ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Ապագան յստակ տեսնելու համար պէտք է յաճախ անցեալին ակնարկ մը նետել։ Մենք ալ այս ուղղութեամբ յաճախ կը թղթատենք մամուլի հին էջեր, գիտնելու համար թէ ի՜նչեր պատահած են անցեալին, եւ մասամբ բաղդատել անոնք ներկայի դէպքերու հետ եւ այդ բաղդատութեան շնորհիւ որոշել ապագան։ Չէ՞ որ կ՚ըսեն, թէ «պատմութիւնը որոշ դէպքերու կրկնութի՛ւնն է», որքան ալ ըստ երեւոյթի տարբեր ըլլան անցեալի եւ ներկայ դէպքերը, էապէս շատ ալ չեն փոխուիր, քանի որ մարդուս էութիւնը, բնութիւնը  միշտ նոյնը կը մնայ…։

Ժամանակներ, շրջաններ կը փոխուին, երեւոյթներ, տեսարաններ տարբեր կ՚երեւին, բայց մարդը միշտ նոյն «մարդ»ը կը բնորոշուի՝ բնութեամբ, նկարագրով, կիրքերով, փափաքներով եւ զգացո՛ւմներով։

Ահաւասիկ, այսօր ալ կը թղթատենք սեպտեմբեր 1952 թուականի մամուլէն հին էջեր։ Պէտք է յիշեցնենք, թէ թուականը բոլորովին պատահական ընտրուած է, քանի որ անցեալը, ի՛նչ ալ ըլլայ թուականը, միշտ «անցեալ» է եւ կ՚արժէ հատուածներ քաղել անցեալի ամէն դրուագէ։ Եւ քանի որ դէպք մը, դրուագ մը արձանագրուած է մամուլի էջերուն մէջ, այդ կը նշանակէ, որ «արժէք» մը կը ներկայացնէ ան, հոգ չէ թէ աւելի վերջի շրջաններուն «անարժէք» կամ «անիմաստ» համարուի։ Աշխարհի վրայ անցեալին եւ ներկային այն ամէն ինչ որ կ՚ապրուի՝ կեանքի տեսակէտէ արժէք մը ունի եւ ոչ մէկ պատահար առանց պատճառի մը չ՚իրականանար՝ անպայմա՛ն նպատակի մը կը ծառայէ։

Ուրեմն այս խորհրդածութիւններով անցնինք սեպտեմբեր 1952-ին մամլոյ մէջ արձանագրուած դէպքերուն։

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՆԴԱԿ ՀՆԴԿԱՀԱՅՈՑ

«Էջմիածին» ամսագրի Ապրիլ թիւին մէջ հրատարակուած է Ամենայն Հայոց Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի Օրհնութեան Կոնդակը հնդկահայ նուիրատուներու, որոնք երկու տարի առաջ, երբ Տ. Վահան Արքեպս. Կոստանեան Հնդկաստան ուղեւորած էր իբրեւ նուիրակ Ս. Էջմիածնի, անոր միջոցով իրենց նուէրները ղրկած էին Մայր Աթոռ։

Այս նուէրները հետեւեալներն են.-

Ա.- Կալկաթայի Հայոց կողմէ հայրապետական ոսկիէ ժամացոյց. հայրապետական եւ եպիսկոպոսական արծաթ-ոսկեզօծ գաւազաններ եւ զգեստներ։

Բ.- Պ. Յակոբջան եւ Տիկին Ֆրիտա Խաչատուրեան բարեպաշտ ամուսինները նուիրած են Ս. Պատարագի հայրապետական լիակատար զգեստ։

Գ.- Պ. Պետրոս Ալէքսեան նուիրած է Ս. Պատարագի եպիսկոպոսական լիակատար զգեստ՝ Տ. Վահան Արքեպս. Կոստանեանի։

Դ.- Պ. Ղազար Մկրտիչեան նուիրած է Ս. Պատարագի եպիսկոպոսական լիակատար զգեստ։

Ե.- Տիկին Մարիամ Պաղտասարեան նուիրած է Ս. Պատարագի լիակատար զգեստ։

Զ.- Տիկին Աբգարեան, ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Հայկ Աբգարեանի՝ նուիրած է Ս. Պատարագի եպիսկոպոսական լիակատար զգեստ։

Վեհ. Հայրապետը իր կոնդակին մէջ կը յիշէ անցեալին Հնդկահայոց ըրած նուիրատուութիւնները.- թանկարժէք շուրջառներ, թագեր, թանկարժէք վարագոյրներ, դպիրներու համար մետաքսեայ շապիկներ, արժէքաւոր եպիսկոպոսական գաւազաններ, արծաթեայ աշտանակներ եւ սկիհներ, որոնք այժմ պահուած են Ս. Էջմիածնի եկեղեցական թանգարանին մէջ։

***

ԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲ

Վերջերս «Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմայ»ի արշաւախումբը, որուն կը մասնակցին նաեւ Մոսկուայի Պուշկինի անուան պետական թանգարանի անդամները, ղեկավարութեամբ փրոֆէսօր Փիաթրովսքիի, սկսան նոր պեղումներ կատարել Կարմիր Բլուրի նախկին ուրարտական մայրաքաղաքին մէջ։ Պեղումներու ընթացքին յայտնուեցաւ մեծ քանակութեամբ տնային իրեր, զարդարանքներ, պրոնզէ զէնքեր, արձանիկներ, ինչպէս նաեւ 147 սեպագիր արձանագրութիւններ, որոնցմէ ի յայտ կու գան Ուրարտացիներու կապերը Ասորեստանի եւ Փոքր Ասիոյ շարք մը երկիրներու հետ։

Այս պեղումները հետաքրքիր մանրամասնութիւններ կու տան նաեւ ուրարտական գիւղատնտեսութեան եւ գործիքներու շինութեան մասին։

Յայտնաբերուած իրերը ուղարկուեցան Երեւանի պետական թանգարանը։

- Ծանօթագրութիւն.-

- «Կարմիր Բլուր». Կարմիր Բլուր Հնավայր (Թէյշեբաինի). ուրարտական քաղաք՝ հիմնադրուած Ք. Ա. 685-645 թուականներուն՝ Ուրարտուի թագաւոր Ռուսա Բ-ի կողմէ։ Թէյշբա չաստուածին պատուին հիմնադրուած է քաղաքը, որ կը գտնուի Երեւան քաղաքի հարաւ-արեւմտեան արուարձանին մէջ։ Այս մասին կատարուած պեղումներու միջոցով յայտնաբերուած հնագիտական իրեր կարելի է տեսնել «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանին մէջ։ «Կարմիր Բլուր» (= Red Hill), ուրարտերէն՝ «URU D te-i-se-ba-i-ni» կը գտնուի Հրազդան գետի ձախ ափին։

- «Արշաւախումբ». առաջխաղաց, արշաւող խումբ։ Մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ կատարող խումբ։

- «Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա»ն Հանրապետութեան բարձրագոյն գիտական հաստատութիւնն է, որ ձեւաւորուած է հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմական, բեղմնաւոր գիտական, հարուստ մշակութային եւ կրթական աւանդութիւններու վրայ եւ կոչուած է համախմբել գիտնականները՝ գիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ իրականացնելու հիմնարար հետազօտութիւններ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 5, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020