ԳՐԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋԷՆ ՏԱՌԱՊՈՂՆԵՐԸ
Յայտնի երեւոյթ է, թէ վերջին տասնամեակներուն մի՛շտ կը խօսուի այն էական հարցին մասին, որ մեր մէջ կամաց կամաց կը սկսի նուազիլ լեզուի մշակները, գրականութեան ու ուսուցչութեան նուիրեալները: Անցեալի «Կը նահանջէ լեզուն» խորագրեալ յօդուածին մէջ ըսինք, թէ «Աւելին, լեզուն կը մեռնի, որովհետեւ անտարբերութեան ու անփթութեան համաճարակ մը կը թափանցէ հասակ առնող սերունդին մէջ», սակայն հակառակ այդ անտարբերութեան այսօր ունինք արտառոց այլ խաւ մը, որ խորապէս գրելու եւ կամ աւելի ճիշդ գրել փորձելու մարմաջէն կը տառապի: Արտասովոր խաւ մը՝ որ ո՛չ հայերէն լեզուէն կը հասկնայ, ո՛չ գրականութեան մասին մտապատկեր մը ունի, սակայն «ի վերուստ» ունի գրելու մարմաջն ու մոլուցքը:
Գովելի երեւոյթ է գրելու նախափորձեր կատարելը եւ արժանի խրախոյսի. սակայն այսօրուայ յօդուածը անոնց մասին է՝ որոնք իրենք զիրենք բեմբասաց ու հռետոր ըլլալ կը կարծեն եւ հրապարակ կու գան վեհ ու անմրցունակ գրողի մը յաւակնութեամբ: Անձեր՝ որոնք ուրիշին գրածը կարդալու համեստութիւնը չեն ունենար, որովհետեւ ենթադրաբար իրենք կանխապէս գիտեն այն բոլորը՝ ինչ որ փոխանցած է միւս գրողը: Շահնուր, Շանթ, Սեւակ եւ կամ Չարենց մը ըլլալու յաւակնութեան ախտէն տառապեալ խաւ մը:
Այս մէկը հայութեան մէջ նոր գոյացած երեւոյթ մը չէ. «Մասիս» պատկերազարդ շաբաթաթերթին մէջ Հ. Կէտիկ անունով հրապարակագիր մը, 8 մարտ 1908 թուականի թիւին մէջ կը գրէ. «մեր մէջը դասակարգ մը կայ, որ գրելու եւ մանաւանդ ոտանաւոր թխելու մարմաջէն վարակուած է». իրապէս. վերոյիշեալ խաւը մի՛շտ ալ արձակէ աւելի բանաստեղծութեամբ հանդէս գալու ախտ մը ունի, որովհետեւ համոզուած են թէ բանաստեղծութեան մը միայն վերջին վանկերու նոյնութեամբ կրնայ ծնունդ առնել աննախընթաց տաղ մը: Կը փորձեն գերեզմանին մէջէն դուրս բերել փոշիացած հայերէն բառեր եւ անոնց միացումով անհասկնալի քաոս մը ստեղծել, որովհետեւ մի՛շտ անհասկնալին խորհրդաւոր տպաւորութիւն մը կը ձգէ՝ ակամայ:
Այդպիսիք կ՚անգիտանան, որ բանաստեղծութիւնը ո՛չ ճոխացած բառերուն եւ ո՛չ ալ վերջածանցներու միաձեւութեամբ կը դառնայ բանաստեղծութիւն, այլ իր պարզութեամբ, խորհուրդով, ապրումներով եւ բառերու ու երաժշտութեան ներդաշնակութեամբ: Ի՞նչ իմաստ ունի գրել «Շամանդաղուած ցուցք մը անսացի», որ ո՛չ գրողը եւ ո՛չ ալ կարդացողը հասկնայ...:
Ծանրակշիռ բառեր գործածողներուն առընթեր գոյութիւն ունին այնպիսիք, որ կը կարծեն ոեւէ մէկ բառի ետեւ -ում ածանցը աւելցնելով կրնան բանաստեղծութիւն ձեռք ձգել եւ ամէն տող «խմում», «ուտում», «լսում» «խօսում»ով վերջացնելով կ՚ունենան նոր քերթուած մը. ճշմարիտ սպանդը սկիզբ կ՚առնէ հոն՝ ուր արեւմտահայերէնն ու -ում ածանցը կը պլլուին իրարու... Երբ նախադասութիւնը սկիզբ կ՚առնէ «Ես կ՚երթամ դէպի» մաքուր արեւմտահայերէնով ու վերջ կը գտնէ «աշխարհում մենակ մոլորուել»ով, ստեղծելով հայերէն մը՝ որուն արեւին ո՛չ մտնելը եւ ո՛չ ելլելը յստակ է:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի Գրողներու Ե. ժամաժողովի ընթացքին, որ տեղի ունեցած է 17 նոյեմբեր, 1966-ին, Ստեփան Կուրտիկեան արտասանած է հետեւեալ խօսքերը.- «Յաճախ, որոշ գրողներ, հրատարակչական հնարաւորութիւններ ունենալով սփիւռքում, լոյս են ընծայում գեղարուեստական թոյլ գործեր, իսկ շատ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ տարիներու ու տասնեակ տարիներով անձեռնմխելի են մնում միջոցներ չունեցող հեղինակների գրադարակներում»: Իրօք. այսօր մեր շուրջ բազմաթի՜ւ են գրելու մարմաջով տառապողներ՝ որոնք արդէն իսկ հեղինակ տպագրուած հատորներու, իսկ անդին նիւթական միջոցներու չգոյութեան պատճառով պատկառանքի արժանի մտաւորականներ կը զրկուին այդ օրհնութենէն: Անարժանները շնորհահանդէսներ կը կազմակերպեն, մինչ արժանաւորը իր գլուխը պատին կու տայ՝ ծնունդ տալու համար արժէքաւոր հատորը:
Եթէ անցեալին հրատարակութեանց արժեչափը գործին տարողութիւնն ու արժէքն էր, այսօր ցաւ ի սիրտ նիւթական միջոցներու առկայութիւնն է, որ անարժան գրողը կրնայ մինչեւ իսկ հասցնել Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամակցութեան:
Այս յօդուածին շարժառիթը վերջերս թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ շնորհահանդէս կատարած «բանաստեղծ» մըն է, ու ի՜նչ մեծ զարմանք. Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն, հանդիսութեան ներկայ են կառավարական, եկեղեցական ու մտաւորական անձնաւորութիւններ:
Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել, չէ՞ որ ամէն հայ քիչ մը գրող, քիչ մը ամէ՛ն ինչ է: Ամէ՛ն հայ քիչ մը գրականագէտ եւ քի՛չ մըն ալ քննադատ է:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՎԱՀԱՆ ԹՈԹՈՎԵՆՑ
(1889-1938)
Մեր թուականէն 132 տարիներ առաջ՝ 1 սեպտեմբեր 1889 թուականին պատմական Հայաստանի Դաւթիկ գիւղին մէջ ծնած է գրող, արձակագիր եւ բանաստեղծ Վահան Թոթովենց:
Թոթովենց իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ազգային Կենդրոնական վարժարանին մէջ, ուր գրած է իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք հրատարակուած են վարժարանի ձեռագիր ամսաթերթին մէջ՝ մօրենական Գույումճեան գրչանունով: Աւարտելէ ետք դպրոցը յաճախած է Խարբերդի մէջ գտնուող Թլկատինցիի «Կարմիր դպրոց»ը, ուր ստացած է գրելու վարժութիւններ, աշակերտելով արձակագիր եւ բանաստեղծ Թլկատինցիին եւ Ռուբէն Զարդարեանին: 1909 թուականին մեկնած է Փարիզ եւ ապա Նիւ Եորք՝ ընդունուելով Ուիսքոնսընի համալսարան (University of Wisconsin-Madison) հետեւելու գրականութեան պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներու, միաժամանակ սորվելու անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները: Ցեղասպանութեան տարին՝ 1915-ին 400 ամերիկահայերու հետ կամաւորաբար մեկնած է Կովկասեան ռազմաճակատ եւ մասնակցած ազատագրական պայքարին:
Թոթովենց իր առաջին լուրջ բանաստեղծութիւնը՝ «Արտոսրի կալեակներ»ը հրատարակած է 1907 թուականին, «Արեւելեան Մամուլ»ի մէջ: Տարի մը ետք՝ 1908-ին մեկնած է Պոլիս եւ հրատարակած իր առաջին գրքոյկը՝ «Աւերակը» եւ ապա «Սրինգ»ը: Թիֆլիզի մէջ 1917-1918 տարիներուն խմբագրած է «Հայաստան» թերթը: Երեւանի մէջ, 1923 թուականին խմբագրած է «Շեշտ» երգիծական ամսագիրը, միաժամանակ աշխատելով Երեւանի Համալսարանի «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան մէջ: Հրատարակած է բազմաթիւ բանաստեղծական, վիպասանական եւ պատմագրական աշխատութիւններ, որոնցմէ են «Փոթորկին մէջ» (1922), «Սասմա ծռեր» (1925), «Իմ հօրաքոյրը» (1916) եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Իր հեղինակած «Բաց կապոյտ ծաղիկներ» պատմուածքի հիման վրայ նկարահանուած է «Կտոր մը երկինք» յայտնի ժապաւէնը:
Թոթովենց 1936 թուականին շարք մը այլ մտաւորականներու հետ Խորհրդային Միութեան կողմէ բռնադատուած եւ տարի մը ետք՝ 1938 թուականին գնդակահարութեամբ սպաննուած է: Մահէն 16 տարիներ ետք՝ 1954-ին արդարացած է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ