«ԺԱՄԱՆԱԿ»Ը ԲԵՐԵԼՈՒ ՄՈՌՑԵՐ Է…

Մի քանի օրեր առաջ ազգակից մը հարցուց, թէ ինչ գործով կը զբաղուիմ. երբ գիտցաւ, թէ յօդուածագիր եմ զարմացաւ. «հիմա թերթ կարդացող մնա՞ց...»: Հարցումը անձէս աւելի ուղղուած էր բոլոր անոնց, որոնք հոգի, սիրտ, աչք ու երիտասարդութիւն կը մաշեցնեն, հրատարակելու համար այն մամուլը, որ շատերու համար ժամանակավրէպ, իսկ իրենց համար գրեթէ ամէն բան կը նշանակէ:

Հայրենակիցի աչքերը գրեթէ ամէն բան կ՚ըսէին. «այս դարուս ո՞վ ինչ ընէ թերթն ու մամուլը...». անոնց համար մամուլը հին, իսկ մենք «հին գլուխներ» ենք պարզապէս: Հարցին չպատասխանեցի, որովհետեւ նման մարդիկ դժուար հասկնան, թէ թերթի եւ մամուլի հրատարակութիւնը կարիքէ եւ պէտքէ մը աւելի բարոյական պարտաւորութիւն մըն է. բարոյական պարտաւորութիւն մամուլի հիմնադիրներէն աւելի լեզուի ու գրականութեան հանդէպ, պատմութեան ու ապագայի հանդէպ:

Վստահաբար մենք ալ կը գիտակցինք, թէ այսօրուան մարդը քաղաքական լուր մը գիտնալու համար կարիքը չունի սպասելու յաջորդ օրուան թիւի հրատարակութեան. Ովկեաններէն անդին պատահած դէպքերն ու երեւոյթները ճանչնալու համար դարձեալ կարիքը չունի մամուլին, որ ձեւով մը յաղթուած կը հանդիսանայ ներկայ արհեստագիտութեան հնարքներուն դիմաց:

Մամուլի հանդէպ հետաքըրք-րութեան նահանջը միայն հայերուս մօր չէ որ կ՚արձանագրուի. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուած վիճակագրութիւն մը կը յայտնէր, թէ այսօր Ամերիկայի բնակչութեան միայն 2.5 տոկոսը թերթ կը կարդայ: Եթէ նոյն տուեալներով նկատի ունենանք հայ ժողովուրդը, շա՜տ ցաւալի թիւ մը կ՚ունենանք, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ մեր «հայորդիներէն» շատեր ո՛չ թէ կարդալ, հայերէն խօսիլ անգամ չեն գիտեր ու կարծես անոնց թիւը օրէ օր ա՛ճ պիտի արձանագրէ, որովհետեւ հայերէն գրել-կարդալ չգիտցող «հայորդի» մը դժուար թէ հայերէն գրող եւ խօսող ապագայ սերունդ մը առաջ բերէ:

Հակառակ այս իրողութեան, ամերիկացիք նախանձով կը նային այնքան ալ նախանձելի վիճակի մէջ չգտնուող հայ մամուլին. մեր թուականէն 16 տարիներ առաջ՝ 2006 թուականին «Ուաշինկթըն Փոստ»ի խմբագիրի տեղակալ Քէյթլին Լալի Հայաստան այցելած մէկ այցելութեան ընթացքին հետեւեալ կարծիքը կը յայտնէ հայ մամուլի մասին. «Հայ լրագրողները ի տարբերութիւն ամերիկացիներուն, առաւելաբար եռանդով կ՚աշխատին: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լրագրութիւնը զարգացնելու համար ունեցած ենք աւելի քան 200 տարի ժամանակ, իսկ դուք՝ հայերդ աւելի քիչ, սակայն ամերիկեանը հայկականին հետ համեմատելու ժամանակ տարբերութիւն չեմ տեսներ: Գիտեմ, որ Հայաստանի լրագրողները վատ նիւթական վարձատրութիւն կը ստանան. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնց աշխատակիցները կը ստանան տարեկան 35.000-45.000 ամերիկեան տոլար։ Հայ լրագրողները կ՚աշխատին աւելի վատ պայմաններու մէջ քան իրենց գործակիցները, սակայն հակառակ այս իրողութեան, անոնք աւելի լաւ ու շահեկան վիճակի մէջ են, քան ուրիշներ»:

Ուսումնասիրեցէ՛ք հայ մամուլի անցեալի նուիրեալները. ո՛չ թէ նիւթական շահ ապահովել, նոյնիսկ իրենց գրպաններէն ծախսելով ամբողջ կեանք մը ապրած են աղքատութեամբ, սակայն առաջնահերթութիւն նկատած են թերթի հրատարակութիւնը. անոնք մեռած են աղքատութեան եւ գուցէ անօթութեան մէջ, սակայն այսօր յաւիտեան կ՚ապրին. մերօրեայ կուշտ ապրողներէն քանի՞ն անոնց չափ յիշուիլ պիտի յաջողի... պատմութիւնը կը պատասխանէ:

Ներկայ դարուս կայ այն համոզումը, որ թերթը այլեւս միայն ծերերու համար սահմանուած բան մըն է. թերթը կը պատկանի անոնց՝ որոնք ո՛չ համակարգիչէն եւ ո՛չ ալ ներկայ արհեստագիտութենէն գլուխ կը հանեն: Այս համոզումին դիմաց կ՚ուզեմ ուշադրութեամբ զննէք յօդուածին կցուած նկարը, որ հրատարակուած է 86 տարիներ առաջ՝ երեքշաբթի, 12 մայիս 1936 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 5-րդ էջին մէջ, ուր պատանին մօտենալով իր մօր կ՚ըսէ. «Մայրիկ հայրիկը այսօր «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը բերելու մոռցեր է, հիմա ի՞նչ պիտի ընեմ...». մանուկին այս մտահոգութեան դիմաց մայրիկը կը պատասխանէ. «Կեցիր, զաւակս, հիմա ցրուիչէն կ՚առնենք»:

Այդ մանուկն ու իրեն նման մանուկները մահացած ու անյայտացած են այսօր. անյայտացած են նաեւ ա՛յն մայրերը, որոնք թերթը առօրեայ հացի նման անհրաժեշտ կը նկատէին. անոնց տեղը գրաւած է հիմա աշխարհիկ ու ժամանակաւոր հաճոյքները, որ ո՛չ մարդու իսկական կազմութեան եւ ո՛չ ալ հոգիին հետ առընչութիւն ունին:

Պէտք է դասեր քաղել անցեալէն. այդ տարիներուն ԺԱՄԱՆԱԿ հետաքրքրելու համար մանուկներն ու երիտասարդները նիւթական պարգեւներու դիմաց մրցումներ կը կազմակերպէր, թերթի ճակատին գրելով. «Մեր ընթերցողները կը ստանան նուէրներ. գալ շաբթուայ ալ բոլոր ընթերցողներուն կու տանք զանազան նուէրներ»: Ժամանակ կը հրատարակէր նաեւ շահողներուն ցանկը, նշելով անոնց տարիքն ու դասարանը. անոնց մէջ կը տեսնենք Բ. Գ. Դ. Ե. դասարաններու պատկանող մանուկներ, որոնք հրապուրուելով նուէրներէն՝ միաժամանակ հաղորդակից կը դառնային հայ լեզուին ու գրականութեան:

Իսկ հիմակուան երիտասարդութեան վիճակը ի՞նչ է. Հայաստանի փողոցներուն մէջ թերթ վաճառող տիկ. Սիրանը պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ երիտասարդները թերթ չեն կարդար, կը պատասխանէ. «Հիմակուան ջահելները կրթութիւն չունին. եթէ ունենան, գոնէ իրարմէ կրնան զանազանել թերթին ու ամսագիրին տարբերութիւնը: Հիմա իրենց խելքն ու միտքը այն է, որ քսուին, ներկուին ու դուրս գան... ա՛յս են ջահելները»:

Գուցէ այլ բոլորն է պատճառը, որ մեր երիտասարդ տարիքէն մենք մեզ ծեր՝ մամուլի նման հինցած սկսած ենք զգալ:

ԾԱՆՕԹ: Կ՚առաջարկեմ իւրաքանչի՛ւր խմբագիր իր յառաջիկայ թիւերուն մէջ հանդէս գայ խմբագրականով մը՝ հետեւեալ հարցով. «Ինչո՞ւ համար կը շարունակէք թերթ հրատարակել»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԱՐԱՔՍՄԱՆԵԱՆ
(1911-1982)

Մեր թուականէն 40 տարիներ առաջ՝ 12 մարտ 1982-ին Խրիմի մէջ մահացած է արձակագիր, թատերագիր, լրագրող եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ալեքսանդր Արաքսմանեան (բուն անունով Ալեքսանդր Մանուկեան):

Արաքսմանեան ծնած է 3 յունիս 1911-ին, Կիւմրիի մէջ: Իր կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ստեփան Լիսիցեան դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ: Փոքր տարիքէն սկսած է մասնակցիլ թատերական ներկայացումներու։ 1943 թուականին հեղինակը հաստատուած է Երեւան, ուր սկիզբ առած է իր գրական գործունէութիւնը. իր առաջին աշխատութիւնը՝ «Ճանապարհ դէպի Կամիշին» վէպը առաջին անգամ տպագրած է 1945 թուականին, որուն յաջորդած են «Գեազբել լեռան գաղտնիքը», «Ճանապարհորդութիւն ապակու աշխարհում», «Ազատութիւնն աքսորական» եւ այլ աշխատութիւններ: Արաքսմանեան որոշ ժամանակ աշխատած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնին մէջ. եղած է «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան անդամ. 1968-1973 թուականներուն վարած է «Էկրան» հանդէսի խմբագիրի պաշտօնը:

Վէպի եւ պատմուածքներու կողքին Արաքսմանեան գրած է նաեւ թատերական ներկայացումներ, որոնցմէ են «Կեանքի երգը», «Քո սիրտի կրակը», «Երբ տանն աչքեր չկան», «Պատեր անդունդի եզրին» եւ ուրիշներ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Արաքսմանեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշաններուն: Իր «Հինգ րոպէ ճշմարտութիւն» թատերախաղի համար 1980 թուականին արժանացած է Սունդուկեանի անուան մրցանակի. 1936 թուականին դարձած է Գրողներու միութեան անդամ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022