ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
«Գիտութիւն սիրողը իր սխալները կ՚ընդունի. յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։
Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց այն որ կ՚ատէ յանդիմութիւնը եւ կը մերժէ ամէն քննադատութիւն, հեռու կը մնայ գիտութեան բարիքներէն եւ անշուշտ իմաստութենէ։ Այս իմաստով, «Բարի մարդը Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ, բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 2)։
Խոհեմութիւնը առաքինութի՛ւն է։ Խոհեմութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր ճշմարիտ «բարի»ն եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։ «Խորագէտը կը հսկէ իր քայլերուն» (ԱՌԱԿ. ԺԴ 15), կ՚ըսէ Առակախօսը։ Իսկ Պետրոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Եղէ՛ք զգաստ եւ ժուժկալ աղօթքին համար» (Ա ՊԵՏՐ. Դ 7)։ Եւ Յիսուս կը պատուիրէ խորագէտ ըլլալ եւ կ՚ըսէ. «Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս» (ՄԱՏԹ. Ժ 16)։
Խոհեմութիւնը «ուղիղ կանո՛նն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, Արիստոտէլէն ետք։
Խոհեմութիւնը, ըստ էութեան չի շփոթուիր ո՛չ երկչոտութեան կամ վախին հետ, ո՛չ ալ երկդիմութեան եւ ծածկամտութեան հետ։ Ան կոչուած է «առաքինութիւններու ռահվիրայ», քանի որ ան կ՚առաջնորդէ միւս առաքինութիւնները, զոր օրինակ, արդարութիւնը, զօրութիւնը, ժուժկալութիւնը, մատնանշելով անոնց կանոն եւ չափ։
Խոհեմութիւնն է որ կ՚առաջնորդէ անմիջաբար խղճմտանքի դատողութիւնը։ Խոհեմ մարդը իր ընթացքը կ՚որոշէ եւ կ՚ուղղէ այս դատողութեան համեմատ։
Շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան՝ մարդը անսխալ կը գործադրէ բարոյական սկզբունքները առանձնայատուկ պարագաներուն մէջ եւ կը յաղթահարէ տարակոյսները՝ կատարելիք բարիին եւ զգուշանալիք չարին մասին։
Առ այս՝ մարդը կը ջանայ մեկնաբանել փորձառութեան տուեալները եւ ժամանակի նշանները շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան, շնորհիւ խոհական մարդոց խրատներուն եւ Սուրբ Հոգիին եւ Անոր պարգեւներուն օգնութեան։
Արդարեւ խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Կեանքին առաջին տարիներէն իսկ, ան կը զարթուցանէ մարդը դէպի ճանաչումը եւ գործադրումը «ներքին օրէնք»ին, որ ճանչցուած է բարոյական խղճմտանքէն եւ այսպէս կը հաստատուի եւ կը կազմաւորուի խոհեմութիւնը մարդուս մէջ։ Այս ուղղութեամբ, «հասարակաց բարիք»ով, հասկնալու է ընկերային պայմաններուն ամբողջութիւնը, որոնք թոյլ կու տան թէ՛ խումբերուն, թէ՛ անոնց անդամներուն իւրաքանչիւրին հասնիլ իրենց կատարելութեան աւելի ամբողջական եւ աւելի հեշտ կերպով։ Հասարակաց բարիքը կը շահագրգռէ բոլորին կեանքը։ Ան կը պահանջէ իւրաքանչիւրին խոհեմութիւնը եւ դեռ աւելի խոհեմութիւնը անո՛նց՝ որոնք կը վարեն «իշխանութեան պաշտօն»ը։ Հասարակաց բարիքը կը բովանդակէ մարդու անձին յարգանք, ընկերային բարեկեցութիւն եւ բարգաւաճում, եւ խաղաղութի՛ւն։
Մարդոց իրարմէ կախումը հետզհետէ կը սաստկանայ։ Ան տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելող արարածները, «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը յառաջ կը բերէ։ Հասարակաց բարիքին ուղղուած է միշտ դէպի յառաջդիմութիւնը անձերուն։ Ուստի իրերու, առարկաներու կարգը պէտք է ստորադասուի անձերուն կարգին, եւ ո՛չ թէ հակառակը։ Այս կարգը իբր հիմ ունի ճշմարտութիւնը, կը կերտուի արդարութեան վրայ եւ կը կենսագործուի սիրոյ մէջ, ինչ որ կը պահանջէ խոհեմութիւն։
Արդարեւ ամէն մարդ կոչուած է խոհեմութեան։ Քրիստոս տիպա՛րն է խոհեմութեան։
Խոհեմութիւնը կը ծաղկի բարեկամութեան մէջ։ Խոհեմութիւնը խոստո՛ւմ է կատարելութեան։ Սէրը «ձեւ»ն է բոլոր առաքինութիւններուն։ Անոր ազդեցութեան տակ, խոհեմութիւնը կը յայտնուի իբրեւ «դպրոց» մը կատարելութեան։ Ինքնատիրացումը կը սկսի խոհեմութեամբ։ Խոհեմութիւնը կը վերակազմէ, կը վերանորոգէ մարդս. ան կը տանի զայն այն «ներքին միութեան», զոր նախապէս կորսնցուցած էր անխոհեմ շարժումներով։
Խոհեմութեան առաքինութիւնը կը համընթանայ ժուժկալութեան բարոյական առաքինութեան հետ՝ որ կը ձգտի մարդկային զգայնականութեան կիրքերը եւ ախորժակները իմացականութեամբ թրծելու։
Խոհեմութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է։ Ան նաեւ պարգեւն է Աստուծոյ, «շնո՛րհք» է, պտո՛ւղ է հոգեկան գործին։ Խոհեմութիւնը կը ներկայացնէ նկրտում մը գերազանցօրէն անձնական, ան կ՚ենթադրէ նաեւ մշակութային ճիգ մը, որովհետեւ անձին կատարելութեան եւ նոյնիսկ ընկերութեան բարգաւաճումին միջեւ գոյութիւն ունի «փոխադարձ ներքին կախեալութիւն» մը։ Խոհեմութիւնը կ՚ենթադրէ յարգանքը անձին իրաւունքներուն, ազատութեան, յատկապէս «ազատ կամք»ին։
Խոհեմութիւնը ունի «աճումի օրէնք»ներ, որոնք կ՚անցնին անկատարութենէն եւ շատ յաճախ մեղքով դրոշմուած հանգրուաններէ։ Խոհեմ մարդը ինքզինք կը կերտէ բազմաթիւ եւ ազատ ընտրանքներով։ Խոհեմ անձը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն, որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ անձին «ներքին միութիւն»ը, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։ Ան չ՚արտօներ ո՛չ կրկնակի կեանք, ո՛չ ալ կրկնակի բարբառ. «Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։ Մարդ կա՛մ կ՚իշխէ իր կիրքերուն եւ ձեռք կը ձգէ խաղաղութիւնը, եւ կա՛մ անոնց ստրուկ կը դարձնէ ինքզինք եւ կ՚ըլլայ դժբա՛խտ։ Մարդուն արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ գիտակից եւ ազատ ընտրանքի մը, մղուած եւ վճռուած անձնական համոզումով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին ստիպողութեան ազդեցութեան տակ։ Մարդ կը հասնի այս արժանապատուութեան, երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, բարիին ազատ ընտրանքով, կը քալէ դէպի իր ճակատագիրը՝ ինչ որ աստուածային ծրագրին մէկ մասն է, եւ իր հնարամտութեամբ ե՛ւ խոհականութեամբ համապատասխան միջոցները կը ճարէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 10, 2020, Իսթանպուլ