ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԻՐՈՅՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Երբ անիկա կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ՝ ըսելով.- Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք». (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5)։ Սիրելի՜ներ, Աւետարանի այս հատուածը վկայութի՛ւնն է Աստուծոյ սիրոյն եւ թէ Լոյսին՝ սիրոյ միջնորդը ըլլալուն ճշմարտութեան։ Աստուած՝ Լոյսով իր Սէրը կը յայտնէ Իր Որդւոյն նկատմամբ եւ ո՛չ միայն Որդւոյն, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան, քանի որ մարդիկ որդիներ են իրենց երկնաւոր Հօր։

Յովհաննէսի Աւետարանի Գ. գլուխին մէջ կը բացայայտուի եւ ուրկէ կարելի է հասկնալ, որ Յիսուս աշխարհ եկաւ՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ, որպէսզի մարդը փրկէ՝ որ խաւարի մէջ կորսուած էր։ Արդարեւ, ո՛ւր որ է Արքան, հո՛ն է արքայութիւնը։

Աստուած մարմնացաւ եւ մարդացաւ, որովհետեւ սիրեց աշխարհը՝ մարդկութիւնը։ Ուստի, սիրոյ ճամբան երբ լուսաւոր է, երբեք չի շեղիր անոր գնացքը եւ քանի որ լոյսը երբեք չի ճանչնար խաւարը, լոյսի մէջ ընթացող սէրն ալ երբեք չի ճանչնար ատելութիւնը։

Յիսուս, Իր կեանքով սիրոյ կատարեալ օրինակն է։ Ուստի, դժուարութիւններ, նեղութիւններ, դժբախտութիւններ կարելի է յաղթահարել՝ լոյսի մէջ ընթացող Սիրոյ զօրութեամբ։ Եւ Սէրը Լոյսին համընթաց կը մարմնաւորուի Յիսուսի մէջ. եւ այս իմաստով, ահաւասիկ, հաւատացեալը պէտք է լուսաւորուի Քրիստոսով։ Արդարեւ, Ա՛ն է անմարելի Լոյսը՝ սիրով հրահրուած։

Յիսուսի Լոյսը՝ կեանքին ուղղիչն է։

Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներուն գրած առաջին նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք». (Ա ԹԵՍ. Ե 19)։

Սուրբ Հոգիին լոյսը խորհրդաւոր կարողութիւն մը կը ստեղծէ մարդուն մէջ. աստուածային զօրութիւն մը։ Աստուծոյ շնորհներով եւ սիրոյն միջոցաւ մարդ կը ձգտի բարիին։

Եթէ հոգին մարի, եւ կարելի է որ մարի, ապա ուրեմն անիկա լոյս եւ հուր է միանգամայն։

Բայց ի՞նչ է այդ հոգին. Աստուծոյ Հոգին անշուշտ, բայց ո՛չ իր ծագումին մէջ նկատուած, այլ ըմբռնուած իր ելումին մէջ. ո՛չ թէ արեգակը, այլ արեւը, ո՛չ թէ աղբիւրը լոյսին, այլ անոր հեղումը, մարդուն հաղորդուած աստուծային հոգին. մեր մտքին եւ սրտին վրայ եղած այն երկնային ներգործութիւնը՝ որ կը կատարուի Քրիստոսի միջոցաւ, անոր հաւատքին եւ սիրոյն ճամբով։ Աստուծոյ հոգւոյն միջնորդն է Յիսուս միայն. անոր անձին սէրը, անոր գործին հաւատքը։

Եւ արդարեւ, քրիստոնէական կեանքը, իր լրութեանը մէջ, ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոսով ոգեւորուած կեանքերու մէջ կայ եւ կը գործէ զօրութիւն մը՝ որ լոյս եւ հուր է միանգամայն։

Լոյս մըն է Քրիստոս, քանի որ ան կը պայծառացնէ մեր տեսութիւնը Աստուծոյ վրայ, մարդկային կեանքին վրայ, մեր անձին վրայ, եւ մեր մէն մի պարտականութեան վրայ, կը լուսաւորէ մեր տեսութիւնը Աստուծոյ վրայ եւ կը ծնի Սէրը այս լուսաւորութեան մէջ, քանի որ սէրը կը սկսի ծանօթանալով՝ իրար հասկնալով, եւ իրարու հպատակելով։ Այս իմաստով, ծնողներ կը սիրեն իրենց զաւակները՝ քանի որ անոնք իրենց կը պատկանին, իսկ զաւակներ կը սիրեն իրենց ծնողները՝ քանի որ անոնց կը պատկանին, անոնց կը հպատակին։ Եւ լոյսի միջոցով է, որ մարդիկ զիրար կը ճանչնան եւ զիրար կը սիրեն։

Եւ մարդ այս ճամբով է, որ դարերէ ի վեր մօտեցած եւ ճանչցած է զԱստուած՝ լուսաւորուած միտքով եւ մերժած է խաւարի ամէն անծանօթ երեւակայական էակ։

Քրիստոսի Լոյսը եւ Սէրն է, որ ցոյց կու տայ ճամբան ճշմարտութեա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024