ԾԱՌԸ ԵՒ ԻՐ ՊՏՈՒՂԸ
Ծառը կը ճանչցուի իր պտուղէն, ինչպէս կ՚ըսուի առհասարակ։ Արդարեւ հաւաքականութեան մը արժէքը պէտք է փնտռել զայն կազմող ու կազմաւորող անհատ-անդամներուն մէջ։ Հակառակ կեանքի ամէն տեսակ պայմաններուն, անոնց ժխտական ազդեցութեան, հաւաքականութիւն մը բարձր սկզբունքներու երբ կը հետեւի, այդ սկզբունքները կեանքի կը վերածէ, այդ կը նշանակէ՝ թէ հաստատ ու անշեղ նկարագրի տէր, բարոյապէս զօրաւոր անհատներէ բաղկացած է։ Եւ այդ ընկերութիւնը, հաւաքականութիւնը կամ աւելի յատուկ առումով՝ ժողովուրդը եւ ազգը կը մնայ եզական եւ ինքնուրոյն ամբողջ պատմութեան մէջ, եւ կը խոստանայ արդիւնաւոր ապագայ մը իր անդամներուն…։
Երբ նիւթը ծառի եւ իր պտուղին մասին է, կ՚ուզեմ հետաքրքրական դէպք մը յիշեցնել իմ սիրելի ընթերցող բարեկամներուս։ Աղեքսանդր Տիւմա եւ իր զաւակը՝ Աղեքսանդր Տիւմա Ֆիզ ծանօթ գրագէտներ են բոլորիս։
Կը պատմուի, թէ Աղեքսանդր Տիւմա Որդիի (Ֆիզ) մէկ նոր գործին շնորհահանդէսին՝ կին մը կը մօտենայ հայր Տիւմայի եւ կը շնորհաւորէ զինք։
Հայր Տիւմա համեստութեամբ եւ մեծ փափկանկատութեամբ կը յիշեցնէ այդ համակիր կնոջ, թէ խնդրոյ առարկայ գործը իրը չէ, այլ՝ իր որդւոյն ստեղծագործութիւնն է եւ աւելի յարմար կ՚ըլլայ զինք շնորհաւորել։
Կինը կը պատասխանէ. «Ես ձեզ կը շնորհաւորեմ ո՛չ թէ այս գործին համար, այլ անոր համար որ այդ գործը կատարող որդի մը հասցուցած էք…»։
Ծառի եւ պտուղի յարաբերութիւնը բացատրող դէպք մըն է այս պատմական դէպքը՝ ուր լաւագոյն կերպով թարգման կը հանդիսանայ այս բնական իրողութեան։ Արդարեւ եթէ արմատը զօրաւոր է՝ ծառն ալ զօրաւոր կ՚ըլլայ եւ երբ ծառը ինք զօրաւոր է արդիւնաբեր կ՚ըլլայ եւ լաւ պտուղներ կ՚արտադրէ։ Բնական երեւոյթ մըն է իրական այս իրողութիւնը։ Ուրեմն պէ՛տք է արմատը լաւ պահել, լաւ ծառ եւ լաւ պտուղ ունենալու համար…։
Վերոյիշեալ պատմական դէպքին՝ իրապէ՛ս կ՚արժէ շնորհաւորել Աղեքսանդր Տիւմա հայրը, «Աղեքսանդր Տիւմա Որդի» մը հասցուցած ըլլալուն համար։
Բայց հոս, թէեւ չի յիշուիր, սակայն պէտք չէ՛ անտեսել մօր դերը, որ հօր հաւասար, եւ նոյնիսկ աւելի կարեւոր դեր մը խաղացած է որդի՛ մը հասցնելու դժուար գործին մէջ։ Այսպիսի վկայութիւններու մէջ, ինչո՞ւ չեմ գիտեր, ընդհանրապէս չի յիշուիր մայր եզրը, կ՚անտեսուի եւ միայն հայր եզրին նախապատուութիւն կը տրուի։ Մինչդեռ «հ»այր եւ «մ»այր զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ «մարդ»ը կը հասցնեն…։
Երբ «արմատ» ըսինք, որպէս կարեւոր ազդակ, պէտք է նկատի ունենանք, որ այդ «արմատ»ն ալ կը կազմաւորուի լաւ հունտի մը՝ պարարտ, բերրի հողի մը մէջ սերմանուելով։ Ուստի եթէ հունտը լաւ չէ, եթէ նոյնիսկ հողը բերրի ըլլայ՝ արմատը զօրաւոր չ՚ըլլար, եւ փոխադարձաբար՝ եթէ հունտը լաւ ըլլայ բայց հողը բերրի չըլլայ, դարձեալ արմատը զօրաւոր չ՚ըլլար։ Ուրեմն զօրաւոր արմատի մը համար հունտին եւ հողին լաւագոյն համեմատութիւններով միացումը պայմա՛ն է։
Որդի մը հօր եւ մօր զաւա՛կն է, ինչպէս պտուղ մը՝ լաւ հունտի եւ բերրի հողի հասցուցած ծառին արգասիքը…։
Մարդ, արդարեւ ճակատագրուած է կատարելութեան։
Մարդուն ապրելու տենչը եւ յանուն իր ապրելու տենչին՝ իր մեռնելու մութ կամեցողութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը, վերջնական յաղթանակի յոյսը կը զատէ զինք միւս բոլոր ապրող էակներէն։ Արդարեւ այն, որ գիտէ նպատակի մը համար մեռնիլ, գիտակցութիւնը ունի զոհելու եւ զոհուելու բարձր ու նուիրական առաքինութեան, ահաւասիկ ան կը կազմէ բարձրորակ ընկերութիւն մը՝ որ կը գոյատեւէ մարդկութեան ամբողջ շրջաններուն, հաստատակամ եւ յաղթութեամբ։
Այլապէս տկար նկարագրով անհատներէ բաղկացած հաւաքականութիւն մը դատապարտուած է ի վերջոյ պարտուելու՝ ժամանակի ընթացքին զանազան հովերու եւ հոսանքներու պատճառած հարուածներէն։
Եւ այն ժողովուրդները՝ որ իրենց պարտադրուած կեանքի խաչելութեան ճամբուն վրայ չեն մեռնիր, պարզապէս մեռած ըլլալու համար՝ կը գոյատեւեն անոնք, որոնց կը սպասէ լուսաւոր եւ արդիւնաւոր ապագա՛յ մը։
Մեր օրերուն ալ, ընկերութեան մը գոյատեւման միակ միջոցն է՝ իր անդամներուն միջեւ միութեան գերագոյն կապը. իր անցեալը, ներկան եւ ապագան իր ոսկի ծիրին մէջ առնող կարելիութիւնը, իր հաւատալիքները, բարձր սկզբունքներն ու համոզումները։ Անհատներու միջեւ ամէն բաժանման ազդակ՝ հաւաքական հոգին բաժնող դանակ մըն է արդարեւ։ Ասիկա ծառ մը սխալ հասցնելու, զայն մշակելու հարցին թերանալու նմանութիւնը կը պարզէ. ծառը լա՛ւ պէտք է մշակել, որպէսզի լա՛ւ պտուղ կարելի ըլլայ ստանալ, արդիւնաւոր եւ օգտակար արդիւնք առնելու համար։ Անշուշտ անկարելի է մեկուսացած մնալ ժամանակի եւ միջավայրի ազդեցութենէն։ Ժամանակը եւ միջավայրը շա՜տ բան կը փոխեն, սակայն անոնց ազդեցութիւնը պէտք չէ՛ շեղեցնէ անհատը իր հոգեւոր պարտականութեան դերէն։ Ուստի երբ ուժ մը, կարողութիւն մը, զօրութիւն մը կը շեղի իր նպատակէն, իր ուղղութենէն եւ հետզհետէ կ՚օտարանայ իր ինքնութեան, իր սեփական նկարագրին, չի՛ կրնար ծառայել ո՛չ ինքզինքին եւ ոչ ալ իր շուրջ դարձող աշխարհին, եւ այդ ուժին՝ կարողութեան կազմած հաւաքականութիւնը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը։ Այս իմաստով, հաւաքական եւ անհատական կեանքի հաւասարակշռութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը կարելի է նմանցնել՝ ծառի եւ պտուղին համեմատութեան։
Արդարեւ գիտակից ընկերութեան մը առաջնակարգ ջանքը ըլլալու է ծառայել զինք կազմող անհատներու, անդամներուն հոգեւոր եւ բարոյական եւ, անշուշտ, աշխարհային կեանքին աճման, զարգացման։
Եւ ահաւասիկ, հոս մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ «Զկայսերն՝ կայսեր, եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ» սկզբունքը։ Հաւատարիմ պէտք է մնայ ծառը իր պտուղ հասցնելու պարտականութեան եւ պտուղն ալ նոյնպէս պէտք է հաւատարիմ մնայ ծառին՝ որուն պատճառով է որ գոյացած եւ արդիւնաւորուած է։
Արդարեւ, հաւաքականութիւնը պէտք ունի զինք կազմող անհատներու, եւ փոխադարձաբար՝ անհատներն ալ պէտք ունի՛ն հաւաքականութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 3, 2015, Իսթանպուլ