ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ՍԷՐԸ

Նայելով այս մարդուն խոնարհ ու անշուք նայուածքներուն ի՞նչ կը տեսնէք. անշնչացած այս պատկերը ի՞նչ կ՚ըսէ ձեզի:

Շա՜տ բաներ պէտք է որ ըսէ:

Վերջերս յատուկ սէր ու հետաքրքրութիւն ունիմ գրողներու գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն կողքին կարդալ անոնց անձնական նամակագրութիւնները, ուր հրատարակուած ստեղծագործութիւններուն կողքին կրնայ յայտնուիլ ամբողջութեամբ ուրիշ, անծանօթ տիպար մը, ինչպիսին է Դանիէլ Վարուժան որպէս գրող եւ որպէս անցաւոր մահկանացու մը:

Դանիէլ Վարուժանը մենք ճանչցած ենք «Ցեղին սիրտ»ով, «Հեթանոս երգեր»ով, «Հացին երգ»ով. ճանչցած ենք զինք «Յաղթանակի գիշերն է այսօր տօնական» արտայայտութիւնով, ճանչցած ենք զինք ա՛յն բանաստեղծութիւններով, որոնք մինչեւ օրս հայրենասիրութեան կրակ մը վառելու ուժգնութիւնը ունին. անձ՝ որուն մասին ժամանակակիցներ կ՚արտայայտուին սքանչացումով, Դանիէլը ներկայացնելով որպէս իմաստուն, ինքնատիպ ու հետաքրքիր տիպար:

Սակայն պոռթկացող Դանիէլ Վարուժան այդ քաջասիրտ ապրումներու կողքին ունէր այլ ապրում մը, որ պիտի չուզէր բարձրաձայնել, գիտակցելով, որ նման ապրումներ գիրի ճամբով կարելի չէ փոխանցել. լոկ ապրողը ի՛նք կրնայ զգալ ու ապրիլ այդ բոլորը:

Վարուժանի նամակներուն մէջ հանդիպեցայ սիրոյ հանդէպ իր ունեցած անկեղծ զգացումներուն եւ իր մեծահոգի անհատականութեան. Վարուժան սիրահարած էր իր երբեմնի աշակերտուհիներէն Արաքսի Թաշճեանին, որուն հայրը՝ Միհրան Թաշճեան մեծահարուստ վաճառական մը ըլլալով արգելք կը հանդիսանար երկու երիտասարդներու միացումին. ի՜նչ առեղծուած... այսօր ամբողջ հայութեան կողմէ ճանաչում գտած, իր անունով դպրոցներ ու փողոցներ հիմնուած տիտան մը՝  Վարուժան կենդանութեան կը մերժուէր տեղի մեծահարուստներէն. Միհրան Թաշճեան կը մերժէր անձ մը՝ որու շնորհիւ աւելի քան դար մը ետք կը յիշուի այսօր:

Պատմութեան համաձայն, Միհրան Թաշճեան 26 ամեայ Դանիէլ Վարուժանը կը հրաւիրէ իրենց տուն, իրենց աղջկան՝ Արաքսիին հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուի դասեր ուսուցանելու համար, սակայն երիտասարդ Վարուժանի սիրտին մէջ ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գան սիրոյ կայծկլտումներ: Այդ ժամանակ ո՞վ էր Վարուժան. անշուք ուսուցիչ մը պարզապէս, նման այն ուսուցիչներուն, որոնք այսօր հայ լեզուի ուսուցման համար սիրտ ու հոգի կը մաշեցնեն, սակայն կը մնան չգնահատուած ու անտեսուած: 

Վարուժան ինչպէս իր հայրենասիրական զգացումներուն մէջ, նոյնպէս սիրոյ զգացումին մէջ անկեղծ էր. Վարուժան կը սիրէր՝ առանց փոխադարձ ակնկալիքի, որովհետեւ գիտէր սէրը վաճառականութեան չի՛ նմանիր: Ժամանակ մը ետք նոյն սիրոյ գերի կը դառնայ նաեւ Արաքսի:

Արաքսի Թաշճեան նկատի ունենալով հօրը դիրքորոշումը նամակի մը ճամբով կը մերժէ մեծ բանաստեղծին սէրը, որուն դիմաց Վարուժան 17 մայիս 1910 թուականին գրած իր մէկ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «դուն ազատ ես սիրել կամ չի սիրել ինձ. այժմ, որ չես սիրեր, ես քեզ հանդարտ կը ձգեմ ընդմիշտ եւ ոեւէ կերպով այլեւս իրաւունք չունիմ հետապնդել քու սէրդ ասկէ վերջ: Մնաս բարով. սէրը զոյգ մը ծաղիկ է, դուն քուկդ խամրեցիր, ես իմս կը ծածկեմ վիհին մէջ սիրտիս»:

Այս նամակին վրայ աւելի քան երկու ամիս Վարուժան իր խոստումին տէրը դառնալով հեռու կը մնայ Արաքսիէն. Արաքսիի հայրը՝ Միհրան կ՚որոշէ Արաքսին կնութեան տալ այլ առեւտրականի մը զաւկին՝ առաւել նիւթապէս ապահով վիճակ մը ստանալու ակնկալիքով:  Այդ միջոցին Արաքսին կը գրէ  նամակ մը, որուն մէջ կ՚ըսէ. «ոչ ո՛ք զիս կրնայ բաժնել զիս իմ սիրած ու պաշտած Վարուժանէն»: Այս նամակին դիմաց Վարուժան 14 յուլիս 1910 թուակիր իր նամակին մէջ կը գրէ Արաքսիին.- «միակ միջոցն է փախուստը, միւս բոլոր օրինական միջոցները ի դերեւ ելած են հօրդ քով ու քու մօտաւոր ազգականներուդ քով. որ քեզ ուզած են այդ երիտասարդին տալով՝ շահեր ապահովել։ Նախ ըսէ. 1) հաւա՞ն ես փախչելու, 2) միջոցներ ունի՞ս։ Կ՚իմանանք, որ ձեր պարտէզէն դուռ մը ունիք, որ փողոցին վրայ կը բացուի. գիշեր մը (յետոյ ժամը կ՚որոշենք), այդ տեղ կրնա՞ս գալ եւ սպասել, որ քեզ մէկը (ես կամ ուրիշ մը) փոխադրէ կառքի մը մէջ, եւ մենք կ՚երթանք արդէն՝ ուր որ ծրագրուած է եւ հոն կը պսակուինք։ Ահա միակ միջոցը, ամէն ինչ անօգուտ է ասկէ զատ, զի ծնողքդ ողորմելի խորհողներ են, մեր ոճրագործները եւ ուրիշներուն շահերուն գործիչները, որոնք կարծես քեզ երդուեր են ծախել». երիտասարդ բանաստեղծը իր նամակը կը վերջացնէ «Համբուրելով արցունքոտ աչքերդ, համբուրելով սիրտդ, որ ինծի համար համայն տիեզերքին արեւն է» տողերով:

Վարուժան փախուստի ծրագիրը կեանքի չի կոչեր. Արաքսիին սիրոյ յաւիտենական խոստումի նամակը ցոյց կու տայ հարուստ փեսացուին, որ տեսնելով երկուքին միջեւ եղած սէրը կ՚որոշէ հրաժարիլ ու այսպիսով ամէն դժուարութիւններով ու զրկանքներով Վարուժան կը միանայ իր սիրոյն, որուն վայելքը կ՚ունենայ միայն չորս տարի... ու այդ սէրը սիրտին մէջ 31 տարեկանին կը դառնայ անմահութեան ճամբորդ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԵՍՐՈՊ ՃԱՆԱՇԵԱՆ
(1908-1974)

Մեր թուականէն 48 տարիներ առաջ՝ 13 ապրիլ 1974-ին Վենետիկի մէջ մահացած է գրականագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ խմբագիր Մեսրոպ Ճանաշեան:

Ճանաշեան ծնած է 11 յունուար 1908 թուականին, Անգարայի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած Վենետիկ, ուր դարձած է Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի աշակերտ: Այնուհետեւ ուսումը շարունակած է Մխիթարեան միաբանութեան դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1927 թուականին: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Հռոմի Ա. Անսելմոսի անուան համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժին, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1931 թուականին:

Ճանաշեան աւարտելէ ետք փիլիսոփայութեան ուսումը նոյն համալսարանէն ներս հետեւած է Աստուածաբանութեան դասընթացքներու, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1935 թուականին: Ճանաշեան 1931 թուականին դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ. համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Փարիզ եւ որոշ ժամանակ զբաղած է ուսուցչութեամբ՝ տեղի հայկական վարժարաններէն ներս: Վերադառնալով Վենետիկ 1939-1942 թուականներուն եղած է Վենետիկի վարժարանի տնօրէն. 1942 թուականին եղած է Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հրատարակուող «Բազմավէպ» հանդէսի խմբագիրը, իսկ 1955-1969 թուականներուն վարած է տպարանապետութեան պաշտօնը: Վերոյիշեալ պաշտօններու կողքին Ճանաշեան զբաղած է նաեւ ուսումնասիրութեամբ ու գրականութեամբ. 1953 թուականին հրատարակած է իր «Հայ գրականութեան նոր շրջանի համառօտ պատմութիւն» մեծածաւալ աշխատանքի առաջին հատորը, որուն յաջորդած են «Սայաթ Նովա», «Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի շարականները», «Լորտ Պայրըն Սուրբ Ղազարի մէջ» աշխատութիւններն ու ուրիշներ:

Ճանաշեան առանձին գրքոյկներով հրատարակած է իր «Փշրուած քնար», «Հոգետաւի», «Մեսրոպական», «Լուսաղբիւր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022