ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Բ -

«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է»։

ՀԱՅԿ. ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱԾ

Երբ կը խորհրդածենք Հայերէնի՝ Հայ լեզուի մասին, հոս կ՚ուզենք յիշել Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի ամփոփ պատմականը՝ իր «Դիւրին Գրաբար» դասագիրքին սկիզբը։ Համառօտ այս կարեւոր տեղեկութիւնները մեզի կը ծանօթացնէ Հայ լեզուն՝ իր անցեալով եւ ներկայով։ Հայ լեզուի արժէքը հասկնալու համար առիթ մըն է այս ամփոփ պատմականը։ Արդարեւ, լեզուներ գիտնալ, լեզուներ խօսիլ մարդուս արժէքը կ՚աւելցնէ՝ ժողովրդական առածին համաձայն, համամիտ ենք, բայց շատ աւելի կարեւոր եւ շատ աւելի անհրաժեշտ է գիտնալ եւ խօսիլ ի՛ր իսկ մայրենի լեզուն՝ այն ինչ որ իր սեփականն է, իր արժէքն է, իր ինքնութիւնը կազմող եզր մըն է։ Մարդ երբ իրեն պատկանածին յարգը չգիտնայ, արժէքին չանդրադառնայ, չիւրացնէ, ապա ի՞նչպէս կրնայ օգտագործել «օտար»ը, տարբեր լեզուները։ Մարդ պէտք չէ օտար լեզուներ խօսելով, օտար լեզուներու հետ մտերմանալով՝ օտարանայ իր լեզուին։

Այս «մտահոգութիւն»ներով ահաւասիկ մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի համառօտ պատմականը Հայ լեզուի անցեալի եւ ներկայի մասին։

ԳՐԱԲԱՐ

«Որքան լեզու գիտէ ոք խօսել, այնքանի՛ցս եւ մարդ է նա»։

«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է»։

(ՀԱՅԿ. ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱԾ)

Գրաբարը հին հայերէնն է։ Մեր նախահայրերը այդ լեզուով կը խօսէին թէ՛ Քրիստոսէ առաջ, հայ ժողովուրդի վերջնական կազմաւորման օրերէն սկսեալ, եւ թէ՛ Քրիստոսէ ետք։

5-րդ դարու սկիզբը, օրինակ երբ 404/5 թուականին Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայկական Այբուբենը յօրինեց, անմիջապէս իր աշակերտներով միասին սկսաւ Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանել ժողովուրդին խօսած լեզուով, որպէսզի ժողովուրդը հասկնայ եկեղեցիներուն մէջ կարդացուած Սաղմոսներն ու աղօթքները եւ Աստուածաշունչէն քաղուած ընթերցումները։ Այդ թարգմանութիւնը հայերէն լեզուով գրուած առաջին գիրքն էր։ Այդպիսով, 5-րդ դարու հայերէն խօսակցական լեզուն գրի առնուելով՝ դարձաւ նաեւ գրաւոր լեզու։

Ժամանակի ընթացքին խօսակցական լեզուն փոփոխութիւններ կրեց։ Ժողովրդական խօսակցական լեզուն կամաց-կամաց սկսաւ հեռանալ 5-րդ դարուն արձանագրուած լեզուէն։ Ժողովրդական այդ լեզուն միջնադարեան մեր գրողներուն կողմէ կոչուեցաւ ռամկօրէն (այսինքն՝ ռամիկներու, գեղջուկներու լեզու)։

10-րդ դարէն սկսեալ ռամկօրէնը աւելի զարգացած իր վիճակով կոչուեցաւ միջին հայերէն։ Կարգ մը հեղինակներ, յատկապէս ժողովուրդին մօտիկ ապրող բանաստեղծներ, ժամանակագիրներ ու տաղասացներ սկսան միջին հայերէնով գրել։ Այդ լեզուով գեղեցիկ տաղերու հսկայ ժողովածուներ հասած են մեզի։ Միւս կողմէ, սակայն, պաշտօնական գրաւոր լեզուն յատուկ ճիգով մնաց միշտ նոյնը, հին հայերէնը, որ այլեւս ժողովուրդին խօսակցական լեզուն չըլլալուն եւ միայն գիրքերուն յատուկ լեզու մը ըլլալուն համար կոչուեցաւ ԳՐԱԲԱՐ, որ կը նշանակէ՝ գիրքի լեզու։

Գրաբարը իբրեւ պաշտօնական գրական լեզու կամ դասաւանդութեան լեզու՝ դեռ գործածական էր մինչեւ անցեալ դարու կէսերը, երբ կամաց-կամաց ձեւ առաւ մեր գործածած Աշխարհաբար լեզուն։

Ներկայիս մենք կը խօսինք ու կը գրենք Աշխարհաբարով։ Գրաբարէն շատ քիչ բան պահուած է մեր լեզուին մէջ։ Եթէ ուզենք Գրաբար լսել՝ պէտք է մեր եկեղեցիները երթանք, ուր անիկա կը պահուի իբրեւ պաշտամունքի լեզու։ Մենք ալ տակաւին կարգ մը աղօթքներ Գրաբարով կը սորվինք եւ Գրաբարով կ՚երգենք կարգ մը շարականներ կամ հոգեւոր գեղեցիկ երգեր («Հայր մեր», «Առաւօտ Լուսոյ», «Նորահրաշ», «Անձինք Նուիրեալք», եւայլն)։

Գրաբարը շատ գեղեցիկ եւ ականջին համար ախորժելի լեզու մըն է։ Մեր հին գրականութիւնը իր հրաշալի էջերով մեր առջեւ կը բացուի՝ եթէ որոշ չափով զայն սորվինք։ Իսկ սորվիլը բնաւ դըժ-ւար չէ, որովհետեւ, ինչպէս պիտի տեսնենք, արդի մեր լեզուն Գրաբարին շարունակութիւնն է։ Ամբողջ բառապաշարը նոյնն է գրեթէ, փոքրիկ տարբերութիւններով (ձեւական կամ իմաստային)։ Հիմնական տարբերութիւնը քերականական կառոյցն է, որուն քիչ առ քիչ պիտի ծանօթանանք։

Շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 1984
Անթիլիաս

ԶԱՐԵՀ ԵՊՍԿ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

***

Ուրեմն բացայայտ է լեզուին կարեւորութիւնը մանաւանդ մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքի մէջ։

Յաճախ ես ինծի հարցուցած եմ. կա՞յ աշխարհի վրայ ժողովուրդ մը՝ որ անծանօթ ըլլայ իր իսկ լեզուին, իր «մայրենի լեզու»ին։ Եւ գիտէ՞ք որքա՜ն ցաւալի է՝ թէ երկու հայեր երբ առաջին անգամ ծանօթանան՝ կը վարանին հայերէն լեզուով խօսելու, քանի որ մտովի կասկածի մէջ կ՚ըլլան, թէ իրենց նոր ճանչցած «հայ»ը արդեօք հայերէն գիտէ՞ թէ ո՛չ։ Եւ որքա՜ն զարմանալի է հայու մը հարցնել.- Հայերէն գիտե՞ս, հայերէն կը խօսի՞ս…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 8, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2020