ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Մա՛րդ ճշմարտութիւնը չտեսնելու չափ կոյր չի կրնար ըլլալ։ Արդարեւ, Յիսուս, բժշկուելու համար Իրեն դիմող կոյրերուն սապէս ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել։ Ըսին Անոր.- Այո՛ Տէր». (ՄԱՏԹ. Թ 28)։
Արդարեւ, կոյրերը թէեւ չէին տեսներ աշխարհի լոյսը, բայց կը տեսնէին ճշմարտութիւնը եւ կը հաւատային։ Այս պատճառով, կոյր ըլլալ՝ երբեք արգելք չէ ճշմրտութիւնը տեսնելու։ Կոյրեր ալ կը հաւատան, որովհետեւ անոնք կը տեսնե՛ն ճշմարտութիւնը։
Ուստի, ամենէն վտանգաւոր կուրութիւնը հոգիի կուրութիւնն է, որը բժշկել շատ դժուար է, չըսելու համար «անկարելի»։ Հոգիի կուրութեան խաւարը կարելի է փարատել միայն հաւատքով՝ որ կը փարատէ ամէն մթութիւն եւ կը բժշկէ ամէն հիւանդութիւն։ Ուստի, միայն բառեր արտասանելով աղօթել անօգուտ է, այլ պէտք է աղօթել հաւատքով՝ ջերմեռանդ, սրտագին եւ սիրով վառուած։ Եւ ասիկա կը նշանակէ՝ ճշմարտութիւնը տեսնել, այսինքն հաւատալ եւ վստահի՛լ։
Ուրեմն, ճշմարտութիւնը կը նշանակէ՝ առանց երկմտութեան, առանց երկդիմութեան, զգուշանալով ձեւացումէ եւ կեղծաւորութենէ վստահի՛լ։ Բացայայտ, յստակ եւ պայծառ՝ թափանցիկ է ճշմարտութիւնը։
Արդարեւ, Յիսուսի մէջ մենք կը հաղորդուինք «Ճշմարտութեան, որ մեզ ազատ կը դարձնէ». (ՅՈՎՀ. Ը 32)։ Ուրեմն ճշմարտութիւնը ազատութիւն է։
Հաւատքը մարդուն նախ անձնական փարումն է Աստուծոյ։ Ան միանգամայն եւ անբաժանելիօրէն ազատ հաւանութիւնն է Աստուծոյ յայտնած ամէն ճշմարտութեան։ Քրիստոնեայ հաւատքը իբրեւ անձնական փարում Աստուծոյ եւ հաւանութիւն Անոր յայտնած ճշմարտութեան, տարբեր է մարդկային անձի մը ընծայուած հաւատքէն։ Արդար եւ բարի է, անշուշտ լիուլի վստահիլ Աստուծոյ եւ բացարձակօրէն, անվարան հաւատալ Անոր ըսածին՝ որ բացարձակապէս ճշմարտութիւն է։ Ընդունայն պիտի ըլլար եւ թիւր՝ ձեւապաշտ հաւատք մը դնել մարդ արարածի մը վրայ։
Մարդ արարած, իր բանականութեամբ եւ հոգեւոր աշխարհով պարտի փնտռել ճշմարտութիւնը եւ կատարել Աստուծոյ կամքը իր գիտցած, ըմբռնած չափով։ Ուստի, մարդը կը մասնակցի Աստուծոյ իմաստութեան եւ բարութեան, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։ Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ եւ իմացականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ «բարի» է եւ «չար», ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ, նաեւ ի՛նչ որ անկեղծ է եւ կեղծ։
Աստուծոյ Խօսքը՝ որ աստուածային ո՛ւժ մըն է ամէն հաւատացեալի փրկութեան եւ ապահովութեան համար, ներկա՛յ է Նոր կտակարանին գրութիւններուն մէջ եւ անոր զօրութիւնը մասնայատուկ կերպով կը յայտնուի հոն՝ որպէս ճշմարտութի՛ւն։ Սուրբգրային այս հատուածները կու տան մեզի աստուածային Յայտնութեան վերջնական ճշմարտութիւնը։
Այս գրութիւններուն կեդրոնական առարկան է Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Որդին, որ Ճշմարտութիւնն իսկ է, Անոր արարքները, Անոր ուսուցումները, Անոր կեանքը, Անոր մահուան չարչարանքը եւ Անոր փառաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Անոր Եկեղեցին եւ Եկեղեցիին սկզբնաւորութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ներքեւ։
Աւետարանները ճշմարտութեան վկայութիւններ են, քանի որ մարդացեալ Բանին, մեր Փրկչին կեանքին եւ վարդապետութեան, այսինքն ճշմարտութեան գերազանց վկայութիւնը կը բովանդակեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 12, 2024, Իսթանպուլ