ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐԸ՝ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՄՕՏ
Գրեթէ ամէն թուրք, մանաւանդ ան՝ որ հետաքրքրուած է թրքական գրականութեամբ, վստահաբար լսած է Մեհմէտ Էմին Եուրտաքուլի անունը, որ եղած է թրքական ազգային գրականութեան հիմնադիրներէն մին եւ գրականութեան կողքին զբաղած է նաեւ քաղաքականութեամբ: Անձ՝ որ իր ժողովուրդին կողմէ կոչուած է «Ազգային բանաստեղծ»՝ ինչպէս Թումանեանը մեր մօտ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ»:
Հակառակ իր ազգայնամոլ ըմբռնումներուն, Մեհմէտ Էմին Եուրտաքուլ յատուկ յարգանք ու սէր ունեցած է հայութեան եւ մա՛նաւանդ հայ գրականութեան հանդէպ: Ի զարմանս շատերու, ան մօտէն հետեւած է հայկական գրականութեան եւ նոյնիսկ շատ մը հայերէն գոհարներ թարգմանած թրքերէնի: Անձ՝ որ մօտէն ծանօթութիւն ունեցած է Կոմիտաս Վարդապետի հետ եւ նոյնիսկ անոր բանտարկութենէն մէկուն ազատ արձակուելու պատճառ դարձած: Անձ՝ որ բազմիցս ներկայ գտնուած է Կոմիտաս Վարդապետի ներկայացումներուն, այլ թուրք յայտնի դէմքեր Հալիտէ Էտիպի եւ Եահիա Քեմալի կողքին: Անձ՝ որ իր բանաստեղծութիւններէն շատեր տուած է Կոմիտասի՝ որպէսզի երգի վերածէ զանոնք:
***
Անդրանիկ անունով երիտասարդ մը առիթով մը կը հանդիպի Մեհմէտ Էմին Եուրտաքուլին եւ իր հետ զրոյց մը կ՚ունենայ. գրականութեան մասին խօսելու ժամանակ Մեհմէտ էմին Եուրտաքուլ կը սկսի խօսիլ հայ գրականութեան մասին եւ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ես կարդացած եմ Դուրեանը, Սիամանթօն, Չերազը, Չօպանեանը, անոնց գործերէն թարգմանած եմ շատ մը կտորներ: Սիամանթոյին «Աղօթքը», «Եղբայրն առ եղբօր»ը, մանաւանդ Պետրոս Դուրեանի մահուան անկողինին մէջ գրած «Տրտունջք»ը միջազգային գրականութեան գլուխ գործոցներէն կարելի է նկատել»:
Թուրք բանաստեղծը շարունակելով խօսիլ հայ գրականութեան մասին, կը յայտնէ այն կարծիքը, թէ հայ գրականութիւնը ոչ մէկ գրականութեան ազդեցութիւնը կրած է. ան ունի իր ուրոյն յատկանիշը ու Մեհմէտ Էմինի կարդացած բոլոր հայ հեղինակներու գործերուն խորքին մէջ լսած է ժողովուրդին սրտին ձայնը ու անոր ըղձանքները:
Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ հայ գրականութիւնը՝ մանաւանդ պոլսահայ Զարթօնքի սերունդը ունեցած է իր ազդեցութիւնը նաեւ օտարներու վրայ. հայ գրողները՝ թէեւ նիւթապէս համեստ ու աղքատ, ունեցած են իրենց կարեւոր դերն ու տեղը նաեւ թուրք գրականութեան մէջ, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ ստեղծուած հայ գրականութիւնը եւս անպայմանօրէն մաս կը կազմէր այդ երկրին գրականութեան: Օրինակի համար, խօսելով թրքական մամուլի անցեալին մասին, կարելի չէ չյիշել ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, որ նոյնիսկ թուրք պետութեան կողմէ ընդունուած ու ճանչցուած է որպէս գործող հնագոյն թերթերէն մին:
Ցաւ ի սիրտ, պատմութիւնը իր մասին շատ բան չ՚ըսեր, սակայն պէտք չէ մոռնալ Սարգիս Սրենցը (իսկական անունով՝ Սարգիս Յովհաննէս Գլըճեան), որ 1913 թուականին շատ մը հայերէն գործեր թարգմանեց թրքերէնի եւ հրատարակեց, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն գտաւ թուրք ընթերցասէրներու կողմէ:
Ի զարմանս շատերու, մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ կը ծախուի Երուանդ Օտեանի «Փանջունի»ն՝ թրքերէն «Yoldaş Pançuni» անուան տակ եւ յայտնենք, որ այս գործի թրքերէն վերջին հրատարակութիւնը կատարուած է մօտիկ անցեալին՝ 2022 թուականին: Այսօր թրքերէնով կարելի է ձեռք բերել Զապէլ Եսայեանի, Սարոյեանի, Զահրատի, Լեռ Կամսարի եւ այլոց գործերը:
Իրականութեան մէջ հայ գրականութեան դերը թրքական գրականութեան մէջ նիւթով մեծ ուսումնասիրութեան մը կարիքը ունին, որովհետեւ գրականութիւնը, արուեստն ու մշակոյթը կամայ թէ ակամայ իրարու վրայ կ՚ազդեն եւ պատահականութեան արդիւնք չէ որ մեծ բանաստեղծներ ներկայ գտնուած են հայ երաժիշտ Կոմիտասի համերգներուն ու ներկայացումներուն:
Յաճախ հայեր եւ թուրքեր ճանչցուած են իրարու հանդէպ ունեցած ատելութեամբ, սակայն գրականութիւնն ու արուեստը վեր է այդ բոլորէն, որովհետեւ արուեստը միջազգային լեզու մըն է՝ հեռու ամէն տեսակի քաղաքական հարցերէ:
Այսօր լուրջ ուսումնասիրութիւն մը երեւան պիտի հանէ բազմաթիւ հայ գրողներ, որոնք հայերէնի կողքին գրած են նաեւ թրքերէն լեզուով. երեւան պիտի հանէ երգիչներ՝ որոնք ազդուած են հայկական երաժշտութենէն եւ նոյնիսկ հայերէն երգերը թարգմանաբար վերածած են թրքերէնի. այսօր կարելի է Կոմիտաս Վարդապետի երգերը լսել նաեւ թրքերէն լեզուով:
Թուրք գրականութիւնը չի՛ կրնար մոռնալ, օրինակի համար, Միհրան Աբիկեանը, որ թրքերէն լեզուի համար բազմաթիւ յօդուածներ ու կարեւոր աշխատութիւններ կատարած է. անձ՝ որուն դասագիրքերը օգտագործուած են ինչպէս հայկական, նոյնպէս թրքական դպրոցներէն ներս:
Այս բոլորին լոյսին տակ, պէտք է ընդունիլ, որ կարելի չէ խօսիլ թուրք գրականութեան եւ մշակոյթին մասին՝ առանց անդրադառնալու հայերու ունեցած դերին՝ երաժշտական ոլորտէն մինչեւ թատերական, գրականութենէն մինչեւ արուեստ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -287-
Առաջին անգամ երբ Պոլիս այցելեցի, ուզեցի հայկական գերեզմանատունը երթալ՝ մի քանի յայտնի գրողներու շիրիմները տեսնելու եւ անոնց հոգիին համար մոմ մը վառելու համար: Գերեզմանատան մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց գերեզման մը, որուն շուրջ մեծ բազմութիւն մը կար. նկատեցի որ հայերէ անկախ թուրքեր եւս այդտեղ են:
Մարդոց բազմութիւնն ու յարգանքը ստիպեց, որ հետաքրքրուիմ եւ այդտեղ առաջին անգամ կարդացի Օննօ Թունչ անունը։ Կարճ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ ներկայ թրքական յայտնի երգերուն եւ երաժշտութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է հայ երաժիշտ Օննօ Թունչը՝ որուն դաշնաւորած երգերը մինչեւ օրս կը սիրուին ու կը լսուին թուրք երաժշտասէր հանրութեան կողմէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան