Ս. ԽԱՉԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՏՕՆ

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հին­գե­րորդ տա­ղա­ւար, այ­սինքն ե­կե­ղեց­ւոյ հին­գե­րորդ գլխա­ւոր տօնն է «Խաչ­վե­րաց»ը։ Այս վեր­ջին՝ հին­գե­րորդ տօ­նը նուի­րուած է «Խաչ»ին՝ կո­չե­լով զայն «Խաչ­վե­րաց»։ Ինչ­պէս միւս տա­ղա­ւար­նե­րը, Խաչ­վե­րացն ալ ու­նի պատ­մա­կան հիմք մը։ Իր պատ­մա­կան սկզբնա­ւո­րու­թիւ­նը կը հաս­նի մին­չեւ քրիս­տո­նէու­թեան ա­կունք­նե­րը, քա­նի որ խա­չը վերց­նե­լու կամ բարձ­րաց­նե­լու եւ փա­ռա­ւո­րե­լու ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը վե­րագ­րուի Տեառ­նեղ­բայր՝ Տի­րոջ եղ­բայր Յա­կո­բոս ա­ռա­քեա­լին։ Ան ե­ղած է Ե­րու­սա­ղէ­մի ա­ռա­ջին ե­պիս­կո­պո­սը եւ խա­չը ի տես ժո­ղո­վուր­դի բարձ­րաց­նե­լով, «Խա­չի քո, Քրիս­տոս, երկր­պա­գեմք» օրհ­նու­թիւ­նը եւ ա­ղօթ­քը ը­սած է։

Կ՚են­թադ­րուի, որ Յա­կո­բոս ա­ռա­քեալ, ո՛չ թէ Քրիս­տո­սի բուն խա­չը, այլ ա­նոր նմա­նու­թեամբ պատ­րաս­տուած քա­ռա­թե­ւով կա­տա­րած է այդ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հայ եւ Ընդ­հան­րա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ տօ­նը հաս­տա­տուած է Դ. դա­րուն։

Խա­չի փա­ռա­ւո­րու­թեան երկ­րորդ պա­րա­գան խա­չի գիւտն է։ Երբ Բիւ­զան­դա­կան Կոս­տան­դիա­նոս կայս­րի մայ­րը՝ Հե­ղի­նէ թա­գու­հին, զայն գտնե­լէ յե­տոյ, մեծ շու­քով զե­տե­ղած է Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Յա­րու­թիւն տա­ճա­րը։ Խաչ­վե­րա­ցի նա­խըն­թաց օ­րը Նա­ւա­կա­տի­քի յի­շա­տակ կա­տա­րե­լը եւ այդ յի­շա­տա­կը Սուրբ Յա­րու­թիւն տա­ճա­րի նա­ւա­կա­տի­քի տա­րե­դարձ ըլ­լա­լը, Խա­չի գիւտն ու Խաչ­վե­րա­ցը ներ­քին կար­գով ի­րար միա­ցուած են։ (Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.- «Նա­ւա­կա­տիք» կը նշա­նա­կէ՝ նոր շէն­քի՝ ե­կե­ղեց­ւոյ բաց­ման կամ տա­րե­դար­ձի հան­դէս։ Նաեւ՝ հինգ տա­ղա­ւար­նե­րու Շա­բաթ՝ նա­խորդ օ­րը, երբ պահ­քը մա­սամբ կը քա­կուի. կէ­սու­տիք, նուի­րում, խթում)։ Եւ վեր­ջա­պէս, եր­րորդ պա­րա­գան, երբ խա­չը յա­տուկ փա­ռա­ւո­րու­թիւն ստա­ցած է՝ խա­չի վե­րա­դարձն է։ 614 թուա­կա­նին, պարս­կա-բիւ­զան­դա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, Պար­սիկ­նե­րու Խոս­րով Բ. թա­գա­ւո­րը գրա­ւած է Ե­րու­սա­ղէ­մը՝ գրե­թէ հիմ­նո­վին քան­դե­լով քա­ղա­քը։ Շատ մը հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու կար­գին՝ Քրիս­տո­սի Խա­չա­փայտն ալ իբ­րեւ ա­ւար տա­րուած է Պարս­կաս­տան։

Իսկ 628 թուա­կա­նին, Բիւ­զան­դա­ցի Հե­րակլ կայս­րը (610-641), Պար­սիկ­նե­րուն յաղ­թե­լով, գրա­ւած է Տիզ­բո­նը՝ վե­րա­դար­ձու­ցած է Խա­չա­փայ­տը եւ նոյն թուա­կա­նի 14 Սեպ­տեմ­բե­րին, փա­ռա­ւոր հան­դէ­սով զե­տե­ղած է իր ա­ւան­դա­կան տե­ղը՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի Սուրբ Յա­րու­թիւն տա­ճա­րը։ Ուս­տի կայս­րը եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հայ­րեր, 14 Սեպ­տեմ­բե­րը հռչա­կած են Քրիս­տո­սի Խա­չա­փայ­տի վե­րա­դար­ձի կամ Խաչ­վե­րա­ցի տօն։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը կը կա­տա­րէ 14 Սեպ­տեմ­բե­րի մօ­տա­կայ Կի­րա­կի օ­րը՝ որ է 11-17 Սեպ­տեմ­բե­րի հան­դի­պող Կի­րա­կին։

Սա­հակ Գ. Ձո­րո­փո­րե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սը (677-703) կար­գա­ւո­րած է Խաչ­վե­րա­ցի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ գրե­լով նաեւ այդ ա­ռի­թով երգուող շա­րա­կան­ներ։

Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նին հայ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին կը կա­տա­րուի հան­դի­սա­ւոր թա­փօր եւ ան­դաս­տան, այ­սինքն՝ ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րու ժա­մա­նակ քա­հա­նա­նե­րը կ՚օրհ­նեն աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը։

Հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րի ժա­մա­նակ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ի տես ժո­ղո­վուր­դին, կը բարձ­րա­ցուի Քրիս­տո­սի Խա­չա­փայ­տը ներ­կա­յաց­նող մա­սունք­նե­րով ճա­ճան­չա­ւոր խաչ մը՝ ո­րը սրբու­թեամբ կը պա­հուի Մայ­րա­վան­քի թան­գա­րա­նը։

Խա­չը, ու­րեմն խորհր­դա­նիշն է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին։

Քրիս­տո­նէու­թեան խո­րա­նը՝ Քրիս­տո­սի Խա՛չն է, որ­մէ կը բխին զատ­կա­կան խոր­հուր­դին սուրբ խոր­հուրդ­նե­րը։ Ար­դա­րեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րոնն է խո­րա­նը, ո­րուն վրայ Խա­չին զո­հա­բե­րու­մը ներ­կա­յա­ցուած են խորհր­դե­նա­կան նշան­նե­րով։ Ան Յի­սուս Քրիս­տո­սի Սե­ղանն է նաեւ, Սե­ղա՛ն մը՝ ուր հրա­ւի­րուած են բո­լոր հա­ւա­տա­ցող­նե­րը։ Խո­րա­նը կը խորհր­դան­շէ նաեւ Քրիս­տո­սի Գե­րեզ­մա­նը՝ ուր թա­ղուե­ցաւ եւ ուր­կէ յա­րեաւ։ Ուս­տի ա­մէն հա­ւա­տա­ցեալ պէտք է դա­ւա­նի Քրիս­տո­սը եւ հե­տե­ւե­լու Ա­նոր՝ խա­չի ճա­նա­պար­հին վրայ հա­լա­ծանք­նե­րու հետ միա­սին, որ եր­բեք չի՛ պակ­սիր կեան­քի ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քին մէջ։ Քրիս­տոս Ի՛նքն ալ կը յայտ­նէ, թէ Ինք ալ Աս­տու­ծոյ փառ­քին մէջ մտնե­լու հա­մար պէ՛տք է որ անց­նի Խա­չի ճամ­բէն՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։

Յի­սու­սի մա­հուան չար­չա­րան­քը ի­րա­պէ՛ս Հօր կամքն է. Որ­դին կը գոր­ծէ իբ­րեւ Աս­տու­ծոյ Ծա­ռան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Մար­գա­րէն. «Ա­հա իմ ծա­ռաս, ո­րուն ձեռն­տու պի­տի ըլ­լամ ու իմ ընտ­րածս՝ ո­րուն իմ սիրտս հաւ­նե­ցաւ» (ԵՍ. ԽԲ 1)։ Ար­դա­րեւ կա­տա­րե­լու­թեան ճամ­բան կ՚անց­նի Խա­չէն։ Չկա՛յ սրբու­թիւն ա­ռանց անձ­նու­րա­ցու­թեան, ա­ռանց զո­հո­ղու­թեան եւ ա­ռանց հո­գե­ւոր պայ­քա­րի։ Հո­գե­ւոր յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ ճգնո­ղա­կան կեանք եւ մա­հա­ցում՝ ո­րոնք աս­տի­ճա­նա­բար կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն մար­դը՝ ապ­րե­լու խա­ղա­ղու­թեան եւ  երա­նու­թիւն­նե­րու կա­տա­րեալ ու­րա­խու­թեա­նը մէջ։

Եւ ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Գրի­գոր Նիւ­սա­ցի. «Բարձ­րա­ցո­ղը եր­բեք չի՛ դադ­րիր իր ար­դէն գիտ­ցա­ծը՝ բա­րի­քը բաղ­ձա­լ է…»։

­Խա­չը՝ խորհր­դա­նի՛շն է խո­նար­հե­լու՝ բարձ­րա­նա­լու հա­մար եւ ճշմար­տու­թեան հաս­նե­լու հա­մար խո­րա­նա­լու դէ­պի վար, բարձ­րա­նա­լու՝ դէ­պի վեր, եւ տա­րա­ծուե­լու ա­մէն կողմ՝ ա­մէն ուղ­ղու­թեամբ։ Եւ այս բո­լո­րը ցոյց կու տան խա­չա­ձե­ւու­մը՝ վար, վեր եւ եր­կու կող­մե­րը։ Ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը կազ­մէ ճշմար­տու­թիւ­նը՝ խա­չի նման, խա­չի պէս նա­յե­լով կեան­քի ա­մէն ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ե­րե­ւոյթ­նե­րուն։

Համ­բե­րա­տար ըն­կա­լու­մը խա­չին՝ զրկանք, զո­հո­ղու­թիւն, չար­չա­րանք, որ կը կրէ մարդ, ժա­ռան­գա­կից կը դառ­նայ յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի՝ քա­նի որ բաժ­նե­կից է մարդ Ա­նոր չար­չա­րան­քին, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը (ՀՌՈՄ. Ը 17)։ Ուս­տի մարդ կը հաս­նի հո­գե­կան կա­տա­րե­լու­թեան՝ կեան­քի վե­րա­տե­սու­թեամբ, խղճի քննու­թեամբ, չար­չա­րանք­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու մէջ համ­բե­րու­թեամբ եւ խա­չի ճամ­բուն տո­կա­լով։

«Խա­չի ճամ­բուն տո­կալ» կը նշա­նա­կէ՝ ա­մէն օր առ­նել իր խա­չը եւ հե­տե­ւիլ Յի­սուս Քրիս­տո­սի։

Եւ ա­մե­նէն ա­պա­հով ու­ղին է խա­չի ճամ­բան՝ կա­տա­րե­լու­թեան եւ փրկու­թեան տա­նող ճամ­բա՛ն։

Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թիւ­նը կը հաս­տա­տուի վերջ­նա­կա­նա­պէս Քրիս­տո­սի Խա­չով, քա­նի որ Աս­տուած թա­գա­ւո­րեց խա­չա­փայ­տին բարձր բար­ձուն­քէն…։

Խա­չի չար­չա­րան­քը վե­րա­դար­ձի ճամ­բան է մար­դուն՝ դէ­պի Աս­տու­ծոյ Ար­քա­յու­թիւ­նը՝ ուր­կէ ղրկուե­ցաւ այդ չար­չա­րանք­նե­րու աշ­խար­հը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 12, 2015