնները արժեցնելու համար։
Այս հարկաւորութիւնը, արդարեւ ծնունդ կու տայ կարգ մը արարքներու՝ որոնք էապէս փոքրիկ զոհողութիւններ կամ երկրորդական պարտականութիւններ են թերեւս, եւ սակայն մեծ կարեւորութիւն ունին անոնք բարձրագոյն առաքինութիւնները իրենց բո՛ւն նպատակին ծառայեցնելու համար։ Զոր օրինակ, նկարագրի պարզութիւն, բարեկրթութիւն, խոհեմութիւն, բարեացակամութիւն, քաղցրութիւն, լրջմտութիւն, լայնախոհութիւն, եւ այլն։ Պահ մը խորհեցէք սիրելի ընթերցող բարեկամներ, գաւաթ մը ջուրը թերեւս նիւթապէս շատ արժէք չի ներկայացներ, բայց ծարաւէ տառապողի մը համար կենսական արժէք մը ունի։
Պզտիկ ժպիտ մը շատ կարեւոր կրնայ չնկատուիլ սակայն նեղութեան մէջ մէկու մը համար կեա՛նքի արժէք կրնայ ունենալ եւ փոխել ամբողջ տրամադրութիւնը։ «Փոքր» կարծուած շա՜տ արարքներ՝ իրականին մեծ փոփոխութիւններու առիթ կ՚ընծայեն։
Ահաւասի՛կ, ոտքերու լուացումն ալ թերեւս աննշան, երկրորդական, բայց կենսական մեծ գո՛րծ մըն է, որ կ՚որոշէ մարդուն ամբողջ ընթացքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 31, 2021, Իսթանպուլ