ԱՆԳԹԱՆԱԼ ԵՒ ԳՈՐՈՎԻԼ

Յայտնի՛ է, որ մարդ արարածը զգացում մը ունի. եթէ կրնայ անգութ ըլլալ, կրնայ նաեւ գորովագին ըլլալ՝ փոխան ատելութեան՝ սէր կ՚ընդունի։ Անէծքի տեղ աղօթք կ՚ելլէ սրտէն։ Այս առումով, ի՛նչ կը զգայ մարդ ինք, այդ է կարեւորը։ Ուստի երախտապարտ զգալու է մարդ Աստուծոյ այն ազատութեան համար՝ որ կրնայ թէ՛ անողորմ եւ անսիրտ ըլլալ, եւ թէ գորովագութ եւ սիրազեղ։ Ասիկա, ըստ էութեան, որքան կամքի, նոյնքան խղճի ազատութեան հարց մըն է։

Մարդ ինքզինք ուրախ կը զգայ այն ազատութեան համար, որ ինք կը վայելէ։ Մարդ գիտակցութիւնը կ՚ունենայ Աստուծոյ սիրոյն, նախախնամութեան, գթած եւ ողորմած բնաւորութեան։ Եւ երբ մարդ գիտակցութիւնը կ՚ունենայ Աստուծոյ բնաւորութեան, Աստուած Ինքն ալ սիրած կ՚ըլլայ այնպէս եւ անհունապէս աւելի մարդը՝ Իր արարածը, այլապէս մարդ ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՜վ գիտէ, ինչպիսի թշուառութեան եւ մեղքերու բանտի մը մէջ։

Այս կէտին՝ հարց մը կը ներկայանայ. անբան եւ անասուն կենդանի արարածներ մարդկային չափանիշներով եթէ բանականութիւն չունին, ըսենք՝ խելք չունին, զգացո՞ւմ ալ չունին, քանի որ բոլոր չարութիւնները խելքով կը գործուին եւ ուրեմն, անբան անասուններու մօտ «չար»ի գաղափար մը չի՛ կրնար գոյանալ։

Հապա մարդը՝ ի՞նչ պէտք է ցոյց տայ, ինչպէ՞ս կրնայ ապացուցանել, թէ անբան անասունէ մը աւելի զգայուն է։ Չէ՞ որ ան ալ յաճախ կը ծալլէ իր հոգիին թեւերը եւ կը տապլտկի «տիղմ»ի մէջ։ Աստուած սի՛րտ դրեր է մարդուս մէջը, բայց ան հրաժարելով սիրոյ այդ լուսաւոր մթնոլորտէն, կը մտնէ դժոխքի մը մէջ՝ ուր ատելութեան եւ անէծքի կրակները կը ճարճատին։ Փոխանակ Աստուծոյ հետ ապրելու, Սատանան՝ Չարը կ՚ընէ իրեն բարեկամ եւ կ՚ընդունի իբրեւ առաջնորդ եւ ուղեցոյց։

Յիսուս Քրիստոս եկաւ եւ մարդուն հոգիին թեւեր տուաւ, որպէսզի թռչունի պէս՝ իր կորստեան վիհին մէջ չմտնէ։ Բայց ի՜նչ ողբերգութիւն՝ որ կամովին կը փետէ մարդ իր այդ թեւերը եւ ինքզինք կը բանտարկէ մեղքի աշխարհի մը մէջ։

Աստուած իմաստութիւն, իմացականութիւն՝ հասկնալու կարողութիւն տուած է մարդուն լաւագոյն եւ նպաստաւոր արժէքները ընտրելու, եւ սակայն անհամար մարդիկ թռչունի խելքով՝ կը թողուն «մնայուն», «նպաստաւոր» եւ «լաւագոյն» արժէքները եւ կը նուիրուին անցաւորին՝ ժամանակաւորին։

Մարդս ստեղծագործութեան մեծագոյն հանելուկն է։ Ան «անծանօթ» մը, առեղծուած մըն է։ Ան որ ընդունակ է մինչեւ իսկ սրբանալու եւ իր աստուածային կոչումին կատարեալ ապացոյցը տալու, ինչպէ՞ս կրնայ նաեւ այնքան վատթարանայ, որ նոյնիսկ դժոխքի բնակիչներուն զզուելի դառնայ։ Երբ մարդուս ձեռքն է այս երկիրը իր դրախտը ընելը՝ եւ անոր մէջ Աստուծոյ թագաւորութիւնը հաստատելը, ինչո՞ւ համար սադայէլական՝ դժոխային եւ սատանայական միջոցներ կը հնարէ. թոյն կը խմէ եւ կը նկրտի երկիրը անապատի վերածելու եւ իր գերեզմանը ընելու։

Մարդ իմաստութեամբ եւ իմացականութեամբ օժտուած է. անոր կը վերաբերի իմաստութեամբ եւ իմացականութեամբ գործել՝ չարին եւ բարիին, վնասակարին եւ օգտակարին, մեղքի եւ սրբութեան միջեւ արդար ընտրութիւն մը ընել եւ հետեւիլ բարիին եւ հաւատարիմ մնալ իր կոչումին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023