ԵՐԱԶՆԵ՜Ր ԵՒ ԲԱՂՁԱՆՔՆԵՐ
ԲԱՂՁԱՆՔՍ
Երազներս խունկ ու ծաղիկ
Ինկան մութի քօղքին մէջ,
Մահը իջաւ հոգւոյս բաղձիկ
Խըլել սէրն իմ լուսառէջ։
***
Հապօ՜ն իղձով դեռ մշտայած
Ժպտիմ կեանքիս անգամ մ՚ալ,
Կ՚ուզե՜մ, կ՚ուզեմ, ո՜վ իմ Աստուած,
Նոր սէրերէ գինովնալ։
ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
Մարդիկ երազնե՜ր ուին, մարդիկ բաղձանքներ ունին, անոնք ունին նաեւ յուսախաբութիւններ, զգայախաբութիւններ, պատրանքներ։ Մարդ միշտ կրնայ դիմաւորուիլ անակնկալներով, որոնք կը հակադրեն իրենց երազները, բաղձանքները, դէմ կու գան անոնց եւ արգելք կը հանդիսանան անոնց իրականացման։
Բայց կեանքի մէջ կայ երեւոյթ մը, որ երբեք անակնկալ չէ, անպայման կը պատահի ուշ կամ կանուխ։ Այդ երեւոյթին ժամանակը միայն յայտնի չէ, եւ այս իմաստով անոր պահը ընդհանրապէս անակնկալ է։ Կեանքի անայլելի ճշմարտութիւնն է այդ ակնկալւած երեւոյթը. մա՛հն է ան։
Մարդիկ կը մեռնին, պարզ է ասիկա։
Այդ երեւոյթը՝ մահը ո՞վ պիտի ըլլայ, կամ ո՞վ եղած է որ չընդունի, որ քայքայո՛ւմն իսկ է մի՛ միայն մարդուն նիւթական մարմինին։
Բայց հոգին մահ չունի։
Հոգիին անմահութիւնն իսկ զօրաւոր հաւաստիք մըն է, որ կրնայ խօսիլ, կրնայ չխզել իր յարաբերութիւնը աշխարհի հետ, եւ որ ամենէն ստոյգն է. կարո՛ղ է իր երկնառաք պատգամներով մեզ առաջնորդել դէպի Հաւատք եւ դէպի Ճշմարտութի՛ւն։
Անըմբռնելի ոչինչ կայ այս յայտնութեան մէջ։
Հոգիին անմահութեան այս ճշմարտութիւնը կը հաստատէ Գերագոյն Էակին՝ բովանդակ տիեզերքը ստեղծող անմահ Աստուծոյ գոյութեան յաւիտենական հաւատքը։ Անիկա համայն տիեզերքը կ՚ընդունի օթարան մը նիւթական-մարմնական եւ աննիւթական-հոգեւոր էակներու, որոնց համար եթէ ֆիզիքական տանջանքներու մղձաւանջին արհաւիրքը կը մերժէ, միւս կողմէ, սակայն, կ՚ընդունի խղճի խայթի պատճառով ծնունդ առած հոգեկան-բարոյական տառապանքի մը զգայութիւնը եւ բարձրագոչ կը հռչակէ յաւիտենական երջանկութեան մը՝ երանութեան վախճանային նպատակը։
Այո՛, մարդիկ ունեցած են եւ միշտ ունին երազներ, բաղձանքներ, փափաքներ, որոնք կ՚իրականան կամ ոչ, կ՚ուրախացնեն կամ յուսախաբութեան կը մատնեն ենթական, եւ երբեմն ալ անժամանակ, անակնկալ մահուան պա՛հը վրայ կը հասնի եւ արգելք կը հանդիսանայ երազներու, բաղձանքներու իրականացման որոնք թերեւս քիչ յետոյ պիտի իրականային… եւ ահաւասիկ, այս պատճառով, թէեւ մահը ակնկալելի է, բայց անոր պահը, ժամանակը՝ անակնկալելի՛։
Յաճախ, «հոգի» եզրը Աստուածաշունչին մէջ կը նշանակէ «մարդկային կեանքը» եւ կամ ամբողջ «մարդկային անձը»։
Միաժամանակ ան կը մատնանշէ ինչ որ մարդուն մէջ ամենէն ներհուն եւ ամենամեծ արժէքն է, այն ինչը, որ մարդը մասնաւորապէս «Աստուծոյ պատկեր» կը դարձնէ. «հոգի»ն կը նշանակէ մարդուն մէջ եղող «հոգեւոր նախասկիզբ»ը։
Իսկ մարդուն «մարմին»ը կը մասնակցի «Աստուծոյ պատկեր»ին արժանապատուութեան։ Ան «մարդկային մարմին» է՝ ճիշդ անոր համար, որ շնչաւորուած է աննիւթական անմահ հոգիով, իսկ ամբողջ մարդկային անձը իր հերթին սահմանուած է ըլլալու «Հոգիին Տաճարը Քրիստոսի Մարմինին մէջ»։
Արդարեւ, հոգիին եւ մարմինին միութիւնը ա՛յնքան խոր է, որ հարկ է նկատի առնել հոգին իբրեւ «կերպ»ը մարմինին, այսինքն՝ շնորհիւ հոգեւոր հոգիին է, որ նիւթաշէն մարմինը «մարդկային կենդանի մարմին» կը հանդիսանայ։
«Հոգի»ն եւ «նիւթ»ը մարդուն մէջ իրարու միացած երկու բնոյթներ չեն, այլ անոնց միութիւնը կը կազմէ մէկ բնոյթ։ Իւրաքանչիւր աննիւթական հոգի անմիջականօրէն ստեղծուած է Աստուծմէ։ Ան ծնողներուն արտադրութիւնը չէ։
Հոգին անմա՛հ է։ Ան չ՚անէանար իր բաժանումին ատեն մարմինէն, մահով։ Ան դարձեալ պիտի միանայ մարմինին՝ վերջին յարութեան օրը։
Զանազան առիթներով յիշուած է թէ՝ մահը, իր ստուգաբանութեամբ կը նշանակէ՝ «մարմին առանց հոգիի», որուն առաջին տառերը մեզի կու տան «մահ» բառը։
Եւ երբեմն կը պատահի, որ «հոգի»ն զանազանուի «շունչ»էն։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «ամբողջ էութիւնը, շունչ, հոգի եւ մարմին…», պէտք է պահուի անաղարտ՝ Տիրոջ Գալստեան օրուան համար. (Ա ԹԵՍ. Ե 23)։ Բայց այս զանազանութիւնը հոգիին մէջ երկուութիւն չի՛ ներմուծեր։
«Շունչ» բառը կը նշանակէ, թէ մարդը իր ստեղծումէն սկսեալ սահմանուած է իր գերբնական վախճանին, եւ թէ անոր հոգին ընդունակ է ձրիաբա՛ր բարձրանալու Աստուծոյ հետ հաղորդութեան։
Իսկ «սիրտ»ը սուրբգրային իմաստով՝ «խո՛րք»ն է էակին. (ԵՐՄ. ԼԱ 33)։ Հոն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ «Աստուծոյ հետ» եւ կամ «Աստուծոյ դէմ»։
Մարդ անշուշտ ունի երազը երջանկութեան, բաղձանքը եւ փափաքը բարութիւններու, բայց անկարելի է որ իրականան անոր բոլոր երազները եւ բաղձանքները։ Երանութիւնները կը համապատասխանեն մարդուն երջանկութեան բնական բաղձանքին։ Այս բաղձանքը աստուածային ծագում ունի, Աստուած դրաւ զայն մարդուն սրտին մէջ, որպէսզի քաշէ զինք Իրեն, որ միակ կարողն է լիացնելու զինք. «Մենք բոլորս անտարակոյս կ՚ուզենք ապրիլ երջանիկ, եւ մարդկային ցեղին մէջ չկայ մէկը որ չտայ իր հաւանութիւնը այս առաջարկին, ան տակաւին լման չբանաձեւուած», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ թէ՝ «միա՛յն Աստուած յագուրդ կու տայ»։
Մարդուս երազները եւ բաղձանքները չեն իրականանար յաճախ, քանի որ մարդ լեցուած է աշխարհէն եւ պարպուած Աստուծմէ. աշխարհով կշտացած է եւ Աստուծմէ քաղցած, աշխարհի գիտութեամբ ճոխացած բայց Աստուծոյ գիտութեանը սովը ունի, եւ երբ գիտակցութիւնը ունենայ իր թերութիւններուն, տկարութիւններուն՝ երբեք հեռու չէ երջանկութիւնը եւ երազներուն իրականացումը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 10, 2020, Իսթանպուլ