ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ը.)
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆ
Հիմա որ հոգեպէս պատրաստ ես ամուսնութեան, պէտք է լաւապէս հասկնաս, որ կեանքիդ մէջ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի կատարուի եւ յետ այսու պիտի չապրիս այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրէին նախապէս: Գուցէ սկզբնական ժամանակին ոչ այնքան, սակայն ժամանակի ընթացքին զգաց կատարուած փոփոխութիւնները, որոնք կրնան դրական, ինչպէս նաեւ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ անձիդ վրայ:
Այդ իսկ պատճառով աւելի խորհրդածութեան առիթ տալու համար կ՚ուզենք խօսիլ այդ փոփոխութիւններուն մասին:
Առաջին հերթին նորապսակ մը ներքին պայքար մը պիտի ունենայ համատեղելու անձնական եւ միասնական կեանքը. մինչեւ որոշ տարիք մարդ արարած մեծապէս կարեւորութիւն կու տայ իր անձնականին, կ՚ուզէ ունենալ իր մէկ անկիւնն ու տարածութիւնը, սակայն ամունսական կեանքը կու գայ յեղաշրջելու այդ մէկը. այդ յեղաշրջումին պատճառով որոշ ժամանակ կրնայ պահանջել անձնականին զիջումին յարմարիլը, որովհետեւ սիրած անձի հետ ապրիլը թէեւ ինքնին հաճելի եւ ուրախ բան մըն է, սակայն միւս կողմէ առօրեայ փոխելը որոշ ժամանակ կը պահանջէ: Որոշ ժամանակ ետք նորապսակը կրնայ նկատել, որ իր ազատութիւնը սկսած է աւելի սահմանափակուիլ, որովհետեւ ամուսնական կեանքը իր հետ բերած է որոշ պարտաւորութիւններ: Ազատութիւնը մարդ արարածին համար մեծագոյն արժէքներէն մէկն է եւ ուրախ ամուսնութիւն մը այդ ազատութեան եւ ամուսնական կեանքին մէջ պիտի յաջողի հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել: Չհաւասարակշռելու պարագային ժամանակ մը ետք անոր մօտ պիտի ստեղծուի ազատութեան փնտռտուք եւ շատերու պարագային ամուսնական կեանքը կրնայ հասնիլ մինչեւ «բանտարկուած» ըլլալու հոգեբանութեան (կախեալ անձին եւ կողակիցին բնաւորութենէն եւ ապրելակերպէն):
Կը նկատենք, որ շատ մը զոյգեր կը հաւատան, թէ պսակուած զոյգերու մէջ «անձնական տարածք» ունենալը անընդունելի կը նկատուի. ինչպէս նախնիները կ՚ըսեն, ամէն բանի շատը վնաս է. նոյնն է պարագան ազատութեան ու անձնական տարածքին. զոյգեր եթէ իրարու անձնական տարածքները չյարգեն, որոշ ժամանակ ետք անոնց մօտ շնչահեղձ ըլլալու զգացում մը կը ստեղծուի եւ հաւատացէք, որ աշխարհի բաժանութիւններուն մեծամասնութիւնը այդ տհաճ զգացումէն առաջ կու գայ: Շատեր այդ մէկը կը փորձեն «սէր» անուանել, սակայն ժամանակ մը ետք սիրոյ սահմաններէն դուրս գալով կը վերածուի անախորժ վիճակի մը: Անձնական տարածք ունենալով անպայմանօրէն նկատի չունինք գաղտնիք, թէեւ համաձայն ենք, որ զոյգեր սիրոյ եւ յարգանքի սահմաններուն մէջ կրնան ունենալ նաեւ իրենց գաղտնիքները: Ազատութեան ու գաղտնութեան այս սահմանները յարգելը առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք թէեւ որպէս զոյգ՝ սակայն երկու անհատ ունենան իրենց ինքնուրոյն միտքերը, մտածումները, համոզումները: Դժբախտութիւն է տեսնել, որ հայրիշխանութիւն եւ կամ մայրիշխանութիւն հաստատելու սիրոյն անոնք վրդովեն իրենց ամուսնական կեանքը:
Անձնական տարածքի եւ գաղտնութեան հանդէպ յարգանքը զոյգերու մէջ կ՚ամրապնդէ վստահութիւնը, որ առողջ ընտանիքի մը սիւներէն մին է. ամէն բան գիտնալ, տեսնել ու հասկնալ ուզելը սիրոյ սահմաններէն դուրս գալով անվստահութիւն կը ծնի: Այդ իսկ պատճառով պէտք է դիմացինին տալ այնքա՛ն սահման եւ ազատութիւն, ինչքան անձը ինք կ՚ուզէ փոխադարձ ստանալ:
Վերջապէս այդ բոլորը յարգելը թոյլ կու տայ, որ զոյգեր պահեն իրենց անհատականութիւնը, իրենց ապրելակերպն ու մտածելակերպը եւ առանց ճնշման տակ զգալու նաւարկեն դէպի երջանիկ ափեր:
Անոնք պէտք է գիտակցին, որ այլեւս պիտի չապրին այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրէին նախապէս։ Իրենց առօրեան, նիւթական ծախսերը եւ սովորութիւնները պէտք է ենթարկեն վերատեսութեան: Ամուրի ժամանակ եթէ կը քնանային մինչեւ ժամը 10-11-ը, արդէն իսկ պիտի գիտակցին, որ նոյնը կրնայ չըլլալ, որովհետեւ կան ընտանեկան պարտաւորութիւններ, մանաւանդ եթէ այդ ընտանիքը լուսաւորուի մանուկով մը:
Ամուսնական կեանքի ընթացքին անոնք պիտի մոռնան ու զիջին շատ մը սորովորութիւններ ու վարժութիւններ եւ այդ մէկը պէտք չէ որպէս «կորուստ» նկատեն:
Այստեղ կ՚ուզենք նշել, որ այդ պարագային տարբեր տարբեր զոյգեր կը տեսնենք. ոմանք կ՚ուզեն պահել իրենց սովորութիւններն ու վարժութիւնները եւ կը պահանջեն ու կը պարտադրեն, որ կողակիցը յարմարի այդ բոլորին. իրականութեան մէջ սիրող անձը կը յարմարի այդ բոլորին, սակայն միւս կողմէ սիրողը կը զիջի այդ բոլորը, որովհետեւ սիրոյ եւ ամուսնութեան մէջ սեփական ուրախութիւնը կողակիցը ուրախ տեսնելուն մէջ կը կայանայ եւ զիրար ուրախ պահելու սիրոյն է, որ կը ստեղծուին հասարակաց գիծեր, որոնք կը կազմեն այդ ընտանիքին կեանքն ու ապագայ դաստիարակութեան հիմքերը:
Նորապսակ զոյգը իր միջավայրը, բնակարանն ու առօրեան փոխելով յաճախ կրնայ հոգեպէս տկարանալ եւ յուզուիլ. այդ մէկը բնական է եւ երբեք զիջում մը չէ, պարզապէս մարդկային կարօտ մը կրնայ ըլլալ ընտանիքին ու իր հին կեանքին հանդէպ: Ամուսնական առաջին շրջանը տարբեր յոյզերով լեցուն շրջան մըն է, այդ իսկ պատճառով զոյգեր պէտք է նրբանկատ ըլլան, որովհետեւ անուշադիր մէկ արարք մը, զգացում մը կրնայ խոր վէրքեր յառաջացնել անոնց մէջ: Վիճակագրական ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ մարդկութեան աւելի քան 15 առ հարիւրը ամուսնալուծութեան կը դիմեն իրենց պսակադրութենէն տարի մը ետք. որովհետեւ տան մէջ ապրելէ ետք, երազային ակնոցները մէկդի դնելով մարդ կը սկսի ճանչնալ իր կողակիցին իսկական անձնը:
Այդ իսկ պատճառով ամուսնութեան համար սէրէն, վստահութենէն ու զոհողութենէն անդին կը պահանջենք նաեւ համբերութիւն, որովհետեւ իւրաքանչիւր դժուարութիւն, խնդիր ու տարաձայնութիւն համբերութեամբ կը լուծուի, գիտակցելով, որ այլեւս նորապսակ զոյգը միայն իրեն համար չէ, այլ իր նորաստեղծ ընտանիքին համար կ՚ապրի եւ փոքր դժուարութիւններուն դիմաց ընկրկիլը շատ աւելի դժուար կը դարձնէ ապագայի քաղցր, սակայն նոյնքան պայքարով ու դժուարութիւններով լեցուն կեանքը:
•շարունակելի
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Պսակուելու համար ո՞րն է յարմարագոյն տարիքը:
Պատասխան.- Պսակուելու պարագային գոյութիւն չունի յարմարագոյն տարիք, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ տարբերիլ անձէ անձ՝ նկատի ունենալով անձի նպատակները, հասունութիւնն ու հանգամանքները: Տարբեր մշակոյթներ եւ հասարակութիւններ կրնան տարբեր ակնկալիքներ ունենալ պսակադրութեան տարիքի վերաբերեալ:
Որոշ մարդիկ կը պսակուին քսան տարեկանին, իսկ ուրիշներ կրնան սպասել մինչեւ երեսուն տարեկան, առաջնահերթութիւն տալով պատրաստակամութեան, հասունութեան՝ քան տարիքին:
Պսակուելու տարիքը կախեալ է անձի նախասիրութենէն եւ շատ աւելի կարեւոր է նկատի ունենալ այլ արժէքներ՝ քան տարիքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024