ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

«Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ՚ազատէ». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 25)։ «Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 5)։

Առակախօսին այս երկու խօսքերը ներքին կապ մը կը հաստատեն «հաւատարմութեան» եւ «ճշմարտութեան» արժէքներուն միջեւ։ Հաւատարմութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ իր մէջ ամփոփած է անկեղծութիւն, վստահութիւն եւ ուղղամտութիւն։ Երբ մարդ հաւատարիմ է, վըս-տահութիւն կը ներշնչէ, եւ յարգ եւ պատիւ կը վայելէ։ Հաւատարմութիւնը նկարագիր մը՝ ապրելակերպ մըն է բնատուր եւ ո՛չ ստացական։ Հաւատարիմ մարդը՝ որ սկզբունքներու, համոզումներու, հաւատալիքներու վրայ հաստատամիտ է, թէ՛ ինքնավստահ է (բայց ոչ երբե՛ք ինքնահաւան եւ մեծամիտ) եւ թէ՛ վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն։ Ան ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամ մըն է՝ լաւ հայր մը, տիպար ամուսին մը եւ օրինակելի քաղաքացի մը։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին, հաւատարմութիւնը ճշմարտութեան արտացոլումն է եւ սերտօրէն կապուած է անոր։ Եւ եթէ մարդ հաւատարմութիւն կը փնտռէ, նախ պէտք է ճանչնայ ճշմարտութի՛ւնը։ Ուրեմն ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։

«Պիղատոս հարցուց.- ի՞նչ է ճշմարտութիւնը». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 38) երբ Յիսուս ըսաւ. «Ես ծնած եւ աշխարհ եկած եմ մէկ բանի համար, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան։ Ով որ կողմնակից է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։ Թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Յիսուս յստակ կերպով կը պատասխանէ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։

Ճշմարտութիւնը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն, եւ նաեւ հաստատամտութի՛ւն։ Ճշմարտութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու, անշեղ եւ անփոփոխ պարագաներու համեմատ եւ ճի՛շդը ըսելու՝ զգուշանալով երկդիմութենէ, ձեւացումէ եւ կեղծաւորութենէ։ Արդարեւ, մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ եթէ փոխադարձ հաւատարմութիւն, վստահութիւն չունենային, այսինքն ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին։

Ճշմարտութեան առաքինութիւնը կը վերադարձնէ ուրիշին ի՛նչ որ անորն է։

Ընկերային, հաւաքական կեանքի մէջ ճշմարտութիւնը միջին ճամբան կը յարդէ ըսուելիքին եւ գաղտնի պահուելիքին միջեւ։ Ան կ՚ենթադրէ պարկեշտ եւ ուղղամիտ ըլլալ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Ըստ արդարութեան, մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտական է ճշմարտութիւնը յայտնելու»։ Ուստի քրիստոնեան կ՚ընդունի «հաւատարիմ» ըլլալ Քրիստոսի եւ «ապրիլ ճշմարտութեան մէջ», այսինքն Տիրոջ օրինակին համանման կեանքի մը պարզութեան մէջ եւ մնալ Անոր ճշմարտութեան մէջ։

Չէ՞ որ Քրիստոս Ինք ճշմարտութի՛ւնն իսկ է։

«Եթէ ըսենք թէ հաղորդութիւն ունինք Անոր հետ եւ խաւարին մէջ կը շրջինք, կը ստենք եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 6)։

«Տիրոջ վկայութիւնը ամօթ չի համարիր» այն՝ որ ինքզինք քրիստոնեայ կը համարէ. (Բ ՏԻՄ. Ա 8)։

Հաւատի եւ հաւատարմութեան վկայութիւնը պահանջող կացութիւններու մէջ քրիստոնեան պարտի անսեթեւեթ դաւանիլ զայն, ըստ Պօղոս առաքեալի օրինակին՝ յանդիման իր դատաւորներուն, որոնք մինչեւ իսկ մահավճիռ արձակելու տրամադրուած էին։ Ուստի, հարկ է պահել «անբասիր խիղճ մը՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ». (ԳՈՐԾՔ. ԻԴ 16)։ Երանի՜ այն մարդուն, որ հաւատարմութեամբ իր սկզբունքներուն եւ համոզումներուն, եւ ճշմարտութեան ծառայութեամբ եւ վկայութեամբ տիպա՛ր կը հանդիսանայ իր նմաններուն։

Ճշմարտութեան հասնելու գլխաւոր երկու կերպ կայ. մտածելով, խորհրդածելով անոր մասին եւ զգալով զայն։ Արդարեւ, ճշմարտութիւնը ենթակայական իրողութիւն մը չէ՝ մարդէ մարդ չի փոխուիր, չի տարբերիր. ան բոլորովին առարկայական է. մարդուս կամքէն դուրս եւ վեր գաղափար մըն է, որ իրողութեան կը վերածուի երբ մարդ ուշադրութիւնը դարձնէ անոր վրայ եւ անդրադառնայ անոր գոյութեան։

Սակայն ամենէն խոր ճշմարտութիւնները զգալով է որ ի յայտ կու գան։ Եւ որքան ճիշդ է այն խօսքը, թէ մեծ ճշմարտութիւնները մարդուս սրտէն կը բխին, եւ թէ սիրտը ունի պատճառներ եւ տրամախոհութիւններ, զոր միտքը կ՚անգիտանայ։ «Սրտով խորհիլ» կամ սրտի օգնութեամբ եւ օժանդակութեամբ խորհիլ կամ դատել։

«Summa lex summa injuria»։ Ծայրայեղ օրէնքը ծայրայեղ անօրէնութիւն է։ Լատինական իրաւաբանական առած մը՝ որ կը յիշէ Կիկերոն։ Կը նշանակէ, թէ օրէնքը ամենայն խստութեամբ գործի դնելը յաճախ չարիք կը պատճառէ։ Ուրեմն, սիրտը, ըսենք խիղճը կամ զգացումը միշտ պէտք է հակակշռէ միտքը՝ սիրտ եւ միտք միասին պէտք է շարժին դատելու եւ որոշելու ատեն։

Ուստի, մէկը ճիշդ հասկնալու, կարենալ անոր մասին ճիշդ որոշում տալու համար, պէտք է սիրել զայն։ Սիրելու համար, սակայն պէտք է ճանչնալ, գիտնալ ճշմարիտը, ծանօթանալ ճշմարտութեան հետ։ Եթէ մարդ չզգայ ճշմարտութիւնը, չի կրնար վերահասու ըլլալ անոր։ Բայց, ճանչնալու, ծանօթանալու համար ալ պէ՛տք է սիրել։ Եւ ահաւասիկ, եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուար պատասխանելի հարցում մը եւս. ճանչնալու համար նախ պէտք է սիրե՞լ, թէ սիրելու համար նախ պէտք է ճանչնա՛լ։ Կ՚արժէ խորհիլ այդ մասին, քանի որ բոլորս կեանքի մէջ թէեւ անգիտակցաբար եւ առանց անդրադառնալու այս հարցումին հետ դէմ յանդիման կու գանք…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 29 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022