ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՈՒԺԸ
Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ ի՛նչպէս նիւթական աշխարհի մէջ՝ նոյնպէս ալ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը միշտ լուռ են. անոնք կ՚արտայայտուին միշտ լռութեան մէջ։ Քիչ անգամ ուժը աղմուկով կ՚արտայայտուի բնութեան մէջ։
Պատահաբար սեւցած երկինքի մը խորէն կը լսենք որոտումի ձայնը, կամ հիւսիսէն փչող հովին սուր սոյլը, եւ կամ շառաչիւնը կատղած ծովու մը ալիքներուն, որոնք ծովափին ժայռերուն վրայ կը փշրուին։ Բոլորս ալ վկայած ենք նման բնական երեւոյթներու, որոնք ընդհանրապէս սովորակա՛ն են դարձած։
Բայց նկատեցէ՛ք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, նկատեցէ՛ք պահ մը անհաշուելի, աննկարագրելի աղբիւրը ուժին՝ զօրութեան, զոր օրինակ արեւը՝ որ մեր մոլորակին վրայ կեանքը կարելի կ՚ընէ՝ կեանքը կը գոյապահպանէ եւ անոր գոյատեւման պատճառ կ՚ըլլայ։ Արեւը հաւատարիմ իր պարտականութեան՝ անխափան կը շարունակէ յայտնուիլ իր զօրութեամբ եւ ուժով։ Եւ մերինին հետ՝ արեգակնային դրութեան միւս բոլոր մոլորակները իրենց ծիրին մէջ կը պահէ…։
Արեւը միշտ կը կատարէ իր պարտականութիւնը, ամէն օր, անդադար, անընդհատաբար։ Միթէ ձայն մը լսա՞ծ էք որ արտաբերէ արեւը, երբ ամէն առաւօտ կը ծագի մեր գլխուն վերեւ եւ կը փայլի ամէն օր, եւ անվախճան օրերով…։
Արեւը իր ճառագայթներով կեա՛նք կը բաշխէ իւրաքանչիւր շնչաւոր արարածի եւ բուսականութեան՝ առանց ոտնաձայնի, բացարձակ լռութեամբ։ Դիտեցէ՛ք անտառներուն ծառերը՝ որոնք հասակ նետեր են, աճեր են եւ իրենց ճիւղերը իբրեւ հովանի տարածեր են իրենց շուրջը. ասոնք միթէ փող կամ թմբուկ կը հնչեցնե՞ն իրենց այս հրաշալի՜ ընթացքին՝ աճումի հրաշքին ուշադրութիւն հրաւիրելու համար։
Հապա պտղաստանի մը ծառե՞րը. միթէ կը պոռա՞ն, կը կանչե՞ն յայտարարելու համար իրենց յառաջ բերած քաղցրահամ պտուղները։ Անոնք միշտ լուռ են, անձայն կ՚արտադրեն, բայց բազմատեսակ բարիք կ՚արտադրե՛ն։ Ո՛չ ձայն եւ ոչ իսկ աղմուկ…։
Եւ գունագեղ, գեղեցիկ ծաղիկներ. ո՞ր մէկը ձայն ունի, ո՞ր մէկը կը յայտարարէ իր գեղեցկութիւնը, բայց կը տեսնուին անոնց գեղեցկութիւնը։
Այս բոլորն ալ իրենց մէջ բանող, գործող գործարաններ են, բայց ուժը՝ որով կը բանին, կ՚աշխատին՝ լո՛ւռ է եւ բոլորվին անձայն։ Մարդ չի գիտե՞ր այս իրողութիւնը. շատ լաւ գիտէ՛, բայց քանի խորհի իր այս «գիտցած»ին մասին, ա՛յնքան կը խորունկանայ զարմանքը, իր ապշութիւնը «ուժի այդ խորհրդաւոր լռութեան» նկատմամբ։
Զոր օրինակ, առնե՛նք ելեկտրականութիւնը՝ որով մեր տուները կը լուսաւորուին, մեքենաներ կ՚աշխատին, կը շարժին. ի՜նչ մեծ ուժ, ի՜նչ հրաշալի՛ կարողութիւն, եւ բացարձակապէս լո՛ւռ։
Նիւթական աշխարհէն անցնինք հոգեկան աշխարհ, որ կեանքին անբաժանելի իրականութիւնն է։ Պարագան նո՛յնն է հոգեկան աշխարհի մէջ ալ։
Հոգեկան աշխարհի մէջ որեւէ ուժ, որեւէ զօրութիւն աւելի մեծ է եւ ազդու, երբ կը զսպուի, քան երբ կը սանձարկուի։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ՝ որ սանձարձակ ուժը «ուժ» չէ՛ այլ՝ զսպուած, չափաւորուած ո՛ւժը։ Անզուսպ ուժը ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ…։
Այս իրողութեան օրինակ մըն է «լեզո՛ւ»ն։
Ուստի կարելի է պատասխանել «չարախօս լեզու»ին, բայց եւ այնպէս երբ լուռ մնայ մարդ չարախօս լեզուին հանդէպ, այդպիսով կ՚ապացուցանէ իր ուժին անհամեմատ գերազանցութիւնը։
Լռութիւնը ինքնին ո՛ւժ մըն է։
Եւ ահաւասիկ, այս կէտին կը տեսնենք չափաւորութեան, ներդաշնակութեան եւ հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։
Եւ ուժին ալ անհամեմատ եւ առանց հակակշռելու գործածութիւնն ալ միայն վնա՛ս կը պատճառէ թէ՛ գործածողին եւ թէ շուրջիններուն։
Հանդիպա՞ծ էք սիրելի՜ներ, մէկուն՝ որ իր շուրջը աղմուկ հանէ, բարձրաձայն յայտարարէ, որ հանրային ուշադրութիւնը իր վրայ դարձնէ, մէկուն՝ որ ինքնավստահ է, իրապէս ուժ եւ կարողութեան տէր է. վստա՛հ եղէք, ապահովաբար ան զո՛ւրկ է ներքին ուժէ, ներքին զօրութենէ, որ միակ ապացոյցն է եւ հիմը անձնական արժանիքներուն։ Այն որ իրապէս ուժ եւ կարողութիւն ունի, ինքնավստա՛հ է եւ պահանջքը չի զգար բարձրաձայն արտայայտելու իր արժանիքը. միշտ լո՛ւռ է եւ թէ անձայն կը գործէ։
Արդարեւ, ո՜րքան ճիշդ է առածը, որ կ՚ըսէ. «Պարապ տակառը ձայն կը հանէ. լեցուն տակառը անձայն կը մնայ»։
Ուրեմն, ոմանց հաւատքի հասկացողութիւնը եւ արտայայտութիւնը «աղմուկ» է միայն. հառաչ, շեշտ, հռետորութիւն, «երկար աղօթք»ներ, վէճ, փաստարկութիւն, բայց ո՛չ երբեք «հոգեւոր պտուղ»ներ որոնք միայն կը տեսնուին, միայն կը լսուին օրէ օր ապրուած կեանքի մը մէջ։ Սուրբ Հոգին անձայն եւ լուռ ուժի մը ներկայութիւնն է մարդուս մէջ։ Աստուած իրաւ իրաւ լռութեան մէջ կը յայտնուի, միշտ անձայն, միշտ անշշուկ, անաղմուկ։ Ան արեւուն նման «լուռ ուժ» մըն է. չէ՞ որ արեւն ալ Ինք՝ Աստուած ստեղծած է։ Արեւուն նման «լուռ ուժ» մըն է՝ հոգեւոր աշխարհին Արեւը՝ Աստուած, Արարիչ ամէն էութեան, ամէն գոյութեան, ամէն բարիքի…։
Արդարեւ, գիտցուածին երբ որեւէ կերպով անդրադառնանք լուրջ մտածումով, այնպէս կը թուի մեզի, այնպէս կը կարծենք, թէ «նոր» կամ «բոլորովին անծանօթ» իրողութեան մը գիւտը ըրած ենք։ Բայց գիտցուածին անդրադառնալ՝ գիւտ մը չէ, պարզապէս արդէն գոյութիւն ունեցածին անդրադարձում։ Առեղծուածային բացատրութեամբ, մեր «գիտցածն է որ չենք գիտեր» եւ կամ «մեր չգիտցածը չենք գիտեր»։ Սոկրատի իմաստութիւնը կը կայանար սա իրողութեան մէջ, թէ՝ «գիտէր ան թէ չէր գիտեր՝ ի՛նչ որ չէր գիտեր»։
«Չգիտցածը գիտնալ» առաքինութիւն է ե՛ւ իմաստութեան սկիզբը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 29, 2020, Իսթանպուլ