ԱՉՔԸ ՅԱՌԱ՜Ծ ԵՐԿԻՆՔ…

Ի՜նչ հրաշալի տեսարան մըն է, ո՜րքան տպաւորիչ է դիտել մէկը՝ յառած աչքը երկինք, կ՚աղօթէ եւ կը յուսայ բան մը՝ որմէ աւելի արժէք ունեցող ո՛չինչ կայ՝ կեա՛նք մը՝ խաղաղ, առողջ եւ չափաւո՛ր։

Աչքը յառած երկինք՝ կ՚աղօթէ մարդը, յոյսով եւ հաւատքով լեցուն՝ որ հո՛ն՝ վերը կայ զինք լսող մը, վստահելի՛ Անձ մը, որուն կ՚ապաւինի իր ամբողջ էութեամբ, եւ կը վստահի իր ամբողջ կեանքը։ Արդարեւ կեանք մը ունենալ պատահական է, իսկ ապրիլը պարտաւորութի՛ւն. անգամ մը որ մէկը ստացած է կեանքը, պարտաւո՛ր է զայն պահել, խնամել, հոգալ, եւ կեանքին տէրը պատասխանատո՛ւ է իր իսկ կեանքէն։ Եւ այս իսկ պատճառով արգիլուա՛ծ է անձնասպանութիւնը, քանի որ կեանքը «աւանդ» մըն է եւ պարտաւոր է մարդ զայն խնամել առաւելագոյն չափով եւ ջանքով։

Աչքը յառել երկինք եւ աղօթել. պահանջք մըն է՝ պարտաւորութիւն մը, խնամելու համար իրեն վստահուած թանկագին աւանդը՝ կեա՛նքը։

Բայց ոմանք երբ յառած են իրենց աչքը դէպի երկինք, կան նաեւ ոմանք՝ որ յառած են իրենց աչքը՝ երկի՛ր։ Արդարեւ, այս երկրորդ խումբը կը նախընտրէ աշխարհը, նիւթը եւ այնքան ալ կարեւորութիւն չ՚ընծայեր հոգեւոր կեանքին՝ երկնայինին։ Մինչդեռ, սա իրականութիւն մըն է, որ մարդ միայն մարմին, այսինքն նիւթ չէ, իր ֆիզիքական էութեան չափ ունի նաեւ հոգեկան էութիւն մը, բարոյական մաս մը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մարդ ունի նաեւ հոգի ե՛ւ միտք։

Ամէն անձ, ամէն մարդ «անհատ» մըն է՝ հոգիէ, միտքէ եւ անշուշտ մարմինէ բաղկացած։

Ուրեմն մարդ որքան որ պահանջքը ունի յառելու իր աչքը դէպի երկինք, պահանջքը ունի նաեւ յառելու իր աչքը երկիր, որպէսզի անխնամ չթողու նաեւ իր մարմինը։ Բայց մի՛շտ չափաւորութեան սահմաններուն մէջ՝ ներդաշնակելով հոգին եւ մարմինը՝ բարոյական կեանքը եւ ֆիզիքական էութիւնը։ Եւ ըսինք, որ ամէն մարդ «անհատ» մըն է, եւ ուրեմն, որպէս «անհատ» բնականաբար ազատ է եւ անկա՛խ։ Բայց ազատութիւնը եւ անկախութիւնը չի՛ նշանակեր բոլորովին անջատուիլ, անտարբեր մնալ ընկերութենէն, քանի որ «անհատ»ը իր էութիւնը գոյապահպանելու եւ գոյատեւելու համար պահանջքը ունի ընկերութեան մէջ ապրելու, ի՛նչ որ կը նշանակէ հպատակիլ եւ հնազանդիլ կարգ մը կանոն եւ օրէնքներու։ Ուրեմն ազատութիւնը եւ անկախութիւնը «անիշխանութիւն» չի նշանակեր, այլ եւ մանաւանդ, որոշ կանոններու եւ օրէնքներու սահմաններուն մէջ անկաշկանդ ապրի՛լ։

Բայց այս իմաստով ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարականը հասկնալու, կարենալ ըմբռնելու համար, մարդ պէտք է ազատ ու անկախ ըլլայ՝ ձերբազատուած ըլլայ ամէն հոգեւոր եւ մտաւոր կաշկանդումներէ՝ կանխակալութիւններէ եւ նախապաշարումներէ։ Եւ իսկական ազատութիւնը եւ անկախութիւնը, ահաւասիկ, կը նշանակէ կապուած չըլլալ նախապաշարումներու, այլ՝ ըլլալ ազատամիտ, շրջահայեաց եւ հանդուրժո՛ղ։

Մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան կաշկանդել իրենց ազատութիւնը եւ անկախութիւնը։

Ան, որ իր աչքը յառած է միա՛յն երկիր եւ կամ միա՛յն երկինք, արդէն կաշկանդած է, թէ՛ իր ազատութիւնը, թէ՛ անկախութիւնը, քանի որ երկինք եւ երկրի ներդաշնակութիւնը, կերպով մը կը հակակշռէ մարդուս ազատութիւնը եւ անկախութիւնը։ Եւ այն, որ կրնայ ներդաշնակել «երկինք»ը եւ «երկիր»ը, չափաւոր կերպով յառած կը մնայ իր աչքը թէ՛ երկինքի եւ թէ՛ երկրի վրայ, ան ազատ է եւ անկա՛խ։

Մարդիկ ընդհանրապէս կը կապուին գաղափարներու, սկզբունքներու եւ երբեմն ալ անձերու։ Եւ այս կապը կ՚ըլլայ՝ ստամոքսի միջոցով, հոգիի միջոցով եւ կամ մտքի միջոցով։ Մարդ երբ կապուած է գաղափարի մը, սկզբունքի մը եւ կամ անձի մը, միութեան եւ կամ հաստատութեան մը, եւ բոլորովին կ՚անտեսէ եւ անտարբեր կը մնայ սրտի եւ մտքի կապերուն, ահաւասիկ անիկա ազատ ու անկախ մէկը չէ՛. ինքզինք կաշկանդած, ուրիշ բանէ մը կամ ուրիշ մէկէ մը կախեալ, բոլոր կեանքը ուրիշէ մը կախում ունեցող մէկը կ՚ըլլայ։

Ուրեմն, մարդիկ, թէեւ ընկերային կեանք կ՚ապրին, եւ պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ են կարգ մը կանոն եւ օրէնքներու կապուած եւ հպատակ մնալու, բայց կրնան միանգամայն ազատ եւ անկախ ըլլալ մտովի եւ մանաւա՛նդ հոգեպէս։ Ահաւասիկ, ասիկա կախում ունի այդ «կապ»ին բնոյթէն՝ եթէ միակ կապը «ստամոքս»ն է՝ ազատ ու անկախ կարելի չէ՛ անուանել այդ անձը, այլ կապը նաեւ սիրտն ու միտքն է, եւ եթէ հոգւով եւ միտքով նաեւ կապուած է մէկը՝ ազատ է եւ անկա՛խ։

Ուստի «ստամոքս»ը, «սիրտ»ը եւ «միտք»ը պէտք է ներդաշնակուին մարդկային յարաբերութիւններու մէջ եւ հակակշռեն զիրար եւ այն ատեն, ահաւասի՛կ, կարելի է նկատել իրապէս ազատ եւ անկախ մա՛րդը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 26, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 1, 2017