ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՐԺԱՆԻՔԸ
«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս այն հատուցումը, զոր հասարակութիւն մըն է խնդրոյ առարկան՝ որ պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի։
Արժանիքը առընչուած է «արդարութեան» առաքինութեան հետ, ըստ զուգակշռութեան սկզբունքին՝ որ կը կառավարէ զայն։ Աստուծոյ դիմաց՝ իրաւունքի սեղմ իմաստով, մարդուն կողմէ «արժանիք» գոյութիւն չունի։ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ անհաւասարութիւնը անչափելի է, որովհետեւ մարդ ամէն ինչ ստացած է Անկէ՝ մարդուն Արարչէն։ Քրիստոնեայ կեանքին մէջ՝ մարդուն արժանիքը Աստուծոյ մօտ յառաջ կու գայ այն իրողութենէն՝ որ Աստուած Ի՛նք ազատօրէն կը տրամադրէ, որ ան մասնակից դառնայ Իր շնորհքին գործին։
Աստուծոյ հայրական գործը նախընթաց է Իր դրդումով, իսկ մարդուն ազատ գործերը երկրորդն է իր գործակցութեամբ, այնպէս որ բարի գործերուն արժանիքները պէտք է վերագրուին նախ Աստուծոյ շնորհքին, ապա հաւատացեալին։ Մարդուն արժանիքը ամբողջովին յատկացուելու է Աստուծոյ, քանի որ մարդուն բարի գործերը իրենց ծագումը ունին Քրիստոսի մէջ, Սուրբ Հոգիին հոգածութեամբ եւ օգնութիւններով։ Որդեգրութիւնը, շնորհքին միջոցով՝ մեզ աստուածային բնութեան մասնակից ընելով, կրնայ մեզի փոխանցել, ըստ Աստուծոյ ձրի արդարութեան, «ճշմարիտ արժանիք» մը։ Ասիկա շնորհքէն պարգեւուած իրաւո՛ւնք մըն է. լիիրաւ իրաւունքը սիրոյ, որ մեզ կ՚ընէ «ժառանգակից» Քրիստոսի եւ արժանի ընդունելու «յաւիտենական կեանքին խոստացուած ժառանգութիւնը»։ Մարդուս բարի գործերուն արժանիքները պարգեւներն են աստուածային բարութեան։
«Շնորհքը մեզ կանխեց. իսկ այժմ մենք կը վերադարձնենք ի՛նչ որ պարտական ենք…։ Արժանիքները պարգեւներ են Աստուծոյ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Շնորհքի մարզին մէջ նախաձեռնութիւնը քանի որ Աստուծոյ կը պատկանի, ոչ ոք կրնայ արժանանալ առաջին շնորհքին, որ սկիզբն է դարձին, ներումին եւ արդարացումին։ Սուրբ Հոգիէն եւ սէրէն դրդուելէ յետոյ է, որ մարդ կրնայ իրեն եւ ուրիշին համար արժանանալ շնորհքներուն, որոնք օգտակար են իր սրբութեան, շնորհքին եւ սիրոյն աճումին, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքին ընկալումին համար։ Մարդ կրնայ արժանանալ նոյնիսկ ժամանակաւոր բարիքներուն, ինչպէս առողջութեան, բարեկամութեան՝ ըստ Աստուծոյ իմաստութեան։
Այս շնորհքները եւ այս բարիքները քրիստոնեայ աղօթքին նիւթերն են։ Արդարեւ, աղօթքը կը հայթայթէ շնորհքները՝ որոնք կարիքը ունին արդիւնաւոր գործ կատարելու համար։ Քրիստոսի սէրը մեր մէջ աղբի՛ւրն է մեր բոլոր արժանիքներուն։ Անոնք արժանիքներ են Աստուծոյ առջեւ։ Շնորհքը գործօն սիրով մեզ Քրիստոսի միացնելով, կ՚ապահովէ գերբնական բնոյթ մը մեր արարքներուն, ուստի կ՚ապահովէ նաեւ անոնց արժանիքը Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ։ Սուրբերը միշտ վա՛ռ գիտակցութիւնը ունին եւ ունեցած են հինէն ի վեր, թէ իրենց արժանիքները զուտ շնորհք եղած են։
Կեանքի լիութեան եւ սիրոյ կատարելութեան կոչը կ՚ուղղուի բոլոր անոնց՝ որոնք կը հաւատան Քրիստոսի, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց կարգը եւ վիճակը։ Բոլորը կոչուած են սրբութեան. «Կատարեալ եղէ՛ք ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Ե 48)։
Արժանիքը՝ հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կը ձգտի Քրիստոսի հետ միշտ աւելի սերտ միութեան։ Այս միութիւնը կը կոչուի «միստիկ», որովհետեւ կը մասնակցի Քրիստոսի խորհուրդին՝ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն հետ -սուրբ խորհուրդներով- եւ Անոր մէջ՝ խորհուրդին Ամենասուրբ Երրորդութեան։ Արժանիքի եւ կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024