ԱՆԱՍՈՒՆԻ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչքա՜ն պիտի ուզէի առտու մը արթննալ այն աղջիկներուն, ինչու չէ նաեւ տղոց նման, որոնց համար արեւածագը նոյնիսկ բաւարար է լաւատեսութեամբ լեցուելու եւ թեթեւ ու անհոգ ձեւով դուրս գալու իրենց անկողիններէն: Մեր շուրջ կ՚ապրին երանելիներ, որոնք ամէն բան լաւատես աչօք տեսնելու առաւելութիւնը ունին եւ վստահ եղէք այդ լաւատեսութիւնը նիւթական ապահովութեան հետ ալ կապ չունի ընդհանրապէս. անոնք լաւատես եւ ուրախ զգալու համար ընդհանրապէս պատճառի ալ կարիքը չունին:

Լաւատեսութիւնը հայուն հա-մար ինչքանով ի զօրու բան մըն է՝ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ արեւմտահայ գրող Ռուբէն Զարդարեան իր ճառերէն մէկուն ընթացքին կը սխալի, ըսելով թէ «լաւատեսութիւնը արդէն հայուն նկարագրին գլխաւոր գիծը կը կազմէ»: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ Ռուբէն Զարդարեան իր այդ ճառին մէջ կ՚ըսէ. «հայ լաւագոյն գրագէտները լաւատեսներ են եղած», որովհետեւ մեր գրականութիւնը, մեր վէպերը, մինչեւ իսկ մեր երգերը տխրութեան, թախիծի, յոռետեսութեան աղբիւր եղած են. մեր գլուխ գործոց վէպերը մի՛շտ արցունքով, թախիծով վերջ գտած են. մեր լաւագոյն բանաստեղծներու գործերը եղած են բաժանումի եւ թախիծի երգերը. ազգ մը ամբողջ հասակ առած է «Մնաս բարով»ով, «Հրաժեշտ»ով, Նար-Դոսի «Մահ»ով, Շիրվանզատէի «Քաոս»ով, «Կեանքը ինչպէս որ է»ով ու բազմաթիւ ուրիշներով՝ որոնք լաւատեսութեան թշնամին են պարզապէս:

Հետաքրքրական է սակայն, որ Գրիգոր Զօհրապ իր «Օրագրութիւններ» աշխատութեան 15 յունուար 1914 թուականի օրագրութեան մէջ կ՚ըսէ. «լաւատեսութիւնը ամբարտաւանութեան հասցնելը հայոց տրուած է». թէ՛ Զօհրապ եւ թէ՛ Զարդարեան կ՚ենթադրեմ նկատի ունին առանց հիմքի ու գործի սին լաւատեսութիւնները, որոնք մինչեւ օրս կարելի է լսել. ձեզմէ ո՞վ ղեկավարի մը բերնէն լսած չէ՞ «կա՛նք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» մը, «դարերու ընթացքին մեծ պետութիւններ կործանեցան սակայն հայը իր գոյութիւնը շարունակեց» մը, ձեզմէ ո՞վ չէ խաբուած երբեք բարոյական յաղթանակով մը. մինչեւ իսկ վերջին Արցախի պատերազմին ծնունդ առաւ լաւատես այն փիլիսոփայութիւնը, որ «մինչեւ չըսես պարտուած եմ՝ չես պարտուած»: Պոլսահայ գրող եւ հրապարակագիր ու խմբագիր Արշամ Տատրեան այս լաւատեսութիւնը կը կոչէր «անասունի լաւատեսութիւն», որովհետեւ այդ բոլորը անգիտակից լաւատեսութիւն մըն էր:

Մեր անիմաստ «կեցցէ՛»ները, մեր անգիտակցութեան մեծագոյն փաստերն են. Արցախեան պատերազմի ժամանակ հաւատալով լրատուական տեղեկութիւններուն՝ բոլորի՛ն բերանն էր «յաղթում ենք» բառը. ժողովուրդը համոզուած էր, թէ հայկական բանակը մեծ յաղթանակներ կը տանի եւ ժողովուրդը կուրաբար կը հաւատար այդ բոլորին:

Այո՛, ճիշդ է որ «կա՛նք», սակայն ի՞նչն է ապահովագրութիւնը, թէ «պիտի լինենք». չէ՞ որ վերջապէս այդ «պիտի լինենք»ը խօսքէն անդին գործով մը պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ: Ինչքա՜ն կ՚ուզէի այդ արեւածագին լաւատեսութեամբ արթնցողներուն լաւատեսութիւնը ունենալ՝ ի դիմաց մեր արժէքներու մայրամուտին. այսօր եթէ մեր մէջ գոյութիւն ունենան լաւատեսութեան խօսնակներ, կրնաք վստահ ըլլալ, որ անոնք կա՛մ ղեկավար են եւ կամ ղեկավարներէն շահեր կ՚ակնկալեն, որովհետեւ ամէ՛ն մարդ իր մեղքը ծածկելու համար խորհրդաւոր ու անհասկնալի լաւատեսութիւն մը կը փորձէ սերմանել իր շուրջ: Այսօր կուսակցութեան մը ղեկավարը կը համարձակի՞ ըսել, որ սկսած ենք տկարանալ. մեր երիտասարդները սկսած են հեռանալ մեր շարքերէն. երկիրի մը ղեկավարը կրնա՞յ ըսել, թէ ժողովուրդը այսօր աղքատութեան մէջ կը թաւալի. մեր ազգը նմաններուն արտայայտութիւնները այս օրերուն հասցուցին. անիմաստ ձեւով դարեր շարունակ հայուն սորվեցուցին «յաղթանակ», «պայքար», «մարտահրաւէր» եւ այլ բառեր՝ որոնք լաւատեսութեան սիւները կը կազմեն, սակայն լոկ խօսքով ապրեցաւ հայը այդ բոլորը:

Թող հասնի ընտրութեան շրջանը եւ լսեցէ՛ք լաւատեսութեան ստախօսութիւնները. ըստ այդ սուտերուն ամէ՛ն բան լաւ պիտի ըլլայ, երկիրը տնտեսապէս պիտի յառաջդիմէ, բոլոր երիտասարդները յանկարծ գիտակից պիտի դառնան, կրթութիւն ստանան եւ մի քանի տարիներ ետք Հայաստանը մրցակից պիտի դարձնեն եւրոպական երկիրներու։ Լաւատեսութիւններով մոլորուող մեր ժողովուրդը չկշտացա՞ւ այդ խօսքերէն: Առաջին Քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալով «գործով եւ ո՛չ խօսքով» հասկացողութիւնը երբեք չունեցանք։ Մեզի համար լաւագոյն լաւատեսութիւնը այսօր առանց «պիտի»ի ըսուած խօսքերն են, որովհետեւ կարօտը ունինք գործը խօսքի վերածողներուն, քան խօսքով սին սին յոյսեր տուողները:

Մեր գոյութիւն չունեցող լաւատեսութիւնն է, որ մեզ ազգովին դէպի անդունդ պիտի գլորէ, որովհետեւ սեփական շահերու համար սին լաւատեսութիւնով սնուիլը կը նմանի մահացու այն հիւանդին, որ մահամերձ ըլլալով հանդերձ տակաւին երկա՜ր դարեր ապրելու յոյսով կը սնի:

Մահամերձ հիւանդներ վերջին փորձ մը կ՚ընեն կեանքին կապուած մնալու, սակայն իրականութիւնը կը մնայ իրականութիւն. անոնք դառնան հողին՝ ուրկէ եկած էին. մեզ այդ հիւանդի լաւատեսութեան փոխարէն լուրջ բժշկական միջամտութեան կարիքը կայ՝ որ պայմանաւորուած է գործով եւ ազգին շահերով եւ ո՛չ սեփական շահերով:

Թող լաւատես մըն ալ մենք ըլլանք, յուսալով որ պիտի ծնի սերունդ մը՝ որ այս բոլորը պիտի յեղաշրջէ՝ դէպի լաւատեսութիւն եւ ո՛չ կործանում:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -217-

Աշխատանքի վայրը երիտասարդ տղայ մը կը ճանչնամ, որուն ամէ՛ն օր կը հարցնեմ. «ինչպէ՞ս ես» մը եւ կը ստանամ նոյն պատասխանը. «Այն օրը որ կը շնչեմ՝ լաւ չեմ»: Սակայն հակառակ այս դժբախտ հաստատումին, օրական դրութեամբ կը շարունակեմ հարցնել եւ պիտի շարունակեմ՝ յոյսով օր մը լաւ պատասխան մը ստանալու համոզումով:

Սակայն իր իսկ վկայութեամբ դժբախտ դէպք մը չէ ունեցած. Նիւթապէս ապահով, ընտանեկան գետնի վրայ սիրուած, տուն ու տեղ, մեքենայ ունեցող. ինք իսկ կը վկայէ, թէ բողոքելու ո՛չ մէկ պատճառ ունի, սակայն այն օրը որ կը շնչէ՝ լաւ չէ:

Կա՞յ աւելի ահաւոր բան՝ քան յոռետես ու յուսահատ նոր սերունդ մը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023