ԵԶՆԻԿ ԵՒ ՊՂԱՏՈՆ…
Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։
Պղատոն, որ հիւլէն եւ իդոսը աստուած կը սեպէ էութեամբ, ցոյց կու տայ, թէ Աստուած կերպարանքի եւ ո՛չ թէ բնութեան արարիչ է։
Նոյն մտքով աղանդաւորներն ալ կը դանդաչեն (կը զառանցեն), թէ ինչպէս որ Աստուած էութեամբ էր Աստուած, նոյնպէս են նաեւ հիւլէն եւ իդոսը, այն է՝ առանձին էութիւններ։ Աստուծոյ արուեստագիտութեան նման՝ զատ բան մըն էր նաեւ հիւլէին նիւթը, եւ «Աստուած» ձեւ մը տուաւ միայն հիւլէին՝ որ խառնիխուռն կը շարժէր, եւ ոչ թէ չգոյութենէ գոյութիւն բերաւ ամէն ինչ՝ իբրեւ կարող ամէն բանի. ինչ որ «տկարութիւն» կը վերագրէ Աստուծոյ, որ կարօտ եղաւ ուրիշէ մը նիւթ «մուրալու»։ Ուրեմն, արհեստաւորներէն աւելի բան մը եղած չ՚ըլլար, եթէ անոնց նման կը կարօտի նիւթի։ Եւ աշխարհը կը նկատէ արարած եւ եղծանելի, երբեմն ալ ինք եւ ուրիշներ՝ մշտնջենակից Աստուծոյ։
Եթէ արարած եւ եղծանելի է, ինչպէ՞ս մշտնջենակից կ՚ըլլայ Աստուծոյ, եւ եթէ մշտնջենակից է, ըստ իրենց խօսքին, թէ ինչպէս որեւէ իրի մը ստուերը չի հեռանար երբեք նոյն իրէն, այսպէս ալ աշխարհը անջատ չէ բնաւ Աստուծմէ,- ուրեմն զուր է ըսելը, թէ այս աշխարհը եղծանելի արարած է, բացի այն պարագայէն՝ որ համարձակին ամպարշտել, թէ ստուերին պատճառ եղողն ալ պիտի վերնայ մէջտեղէն։ Իսկ եթէ այդ չըլլայ, եւ արդէն չ՚ըլլար, ոչ ալ ստուերը մէջտեղէն պիտի վերնայ, ուստի անպէտ դանդաչանքներ են ասոնք։
Եւ եթէ շունչերը, Աստուծոյ էութենէն ըլլալով, անարատ են եւ անմա՛հ.- անոնց մէջի երեք մասերը. բանականը, ցասմանականը եւ ցանկականը ուսկի՞ց են։ Որովհետեւ թէպէտեւ առաջինը կայ Աստուծոյ մէջ՝ որ աղբիւր է բովանդակ բանականութեան, բայց ցասումէ եւ ցանկութենէ վեր եւ զերծ է Աստուած. քանի որ աստուածային բնութիւնը առանց կարիքի եւ առանց մասերու է։
Եւ եթէ ինք, ինչպէս կ՚ըսեն, առաքինութեան համար կոյս մեկնեցաւ աշխարհէն, ինչպէ՞ս ուրիշներուն կը հրամայէր կիները նկատել «հասարակաց» եւ ոչ թէ կապուիլ իր կնոջ հետ։
Ինչո՞ւ ինքն ալ, առաջիններուն նման, շունչերը կը համարէր փոխանցելի մարմինէ մարմին, մինչեւ իսկ սողուններուն եւ ճճիներուն մէջ։ Այս «հայհոյութիւն»ը, ըստ անոր ամբարշտութեան, բունին «Աստուծոյ» կ՚երթայ. որպէս թէ իր կէսը իր մէջ պահէր եւ կէսը սողուններուն եւ ճճիներուն մէջ տանջէր, բան մը՝ որ կարելի չէ՛ վերագրել իրեն, քանի որ ինք անբաժանելի, անքակտելի, անհատանելի եւ առանց մասերու է։
Եւ եթէ, ինչպէս կը դանդաչեն, բազմաթիւ աստուածներ են ելած միակ Աստուծմէ մը, ինչո՞ւ չկան բազմաթիւ աշխարհներ. ոչ ալ բազմաթիւ երկիրներ, բազմաթիւ արեգակներ եւ բազմաթիւ երկինքներ։ Սակայն թերեւս դատարկ աստուածներ հանեց իրմէ, եւ դատարկ աստուածները որո՞ւ պէտք են։
Մարմնապաշտ ստոյիկեանները, նայելով տեսանելի աշխարհին, ամէն բան «մարմին» կարծեցին եւ տեսանելի աշխարհը աստուած համարեցան։ Փիլիսոփաներէն ոմանք, որ աղանդամիտներ են, չկարողացան մտածել եւ չկամեցան ուրիշներու ալ սորվեցնել, թէ կայ իմանալի բան մը, զօրութիւն մը՝ որ կը շարժէ տեսանելիները եւ թէ՝ շարժիչը եւ ո՛չ թէ շարժունները պէտք է ընդունիլ իբրեւ Աստուած։
Իսկ անոնցմէ ոմանք կրակի էութենէն կը նկատեն աշխարհիս բնութիւնը, արեգակը համարելով աւելի զարմանալի եւ կրակին բնութիւնը աւելի զօրաւոր կարծելով։
Եւ նայելով, որ մտքով ամէն բան կարող են տեսնել, միտքը համարեցան աստուած, իբրեւ շունչ երկնքի, երկրի եւ անոնց մէջ գտնուած ամէն բանի, եւ լուսաւորները «նկատեցին» աչքեր։ Ասոնք անշնորհք անմտութիւններ են, որոնց չ՚արժեր պատասխանել…
Ուրիշներու նման, ասոնք ալ «մարմին»ը կը համարեն կորստական եւ շունչերը մարմինէ մարմին փոխանցելի. բան մը՝ զոր չեն կրնար ապացուցանել, ոչ իսկ իրենցմէ աւագագոյնները։ Որովհետեւ ամէնքն ալ առասպելներ կը շինեն եւ թէեւ ոմանք հասան ճշմարտութեան, բայց չմնացին ճշմարտութեան մէջ։
Իսկ եպիկուրեանները բոլորովին ինքնագոհ կը համարեն աշխարհը. որպէս թէ նախապէս մանրամաղ փոշիներ կը շարժէին արագօրէն, նման այն փոշիներուն՝ որոնք կ՚երեւին երդիքէն մտած շողին մէջէն, այսպէս անհատանելի եւ անբաժանելի մարմիններ էին առաջին անգամ -կ՚ըսեն-, եւ ապա թանձրանալով՝ կազմեցին այս աշխարհը եւ թէ՝ ո՛չ Աստուած կայ, ո՛չ ալ աշխարհը վարող նախախնամութիւն։
Ասոնց վրայ կարգ մը փիլիսոփաներ քթի տակէն կը խնդան եւ երբեք աղանդներ չեն համարեր զանոնք։ Ահաւասիկ, ասոնց համար կ՚ըսէ Առաքեալը, թէ՝ «Առանց Աստուծոյ կը շրջէին աշխարհի վրայ». (ԵՓԵՍ. Բ 12)։
Ասոնք այնքան կամակորութեամբ յամառեցան, որ մինչեւ անգամ փիլիսոփաներու աստուածներու անթիւ նախիրներէն հատ մը իսկ աստուած չճանչցան։
Կը տեսնե՞ս, որ ստահակութիւնը՝ այն աստիճան բռնացած է անոնց վրայ՝ որ մինչեւ անգամ անաստուած հանած է զանոնք աշխարհէն։
Սերուքի օրով, -կ՚ըսեն- սկիզբ առաւ հեթանոսութիւնը։ Յայտնի է, ուրեմն, որ մինչեւ այն ատեն աստուածապաշտ էին եւ աշխարհի սկիզբէն կար Աստուծոյ եկեղեցին, որու մասին Դաւիթ, Սուրբ Հոգիէն սորվելով, կ՚աղօթէր՝ ըսելով. «Յիշէ եկեղեցիդ զոր ստացար սկիզբէն». (ՍԱՂՄ. ՀԳ 2)…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ