«ԷՍԱԵԱՆ» ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ

Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ, իր «Ա­ռա­քեալ­նե­րու Գոր­ծե­րը» գիր­քին մէջ, յի­շե­լով Տէր Յի­սու­սի խօս­քը՝ կ՚ը­սէ. «Ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է տա­լը, քան առ­նե­լը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։­

Ար­դա­րեւ, ի՜նչ կ՚ար­ժէ ու­նե­նալ ո­րե­ւէ ար­ժէք, բա­րո­յա­կան կամ նիւ­թա­կան, մտա­ւոր կամ հո­գե­կան, բայց չօգ­տա­գոր­ծել զայն, ա­ռիթ չտալ, որ օգ­տա­գոր­ծուին նաեւ ու­րիշ­ներ։ Այ­լա­պէս ա­մուլ եւ ան­շարժ, ա­նօ­գուտ ո­րե­ւէ «ար­ժէք», անն­պա­տակ եւ ա­նի­մաստ կը մնայ եւ ե­թէ ո՛չ վնաս, բայց ո­րե­ւէ նպաստ ալ չի ստեղ­ծեր։ Այն բա­նը, որ ա­նօ­գուտ է, ա­ւե­լորդ է՝ անպ­տուղ, ա­պար­դիւն, ա­նի­մաստ եւ ա­մո՛ւլ։

Ո­րե­ւէ գո­յու­թիւն, ար­դա­րեւ, ար­ժէք կը ստա­նայ իր ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ, օգ­տա­կա­րու­թեամբ եւ գոր­ծա­ծու­թեամբ։ Ուս­տի, ու­նե­նալ չի՛ բա­ւեր, այլ պէ՛տք է ու­նե­ցա­ծը օգ­տա­գոր­ծու­թեան ա­ռաջ­նոր­դել։

Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը մեզ կը տա­նի սա ճշմար­տու­թեան, թէ՝ ա­մէն ար­ժէք, նիւ­թա­կան ստա­ցուածք կամ բա­րո­յա­կան հարս­տու­թիւն պէտք է գոր­ծա­ծուի մար­դուս օգ­տին, բա­րի­քին եւ շա­հուն ի նպաստ։

Եւ ու­րեմն, մարդ պէտք է զա­նա­զա­նէ մի­ջո­ցը կամ ա­ռար­կան՝ նպա­տա­կէն եւ պէտք չէ՛ շփո­թէ այս եր­կու­քը, այ­լա­պէս, նպա­տա­կը մի­ջո­ցի, մի­ջո­ցը նպա­տա­կի տեղ պէտք չէ՛ ըն­դու­նուի։ Այս ի­մաս­տով, ա­մէն նիւ­թա­կան հարս­տու­թիւն, ա­մէն բա­րո­յա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն, մտա­ւոր ար­ժէք, հո­գե­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն մի­ջոց­ներ են՝ մար­դուն եր­ջան­կու­թեան, ա­նոր բա­րու­թեան, ա­նոր օգ­տին, կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան։

Կան ձրի տուր­քեր, պար­գեւ­ներ՝ ձիրք, տա­ղանդ, բնա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն, ո­րոնք մի­ջոց­ներ են, ա­ռար­կա­ներ են ի­րե­րօգ­նու­թեան, մարդ­կու­թեան օգ­տին եւ շա­հուն ի նպաստ գոր­ծա­ծու­թեան՝ ա­նոր եր­ջան­կու­թեան եւ բա­րե­լաւ­ման ու բա­րե­փոխ­ման հա­մար։ Եւ ե­րա­նե­լի՜ է այն՝ որ իր ու­նե­ցա­ծը, թէ՛ նիւ­թա­կան, թէ՛ բա­րո­յա­կան, կը յատ­կաց­նէ մարդ­կու­թեան եր­ջան­կու­թեա­նը եւ կա­տա­րե­լա­գործ­մա­նը ի­րա­կա­նաց­ման։ Ար­դա­րեւ, մարդ ա­րա­րա­ծին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րի նպա­տակ­նե­րէն մին եւ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է՝ «ի­րե­րօգ­նու­թի՛ւն»։ Իւ­րա­քան­չիւր անձ, ա­մէն մէկ ան­հատ իր ծնուն­դէն իսկ կո­չուած է իր նմա­նին օգ­նե­լու, ա­նոր ձեռք եր­կա­րե­լու՝ իր ու­նե­ցած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով ու­րի­շին պա­կա­սը լրաց­նե­լու, իր նմա­նին տկա­րու­թիւն­նե­րը զօ­րաց­նե­լու եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու։ Եւ ան­շուշտ, փո­խա­դար­ձա­բար ու­րիշն ալ ա­նոր պա­կա­սը լրաց­նե­լու եւ տկա­րու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ու­նի, քա­նի որ ինչ­պէս ը­սինք, մար­դուս կո­չու­մը ա՛յս է։ Ձրի առ­նուա­ծը՝ ձրի տալ, ա­ռանց խնա­յե­լու, ա­ռա­տօ­րէն տալ, նոյ­նիսկ ստա­ցա­ծէն ալ ա­ւե­լին տալ, ա­ւելց­նե­լով, ար­դիւ­նա­ւո­րե­լով զայն։

Ուս­տի մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը հաս­տա­տուած է «ըն­դու­նել»ու, «ստա­նալ»ու՝ «առ­նել»ու վրայ, բնա­կան է այս, բայց երբ փո­խա­դարձ է ա­սի­կա. մէ­կը որ­քան ի­րա­ւունք ու­նի «ստա­նալ»ու, մէկ ու­րիշն ալ նոյն­քան ի­րա­ւունք ու­նի «առ­նել»ու։

Հա­սա­րա­կա­կան-ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը այն կը պա­հան­ջէ, որ ա­մէն ան­հատ «առ­նէ» եւ սա­կայն «տալ»ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­նայ իր ու­նե­ցա­ծէն տրա­մադ­րե­լու ու­րի­շին՝ իր ստա­ցա­ծին փո­խա­րէն։ Ան­հա­ւա­սար­նե­րու մի­ջեւ կա­յա­ցած այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը եւ հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու մէջ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ ըն­կե­րա­յին ընդ­հա­նուր ար­դա­րու­թիւ­նը։ Բայց միշտ պէտք է ի մտի ու­նե­նալ, թէ՝ «տա­լը ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է, քա­ն առ­նե­լը»։ Ար­դա­րեւ, տուո­ղը, ան­պայ­մա՛ն փո­խա­դար­ձը կ՚առ­նէ եւ աս­տուա­ծա­յին հա­ւա­սա­րու­թեան մէջ ա՛յս­պէս կը հաս­տա­տուի ար­դա­րու­թիւ­նը։ Եւ այս փո­խա­դար­ձու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, այ­սինքն երբ մէ­կը կ՚ու­զէ առ­նել, պար­տա­ւոր եւ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է նաեւ ու­րի­շին տա­լու, քա­նի որ այդ «ու­րիշ»ն ալ իր կար­գին ու­նի նոյն «ստա­նա­լու» փա­փա­քը, առ­նե­լու զգա­ցու­մը։ Մէկ խօս­քով՝ ըն­կե­րա­յին ընդ­հա­նուր ար­դա­րու­թիւ­նը կը հաս­տա­տուի առ­նե­լով եւ առ­նուա­ծին փո­խա­րէն տա­լով։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս ի­մաս­տով, ու­նե­ցա­ծը օգ­տա­գոր­ծու­թեան յատ­կաց­նե­լու, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու իս­կա­կան տի­պար­ներ ե­ղած են Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր բա­րե­րար­նե­րը՝ Յով­հան­նէս եւ Մկրտիչ Է­սաեան եղ­բայր­ներ, ան­շուշտ ա­ռանց մոռ­նա­լու՝ Ան­նա մայր Էա­սեա­նը։

Տի­պար մար­դոց, տի­պար ըն­տա­նիք­նե­րու կեն­սագ­րա­կա­նը լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­ներ են բա­րե­գոր­ծու­թեան, կա­րեկ­ցու­թեան, գթասր­տու­թեան եւ վեր­ջա­պէս մար­դա­սի­րու­թեա՛ն, ո­րուն կո­չուած ենք ա­մէն մէկս՝ եւ ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու ենք բո­լորս։

Գէորգ Էա­սեա­նի զա­ւակ­ներն են Յով­հան­նէս եւ Մկրտիչ։ Յով­հան­նէս ծնած է 1841 թուա­կա­նին, իսկ Մկրտիչ՝ 1843-ին։ Ա­նոնք ի­րենց աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ, Հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կար­գին վա­յե­լե­ցին մեծ համ­բաւ եւ ար­դար հարս­տու­թիւն, որ­մէ ազ­գին բա­ժին հա­նե­ցին ա­ռա­տա­ձեռ­նօ­րէն՝ ժո­ղո­վուր­դին կա­րօ­տու­թիւն­նե­րուն նպաս­տե­լով։

Ա­նոնք, կար­ծես մարմ­նա­ցեալ օ­րի­նակ­ներն էին այն ա­ւե­տա­բեր խօս­քին, որ կ՚ը­սէր, թէ՝ տա­լը ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է, քան առ­նե­լը։ Ա­նոնք ար­դա­րու­թեամբ բաժ­նե­ցին այն՝ ի՛նչ որ ար­դար կեր­պով շա­հած էին։

Ար­դա­րեւ, ա­նոնք ցոյց տուին, թէ ար­դար ճամ­բով շա­հուա­ծը՝ ար­դա­րու­թեամբ օգ­տա­գոր­ծել ա­մե­նա­մեծ ա­ռա­քի­նու­թիւնն է եւ ազ­նուու­թիւ­նը եւ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ գոր­ծե­րուն ա­ռաջ­նա­կա՛րգն է։

Եւ ան­շուշտ, ա­նոնց այս թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ հո­գե­ւոր փոր­ձա­ռու­թեան մէջ կա­րե­լի չէ՛ ան­տե­սել եւ չգնա­հա­տել մօր մը դե­րը, ինչ­պէս կ՚ը­սուի. «ա­մէն յա­ջո­ղու­թիւն կը հիմ­նուի կին-մար­դու մը վրայ»՝ որ է մա՛յ­րը, ինչ­պէս՝ Ան­նա մայր Էա­սեա­նը։

Յով­հան­նէս Է­սաեան մե­ռաւ Ֆրան­սա՝ 26 Յու­լիս 1900 թուա­կա­նին եւ թա­ղուե­ցաւ Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։

Իսկ Մկրտիչ Էա­սեան մե­ռաւ 7 Օ­գոս­տոս 1921 թուա­կա­նին։ Ի­րենց մայ­րը, Ան­նա Էա­սեան, որ իր զա­ւակ­նե­րուն բա­րե­րա­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ թե­լադ­րո­ղը եւ քա­ջա­լե­րո­ղը ե­ղած է, յա­ճախ եւ ինքն իսկ ան­ձամբ մի­ջամ­տած ու գոր­ծակ­ցած է հան­րա­յին կեան­քին, մե­ռած է 20 Մարտ 1917 թուա­կա­նին։

Ան­հատ­ներ եւ ա­նոնց կազ­մած ըն­տա­նիք­ներ կը յա­ւեր­ժա­նան ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ մա­նա­ւանդ ի­րենց օգ­տա­կա­րու­թեամբ՝ ի­րենց «ու­նե­ցած»ը ար­դա­րու­թեամբ եւ ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեամբ բաժ­նե­լով եւ բաժ­նե­կից ը­նե­լով ժո­ղո­վուր­դի ա­մէն մէկ ան­դա­մը։

Մշտնջե­նա­ւոր պա­տուի կ՚ար­ժա­նա­նան եւ կ՚ան­մա­հա­նան ա­նոնք, որ ի­րենց բա­րե­գոր­ծու­թեամբ օգ­տա­կար ե­ղած են հա­սա­րա­կու­թեան եւ բա­րի յի­շա­տակ մը՝ դրո՛շմ մը թո­ղած են ա­նոր վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 9, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունուար 13, 2017