Ի ՑՈՅՑ ՄԱՐԴԿԱՆՑ

Տարիներ առաջ գիրքի մը խմբագրութիւնը կատարեցի եւ տպագրութեան ծախսերու մեկենասութեան համար ազգի մեծահարուստներէն մէկուն հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցայ եւ ի յիշատակ իր հանգուցեալ ծնողին գիրքի մեկենասութիւնը խնդրեցի: Տատամսելէ ետք սկսաւ բացատրութիւններ տալ երկրի տնտեսական վիճակին մասին, գործերու տկարութեան մասին եւ յայտնեց, թէ կրնայ գիրքի տպագրութեան ծախսերուն միայն կէսը հոգալ եւ առաջարկեց միւս կէսին համար ուրիշին դիմել: Բացատրեցի, թէ յարմար չէ գիրքի տպագրութեան մէջ յիշել երկու մեկենասներու անուն. նախընտրելի է մէկ հոգի ստանձնէ եւ իր սիրելիներէն մէկուն յիշատակին հովանաւորէ տպագրութիւնը. մեծահարուստը զարմացաւ. «Սկիզբէն ըսէիր անուն-մանուն տպել կայ. այդ պարագային ոչինչ, ամբողջ ծախսը ես կը հոգամ»: Գիրքը տպագրուեցաւ... սակայն սիրելիներէն մէկո՞ւն յիշատակին, թէ ի պատիւ իր անուան՝ չեմ գիտեր:

Մեր ազգի մէջ այսօր բազմաթիւ են այնպիսիք, որ ո՛չ թէ ողորմութիւն ու օգնութիւն կը ցուցաբերեն, այլ մեծամեծ գումարներու դիմաց իրենց անուան ծանուցումը կը կատարեն, որովհետեւ իրենց ԵՍ-ի ծանուցումը աւելի կ՚արժէ քան կատարուած ողորմութիւնը կամ խմբագրուած աշխատութիւնները, որովհետեւ անոնք կողքով աւելի հետաքրքրուած են՝ քան միջուկով: Այսօր մեր կեանքի մէջ բազմաթիւ բարերարութիւններ կը կատարուին ո՛չ թէ կարօտեալին օգնելու, անոր ցաւը մեղմելու եւ մխիթարելու միտումով, այլ շրջանակին կողմէ լսելի դառնալու, շոյուելու եւ մեծարուելու նպատակով, թէ ոչ ի՞նչ իմաստ ունի այն ողորմութիւնն ու օգնութիւնը, երբ մարդիկ անտեղեակ պիտի մնան անոր իրագործումէն:

Մեր հայկական մեծագոյն ախտերէն մէկն է ապրիլ ի ցոյց մարդկանց եւ այդ երեւոյթը ո՛չ թէ միայն հիմա, այլ աւելի քան դար մը առաջ եւս գոյութիւն ունէր. գրող, մանկավարժ եւ հրապարակախօս Ղազարոս Աղայեան մեր թուականէն 142 տարիներ առաջ՝ 1880 թուականին իր «Բաժանութիւն» պատմուածքին մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «Մենք քաղաքացիներս սովոր ենք ապրիլ ի ցոյց մարդկանց: Կը զարդարուինք, կը զուգուինք եւ դուրս կու գանք փողոց, որ ցոյց տանք մեր արտաքին զարդն ու զարդարանքը: Ամէնքս ալ գիտենք այդ մէկը, բայց դարձեալ կը շարունակենք զիրար խաբել, զիրար շլացնել մեր ունեցուածքով» (Ղազարոս Աղայեան, «Երկեր», Երեւան, 1962, էջ 337): Այդ յիշուածներէն ո՞ր մէկը փոխուած է մեր կեանքերէն. ակներեւ չէ՞ կեանքի մէջ մեր կատարած ցուցադրութիւններն ու շռայլութիւնները:

Անցեալին կը քարոզուէր. «երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չի գիտնայ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ» (Մատթէոս 6.3). ձախը հարուստն է, իսկ աջը մարդկութիւնը: Մամուլի եւ համացանցի ճամբով հետեւեցէ՛ք մեր հայկական կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն ու ակումբներուն. ձախին ըրածը աջին գիտցնելու համար ջանք չե՛ն խնայեր, որովհետեւ հիմնական նպատակն է աջին իմացութիւնը: Բացէ՛ք եւ տեսէք. ողորմութիւն տուած ժամանակ կը նկարուին, երկար-երկար «ողորմութեան» տեղեկատուութիւնը կ՚ընեն եւ կարելի ամէն միջոցներով տարածել կը փորձեն, որպէսզի աջը՝ մարդկութիւնը գիտնայ, թէ իրենք տոպրակ մը բրինձ, տոպրակ մը ալիւր տուած են աղքատ կարիքաւորին:

 Թէեւ ըսենք, թէ տեղ մըն ալ այդ մէկը պարտաւոր են ընելու, որովհետեւ հայկական աւանդութեան համաձայն, «ողորմութիւն» ընեն թէ ոչ՝ քննադատութեան պիտի արժանանան: Եթէ իրենց ողորմութիւնը ի ցոյց մարդկանց չընեն՝ մեր կազմակերպութիւնները պիտի քննադատենք, թէ «ո՛չ մէկ բան կը կատարեն», իսկ եթէ ի ցոյց մարդկանց ընեն այդ բոլորը՝ դարձեալ պիտի քննադատենք, թէ «մարդոց ցոյց տալու համար կ՚ընեն»: Ո՛չ թէ կեանքը, այլ մենք ենք որ ստեղծած ենք եւ ստեղծեցի՛նք նման մթնոլորտ ու միջավայր, մոռնալով տեղ մը, որ այդ բոլորը ոչ թէ «բարիք»՝ այլ հայու հայուն նկատմամբ ունեցած պարտաւորութիւնն է:

Այսօր մեր կարիքաւոր զաւակները մէյ մէկ Ներսէս աղբարներ են, իսկ մեր մեծահարուստները Նիկողայոս Աղաներ, որոնք ամէն յարմար առիթի կ՚ուզեն երեսի տալ, յիշեցնել ու յայտարարել իրենց կատարած բոլոր «բարեգործութիւն»ները: Մեզմէ ո՞վ պիտի չուզէր այսօր Ներսէս Աղբարի օրինակով Նիկողայոս Աղաներուն երեսին տալ տժվժիկի համար նուիրուած կովու լեարդը: Այսօր այդ լեարդներով մարդիկ կը փորձեն գնել, տիրել մեր կեանքերուն եւ յաճախ մենք սիրով կ՚ընդունինք այդ դաժան առեւտուրը: Անոնց տուած կովու լեարդէն կախեալ է նաեւ մեր մարդկային լեարդները մաշեցնելով կանգուն պահել փորձած մամուլի ապագան եւս: Դաժա՛ն է կեանքը. այսօր կովու լեարդը աւելի՛ կ՚արժէ, քան մարդունը: Մարդ արարածը ի՛նք իր կեանքին մէջ տեղ տուաւ այդ կովու լեարդներու գոյութեան եւ փոխանակ իշխելու՝ գերին դարձաւ անոր:

 Մեր կեանքը այսօր լոկ ժամանակաւոր փառքի մը մրցակցութիւնն է, որուն վարձատրութիւնը Ներսէս Աղայի հպարտութենէն տարբեր բան մը չէ: Ամէն անգամ երբ մեր շրջանակին մէջ տեսնեմ Ներսէս Աղանե-րը, կը յիշեմ Աշուղին խօսքերը.

Պարոն հարուստ, ինչո՞ւ այդքան հպարտ ես,
Ունայն աշխարհի մէջ բաղձանքդ ի՞նչ է,
Վերջ ի վերջոյ դուն ալ կեանքդ կ՚աւարտես,
Ի զուր մտածմունքդ, տանջանքդ ի՞նչ է...

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀԱՅԿ ԱՍԱՏՐԵԱՆ
(1900-1956)

Մեր թուականէն 66 տարիներ առաջ՝ 13 յունուար 1956-ին, Սոֆիայի մէջ մահացած է հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, խմբագիր, փիլիսոփայ եւ Գարեգին Նժդեհի միակ խորհրդատու Հայկ Ասատրեան:

Ասատրեան ծնած է 5 փետրուար 1900 թուականին, Ալաշկերտի գաւառի Երից գիւղին մէջ: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի եւ ապա Երեւանի թեմական դպրոցէն ներս եւ ապա ընդունուած Պերլինի բարձրագոյն քաղաքական դպրոց, որմէ ետք ուսանած է նաեւ Փրակի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1930 թուականին եւ ստացած է փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթորի կոչում: Համալսարանական աշակերտութեան տարիներուն՝ 1918-1919 թուականներուն Երեւանի մէջ սկսած է հրատարակել «Շանթ» թերթը: Ասատրեան 1921 թուականին մասնակցած է Փետրուարեան ապստամբութիւններուն եւ ձերբակալումէ ազատելու համար Նժդեհի հետ միասին մեկնած է Թաւրիզ, ապա Եւրոպա եւ ապա անցած է Պուլկարիա, ուր եղած է Սոֆիայի Գէորգ-Մեսրոպ ճեմարանի ուսուցիչ: Սոֆիայի մէջ Ասատրեանի ջանքերով լոյս տեսած է «Խռովք» գիտական ամսագիրը: Ասատրեան եղած է նաեւ «Ռազմիկ» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագիր, ինչպէս նաեւ Նժդեհի հետ միասին հրատարակած է «Ցեղ եւ հայրենիք» ամսագիրը: Ասատրեան իր մտածումներն ու ըմբռնումները հրատարակած է առանձին հատորներով. անոր առաջին գործը՝ «Մտածումներ հայկական ճգնաժամի, հայ յեղափոխութեան եւ Մայիս 28-ի մասին» աշխատութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1933 թուականին, որուն յաջորդած են «Արթնացի՛ր, հայ մարդ», «Ցեղանենգ շէյթանը» եւ այլ աշխատութիւններ: Իր գիրքերուն մէջ Ասատրեան փորձած է փաստել, թէ հայերը ոչ թէ հնդեւրոպական (արիական), այլ սեմական ծագում ունին եւ անոր մասին հրատարակած է «Հայաստան-Արիական նախադիրք առաջաւոր Ասիայում» գիրքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 13, 2022