ՄԷ՛Կ ԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄԷ՛Կ ՆՊԱՏԱԿ

Ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս, կեան­քին ար­ժէ­քը կը տես­նեն «քա­նա­կու­թեան» մէջ՝ ե­թէ ո­րե­ւէ բան շատ է, տա­րա­ծուած է, բազ­մա­թիւ է, ճոխ է, ա­պա ու­րեմն ան մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, իսկ ե­թէ քիչ է, չա­փա­ւոր է, պարզ է, հա­մեստ ե­րե­ւոյթ մը կը պար­զէ՝ ա­նի­կա այն­քան ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ։ Ու­րիշ խօս­քով, մար­դիկ շատ յա­ճախ «քա­նակ»ին ե­տե­ւէ են, ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թիւն եւ ար­ժէք կ՚ըն­ծա­յեն եւ կ՚ան­տե­սեն «ո­րակ»ը։

Ա­սի­կա միշտ այս­պէս ե­ղած է՝ մար­դիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յած են «բազ­մու­թեան», «ճո­խու­թեան», եւ հրա­պու­րուած են ա­նոնց­մէ, քա­նա­կին, չա­փին ար­ժէք տուած են, եւ ո՛չ թէ ո­րա­կին։ Մինչ­դեռ կեան­քի ար­ժէ­քը միշտ ո­րա­կին մէջ է ե­ղած։ Կեան­քի մը ար­ժէ­քը այն ա­տեն կը մեծ­նայ, կ՚ա­ւել­նայ, երբ մարդ կրնայ իր ու­ժե­րը հա­ւա­քել եւ կեդ­րո­նաց­նել «մէ՛կ» գոր­ծի մը վրայ, փո­խա­նակ տա­րա­ծե­լու զա­նոնք բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանք­նե­րու եւ գոր­ծե­րու վրայ։

Ա­մե­րի­կա­ցի­ներ կ՚ը­սեն. «Ե­թէ յա­ջող մարդ ըլ­լալ կ՚ու­զես, ա­մէն մար­դու ը­րա­ծէն բո­լո­րո­վին տար­բեր բան մը ը­րէ, անն­ման գործ մը կա­տա­րէ, իսկ ե­թէ հա­սա­րակ գործ մը կ՚ը­նես՝ լա­ւա­գոյ­նը ը­րէ»։­

Ո՞ր մէ­կը ա­ւե­լի օգ­տա­կար եւ ար­դիւ­նա­բեր է՝ շատ ու բազ­մա­թիւ գոր­ծեր ը­նե­լու աշ­խա­տիլ եւ զա­նոնք ան­կա­տար թո­ղո՞ւլ, թէ մէկ գործ մը ը­նել, լա­ւա­գոյն եւ կա­տա­րեալ ը­նել։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ՝ մարդ մը երբ շատ ու զա­նա­զան գոր­ծեր կա­տա­րե­լու ե­տե­ւէ է, ա­նի­կա եր­բեք չի յա­ջո­ղիր, գո­նէ ան­կա­տար ու թե­րի կը թո­ղու զա­նոնք, այ­սինքն չի կրնար հաս­նիլ իր նպա­տա­կին։

Այս պատ­ճա­ռով է, որ միշտ նա­խընտ­րե­լի է քա­նա­կի պա­կա­սու­թիւ­նը եւ ա­սոր փո­խա­րէն ո­րա­կին բարձ­րու­թիւ­նը։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ բնա­կան օ­րէնքն ալ կ՚ը­սէ, թէ այն բա­նը որ հա­զուա­գիւտ է, քիչ է, ա­ւե­լի մեծ ար­ժէք ու­նի, քան ա­ռատ է եւ քա­նա­կով շատ։ Գո­նէ տնտե­սա­գի­տա­կան պարզ կա­նոն է՝ այն որ քիչ է «սո՜ւղ» է եւ այն որ ա­ռատ է՝ «ա­ժա՛ն»։

Կ­՚ը­սեն, որ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող խում­բը ի­րա­ւա­ցի է եւ զօ­րա­ւոր։

Բայց ա­մէն ա­տեն բազ­մու­թեան ձայ­նը բարձր կրնայ չըլ­լալ, ե­թէ այդ բազ­մու­թիւ­նը ար­դա­րու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թիւ­նը չի ներ­կա­յաց­ներ։ Կեան­քի տե­սա­կէ­տէ երբ «բազ­մու­թիւն» մը կամ «մե­ծա­մաս­նու­թիւն» մը ո­րա­կա­ւոր չէ, ա­պա ու­րեմն ա­նի­կա ի­րա­ւա­ցի եւ ար­դար նկա­տել կա­րե­լի չ՚ըլ­լա՛ր։ Եւ ու­րեմն կը տես­նուի, որ «քա­նակ» եւ «ո­րակ» պէտք է գո­նէ հա­մըն­թաց ըլ­լան։

Կեան­քի զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­ներ ալ կը վկա­յեն այս ի­րո­ղու­թեան. զոր օ­րի­նակ, ո՞­րը ա­ւե­լի օգ­տա­կար է՝ սնտուկ մը լե­ցուն փտած խնձո­րը, թէ՝ միայն մէկ հատ թարմ խնձո­րը։ Նոյն օ­րի­նա­կը կրնանք տալ մար­դու հա­մար ալ՝ բազ­մա­թիւ մար­դիկ՝ ծոյլ, անն­պա­տակ, եւ միայն մէկ հո­գի մը՝ աշ­խա­տա­սէր, ի­մաս­տուն եւ գի­տա­կից. ո՞ր մէ­կը ա­ւե­լի օգ­տա­կար կ՚ըլ­լայ՝ ծոյլ, ան­գի­տա­կից, ան­պա­տաս­խա­նա­տու մար­դոց­մէ կազ­մուած խո՞ւմբ մը, թէ գի­տա­կից, պա­տաս­խա­նա­տու միայն մէկ հո­գի մը։ Ու­րեմն կ՚ե­րե­ւի, թէ կա­րե­ւո­րը ո­րա՛կն է, եւ ո՛չ թէ քա­նա­կը։ Ա­յո՛, ա­ռա­տու­թիւ­նը, ճո­խու­թիւ­նը լաւ բան է ըստ ե­րե­ւոյ­թին, բայց ե­թէ այդ ա­ռա­տու­թեան, այդ ճո­խու­թեան մէջ չկայ օգ­տա­կա­րը, չկայ բա­րին, չկայ ճշմա­րի­տը, մէկ խօս­քով՝ չկայ ո­րա­կը, ա­պա ի՞նչ բա­նի պի­տի ծա­ռա­յէ ա­նի­կա։

Գի­տու­թիւնն ալ նոյն է. ե­թէ մէ­կը գի­տուն է, գի­տու­թիւն ու­նի, բայց այդ գի­տու­թիւ­նը օգ­տա­գոր­ծել չի գի­տեր, եւ կամ վատ բա­րո­յա­կա­նի տէր մէկն է, չար է եւ իր գի­տու­թիւնն ալ չա­րու­թեան ծա­ռա­յե­լու կը գոր­ծա­ծէ։ Ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը, այդ «շա՜տ» գի­տու­թիւ­նը կրնա՞յ ծա­ռա­յել իր նպա­տա­կին։

Հարս­տու­թիւնն ալ նոյնն է, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ մէ­կը չի գի­տեր բա­րիին ծա­ռա­յել, բա­րի նպա­տակ­նե­րու հա­մար գոր­ծա­ծել ա­ռատ ստա­ցուած­քը՝ հարս­տու­թիւ­նը, ա­պա ու­րեմն ի՞նչ բա­նի կը ծա­ռա­յէ այդ ա­ռա­տու­թիւ­նը, ճո­խու­թիւ­նը՝ հարս­տու­թիւ­նը։

Մինչ­դեռ ու­րիշ մը՝ հա­մեստ ստա­ցուած­քի տէր, երբ գի­տէ օգ­տա­գոր­ծել իր ու­նե­ցա­ծը, ո­րա­կա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու կը նուի­րուի, ա­հա­ւա­սի՛կ ճշմա­րիտ «հա­րուստ»ը ա՛յն է։ Եւ ու­րեմն հար­ցը ո՛չ թէ քա­նա­կին, այլ եւ մա­նա­ւա՛նդ ո­րա­կին մէջ կը կա­յա­նայ։

Եւ ա­ռա­տու­թեան, ո­րուն մէկ տե­սակն է՝ չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը, բազ­մու­թեան մէջ սխա­լին, թե­րիին, ան­կա­տա­րին հա­ւա­նա­կա­նու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւնն ալ կ՚ա­ւել­նայ։ Ար­ժէք մը որ­քան տա­րա­ծուի, կը ստի­պուի զո­հել իր ար­ժէ­քէն, եւ որ­քան սեղմ ու չա­փա­ւոր ըլ­լայ, այն­քան կ՚ա­ւել­նայ ար­ժէ­քը, գո­նէ կը պահ­պա­նէ իր ճշմա­րիտ, իս­կա­կան ար­ժէ­քը։

Վստահ եմ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, դուք ալ վկա­յած էք այս ե­րե­ւոյ­թին ձեր կեան­քին մէջ, նկա­տած էք ար­ժէք­ներ՝ ո­րոնք բազ­մու­թեան մէջ կոր­սուած, ան­տե­սուած են, իսկ ա­ռանձ­նու­թեան մէջ փայ­լած եւ յայտ­նուա՛ծ։

Կա­կա­չը (=tulip) գար­նան գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկն է։ Եւ ու­շագ­րաւ է ա­նոր մաս­նա­յատ­կու­թիւ­նը՝ որ կը տար­բե­րի միւս ծա­ղիկ­նե­րէն. կա­կա­չը մէ՛կ ցօ­ղու­նի մը ծայ­րը մէ՛կ հա­տիկ ծա­ղիկ մըն է՝ անն­ման ու­րիշ ծա­ղիկ­նե­րու, ո­րոնք մէկ ցօ­ղու­նի վրայ ծա­ղիկ­նե­րու փուն­ջեր կը կրեն…։

Ա­յո՛, սի­րե­լի՜­ներ, կա­կա­չին ար­մա­տը՝ սո­խը թա­ղուած հո­ղին մէջ, իր բո­լոր ու­ժը, զօ­րու­թիւ­նը, կա­րո­ղու­թիւ­նը կը գոր­ծա­ծէ ծնե­լու հա­մար միայն մէ՛կ հա­տիկ ծա­ղիկ մը, եւ որ­պէս միակ զա­ւակ, կեան­քի կո­չե­լու, կեանք տա­լու իր մէկ հա­տիկ բող­բո­ջին։ Ուս­տի կա­կա­չը, այս գե­ղե­ցիկ ու ըն­տիր ծա­ղի­կը, այս իսկ պատ­ճա­ռաւ «կա­տա­րեալ ծա­ղիկ» մըն է՝ շնոր­հա­լի, սի­րուն եւ հրա­պու­րի՜չ…։

Կա­կա­չը «դա՛ս» մըն է պար­զու­թեան, հա­մես­տու­թեան, ա­ռանձ­նու­թեան եւ ո­րա­կի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ ո՛չ թէ՝ քա­նա­կի։ Կա­կա­չը հրա՛շք մըն է բնու­թեան, հրա­շա­լի՜ դաս մը՝ հպարտ, ինք­նա­հա­ւան, մե­ծա­միտ մարդ­կու­թեան, եւ դաս մը՝ ա­ռանձ­նու­թեան, ա­ռա­քի­նու­թեան եւ ազ­նուու­թեա՛ն։ Ա­յո, սի­րե­լի՜­ներ, կեան­քի մէջ եւ բնու­թեան մէջ կան ծա­ծուկ դաս­տիա­րակ­ներ, ո­րոնք կեան­քը՝ կեան­քին ի­մաս­տը կը սոր­վեց­նեն, կեան­քը ապ­րե­լու կեր­պը ցոյց կու տան եւ ա­նոնք հա­մեստ ու ա­ռան­ձին՝ կը սպա­սեն ա­շա­կերտ­նե­րու, կեան­քը սոր­վե­լու փա­փա­քով լե­ցուած ա­շա­կերտ­նե­րու, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին կեա՛ն­քին։

Ա­մէն մարդ մի՛շտ ստա­նա­լու է այդ դա­սը՝ հա­մեստ, ա­ռան­ձին, պարզ դաս­տիա­րա­կէն։

Կա­կա­չէ՛ն առ­նենք մեր կեան­քի դա­սը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 8, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2016