ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՉԱՓԸ
Հասարակութիւններու բարեփոխման եւ զարգացման աստիճանը կարելի է միշտ չափել զիրենք ընդհանրապէս զբաղեցնող խնդիրներու տեսակէն եւ այդ խնդիրներու շուրջ յարուցուած գործունէութեան կերպերէն։ Որոշ ճաշակով մը եւ որոշ ըմբռնումով ամէն հասարակութիւն կը կառչի այն տեսակ հարցերու, որոնք հետզհետէ կը դառնան իր աւանդական ցաւերը։ Եւ եթէ ինքը չունի կենսականութիւն մը այդ բոլոր խըն-դիրները հարթելու, անոնք կը վերածուին հասարակութեան անբաժանելի եւ սովորական հոգերը, որոնք այլեւս սեփական կը դառնան, քանի որ իւրացուած՝ կը տպաւորուին իւրաքանչիւր անհատի մտային եւ հոգեւոր աշխարհին մէջ։
Հասարակութիւններու, ժողովուրդներու զարգացման չափը կ՚որոշուի միշտ իրենց այդ աւանդական ցաւերու տեսակովը։
Հասարակութիւններ կան, որոնք ունին նուրբին ճաշակը, եւ զիրենք զբաղեցնող ընկերական-հասարակական խնդիրներն ալ շրջանի գրգռութիւններն են, եւ ցաւերն ալ որոնցմէ կը տուայտի ան, արդիւնքն են ընդհանրապէս կեանքի խօլ պահանջներուն։
Դարձեալ, հասարակութիւններ կան, որոնք ամենէն աւելի անհատական եւ ընտանիքի դիւրայարմարութենէն կ՚ախորժին, եւ իրենց մէջ յարուցուած բոլոր խնդիրները որոշ կերպով կը ձգտին անհատական եւ ընտանիքի հանգստութիւն մը ձեռք անցընելու։ Ուստի կարգ մը երկիրներու հաւաքական ընդհանուր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութիւնը պատկերն է հասարակութեան շեշտուած կերպով անհատական բարգաւաճման եւ գոհացումներու տիրանալու ջանքերուն։
Հասարակութիւններ ալ կը գտնուին, որոնք իրենց բովանդակ գործունէութիւնը կ՚ենթարկեն գիտական, բնազանցական մեկնութիւններու, եւ որոնց մէջ յարուցուած ընկերական հասարակական խնդիրներն ալ կիրարվկումն են ազդեցիկ գիտական միտքերու այն տեսութիւններուն՝ որոնք յստակ կերպով կ՚արտացոլեն ապագան, որ պիտի կազմուի հաշուըուած գործունէութեան մը տեղի ունենալէն վերջը։
Կան հասարակութիւններ ալ, ամենէն թարմերը եւ ամենէն կենսունակները թերեւս, որոնք յանդուգն սկզբնաւորութեամբ մը, բոլորին քալած ճամբէն բոլորովին տարբեր ճամբու մը մէջ մտած, ունին այն տեսակ ընկերական խնդիրներ՝ որոնք վաղահաս են աւանդութիւններով ծանրաբեռնուած հին աշխարհին համար, եւ որոնք թերեւս անոր վաղուան խնդիրները ըլլան։
Եւ կան նաեւ հասարակութիւններ ալ որոնք ունին իրենց պատմական խնդիրները, մշտնջենաւոր հարցերը՝ որոնց շուրջը քիչ աղմուկներ չեն յարուցուած եւ որոնք կը շարունակեն տակաւին միեւնոյն ոգեւորութեամբ եւ թարմութեամբ զբաղեցնել իրենց ընկերային կեանքը։
Եւ ընդհանրապէս «խեղճուկ հրապարակ»ի հրատապ հարցերն են անոնք՝ ապարդիւն, աննպատակ եւ անիմա՛ստ կը զբաղեցնեն ընդհանուր կարծիքը, մէկ կողմ թողլով դժբախտաբար կարեւոր եւ լուրջ խնդիրները։
Ընդհանուր բարոյական, ընկերութեան եւ ընտանիքի, նիւթական բարգաւաճման, տնտեսական կեանքի խնդիրներու մասին գիտակից եւ արդիւնաւոր գործունէութիւն մը ցոյց չեն տար այս հասարակութիւնները՝ որոնք կը զբաղին միա՛յն «ըսի ըսաւ»ներով։
Եւ այս հասարակութիւններուն հասարակաց միտքն ալ կաշկանդուած է բոլորովին սահմանափակումին մէջ այն ափ մը խնդիրներուն, որոնք կը շեշտեն այն հասարակութեան մտքի եւ սրտի սնա՛նկ վիճակը։
Քանի մը անիմաստ եւ աննպատակ խնդիրները գրեթէ ամբողջութիւնն են, որոնցմով մամուլն ալ կը զբաղի բնականաբար, քանի որ մամուլը հայելի՛ն է իր պատկանած հասարակութեան. ան դիմագի՛ծն է ընկերութեան։
Հասարակութեան ընդհանուր հարցերը, արդարեւ, միշտ վիճակուած են թարմ մնալու այնքան ատեն որ անհատներ չանդրադառնան իրենց անիմաստ եւ աննպատակ արարքներուն եւ շարունակեն «սանդի մէջ ջուր ծեծել»։
Ուստի այդ անիմաստ հարցերը միշտ եւ տեւական թարմ կը մնան այն հասարակութիւններու մէջ, քանի որ նախ՝ անոնք լուրջ եւ կարեւոր խնդիրներ կը կարծուին, եւ կամ կարծել կը փորձուին, եւ յետոյ, գոնէ այդ խնդիրներուն մէջ չի գիտցուիր կամ ջանք չի տարուիր գիտնալու եւ գտնելու կերպ մը՝ ընդհանուրի գործունէութեան եղանակովը վե՛րջ մը տալու անոնց՝ որոնք իրապէս լուրջ միտքերու, գիտակից եւ հմուտ անձերու համար հետզհետէ կը դադրին միջավայրի խնդիրներ, հասարակական հարցեր ըլլալէ, եւ կը դառնան խղճմտանքներու տուայտիչ մղձաւանջը…։
Արդարեւ, ընդհանրապէս, մամուլը կոչուած է ժողովուրդի նիւթական եւ բարոյական զարգացման գործին սատարել եւ նոր ծրագիրներ եւ ճամբաներ բանալ հասարակութիւններու երջանկութեան համար։
Մամուլը իր այս էական պարտականութիւնը եւ գործունէութիւնը կարենալ կատարելու համար պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրէ բոլոր հասարակութիւնը զբաղեցնող խնդիրները, եւ աշխատի խելացի եւ օգտակար առաջարկներ ընել վարիչներուն՝ որ կոչուած են այդ յաւիտենական խնդիրներու կարգադրութեան եւ լուծման նուիրական գործը ձեռք առնել եւ վերջ տալ անոնց, ուրկէ յետոյ միտքերը եւ սիրտերը աւելի հանգիստ, կարող վիճակի մը մէջ պիտի ըլլան բարոյական եւ տնտեսական նոր խըն-դիրներով զբաղելու, քանի որ հարցերը երբեք չեն վերջանար մարդկային կեանքի մէջ, մանաւանդ ընկերութեան մէջ։
Եւ այդ կերպով, մամուլն ալ աւելի տեղ եւ ժամանակ պիտի ունենայ ժողովուրդի ճշմարիտ զարգացման գործին մէջ կարեւոր մասնակցութիւն մը ունենալու եւ ծառայելու մշակոյթի աւելի ճոխացման։
Միայն որոշ հարցերով բաւականացող օրագրութիւն մը՝ հասարակութեան անկումին եւ աղքատացման պատճառ կը դառնայ, մինչդեռ գիտակից գործունէութեամբ մը, մամուլը կրնայ ամբողջ հասարակութեան մը ընթացքը փոխել եւ նպաստել անոր բարելաւման…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 6, 2017, Իսթանպուլ