ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅԱԾ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ
Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան, երբ 1835 թուականին շինել կու տայ Ազատլըի հայոց եկեղեցին՝ վառօդարանի հայ գործաւորներուն համար, Զէյթինպուռնուի եւ վառօդարանի Պաքըրգիւղ բնակող հայ գործաւորներն ալ կը դիմեն իրեն՝ Պաքըրգիւղի մէջ ալ եկեղեցի մը ունենալու փափաքով։
Յովհաննէս Պէյ Տատեան կը դիմէ Սուլթան Մահմուտ Բ-ի։ Կ՚ընդունուի խնդանքը, եւ Կայսրը կը հրամայէ Հայ Եկեղեցի մը շինել նաեւ Պաքըրգիւղի մէջ։
Եւ կը կառուցուի եկեղեցին՝ օծուելով Ծնունդ Ս. Աստուածածնայ անունով, 1844 թուականին, ըստ յիշատակարանի. «Կառուցաւ յանուն Ծնունդ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցիս արդեամբ Տատեան ազնուազարմ Յովհաննէս Պէյի յամի Տեառն 1844 Ապրիլ 7»։
Ուստի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առաջին քահանայ հայրը եղած է Տ. Մատթէոս Ա. Քհնյ. Ադամեան Կարնեցի, որ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած է՝ 1844-էն մինչեւ 1869-ը, եւ վախճանած է 120 տարեկան հասակին։
Տ. Մատթէոս Քահանային կը յաջորդէ՝ Տէր Պետրոս Աւագ Քհնյ. Տէր Պետրոսեան՝ աշխարհական անունով՝ Եղիա Տէր Պետրոսեան։ Ան ծնած է 1831 թուականին Պալաթ։ Արհեստով՝ ձուլիչ եւ երաժշտագէտ։
Տէր Պետրոս ձեռնադրուած է Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վրայ՝ 23 Հոկտեմբեր 1868-ին Յովհաննէս Արքեպս. Ռշտունիի ձեռամբ, Պօղոս Բ Պրուսացի Պատրիարքի (1863-1869) օրով։
Եղած է հմուտ եւ առաքինի հոգեւորական մը։
Ան նորակառոյց Տատեան վարժարանի ջրամբարը կառուցել տուած է իր ծախքով։ Նաեւ դիմում կատարած է Կառավարութեան եւ ստացած է հայոց գերեզմանատան հողը։ Վախճանած է 8 Դեկտեմբեր 1893-ին։
Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Զօհրապեան յաջորդած է վախճանեալ Տէր Հօր։ Մկրտարանի անունով Ղազարոս, ծնած է Գումգաբու՝ 1861 թուականին։
Մայր Վարժարանի շրջանաւարտ՝ 21 Փետրուար 1888-ին՝ Յարութիւն Ա Վեհապետեան Պատրիարքի (1885-1888) օրով։ Տէր Սարգիս Աւագ Քհնյ. Զօհրապեան՝ հօրեղբօր որդին է իրաւագէտ-գրագէտ Գրիգոր Զօհրապի։ Ան 47 տարիներ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած է Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, եւ վախճանած է 15 Օգոստոս 1938 թուականին։
Տէր Պետրոս Քհնյ. Տէր Պետրոսեան՝ որդին՝ Տէր Պետրոս Աւագ Քհնյ. Տէր Պետրոսեանին։
Մկրտարանի անունով Լեւոն, ծնած է Պալաթ՝ 1867 թուականին։ Հասած է իր Տէր Հօր հոգեւոր կրթութեամբ։ Աւարտած է Գերմանական վարժարանը եւ ընթացաւարտ եղած է «Միւլքիյէ»ի բարձրագոյն վարժարանէն։ Ինք հմուտ էր հայերէնի, կրօնագիտութեան, թրքերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն։ Երկար տարիներ Տատեան եւ Պէզազեան վարժարաններու մէջ եղած է կրօնի դասատու, եւ հիմնադիրներէն մին՝ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Դպրաց Դասին, որ կազմուած է 1890 թուականին՝ Արմենակ Թելլալեանի (1867-1937) հետ։ Քահանայ ձեռնադրուած է իր Տէր Հօր կտակին համաձայն 1893 թուականին՝ Տ. Գրիգորիս Արք. Յովհաննէսեանի ձեռամբ, Խորէն Ա Քերեմէթցի Աշըքեան Պատրիարքի (1888-1894) օրով։
Վախճանած է 27 Դեկտեմբեր 1929 թուականին՝ միշտ Պաքըրգիւղի մէջ ծառայելէ վերջ։
Տէր Միքայէլ Քհնյ. Ոսկերիչեան, մկրտարանի անունով՝ Մկրտիչ, ծնած է Ենիգաբու՝ 1850-ին։
Դաստիարակ-ուսուցիչ՝ պաշտօնավարած է Խասգիւղի Ներսէսեան եւ Պաքըրգիւղի Արծրունեան վարժարաններուն մէջ։ Արծրունեան վարժարանը ապա վերակոչուած է՝ Տատեան վարժարան։
Քահանայ ձեռնադրուած է Ադրիանուպոլսոյ (=Էտիրնէ) Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Տէր Պօղոսեանի ձեռամբ եւ վերակոչուած է Միքայէլ։
1900-ին Խասգիւղէն կը փոխադրուի Պաքըրգիւղ՝ ուր կը ծառայէ 30 տարի։ Կը վախճանի 22 Փետրուար 1931-ին։
Տէր Յուսիկ Քհնյ. Քէրէսթէճեան, մկրտարանի անունով՝ Դանիէլ։ Մաղաքիա Ա Պոլսեցի Օրմանեան Պատրիարքի (1896-1908) օրով՝ 1905-ին, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Գրիգորիս Արք. Յովհաննէսեանի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի՝ վերակոչուելով՝ Տէր Յուսիկ։ Եւ մինչեւ 1916 թուական Պաքըրգիւղ ծառայելէ յետոյ, կը փոխադրուի Եշիլգիւղ։
Եշիլգիւղ ծառայելէ վերջ՝ 1949-ին կ՚անցնի Պէյօղլու։ Կը վախճանի 1953 թուականին։
Տէր Կորիւն Քհնյ. Շահինեան, մկրտարանի անունով՝ Շահին-Յարութիւն, ծնած է 1877 թուականին Պաքըրգիւղ։ Պաքըրգիւղի վրայ քահանայ կը ձեռնադրուի 30 Մայիս 1930 թուականին։
Մինչեւ 1949 կը ծառայէ Պաքըրգիւղ եւ ապա կ՚անցնի Եշիլգիւղ՝ տեղւոյն Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանելէ ետք, կը վախճանի 1953 թուականին։
Տէր Անանիա Աւագ Քհնյ. Պալեան, մկրտարանի անունով Վարդան, ծնած է Պալաթ, 1891-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է երբեմնի «Վանքին Պաղը» դպրոցը՝ Սկիւտար, ուր աւարտած է նաեւ բարձրագոյն դասընթացքը։ Ասպարէզով՝ գրաշար, եղած է երաժշտութեան քաջ հետամուտ՝ հմուտ՝ հայկական ձայնագրութեան եւ շարականագէտ։
Երաժիշտի պաշտօն վարած է՝ Կէտիկփաշա, Նառլըգաբու եւ Պէշիկթաշի եկեղեցիներուն մէջ։ Ապա, քահանայ ձեռնադրուած է 1936-ին՝ Մեսրոպ Ա Մշեցի Նարոյեան Պատրիարքի (1927-1944) ձեռամբ, եւ վերակոչուած՝ Տէր Անանիա։ 13 տարի Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ծառայելէ ետք, 1949-ին Պաքըրգիւղի հոգեւոր հովիւ նշանակուած է։ Պաքըրգիւղի իր ծառայութեան շրջանը՝ իր կեանքին եւ քահանայագործութեան ամենէն բեղուն շրջանը եղած է։
Վախճանած է 29 Օգոստոս 1968 թուականին։
Տ. Գեղամ Քհնյ. Շէրպէթճեան, մկրտարանի անունով՝ Երեմիա, ծնած է Պոլիս՝ 1920-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Էսաեան վարժարան։ 1965 թուականին՝ Շնորհք Ա Եոզղատցի Գալուստեան (1961-1990) Պատրիարքի ձեռամբ եւ վերակոչուած է՝ Տէր Գեղամ։ Երկու տարի Մայր եկեղեցի ծառայելէ ետք՝ կու գայ Պաքըրգիւղ, սակայն առողջական վիճակը արգելք կը հանդիսանայ ծառայելու։
Կը վախճանի 1968 թուականին։
Տէր Թաթուլ Քհնյ. Մալխասեան, մկրտարանի անունով Գաբրիէլ-Միքայէլ, ծնած է Ենիգաբու՝ 1908-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պալաթի Խորէնեան վարժարանը։ Քահանայ ձեռնադրուած է 17 Մայիս 1945-ին՝ ձեռամբ Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գէորգ Արք. Արսլանեանի, Ղալաթիոյ մէջ։
1969-ին կոչուած է Պաքըրգիւղի հոգեւոր հովիւ։
Հոս պէտք է յիշել Պաքըրգիւղի առաջին քահանայ Տէր Պետրոս Աւագ Քհնյ. Տէր Պետրոսեանի որդւոյն որդին՝ Խոսրով Տէր Պետրոսեանը՝ որ Պաքըրգիւղի Դպրաց Դասու անդամ եղած է, ապա 1955 թուականին քահանայ ձեռնադրուած է Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վրայ եւ ան ա՛լ վերակոչուած՝ Տէր Պետրոս, ձեռամբ՝ Տ. Գարգին Ա Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարքի (1951-1961)։ Եւ այսպէս իրերայաջորդ երեք սերունդ՝ երեք «Տէր Պետրոս քահանաներ» քահանայագործած եւ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած են Հայ Եկեղեցւոյ։ Երանի՜ իրենց…։
- Մեծ մասամբ օգտուեցանք «Յիշատակարան 125-ամեայ (1844-1969) Յոբելեանի Ծնունդ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանի Պաքըրգիւղ, 1969» գիրքէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 3, 2016, Իսթանպուլ