ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ
Աւագ ուրբաթ օրը կը խորհրդանշէ արարչութեան վեցերորդ օրը։ Աւագ ուրբաթ, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան եւ թաղման յիշատակութեան օրն է նաեւ։
Եկեղեցին կը մնայ հաւատարիմ ամբողջ Աստուածաշունչին մեկնաբանութեան՝ զոր կատարեց նոյնիքն Յիսուս՝ Զատիկէն առաջ եւ ետքը. (ՂՈՒԿ. ԻԴ 27, 44-45)։ «Միթէ Քրիստոս պէտք չէ՞ այս չարչարանքները կրէր մտնելու համար փառքին մէջ» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 26)։ Յիսուսի չարչարանքները իրենց պատմական եւ թանձրացեալ ձեւաւորումը առին երբ Ան «մերժուեցաւ ծերերէն, քահանայապետներէն եւ դպիրներէն» (ՄԱՐԿ. Ը 31), որոնք «յանձնեցին զԻնք հեթանոսներուն, որպէսզի զԻնք անարգեն, ձաղկեն եւ խաչեն» (ՄԱՏԹ. Ի 19)։
Հաւատքը կարող է ուրեմն Աւետարաններէն հաւատարմաբար փոխանցուած եւ պատմական այլ աղբիւրներէ լուսաբանուած Յիսուսի մահուան պարագաները քննելու փորձ ընել, լաւագոյնս հասկնալու համար իմաստը փրկչագործութեան։
Արդարեւ, մարդ, արդարացումին կ՚արժանանայ «Քրիստոսի չարչարանք»ով, որ Ինքզինք զոհեց Խաչին վրայ իբրեւ կենդանի նշխար, սուրբ եւ հաճելի Աստուծոյ եւ որուն արիւնը եղաւ բոլոր մարդոց մեղքերուն քաւութեան գործիք։
Արդարացումը շնորհուած է Մկրտութեամբ՝ որ հաւատքի սուրբ խորհուրդն է։
Երուսաղէմի կրօնական իշխանութիւններուն շարքին մէջ կային ո՛չ միայն փարիսեցի Նիկոդիմոսը կամ Յիսուսի գաղտնաբար աշակերտած Յովսէփ Արիմաթացի իշխանաւորը, այլ կային նաեւ Յիսուսի մասին երկարաժամանակ պառակտումներ, այն աստիճան որ Անոր մահուան չարչարանքին նախօրեակին իսկ, Յովհաննէս կարող է ըսել անոնց մասին, թէ «շատեր հաւատացին Անոր», թէպէտ շատ անկատար կերպով. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 42)։ Ասիկա զարմանալի ոչինչ ունի, եթէ նկատի առնենք, որ Պենտեկոստէի վաղորդայնին «քահանաներէն շատեր հնազանդեցան հաւատքին» (ԳՈՐԾ. Զ 7) եւ «Փարիսեցիներուն խումբէն ոմանք հաւատացեալ դարձան» (ԳՈՐԾ. ԺԵ 5), այնպէս որ Յակոբոս կարող էր ըսել Պօղոսի, թէ «հազարաւոր հրեաներ ընդգրկեցին հաւատքը եւ ամէնքն ալ նախանձախնդիր են օրէնքին» (ԳՈՐԾ. ԻԱ 20)։
Արդարեւ, Երուսաղէմի կրօնական իշխանութիւնները միաձայն չէին Յիսուսի հանդէպ բռնուելիք կեցուածքին շուրջ։
Փարիսեցիները սպառնացին բանադրել անոնք որ Յիսուսին պիտի հետեւէին։ Իսկ անոնց որ կը վախնային, որ չըլլայ թէ «ամէնքը հաւատան Յիսուսի եւ Հռոմայեցիները գան եւ կործանեն մեր սրբավայրը եւ ազգը» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 48), անոնց Կայիափա Քահանայապետը առաջարկեց մարգարէանալով. «Աւելի լաւ է, որ մէկ մարդ մեռնի ժողովուրդին համար քան թէ ամբողջ ազգը կործանի» (ՅՈՎՀ. ԺԱ 50)։
Ատեանը կը յայտարարէ, թէ Յիսուս մահապարտ է իբր հայհոյիչ, բայց մահապատիժը գործադրելու իրաւունքը կորսնցուցած ըլլալով, Յիսուսը Հռոմայեցիներուն կը յանձնէ «քաղաքական ըմբոստութեան» մեղադրանքով, ինչ որ «խռովարար» (ՂՈՒԿ. ԻԳ 19) ամբաստանուած Բարաբբասի հետ հաւասար մակարդակի վրայ պիտի դնէ զԻնք։
Քահանայապետները նաեւ քաղաքական սպառնալիքներով ճնշում կը բանեցնեն Պիղատոսի վրայ, որպէսզի ան մահուան դատապարտէ Յիսուսը։
Նկատի ունենալով Քրիստոսի դատին պատմական բարդութիւնը, ինչպէս որ կ՚երեւի աւետարանական պատմուածքներուն մէջէն, եւ ի՛նչ ալ ըլլայ դատավարութեան դերակատարներուն՝ Յուդայի, Ատեանի, Պիղատոսի առանձնական մեղքը, զոր միա՛յն Աստուած գիտէ, կարելի չէ՛ անոր պատասխանատուութիւնը վերագրել Երուսաղէմի հրեաներուն ամբողջութեան, հակառակ սադրանքի ենթարկուած բազմութեան աղաղակներուն եւ հակառակ այն հաւաքական յանդիմանութիւններուն (ՄԱՐԿ. ԺԵ 11), որոնք բովանդակուած են դարձի կոչերուն մէջ՝ Պենտեկոստէէն ետք։ Յիսուս խաչին վրայէն անոնց ներելով (ՂՈՒԿ. ԻԳ 24), Պետրոս ալ Անոր օրինակին հետեւելով, ճանչցան Երուսաղէմի Հրեաներուն եւ նոյնիսկ անոնց պետերուն «անգիտութիւն»ը (ԳՈՐԾ. Գ 17)։
Եւս առաւել՝ կարելի չէ այս պատասխանատուութիւնը միջոցի եւ ժամանակի մէջէն տարածել մնացեալ Հրեաներուն վրայ, իբր մեկնակէտ առնելով ժողովուրդին աղաղակը՝ «Թող անոր արիւնն ալ ըլլայ մեր վրայ եւ մեր զաւակներուն վրայ» (ՄԱՏԹ. ԻԷ 25), որ զայն վաւերացնելու բանաձեւ մը կը նշանակէ։
Ահա թէ ի՛նչու Յիսուսի չարչարանքներուն ընթացքին գործուածները կարելի չէ՛ անխտիր վերագրել բոլոր Հրեաներուն…։
Արդարեւ, Եկեղեցին, ըլլա՛յ իր հաւատքին Վարդապետումին մէջ, ըլլա՛յ սուրբերուն վկայութեան մէջ բնաւ չէ մոռցած, թէ «մեղաւորները եղան պատճառները եւ գործիքները այն բոլոր չարչարանքներուն, զորս կրեց աստուածային Փրկիչը։ Նկատի առնելով այն իրողութիւնը, թէ մեր մեղքերը կը հարուածեն Քրիստոսը, Եկեղեցին չի վարանիր Յիսուսի չարչարանքին ամենածանր պատասխանատուութիւնը քրիստոնեաներուն վերագրելու. պատասխանատուութիւն մը՝ որ անոնք շատ անգամ ուզած են միայն հրեաներուն վրայ նետել։ Ուստի մենք պարտաւոր ենք այս ահռելի յանցանքին յանցաւորները նկատել անոնք, որ կը շարունակեն մեղքի մէջ սայթաքիլ։ Քանի որ մե՛ր մեղքերը, յանցանքները, ոճիրներն են, որ Խաչելութեան չարչարանքը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին կրել տուին. ստոյգ է ուրեմն թէ անոնք որ կը մխրճուին անկարգութիւններու եւ ընդհանրապէս չարին մէջ՝ իրենց սրտին մէջ «դարձեալ կը խաչեն Աստուծոյ Որդին» իրենց մեղքերով եւ «կ՚արհամարհեն զԻնք հրապարակաւ», այնքան ատեն որ Ան իրենց մէջն է» (ԵԲՐ. Զ 6)։
Յիսուսի բուռն մահը պատահմունքի արդիւնք չեղաւ հանգամանքներու դժբախտ զուգընթացութեամբ մը։ Ան կը պատկանի Աստուծոյ «Ծրագրին Խորհուրդ»ին, ինչպէս Պետրոս կը բացատրէ Երուսաղէմի հրեաներուն՝ Պենտեկոստէի իր առաջին ճառով. (ԳՈՐԾ. Բ 23)։
«Ան մատնուեցաւ Աստուծոյ նախասահմանած խորհուրդին եւ կանխագիտութեան համաձայն»։
Սուրբգրային այս խօսուածքը սակայն չի նշանակեր, թէ Յիսուսը մատնողները եղան Աստուծոյ կանխաւ գրած բեմարարի մը կրաւորական գործադիրները։
Արդարեւ, ժամանակին բոլոր պահերը Աստուծոյ համար «ներկա՛յ» են իրենց այժմէութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 1, 2020, Իսթանպուլ