ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Պօղոս առաքեալ կրկնելով Քրիստոսի պատուէրը ամուսնութեան անլուծանելիութեան մասին, կ՚ըսէ. «Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի». (Ա ԿՈՐՆԹ. Է 10)։

Նոր կտակարանի մէջ կայ երկու աղբիւր, որոնցմէ կը բխի եկեղեցիի իրաւունքը. մին՝ աստուածային եւ միւսը՝ առաքելական։ Ուստի, եկեղեցին պարտաւոր է հաւասար ճշտութեամբ պահպանել եւ կատարել այդ օրէնքները, բայց առաւելութիւնը կը պատկանի այն օրէնքներուն, որոնք հաստատած է անմիջականօրէն Ի՛նք եկեղեցիի հիմնադիրը՝ Յիսուս Քրիստոս։

Ուրեմն, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Յիսուս ամուսնալուծման մասին. «Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ, եւ ըսաւ.- Ասոր համար մարդ իր հայրը եւ մայր պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։

Ուրեմն զայն որ Աստուած միացուց, մարդ թող չզատէ». (ՄԱՐԿ. Ժ 6-9)։

Ինչպէս յաճախ, երբ հարցեր կ՚ուղղուին Յիսուսի, հրէական աւանդութիւններու մասին մանաւանդ, ան չի բաւարարուիր հաստատուած պարագայական օրէնքներով, այլ ցոյց կու տայ, թէ ո՛րն է Արարչին կամքը։ Ուստի, ամուսնութեան եւ ամուսնալուծութեան վերաբերեալ, ան կը դիմէ արարչագործութեան պատմութիւններուն Ծննդոց Գիրքին։

«Աստուած ստեղծեց մարդը ըստ իր պատկերին, ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծեց զայն, արու եւ էգ ստեղծեց անոնք». (ԾՆՆԴ. Ա 27)։ Յետոյ Աստուած, այր-մարդու կողէն կը քաշէ եւ կը հանէ կին-մարդը։ Եւ Ադամ կ՚ըսէ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր եւ մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանի որ իր այրէն առնուեցաւ». (ԾՆՆԴ. Բ 23)։ Եւ շարունակուելով. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը եւ մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի եւ մէկ մարմին պիտի ըլլան». (ԾՆՆԴ. Բ 24)։

Ստեղծագործական այս նպատակով է, որ Յիսուս ցոյց կու տայ շատ աւելի խստապահանջ ճամբայ մը՝ ամուսնացածներու, այսինքն ամուսիններու՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու հիմնական միութեան ճամբան, որ թերեւս մոռցած ըլլային աւանդապաշտ փարիսեցիներ։

«Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ՚ընէ։ Եւ կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ՚ընէ». (ՄԱՐԿ. Ժ 11-12)։ Ան, արդարեւ, օրէնքներ չի հաստատեր, այլ անոնց կ՚առաջարկէ խորապէս կրօնական վերաբերմունք մը, ըստ որու մարդը կը փորձէ հասցնել Արարչի ծրագիրներուն։

Ուստի, Աստուծոյ ծրագիրներուն հնազանդիլ պա՛րտքն է մարդուն՝ որքան ալ անհամաձայն ըլլան անոր աշխարհայեաց նկատումներուն եւ միտումներուն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 11, 2024