ԱՊԱԳԱՅԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ապրող բոլոր էակներու մէջ միայն մա՛րդն է որ ունի «ապագայի գիտակցութիւն»ը, որ հետեւանքն է իր բանաւոր միակ էակը ըլլալուն։ Արդարեւ, միւս բոլոր կենդանի՝ ապրող էակները չունին վաղուան մտահոգութիւնը, այսինքն ապագայի գիտակցութիւնը։ Բայց երբ այս կ՚ըսենք, կարելի է մտածել նաեւ մրջիւններու մասին, որոնք իրենց ձմրան պաշարը կը հոգան նախապէս։ Անշուշտ հոս պէտք է զանազանել բնազդային շարժումները եւ բանաւոր, գիտակցաբար կատարուած գործերը։

Արդարեւ, ամէն եղանակ իր սեփական «լեզու»ն ունի։ Ձմեռն ալ՝ ի՛ր լեզուն։ Ուստի մարդ էակը ձմրան մտահոգութիւնը կը զգայ, եւ գիտակցաբար կը խորհի անոր մասին, երբ տակաւին ամառ է եւ շա՜տ հեռու է ձմեռը։

Երբ խօսքը ձմեռ եղանակին մասին է, ձմեռը ո՛չ միայն «լեզու» մը ունի, այլ նաեւ՝ խորհո՛ւրդ մը, որ միայն մարդն է որ կրնայ անդրադառնալ եւ թափանցել անոր։ Եւ ասիկա մարդուն բանականութեան մէկ արդիւնքն է։ Իսկ մրջիւնը չունի այդ կարողութիւնը, քանի որ ան կը շարժի բնազդով միայն։

Այս ուղղութեամբ, ինչ որ է ամրան խորհուրդը, ձմրան խորհուրդը չէ՛, ո՛չ ալ աշնանը եւ կամ գարնանը։ Մրջիւնը չունի այս գիտակցութիւնը եւ միայն՝ մա՛րդ։ Գարունը «ստեղծագործութեան խորհուրդ»ը կ՚ապրի եւ կը բացատրէ։ Աշունը բնութեան «մահերգ»ն է, թէեւ այդ մահերգը երաժշտութիւն մըն է արեւուն շեղ ճառագայթներէն գողցուած վառ գոյներու՝ ծաղկեպսակի մը նման բծախնդրութեամբ պատրաստուած։

Իսկ ամառ եղանակի խորհուրդը «կեանքի լիութեան» խորհուրդն է. երկրաւոր պատկերը՝ Աստուծոյ երկնաւոր անբացատրելի փառքին…։

Եւ այս բոլորը կը զգայ, կը գիտակցի միայն մարդ էակը՝ իր բանականութեան աստուածատուր շնորհին միջոցով։

Ձմեռը՝ ամառ եղանակի նկատմամբ «ապագայ» ժամանակ մը, շրջան մըն է. հապա ձմրան խորհուրդը ի՞նչ է…։ Անիմանալի՜, անբացատրելի՜, խորհուրդ մըն է «ձմրան խորհուրդ»ը՝ միշտ ապագայ, միշտ ակնկալուած։ Ձմեռը իր համր լեզուով, լռութեան լեզուով կը պատկերացնէ իր խորհուրդը։

Արդարեւ, չորս եղանակներն ալ բնութեան նկարչութեան արտադրութիւններն են, իրերայաջորդ եւ մէկը միւսին նկատմամբ, միշտ «ապագայ»։

Բնութեան այս հիանալի՜ նկարչութեան մէջ գարունը, ամառը եւ աշունը նկարուած են անհամար գոյներու համադրութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։ Իսկ ձմեռը կը ներկայացնէ պատկեր մը, տեսարան մը՝ որ մէ՛կ սոսկական գոյնով միայն նկարուած է։ Կարելի՞ է, եւ կամ տեսնուա՞ծ է նկարիչ մը, որ միայն մէկ գոյնով արտադրէ նկար մը, որ այնքան թովիչ գեղեցկութիւն ունենայ որքան ձմրան մէկ համայնապատկերը, որ նկարուած է միայն սպիտակութեամբ։ Ամէն տեսակ մտածումը, խելքէ վե՛ր է եւ անբացատրելի, անմեկնաբանելի՝ հանճարը այն նկարիչ-արուեստագէտին, որ կարող է իր վրձինը սպիտակ ներկի մէջ թաթխելով արտադրել ա՜յնքան հրապուրիչ, այնքան հմայական «պատկեր» մը, որքան է այդ տեսարանը, որ յունուար ամսուան մէկ օրը պարզուած է մարդկային աչերուն առջեւ՝ ամէնուրեք, ո՛ր մէկ կողմն իսկ որ նայի մարդ իր տանը պատուհանէն։

Ապագայ… ժամանակի մէջ հեռու կէտ մը… մինչեւ ո՛ւր որ հասնի մարդուս տեսողութիւնը, մղոններով տարածութեան վրայ, եւ ժամանակի եւ միջոցի անհուն տարածութեան վրայ, ահաւասիկ հասած է «ապագա՛ն» եւ երէկուան կանաչ ծառերը հարսերու նման սպիտակ շղարշներու մէջ փաթթուեր են ակնկառոյց իրենց փեսաններուն…

Ո՞վ կը հասկնայ, ո՞վ կ՚անդրադառնայ անցեալին եւ ապագային այս հրաշալի՜ տեղափոխութեան եւ ձեւափոխութեան։

Միա՛յն մարդն է, որ կ՚անդրադառնայ անցեալին, ներկային եւ ապագային իրերայաջորդ ներկայացման, միայն մա՛րդն է, որ կատարեալ գիտակցութիւնը ունի ժամանակներու փոփոխութեան եւ միայն մա՛րդն է, որ գիտակցութիւնը ունի ապագայի մը գոյութեան։

Եւ ծառերը երբ կը սպասեն իրենց փեսային, մա՛րդն է, որ կը հարցնէ. բայց ո՞վ է այդ երանելի «փեսան», որ պիտի բեղմնաւորէ այս ծառերը գարնանային «որդեծնութեան» համար։ Այս խորհուրդին միայն մա՛րդն է, որ կրնայ փորձել թափանցել, հասկնա՛լ։ Ահաւասիկ այս է, որ կը պարզաբանէ «ապագայ»ի խորհուրդը իր ամբողջութեանը մէջ։

Այո, կարելի է խորհիլ եւ հարցնել, թէ մրջիւնները նախապէս երբ կը պատրաստեն իրենց ձմրան պաշարը, արդեօք կը խորհի՞ն այս բոլորի մասին, արդեօք կը մտահոգուի՞ն ապագայի մը հոգերով։ Անոնք երբ կը հաւաքեն իրենց պաշարը, գիտակցութիւնը ունի՞ն ապագայի մը։

Մա՛րդն է, որ ունի այդ գիտակցութիւնը, քանի որ ան ստեղծուած եւ կոչուած է աշխատութեան ո՛չ միայն իր անձին համար, այլեւ՝ իր նմաններուն, եւ իր յաջորդ սերունդներուն համար։

Մարդ կոչումը ունի «երկիրը մշակելու» եւ «սերունդներ հասցնելու» եւ այս պատճառով անոր տրուած է ապագայի գիտակցութեան կարողութիւնը։ Մարդ, ուրեմն պարտաւոր եւ պատասխանատու է ո՛չ միայն իր անձին պահպանման այլ՝ իր նմաններուն նաեւ, եւ մանաւա՛նդ ապագայ սերունդներու ապահովման։ Մարդուն վստահուած է երկիրը՝ զայն մշակելու եւ տեւականացնելու եւ ան ալ իր կարգին վստահելու զայն յաջորդ սերունդներու։ Ասիկա ահաւասիկ կը նշանակէ ապագայի գիտակցութիւնը ունենալ. հոգալ եւ խնամել իր նմանները եւ հասցնել սերունդներ եւ հեռատես ըլլալ այդ մասին՝ որքան որ կարելի է…։

Երանի՜ անոնց որ իրենց հեռատեսութիւնը կրնան տանիլ շա՜տ հեռուները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 10, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019