ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԳԻՐԵՐ

Եւրոպացի հայագէտներ եւ հմուտ հայ բանասէրներ ընդարձակ եւ խղճամիտ ուսումնասիրութիւններէ ետք հասած են այն եզրակացութեան թէ՝ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութենէն առաջ առանձին գիրեր ունեցած է։ Այս ուսումնասիրութեան համաձայն այդ գիրերը հետեւեալները յայտնուած են. ա, բ, գ, դ, ե, զ, թ, լ, խ, կ, մ, յ, ն, շ, ո, պ, ս, վ, տ, ր, ց, ք. որ քսաներկու են։

Սակայն հայոց լեզուի հնչումները ժամանակի ընթացքին շատնալով, այս քսաներկու գիրերը անբաւական կ՚ըլլան հայ լեզուի մէջ գտնուած բոլոր հնչիւնները պատկերացնելու. ուստի չէին գործածուիր եւ մոռցուած էին։

Միայն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց իր ստացած մասնաւոր տեղեկութեան համաձայն, Միջագետք երթալով Դանիէլ Եպիսկոպոսէն ստացաւ վերոյիշեալ քսան երկու գիրերը՝ որոնք անոր քով պահուած էին, այդ պատճառով ալ կը կոչուէին «Դանիէլեան գիրեր»։

Ուստի, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ երկար ջանքերով եւ աստուածային շնորհքի օգնութեամբ կրցած է հայ լեզուի հնչիւնները պատկերացնող պակաս գիրերը գտնել եւ աւելցնել Դանիէլեան գիրերու վրայ, ինչպէս որ կը կարծեն հմուտ բանասէրներ։

Ուրեմն, բանասէրներու համոզումով եւ ըստ իրենց կարծիքին՝ շատ հաւանական կը թուի, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի գտած գիրերը հետեւեալները պիտի ըլլան. ժ, ծ, հ, ձ, ղ, ճ, չ, ջ, ռ, փ, ր, է, ի, ւ. որ թուով տասնչորս հատ են, ինչպէս յայտնի է եւ, օ, ֆ վերջէն աւելցուած է հայերէն այբբենարանին վրայ։  

Եւ ինչպէս յայտնի է, Հայ գիրերու գիւտը պատահած է 404 թուականին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռքով։

Արդարեւ, Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ժամանակ հայերէն ձայնաւոր գիրերու պակասութիւնը շատ զգալի էր, ասոր համար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Սուրբ Սահակ Պարթեւի հաճութեամբ կը ճամբորդէ  Միջագետքի եւ Ասորիքի շրջանները, որպէսզի հայերէն գիրը կատարելագործէ։ Ուստի, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց քանի մը գիտնականներու հետ կը տեսնուի, սակայն օգուտ մը կարելի չըլլար ստանալ. այն ատեն կ՚առանձնանայ քարայրի մը մէջ, եւ գիշեր ցորեկ աղօթքով պարապած միջոցին, «տեսիլք»ին մէջ կը յայտնուի աներեւոյթ թաթ մը՝ որ քարի վրայ զանազան գիրեր կը գրէ։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց այս գիրերը ձեւի առնելով կը դառնայ իր երկիրը։ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Հայոց՝ գիրերու գիւտը իմանալով՝ շատ կ՚ուրախանայ, եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւնով կը դիմաւորէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, եւ քանի մը օր տօն կը կատարուի հայերէն գիրերու գիւտին համար։

Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն Յովսէփ Պաղնացին եւ Եզնիկ Կողբացին Բիւզանդիոնէն կը բերեն յունարէն Աստուածաշունչի ընտիր օրինակ մը եւ ուրիշ եկեղեցական գիրքեր։ Այս ուղղութեամբ Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց իրենց աշակերտներուն օգնութեամբ յունարէն Աստուածաշունչը կը թարգմանեն հայերէնի։ Թարգմանութիւնը կը կատարուի շատ գեղեցիկ լեզուով եւ ճշդութեամբ, այնպէս որ եւրոպացի հայագէտ գիտնականներ Աստուածաշունչի թարգմանութիւններու մէջ հայերէնը ամենէն լաւը գտնելով, անուանած են զայն «Թագուհի թարգմանութիւններու»։ Սուրբ Գիրքի թարգմանութենէն ետք, երկրի բոլոր մասերուն մէջ բազմաթիւ դպրոցներ կը բացուին հայերէն գիր եւ հայերէն Աստուածաշունչը սորվեցնելու համար։

Բացուած վարժարանները բաւական չհամարելով, աշակերտներու մէջէն ընտրեցին խելացի, ուշիմ եւ փափկաձայն պատանիներ, եւ ղրկեցին Եդեսիա, Կեսարիա, Աղեքսանդրիա, Աթէնք, Հռովմ եւ Բիւզանդիոն՝ ուր ուսում եւ գիտութիւն կը ծաղկէին եւ ժամանակին բարձրագոյն դպրոցները կային։

Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնած դպրոցներէն շատ մը աշակերտներ հասած են. ասոնք իրենց վարդապետներու հետ միասին «Թարգմանիչներ» կը կոչուին եւ երկու կարգի կը բաժնուին։

Առաջին կարգի աշակերտներ անոնք են՝ որոնք ձայնաւոր գիրերու գիւտի միջոցին հասակաւոր էին եւ իրենց վարդապետներուն օգնեցին թարգմանական գործերու մէջ։ Ասոնցմէ նշանաւորներն են՝ Յովսէփ Վայոցձորէն, Ղեւոնդ Երէց, Եզնիկ Կողբացի, Կորիւն, Յովսէփ Պաղնացի, եւ այլն։

Երկրորդ կարգի աշակերտները անոնք են՝ որոնք իրենց վարդապետներուն հիմնած դպրոցներուն մէջ վարժուելէ ետք ղրկուեցան նշանաւոր քաղաքներ իրենց ուսմունքը կատարելագործելու։ Անոնցմէ նշանաւորներն են՝ Մովսէս Խորենացի, Մամբրէ Վերծանող, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ, Գիւտ Կաթողիկոս, Յովհան Մանդակունի, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, եւ այլն։

Աստուածաշունչի եւ եկեղեցական գիրքերու թարգմանութենէն ետք ժամասացութիւնը առհասարակ «Հայերէն լեզու»ով սկսաւ կատարուիլ, եւ այս միջոցը շատ օգնեց հայ ժողովուրդի քրիստոնէական կրթութեան…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 7, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019