ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՐԴԱՐ ԱՐԻՒՆԸ

Առանց արեան կեանք գոյութիւն չ՚ունենար։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի «մարդկային արիւն»ը, ոչ միայն ֆիզիքական կեանք կու տայ, այլ՝ «յաւիտենական կեա՛նք»։

Մարդկային մարմնին մէջ տարբեր բազմաթիւ հիւսկէններ (tissues) կան։ Եւ հաստատուած են մարմնին մէջ, որոնք որոշ պաշտօններ ունին։ Արիւնն ալ այս հիւսկէններէն մին է, սա տարբերութեամբ որ շարժուն է, հեղուկ է, եւ մարմնին մէջ որոշ տեղ մը հաստատուած չէ։ Արիւնը մարմնին տարբեր մասերուն սնունդ կը փոխադրէ եւ անոնց աղբը կը հաւաքէ եւ կ՚արտաքսէ։ Այս «պաշտօն»ը ամէն 23 երկվայրկեանի մէջ շարունակաբար եւ անընդհատ կ՚ընէ։

Եւ եթէ արիւնը դադրի շրջագայելէ եւ պաշտօնը կատարելէ, կեանքը գոյութենէ կը դադրի, քանի որ կեանքը արեան մէջ է։

Թերեւս առարկուի, թէ մարմնին մէջ ուրիշ հեղուկներ ալ կը գտնուին, ինչպէս մէզը։ Բայց ասոնք, ինչպէս յայտնի է, հիւսկէն չեն, այլ՝ պարզապէս հիւսկէնի մը արտադրութիւնը։

Հետեւցնելով՝ Եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսի մարմինը եւ հաւատացեալներ ալ Անոր Մարմնին զանազան անդամները։ Այս անդամներուն կեանքը կախեալ է Քրիստոսի արիւնէն՝ որուն միջոցաւ ան կ՚աճի, կը սնանի, կը մաքրուի, քանի որ կեանքը արեան մէջ է։ Քրիստոսի Արեան միջոցաւ է, որ հաւատացեալներ արենակից, այսինքն՝ իրարու քոյր-եղբայր կ՚ըլլան։

Աստուած բաժանումներով եւ հարեւանութիւններով հետաքրքրուած չէ՛։

Աստուած կ՚ուզէ, որ ճշմարտութիւնը յայտնուի. «Պէտք է մեզի նորէն ծնանիլ». (ՅՈՎՀ. Գ 3)։ Ուստի, պէ՛տք է Քրիստոսի թանկագին արդար արեամբ լուացուիլ, եւ լեցուիլ։ Քրիստոսի պատուէրն է որ զԻնք ճանչնանք, հաւատանք եւ վստահինք եւ զիրար սիրե՛նք։

Մարդ արարածը Ադամի պղծուած արիւնով իրարու կապուած են։ Ծինային եւ ժառանգական իրողութիւն մըն է ասիկա։ Այս առումով բոլոր մարդիկ մահուան դատապարտուած են Ադամէն պղծուած արիւն ժառանգած ըլլալնուն համար։ Պօղոս առաքեալ սապէս կը գրէ. «Դուք մեղքերու եւ յանցանքներու մէջ մեռած էիք». (ԵԲՐ. Բ 1)։

Թէեւ չի գիտցուիր, որ Ադամի եւ Եւային կերած պտուղը ի՞նչ էր, սակայն ան «արգիլուած պտուղ» մըն էր, եւ թունաւո՛ր էր։ Աստուած ըսաւ. «Այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ Եւ այս «թոյն»ը այնքան զօրաւոր էր, որ աւելի քան 6 հազար տարիէ ի վեր տակաւին մարդկութիւնը կը թունաւորէ…

Երբ Ադամը եւ Եւան «բարիի եւ չարի գիտութեան ծառ»էն, այսինքն «արգիլուած ծառ»էն կերան, նախ հոգեւորապէս, ապա ֆիզիքապէս՝ մարմնապէս մեռան։ Մեղքը մարդուն արեան մէջ մտաւ եւ մարմինը մեղսալից, մեղանչական կոչուեցաւ։

Մարմինը կ՚աճի եւ կը սնանի մեղսալից, մեղանչական արեամբ։ Քանի որ Աստուած մարդկութիւնը մէկ արիւնով շինած է՝ ստեղծած է, որով ամբողջ մարդկութիւնը «թունաւորութիւն»ը ժառանգած է։ Պօղոս առաքեալ Հռովմայեցիներուն գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը (Ադամի յանցանքովը) բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս մէկուն արդարութիւնովը (Յիսուսի արդարութիւնովը) բոլոր մարդոց կեանքի առքայութեան շնորհք եղաւ». (ՀՌՈՄ. Ե 18)։

Ընդհանրապէս կը խորհին, թէ «արդա՞ր է ուրիշին յանցանքով դատապարտուիլ»։ Երբ կը կարդանք Պօղոս առաքեալի խօսքերը՝ փոխանակ Ադամը մեղադրելու, ինչո՞ւ երկրորդ Ադամի արդարութեան շնորհքին չենք դիմեր։ Եթէ առաջին Ադամը մեղաւոր է եւ յանցաւոր, երկրորդ Ադամը՝ Յիսուս Քրիստոսն ալ արդարութիւն է եւ խաղաղութի՛ւն։

«Բոլոր մարդոց ազգերը մէկ արիւն ըրաւ». (ԳՈՐԾՔ. ԺԷ 26)։ Ուրեմն, մեղքը Ադամին սերունդին մէջն է։

Աստուծոյ Խօսքը կ՚ըսէ. «Ամէնը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսած են». (ՀՌՈՄ. Գ 23)։

Աստուած միշտ ուզած է մարդկութեան հետ մտերմիկ յարաբերութիւն ունենալ։ Ադամը եւ Եւան երբ անդրադարձան իրենց գործած յանցանքին եւ փորձեցին պահուիլ, «Եւ օրուան զով ատենը պարտէզի մէջ պտտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսեցին». (ԾՆՆԴ. Գ 8)։

Աստուած գիտէր, որ մարդ արարածը մեղքի, անհնազանդութեան պատճառաւ Իրմէ պիտի բաժնուէր։ Աստուած, ուրեմն, կինը այրէն տարբեր ստեղծեց։ Կինը այնպէս ստեղծեց, որ իրմէ բնաւ արիւն չանցնի ծնանելիք մանկան։

Ըստ գիտութեան, մանուկը, որ մօրը արգանդին մէջ կը ձեւաւորուի, կը կազմուի, անոր մարմինը մօրմէն միայն սնունդ կ՚առնէ։ Յետոյ հաւաքուած աղբը մօրը կու տայ, որպէսզի մաքրուի։

Երբ արու եւ էգ ձուեր իրարու միանալով կը բեղմնաւորուին, անկէ վերջն է, որ կը տեսնուի արեան շրջագայութիւնը։

Գիտութիւնը որոշապէս կ՚ըսէ, թէ՝ արիւնը, որ չծնած մանկան երակներուն մէջ շրջան կ՚ընէ, մօրմէն չէ որ կը ստանայ, այլ սաղմը կ՚արտադրէ։ Երբ արու եւ էգ ձուեր իրարու միանալով կը բեղմնաւորուին, սաղմը կը սկսի աճիլ եւ արեան երակներ երեւան կու գան։ «Ամէն մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է». (ՂԵՒ. ԺԷ 14)։ Մարդկային մարմինը իր գոյութիւնը արեան շրջագայութեան կը պարտի, քանի որ մարմինին կենդանութիւնը արեան մէ՛ջն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

11 ապրիլ, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023