ՄԻՋԱԿՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐ

Բարոյական իմաստով միջակութիւն կամ գաղջութիւն, մարդս կ՚առաջնորդէ թուլութեան, ուրիշ խօսքով առանց աշխատանքի, առանց պայքարի դիւրին ճամբով միայն կացութիւնը փրկելու։ Մարդիկ, ընդհանրապէս ուրիշները չվշտացնելու, հակառակորդ եւ թշնամի չշահելու, բարի եւ համակրելի երեւելու համար միջակ եւ գաղջ կը վարուին իրենց շուրջիններուն հանդէպ։ Այսպիսիներ կը նախընտրեն միշտ չէզոք ըլլալ եւ կամ այդպէս երեւիլ, որպէսզի ամէնուն համակրանքը շահին։ Եւ աւելի ցաւալին՝ միջակ կամ գաղջ մարդիկ ուրիշներուն քմահաճոյքին համաձայն կը շարժին՝ երբ անոնք «այո՛» կ՚ըսեն, իրենք ալ այո՛ կ՚ըսեն եւ երբ անոնք «ո՛չ» ըսեն՝ ո՛չ կ՚ըսեն, եթէ անոնք սեւին «ճերմակ» ըսեն, իրենք ալ ճերմակ կ՚ըսեն, եւ եթէ ճերմակին «սեւ» ըսեն՝ սեւ կ՚ըսեն, պարզապէս հաճելի երեւելու եւ չվշտացնելու համար զանոնք՝ որ երբեք ճշմարտութիւնը չեն խորհիր եւ խօսիլ։ Այս իմաստով միջակ կամ գաղջ մարդիկ ո՛չ սկզբունք ունին եւ ոչ ալ անձնականութիւն։

Միջակ կամ գաղջ մարդիկ «որուն կառքը որ նստին անոր երգը կը կանչեն», ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական ասոյթը։ Եւ այս պատճառով, միջակ կամ գաղջ մարդիկ երբեք վստահելի մարդիկ չեն՝ վստահութիւն չեն ներշնչեր ոչ մէկու, եւ միայն մակերեսային յարաբերութիւններ մշակելով կացութիւնը կը փրկեն։

Արդարեւ գաղջութիւնը կամ միջակութիւնը վտանգ կը սպառնայ բարեկամական յարաբերութիւններու, եւ կը քանդէ մշակուած յարաբերութիւնները։

Եւ միջակ-գաղջ մարդիկ միայն իրենց շահը կը խորհին, եսամոլ, ինքնակեդրոն եւ անձնասէր նկարագիր մը կը պարզեն. թերեւս արտաքնապէս համակրելի կը տեսնուին պահ մը, բայց ներքնապէս հակակրանք պատճառող երկդիմի՝ երկերես, կեղծաւոր մարդիկ են անոնք։ Հովին համեմատ դիրք կը բռնեն եւ երբեք կայուն վիճակ մը չեն ունենար, որոնց վստահիլ կարելի չ՚ըլլար երբեք։

Այս ուղղութեամբ «մոխրագոյն»ը նախընտրելի չ՚ըլլար շատ անգամ, սեւը պէտք է «սե՛ւ» ըլլայ եւ այդպէս երեւի եւ ճերմակն ալ՝ «ճերմա՛կ»։

Ուրեմն «գաղջութիւն»ը մարդս կ՚առաջնորդէ թուլութեան, անաշխատութեան, դիւրին ճամբով եւ «լայն դուռն»էն մտնելով կեանք ապրելու եւ վայելելու զգայախաբութեան՝ պատրանքի։

«Գիտեմ գործերդ, դուն ո՛չ պաղ ես, եւ ոչ ալ տաք։ Պէտք է կա՛մ պաղ ըլլայիր եւ կա՛մ տաք։ Սակայն դուն գաղջ ես, ո՛չ տաք եւ ո՛չ ալ պաղ, ուստի քեզ բերանէս դուրս պիտի փսխեմ», կ՚ըսէ Յիսուս, որ կը վկայէ Յովհաննէս Առաքեալ Յայտնութեան Գիրքին մէջ. (ՅԱՅՏ. Գ 15-16)։

Եթէ մարդուս այոն «այո՛» չէ եւ ոչը՝ ո՛չ, ան յեղյեղուկ՝ դիւրափոփոխ նկարագրի տէր մէկն է, որ ընդունելի չէ, քանի որ իրեն վստահիլ կարելի չէ։

Արդարեւ այդպիսի բնաւորութեան տէր մարդիկ վնաս կը պատճառեն ընկերութեան եւ վտանգ կը սպառնան խաղաղութեան՝ որ երջանկութեան նախապայմա՛նն է։ Եւ եթէ մարդ չխորհի ինքն իր մասին, կրնայ վերջնական կերպով մերժուիլ եւ արտաքսուիլ ընկերութեան կողմէ։ Որովհետեւ միջակ եւ գաղջ մարդը՝ թուլցած, անվստահելի մարդը բոլոր մարդոցմէ աւելի՛ խղճալի է։

Երբ «մարդ» ըլլալու հանգամանքը իր սրտին մէջ կը կորսնցնէ իր քաղցրութիւնը եւ ազնուութիւնը, այլեւս անհաճոյ կը դառնայ կեանքը։ Մարդ չի կրնար ամէն մարդու հաճոյալի եւ համակրելի ըլլալ, քանի որ ամէն մարդ իւրայատուկ նկարագիր մը, բնաւորութիւն մը ունի, եւ այն՝ որ ամէն նկարագրի, ամէն բնաւորութեան կը համակերպի, կամ այդպէս կ՚երեւի, կը նշանակէ որ ինք իւրայատուկ նկարագիր մը չունի։ Եւ ուրիշին նկարագրին չհամակերպիլ երբեք ուրիշին հանդէպ վիրաւորանք մը պէտք չէ նկատուի, այլ ընդհակառակը՝ հաստատ եւ զօրաւոր նկարագրի մը արտայայտութիւնը, անձնաւորութեան նշա՛նը։

Մարդ երբ ամէն մարդու նկարագրին համաձայն վարուի, ինքնագործ մեքենայի մը կը վերածուի՝ ուրիշին հպատակ, ուրիշէն կախում ունեցող ստրուկ մը կ՚ըլլայ եւ մեծ մասամբ կը կորսնցնէ իր բանականութիւնը, իր ազատութիւնը, իր անկախութիւնը եւ մինչեւ իսկ իր անձնականութիւնը։

Եւ երբ մարդ կորսնցնէ իր ազատութիւնը եւ դադրի բանականութիւնը յենարան եւ մխիթարութիւն, զօրութիւն ըլլալէ, կը դառնայ տանջող լուծ եւ ճնշող բեռ մը միայն։ Եւ այն ատեն դիւրութեամբ զանց կ՚ընէ մարդ ամէն աշխատութիւն, ամէն գործ եւ չի զգար թէ ի՛նչ շնորհներէ կը զրկուի։

Մարդ երբ գտնէ եւ փորձէ դիւրին ճամբան եւ նախընտրէ «լայն դուռ»ը, այլեւս աշխատանքը, գործը աւելորդ կը նկատէ, քանի որ իր միջակութեամբ եւ գաղջութեամբ ամէն գործ կը կարգադրէ եւ կացութիւնը կը փրկէ երեւութապէս։ Բայց դիւրին ճամբան եւ լայն դուռը երբեք երջանկութեան չի բացուիր, այլ՝ յուսախաբութեան եւ հոգեկան անկո՛ւմի։

Միջակ եւ գաղջ մարդոց սիրտը համազարկ չի տրոփեր իրենց խօսքերուն եւ իրենց գործերուն հետ եւ զիրենք լսողներու ականջները գոհութիւն չե՛ն յայտներ, որովհետեւ անոնց ականջներուն ներդաշնակ չի հնչեր իրենց ձայնը։ Այսպիսիներ եթէ իսկապէս միջակութեան կամ գաղջութեան պատրանքը ունին, ատիկա աւելի մեծ վտանգ մըն է, իսկ եթէ կամաւոր կերպով իրենք զիրենք կը խաբեն, աւելի գէշ է։ Անոնք սին են՝ պարապ ներքնապէս. իրենց սիրտը հիւծած, միտքը սնանկացած է եւ բարոյական անկումը մօտ է։

Շատ անգամ, երբ մարդ կը սայթաքի, իր շուրջինները կը զարմանան, բացի մէկ երկու հոգիէ որոնք իրեն կը հետեւէին մօտէն եւ բացի իրմէ որ իր անկումին մերձաւոր եւ գաղտնի պատճառները կը ճանչնայ։ Երբ հասնի այդ սայթաքումը, սոսկալի է եւ յաճախ անդարմանելի՛։

Եւ այն ատեն միջակ եւ գաղջ մարդուն «բարձր բայց աւազէ պարիսպ»ը կը կործանի եւ անոր աւերումը ահաւոր կ՚ըլլայ։ Եւ որքան աւելի բարձր է այդ «պարիսպ»ը, ա՛յնքան աւելի անյոյս է եւ անդարմանելի անոր կործանումը։ «Ան կը փշրուի», կ՚ըսէ Մարգարէն. «խեցեղէն անօթի մը պէս, զոր ուժգին գետին կը զարնեն եւ հազար կտորներու կը վերածուի, եւ ողջ կտոր մը չի մնար որով կարելի ըլլայ կրակ վերցնել եւ կամ քիչ մը ջուր առնել»։ Եւ երկդիմի, երկերես մարդուն վախճանն ալ այդպէս կ՚ըլլայ երբ դիմակազերծ ըլլայ՝ խաբէութիւնը յայտնուի։

Ուրեմն մարդ պէտք է որոշակի կերպով արտայայտէ իր կողմը, բացայայտօրէն ըսէ իր գաղափարը, եւ ասիկա երբեք պէտք չէ՛ անարգանք կամ վիրաւորանք նկատուի հակառակ տեսակէտ ունեցողներու, ընդհակառակը այդպէս վարուողին յարգը կ՚աւելնայ, վստահութիւն կը ներշնչէ եւ թերեւս համոզիչ կ՚ըլլայ, եւ առիթ կ՚ընծայէ որ ճըշ-մարտութիւնը երեւան ելլէ իր ամբողջ փայլովը։

Չմոռնա՛նք որ ճշմարտութիւնը երեւան կ՚ելլէ գաղափարներու ընդհարումէն, եւ ո՛չ թէ ամէն տեսակէտի կուրօրէն համակերպումէն։

Տեղին պէտք է «այո՛» եւ տեղին «ո՛չ» ըսել եւ բանականութիւնը ա՛յս կը պահանջէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2019