ԵՐԿՈՒ ԾԵՐՈՒԿՆԵՐ…

Քա­ղա­քին աղ­մու­կէն, ժխո­րէն, բազ­մու­թե­նէն հե­ռո՜ւ, եօ­թա­նա­սու­նէն ութ­սուն տա­րի­նե­րու բե­ռին տակ, ե­թէ ո՛չ մարմ­նա­պէս, բայց հո­գե­պէս կքած՝ կեան­քին վեր­ջա­լոյ­սը դի­տե­լով զբա­ղած եր­կու ծե­րու­նի­ներ, գար­նա­նա­յին պայ­ծառ ու տաք ա­ռա­ւօտ մը, ջերմ ու խան­դոտ սրտով, կեն­սա­լիր, հան­դի­պե­ցան ի­րա­րու։ Տա­րի­նե­րու կա­րօ­տի մը, բա­րո­յա­կան պա­հանջ­քի մը ար­դիւնք՝ այդ հան­դի­պու­մը պատ­ճառ ե­ղաւ եր­կու ծե­րուկ­նե­րուն խան­դա­վա­ռու­թեան, ո­գե­ւո­րու­թեան, եւ գո­նէ օր մը՝ դի­տե­լու ո՛չ թէ կեան­քին վեր­ջա­լոյ­սը, այլ՝ ար­շա­լո՛յ­սը։ Կար­ծես ա­նոնք չէին եօ­թա­նա­սուն ութ­սուն տա­րի­նե­րու բե­ռին տակ կքած, ընկ­ճուած ծե­րուկ­նե­րը, ա­նոնք չէին կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սը դի­տող ծե­րու­նի­նե­րը, ա­նոնք եր­կու ե­րի­տա­սարդ­ներ էին՝ ե­ռան­դուն եւ կեն­սա­ւէ՛տ։

Ա­նոնք, այդ եր­կու ծե­րու­նի­նե­րը՝ վեր­ջին մնա­ցորդ­ներն էին այն սե­րուն­դին, որ հետզ­հե­տէ ան­հե­տա­նա­լու, կոր­սուե­լու վրայ է…։

Ա­նոնք վեր­ջին տի­պար­ներն էին՝ հա­ւա­տար­մու­թեան, մտեր­մու­թեան, բա­րե­կա­մու­թեան, եւ այն բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն՝ որ մարդս «մա՛րդ» կ՚ը­նէ՝ կ՚անդ­րա­դարձ­նէ իր մարդ­կու­թեա՛ն։

Յա­ճախ խոր­հած եմ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, եւ չեմ կրցած լու­ծել, թէ քա­ղա­քակր­թու­թեան, մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ բա­րե­փոխ­ման բա­րիք­նե­րէն մի՞ն հա­մա­րե­լու է ան­հե­տա­ցու­մը այն սե­րուն­դին, որ եր­ջան­կու­թիւ­նը կը գտնէր հա­ւա­տար­մու­թեան, ան­կեղ­ծու­թեան, ուղ­ղամ­տու­թեան եւ ազ­նուու­թեան մէջ։

Ար­դա­րեւ, պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ ի­րենց վա­րուե­լա­կեր­պով, ե­րե­ւոյ­թով, կե­ցուած­քով, խոր­հե­լու, խօ­սե­լու եւ գոր­ծե­լու, մին­չեւ իսկ զգա­լու եւ ապ­րե­լու ե­ղա­նա­կով բո­լո­րո­վին կը տար­բե­րի նոր սե­րուն­դէն այդ հին սե­րուն­դը։ Ան­շուշտ, նոր սե­րուն­դը ու­նի իր բա­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րը այդ փո­փո­խու­թիւ­նը ար­դա­րաց­նե­լու, մա­նա­ւանդ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ՝ կեան­քը կը փո­խուի, կեան­քը, այ­սօր հին կեան­քը չէ՛, պէտք է քայլ յար­մարց­նել, ա­պա թէ ոչ «յե­տամ­նաց» եւ ան­ցեա­լին կառ­չած մնա­ցած ան­ձեր, ժա­մա­նա­կավ­րէպ՝ ժա­ման­կի սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն չհա­մա­կեր­պող, նո­րու­թիւն­նե­րու չհա­մա­պա­տաս­խա­նող ան­հատ­ներ կ՚ըլ­լան այդ­պի­սի­նե­րը։ Թե­րեւս ա­նոնք ի­րա­ւա­ցի են ի­րենց դա­տո­ղու­թեան մէջ, ա­սի­կա կը նմա­նի տե­սա­րան մը դի­տե­լու տար­բեր տե­սան­կիւն­նե­րէ, տար­բեր պա­տու­հան­նե­րէ՝ նոյն տե­սա­րա­նը տար­բեր պա­տու­հան­նե­րէ դի­տող­ներ, տար­բեր տե­սա­րան­ներ տե­սած կը կար­ծեն։ Մինչ­դեռ տե­սա­րա­նը նոյնն է՝ ան չէ փո­խուած, այլ տե­սո­ղու­թեան ան­կիւ­նը փո­խուած է, եւ այս կը նշա­նա­կէ, որ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է, տե­սա­կէտ եւ տե­սան­կիւն­նե­րը՝ բազ­մա­թի՛ւ։ Եւ հար­ցը այն է, որ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը ո՞ր­քան կը փո­խէ մար­դուս նկա­րա­գի­րը, բնոյ­թը, բնա­ւո­րու­թիւ­նը, այ­լա­պէս քա­ղա­քակր­թու­թի՞ւ­նը ուղ­ղու­թիւն պի­տի տայ մար­դուն, թէ մար­դը պի­տի ձե­ւա­ւո­րէ, կազ­մա­կեր­պէ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը։ Կարճ խօս­քով՝ քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը մի­ջո՞ց մըն է մար­դուս եր­ջան­կու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող, թէ նպա­տակ մըն է, ո­րուն ա­ռար­կան եւ մի­ջո­ցը մա՛րդն է։

Յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը մար­դո՞ւն հա­մար է, թէ քա­ղաքկր­թու­թեան հա­մար։ Ի գին «քա­ղա­քա­կիրթ» ըլ­լա­լու, զո­հուե­լո՞ւ է մար­դը, եւ մարդ քա­ղա­քա­կիրթ ըլ­լա­լու հա­մար զո­հե­լո՞ւ է իր էու­թեան, իր նկա­րագ­րին, իր բնու­թեան կեն­սա­կան տար­րե­րը։

Դի­տե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, յա­ռաջ­դի­մու­թիւն­նե­րու, նո­րու­թիւն­նե­րու բա­րիք­նե­րէն օգ­տուող սե­րուն­դը՝ նոր քա­ղա­քակր­թու­թեան շպա­րին ներ­քեւ, փայ­լուն եւ հրա­պու­րիչ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն ու ձե­ւե­րուն տակ շող­շո­ղուն, պսպղուն «ոչն­չու­թիւն» մը կը ծած­կէ՝ ու­րախ ու զուարթ ե­րե­ւոյ­թին տակ՝ ա­պեր­ջան­կու­թիւն մը, ան­յա­գու­թիւն մը։ Այ­սօ­րուան սե­րուն­դը եր­ջա­նիկ կ՚ե­րե­ւի, բայց ի­րա­պէս եր­ջա­նի՞կ է։ Սի­րա­լիր կ՚ե­րե­ւի, բայց ի­րա­պէս կը սի­րէ՞։ Ան­կեղծ կ՚ե­րե­ւի, բայց ի­րա­պէս ան­կե՞ղծ է։ Հա­ւա­տա­րիմ կ՚ե­րե­ւի, բայց ի­րա­պէս հա­ւա­տա­րի՞մ է…։

Բայց ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, գար­նան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու մէջ ի­րա­րու հան­դի­պած այդ եօ­թա­նա­սուն ութ­սուն տա­րի­նե­րու բե­ռին տակ կքած հո­գե­պէս ա­ռոյգ եւ ժիր եր­կու ծե­րու­նին սի­րա­լիր էին, ան­կեղծ էին, հա­ւա­տա­րիմ էին եւ եր­ջա­նի՛կ էին։ Ա­նոնց չէր պակ­սեր այն ամ­բողջ յատ­կու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք խնդրա­կան է, որ կը գտնուի՞ն այ­սօր նոր սե­րուն­դին մօտ։ Այն ա­մէն բա­րե­մաս­նու­թիւն, ազ­նուու­թիւն, այն ինչ որ փնտռել կու տայ հին սե­րուն­դին չքնաղ յատ­կու­թիւն­նե­րը, թէեւ սրտի ու հո­գիի այս թան­կա­գին ար­ժէք­նե­րը, զար­դե­րը ծած­կուած ըլ­լան անհ­րա­պոյր դրսե­րե­ւոյ­թի մը կամ ապ­րե­լա­կեր­պի մը ներ­քեւ…։

Եւ հոն, քա­ղա­քին ո­գե­ւոր մէկ կեդ­րո­նին մօտ ի­րա­րու հան­դի­պե­ցան եր­կու ծե­րուկ­ներ, ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, նոր օ­րուան մը կեն­սա­բեր յոյ­սով լե­ցուած, եր­կու ծե­րուկ­ներ՝ հին սե­րուն­դին այս վեր­ջի՜ն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Եր­կուքն ալ պարզ ու ան­կեղծ, չա­փա­ւոր եւ կշռուած՝ գրե­թէ միեւ­նոյն կեր­պով հա­գուած էին՝ հնօ­րեայ կա­պոյտ զգեստ­ներ, հան­գիստ կօ­շիկ­ներ։

Այս եր­կու ծե­րուկ­նե­րը ու­նէին սպի­տակ մազ, խոր­շոմ­նա­պատ ճա­կատ՝ ուր կեան­քին զա­նա­զան ծալ­քե­րը կար­ծես դրոշ­մուած էին, ինք­նավս­տահ կե­ցուածք եւ յոգ­նած մար­դոց յա­տուկ քա­լուածք։ Ա­նոնք ի­րենց միտ­քով, զգա­ցում­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ հաս­տատ կե­ցուած­քով կ՚ընդ­դի­մա­նա­յին կեան­քի ան­վերջ հա­րուած­նե­րուն, նե­ղու­թիւն­նե­րուն, ծան­րու­թիւն­նե­րուն, ցա­ւե­րուն եւ վիշ­տե­րուն դէմ։ Ա­նոնք դէ­պի վե՛ր, դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն կ՚ել­լէին երբ կը խօ­սէին, ա­մէն բառ ի­մաստ ու­նէր երբ ի­րա­րու բան մը կ՚ը­սէին, կար­ծես ի­րենց խօս­քը ի­մաս­տու­թեամբ, սի­րով եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ շա­ղա­խուած էին՝ կեան­քը ամ­բողջ կը պատ­մէին՝ իր ան­ծա­նօթ, ան­հասկ­նա­լի, ան­լու­ծե­լի ե­րե­սակ­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ ան­ցեա­լի քա՜ղցր յի­շա­տակ­նե­րով եւ ներ­կա­յի ու ա­պա­գա­յի մա­սին ա­ռողջ ու օգ­տա­կար վեր­լու­ծում­ներ ը­նե­լով։ Ա­նոնք ի­րա­րու միտք ու փոր­ձա­ռու­թիւն կը փո­խան­ցէին՝ խօս­քե­րուն մէջ ո՛չ ա­նի­մաստ բառ կար, եւ ո՛չ մէկ դա­տար­կա­բա­նու­թիւն եւ ո՛չ իսկ բամ­բա­սանք, չա­րա­խօ­սու­թիւն կար։ Ա­նոնք ի­մաս­տու­թեան եւ փոր­ձա­ռու­թեան մէջ կը նո­րո­գուէին…։

Եւ ի՜նչ հա­ճե­լի էր այդ եր­կու ծե­րու­նիին եր­ջան­կա­բեր հան­դի­պու­մին վկա­յել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 5, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2017