ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԷ.)

ԶԱՒԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆԸ

Զոյգերու դաւաճանութիւնը շատ աւելի տարբեր երեւոյթ մը կը ստանայ, երբ կողմերը ունին զաւակներ. այդ դաւաճանութիւնը նման պարագայի զոյգերու մէջ տրուած խոստումի մը խզումէն դուրս գալով շատ աւելի լուրջ խնդիրներ կը ներառէ:

Յաճախ զոյգեր կը թերագնահատեն մանուկները, հաւատալով, թէ անոնք մանուկ են եւ շատ անգամ չեն կրնար հասկնալ ինչ կը պատահի հօր ու մօր միջեւ, մինչ մենք այս համոզումին ամբողջութեամբ հակառակին կը հաւատանք, որ մանուկները օժտուած են իրենց ծնողներուն յուզական ազդանշանները, ինչպէս նաեւ վարքագծի փոփոխութիւնները նկատելու բնածին կարողութեամբ: Կը վստահեցնենք, որ կողակիցէն շատ աւելի առաջ մանուկն է, որ կը զգայ այդ փոփոխութիւնները: Մանուկները ունին սուր զգայնութիւն մը ու մանաւանդ մանկական շրջանին որպէս «իտէալ» նկատելով մայրն ու հայրը, դիւրութեամբ անոնց մօտ կրնան նկատել որոշ փոփոխութիւններ՝ որ սովորականէն տարբեր կ՚ըլլայ. մանուկներուն մօտ յստակ կը տպաւորուի մօր եւ հօր նկարագիրը, շարժուձեւերը, առօրեան եւ անկէ դուրս իրադարձութիւն մը բնականաբար կը գրաւէ անոր ուշադրութիւնը: Ան կը զգայ փոփոխութիւններ, որոնց մասին կողակիցներ կրնան աւելի ուշ անդրադարձ ունենալ:

Կրնայ ըլլալ, որ բոլոր երեխաները կը զգան այդ փոփոխութիւնները, սակայն բոլորը ճշգրիտ մեկնաբանութիւն չեն կատարեր եւ այս գործօնները մանուկէ մանուկ կրնայ տարբերութիւն կրել, նկատի ունենալով տարիքը, հասունութեան մակարդակը, տան մէջ ստեղծըւած մթնոլորտը եւ այլն:

Դաւաճանութիւնը վստահաբար զոյգերու վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, սակայն զաւակներու պարագային շատ աւելի խոր վէրքեր կրնայ յառաջացնել, որովհետեւ անոնց յուզական աշխարհը շատ աւելի տարբեր է քան հասուն մարդոցը. մեծահասակները կրնան շատ աւելի «պատրաստուած» ըլլալ՝ քան մանուկները: Խաղաղ ու սիրով ապրող ընտանիքներու զաւակները նոյնիսկ միշտ իրենց մէջը ընտանիքներու ամուսնալուծութեան հանդէմ բնական վախ մը կ՚ունենան. ամուսնալուծութեան մտածումը անգամ վախ ու սարսափ կը յառաջացնէ անոնց մօտ, հետեւաբար ինչքա՜ն աւելին պիտի ըլլայ, երբ անոնք իրապէս դէմ յանդիման գտնուին ծնողներու ամուսնալուծութեան: Զոյգերու համար ամուսնալուծութիւնը կրնայ ուրիշ իմաստներ ու բացատրութիւններ ունենալ, սակայն մանուկներու համար այդ մէկը անապահով ներկայ ու ապագայ մը կ՚ուրուագծէ եւ ինքնաբերաբար անոնց մէջ կը զարգացնէ վախի զգացումը, որովհետեւ անոնց համար ընտանիքի սէրը՝ որպէս հայր ու մայր հաւասարապէս կարեւորութիւն ունի: Մանուկները վարժուած կ՚ըլլան առօրեայի մը եւ այդ առօրեայի փոփոխութիւնը յաճախ անհանգստութիւն կը պատճառէ. ամուսնալուծութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ փոխել անոնց առօրեան եւ այդ փոփոխութիւնը վախ կը յառաջացնէ իրենց մօտ եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ մանուկներ ինքնաբերաբար կը սկսին նկատել, թէ ինչը կարելի է ըսել եւ ինչը՝ ոչ. որ բացայայտումը կրնայ խնդիրներ ստեղծել հօր եւ մօր միջեւ եւ հետեւաբար ինչը պէտք է գաղտնի պահել եւ ինչը՝ ոչ:

Զոյգեր ամուսնալուծութիւնը որպէս «ազատութիւն» կը նկատեն, սակայն իրենց ազատութեան գնով զաւակներ կրնան մեծ վնասներ ապրիլ, թէ՛ ընտանեկան եւ թէ ընկերային շրջանակներէն ներս. չափազանցութիւն չ՚ըլլար եթէ ըսենք, որ աշխարհի չարագործներուն մեծամասնութիւնը եկած են անհաշտ ընտանիքներէ, ուր անպակաս եղած է կռիւն ու պայքարը: Կը հաւատանք, որ զոյգեր իրենց ազատութեան սիրոյն իրաւունք չունին զոհելու իրենց զաւակներուն անդորրը, խաղաղ ապրելակերպն ու հոգեվիճակը, որովհետեւ զոյգերու ազատութեան փնտռտուքը կրնայ խլել զաւակներու «ազատութիւն»ն ու երջանկութիւնը:

Անզաւակ զոյգերու պարագային ամունսալուծութիւնը զոյգերուն միջեւ եղող բան մըն է, սակայն զաւակի մը գոյութեան պարագային զոյգերու սահմաններէն դուրս գալով զաւակ-ծնողք հարցի կը վերածուի, որովհետեւ որպէս ծնողք անոնց հանգստութիւնը շատ աւելի առաջնահերթ պէտք է ըլլայ՝ քան մեր հանգստութիւնը. ծնողք ըլլալը այդ զոհողութիւնը կը պահանջէ:

Յաճախ «կը վարժուի» մը կ՚ըսենք, կը մտածենք, թէ միայն սկզբնական ժամանակը կրնայ դժուար թուիլ մանուկի մը համար, սակայն ցաւ ի սիրտ, շատ անգամ անոր ազդեցութիւնը կրնայ շատ աւելի երկար՝ ամբողջ կեանք մը անջնջելի մնալ:

Սյս բոլորին իսկական ազդեցութիւնները աւելիով յստակ դարձնելու համար պէտք է մի՛շտ օրինակ վերցնենք իրական կեանքէ։ Լիբանանի վարժարաններէն մէկուն մէջ ուսուցիչներ կը նկատեն, թէ լաւագոյն աշակերտուհիներէն մին վերջին ամիսը անյաջող արդիւնքներ կ՚արձանագրէ եւ չի կրնար դասերուն կեդրոնանալ: Հոգեբանի ու մանկավարժի ճամբով եղած խօսակցութիւններու ընթացքին կը գիտցուի, թէ զաւակը ականատես եղած էր հօր դաւաճանութեան. մինչեւ այդ օր հայրը «պաշտող» աղջկան մօտ փշրուած էր հօր տիպարը եւ ահաւոր յուսախաբութիւն եւ հիասթափութիւն յառաջացած:

Մենք կողմ ենք ամուսնալուծութեան, որովհետեւ նոյն տան մէջ առանց խաղաղութեան ապիրլը մարդոց հոգեկանը չարչարելէ բացի ուրիշ բանի չի ծառայեր, սակայն զաւակի մը գոյութիւնը եւ մանաւանդ զաւակի մը իրաւունքները ամէն բանէ վեր ու առաջնահերթ կը նկատենք. ծնողներու անգիտակից ընաթցքին հետեւանքները զաւակներու վրայ բարդելու ո՛չ ոք իրաւունք ունի. նախընտրելի է որպէս զոյգեր այդ անդորրին մէջ ոչ-ուրախ վիճակի մէջ ապրիլ, քան խլել զաւակի մը ուրախութիւնը, այդ իսկ պատճառով զաւակ ունեցող զոյգերու պարագային որպէս զոյգեր իրարու միջեւ ամուսնալուծութեան մասին խօսելու փոխարէն պէտք է առաջնահերթութիւն տալ զաւակին:

Այսօր անթիւ են մանուկներ ՝ որոնք զոհը կը դառնան իրենց ծնողներու անգիտակից ընթացքին:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞վ հնարած է գրիչը:

Պատասխան. Գրիչի գոյութիւնը ունի շատ հին պատմական անցեալ, հասնելով Ք.Ա. 3000 թուականներ: Հին ժամանակ գրիչները հաւանաբար պատրաստուած են եղէգներէ:

Մերօրեայ գրիչները հնարած է լրագրող Լասլօ Պիրօ (Laszlo Biro) 10 յունիս 1943 թուականին: Ան հնարած է փոքր գնդիկով գրիչ մը, որ թուղթի վրայ գրելու ժամանակ պտտուելով վերի մասէն թանաքը կը վերցնէ եւ թուղթին կը փոխանցէ. այս գնդիկաւոր գրիչին շուրջ հիմքը դրուեցաւ ժամանակակից գրիչներու:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ դարերու ընթացքին տարբեր մշակոյթներ տարբեր ձեւի գրիչներ օգտագործեցին եւ հետեւաբար գրիչը ունեցաւ բազմաթիւ գիւտարարներ, որոնք ժամանակի ընթացքին զարգանալով հասան մեր օրերը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023