«ՄԵԾ» ԸԼԼԱԼՈՒ ՁԳՏՈՒՄԸ
Մարդիկ, ընդհանրապէս ամէն յարգ ու պատիւ իրենց յարմար կը նկատեն եւ միշտ աւելի մե՛ծ ըլլալու ձգտում մը ունին։
Արդարեւ, մարդուս հոգեբանութիւնը անհասկնալի է շատ անգամ, թէ ինչո՞ւ կ՚ուզէ իր եղածէն տարբեր երեւիլ։ Չէ՞ որ մարդ իրականին ի՛նչ որ է, ա՛ն է՝ ո՛չ աւելի մեծ եւ ոչ ալ փոքր։ Արտաքին երեւոյթը ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլայ՝ մարդ ներքնապէս, նկարագրով ինչ որ է, ատիկա երեւոյթով չի՛ փոխուիր. թերեւս կը խաբէ ժամանակի մը համար, եւ սակայն խաբած ատեն, իսկութեան մէջ ամենէն շատ ի՛նք կը խաբուի եւ կը վնասուի։ Յուսախաբութեան շարժառիթ մըն է՝ «տարբեր երեւել»ու մոլութիւնը։
Անգամ մը, որ մարդ իր երեւակայած դիրքին ի՛նք ալ հաւատայ, կարծէ թէ «մեծ» է, ահաւասիկ սկսած է անկումը՝ նախ տարակուսանքի շրջան մը, եւ յետոյ յուսախաբութիւն եւ յուսալքում։ Հոգեպէս մարդ ինքզինք պարապութեան մէջ կը զգայ, երբ արտաքին երեւոյթը եւ ներքին աշխարհը իրարու չեն համապատասխաներ։ Ո՜րքան ցաւալի վիճակ մըն է ան, իսկական անկո՛ւմ։
Նիւթական, գիտութեան կամ հոգեւոր որոշ դիրքի մը հասած մարդը երբ չէ կրցած իւրացնել իր վիճակը, իր վիճակին պահանջքներուն անյարմար է մտապէս եւ հոգեպէս, ահաւասիկ դժբախտութիւնը կը սկսի տիրական հանդիսանալ ամբողջ կեանքին մէջ, եւ պարապութիւն մը կը զգայ մարդ։ Անորոշութիւն, խաւար եւ մտահոգութի՛ւն։
Մինչդեռ երբ մարդ կարենայ ներդաշնակել իր արտաքին աշխարհը՝ ներաշխարհին հետ, խաղաղութիւն կը տիրէ անոր հոգիին մէջ՝ համերաշխութիւն, անդորրութիւն կ՚ապահովեն բարիքներով լեցուն կեանք մը։
Թէ ի՛նչ է խաղաղ ըլլալու ճամբան։ Իրականութեան մէջ՝ պարզութիւն է, չափաւորութիւն եւ բաւարարութիւն։ Այս առաքինութիւնները կարելի է ամփոփել խոնարհութեան հոգեվիճակին մէջ։ Խոնարհութեան զգացումը դեղ ու դարմա՛նն է ամէն չափազանցութեան՝ որոնք կը վնասեն մարդուս թէ՛ հոգեկան եւ թէ ֆիզիքական էութեան։ Յաճախ կը կրկնենք՝ առածը կ՚ըսէ, թէ՝ չափաւորութիւնը կէս Աստուած է։ Մտային ու հոգեկան ամէն ապրումներու մէջ չափ ու կշիռ ունենալ, մարմնական-ֆիզիքական ապրումներու մէջ սահմանը գիտնալ, ըստ այնմ ապրիլ, թէ՛ մարմնական, թէ՛ հոգեկան առողջութեան նախապայմաններն են։ Ասոր համար ալ անհրաժե՛շտ է՝ խոնարհութեան ոգիով շարժիլ։ Եւ թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական-ընկերային կեանքի մէջ հարցեր կը սկսին, երբ խոնարհութեան ոգին անէանայ եւ գոռոզութեան ու հպարտութեան նկարագիրը երեւան գայ մարդուս մէջ։
Եւ երբ խոնարհութիւնը անէանայ՝ իր բոլոր ստորաբաժանումներով, հպարտութիւնը կու գայ տեղ գրաւելու մարդուս կեանքին մէջ։ Հպարտութիւնը, արդարեւ նկատուած է «մահացու մեղք» եկեղեցւոյ վարդապետութեան համաձայն։ Ան «մահացու մեղք» նկատուած է, քանի որ հպարտ մարդը դուռ կը բանայ զանազան մեղքերու, ուրիշ խօսքով՝ հպարտութիւնը մա՛յրն է ուրիշ շատ մեղքերու։ Նախ, հպարտ մարդը կը խաբէ թէ՛ իր շուրջինները, եւ թէ ինքզինք։ Ան ինքնախաբէութեամբ կը խաբէ եւ խաբածին ի՛նքն ալ հաւատալով ինքնախաբէութեամբ կը շարունակէ ապրիլ իր կեանքը։
Խաբել՝ սուտ խօսիլ կը նշանակէ եւ «մեղք» կը նկատուի։ Ահաւասիկ հպարտութեան առաջին «զաւակ»ը՝ մայրը «հպարտութիւն», զաւակը՝ «խաբէութիւն» եւ «սո՛ւտ»։ Տակաւին կարելի է բազմացնել օրինակներ՝ ուր «մայր»ը՝ հպարտութիւնը կը ծնի «զաւակ»ներ, այսինքն՝ մեղքեր…։
Թերեւս պիտի ըսէք՝ մարդ եթէ ունի իսկապէս ինքզինք հպարտ զգալու պատճառ մը, ատիկա արդար հպարտութիւն կարելի՞ է համարել։ Ո՛չ սիրելիներ, եթէ մէկը իրապէս արժէք մը ունի, այդ արժէքը իր հետ կը բերէ խոնարհութիւնը, համեստութիւնը եւ իսկական արժէքներ, արժանիքներ իրենց էութիւնը կը գտնեն համեստութեան եւ խոնարհութեան մէջ։ Կեղծ ու կարծեցեալ արժէքներ, սուտ արժանիքներ են, որ հպարտութեամբ ծածկել եւ քօղարկել կը ջանան իրենց կեղծիքը, իրենց սուտ աշխարհը։ Դիտեցէք ձեր շուրջը, խնդրեմ, սիրելինե՛ր, պիտի տեսնէք բազմաթիւ սուտ եւ կեղծ արժէքներ՝ բոլորն ալ հպարտ իրենց սուտ եւ կեղծ աշխարհով։
Եւ դարձեալ պիտի տեսնէք իրական արժէքներ եւ արժանիքներ՝ որոնք զոհուած են իրենց համեստութեան ու խոնարհութեան՝ անտեսուած իրենց արժէքն ու արժանիքը, մէկ կողմ քաշուած՝ առանձնացած են։ Եւ դարձեալ յաճախ կը կրկնեմ՝ շատ անգամ իրական արժէքներ կ՚անտեսուին, բայց անարժէք եւ անարժան մարդիկ մեծ յարգ ու պատիւ կը վայելեն։
Բայց արժէք ունեցողներու տկարութիւնը կամ թերութիւնը չէ՛ ատիկա, այլ՝ արժէք չգիտցողներու անխոհեմութիւնը եւ պարզամտութիւնն է պատճառը, եւ ուրեմն ի վերջոյ իրենք դատապարտուած են կորսըն-ցնելու՝ մինչ իսկական արժէքներ իրենց արժանի տեղը գրաւելու հաւաքական կեանքին մէջ…։
Անոնք որ քիչ բան ունին, կը կարծեն, որ իրենց ունեցածը ամէն ինչ է։ Գիտութիւնն ալ նոյնն է՝ քիչ բան գիտցողը կը կարծէ, թէ ամէն ինչ միայն իր գիտցածն է, եւ կը հպարտանայ…։
Իսկ ան, որ գիտէ իր չափը եւ կշիռը, գիտէ եւ կը ճանչնայ իր սահմանը՝ խոնարհ է եւ համեստ, չի հպարտանար երբեք, քանի որ գիտէ, թէ հպարտանալու պատճառ մը չկայ եւ երբեք պիտի չըլլա՛յ։
Կան ոմանք որ ստորակայական բարդոյթով, իրենց պակասը ծածկել կ՚աշխատին։ Անոնց ալ ամենակարեւոր միջոցը հպա՛րտ երեւալն է՝ միշտ վեր կը նային, բարձր կը բռնեն իրենց վիզը, վախնալով վարը գտնուին իրենց իսկական դիմագիծը նշմարողներ։
Դարձեալ պիտի կրկնենք՝ մա՛րդ վերէն նայելով բարձր չ՚ըլլար, եւ մա՛րդ խոժոռ, մռայլ երեւոյթ մը պարզելով ո՛չ լուրջ, ո՛չ պատկառելի կ՚ըլլայ, այլ թեւերս՝ ծաղրածու միմոս կը դառնայ։ Եւ եթէ մարդ ծաղրանքի առարկայ ըլլալ չ՚ուզեր՝ պէտք է երեւի ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ է։ Չափազանցութիւններ եւ ծայրայեղութիւններ, միշտ, մարդուս վնաս պատճառած են փոխանակ օգուտի։ Մեծ ըլլալու ձգտումը արմատացած՝ մարդիկ, ի վերջոյ պարտաւորուած են խոնարհեցնել իրենց գլուխը համեստ իրական արժէքներու եւ արժանիքներու առջեւ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ զանազան վկայութիւններ ցոյց կու տան այս ճշմարտութիւնը՝ որ պատահած է շատերու կեանքին մէջ։
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելիներ, որեւէ հաւաքոյթի ատեն կամ հրաւէրի մը ընթացքին՝ շատերու մօտ «գլխաւոր սեղան»ները եւ պատուական սեպուած դիրքերու վրայ երեւիլ, եւ այդ տեղերը բազմելու տենչ մը, փափաք մը կը տեսնուի, եւ ո՜րքան վէճեր կը ծագին հոն կամ հոս բազմելու եւ յարգուած ու պատուըուած ըլլալու համար…։
Մարդս եթէ նստած աթոռը պիտի բարձրացնէ, ատիկա «բարձրութիւն» չէ, թերեւս խեղճութեան արտայայտութիւն. թո՛ղ, որ վրան բազմողը աթոռին արժէքը աւելցնէ, ո՛ւր որ ալ ըլլայ ան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 27, 2015, Իսթանպուլ