ԵԹԷ

Բաւական երկար ժամանակ վերլուծական աշխատանք չէի կատարած. յանկարծ միտքս եկաւ Քիփլինի գրած եւ Մուշեղ Իշխանի թարգմանած «Եթէ» բանաստեղծութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ շատերու (եթէ կարդացող մնաց) ուժ եւ կորով ներշնչել: Յիշեցի, որովհետեւ մեր կեանքը եւս այսօր լեցուած է «Եթէ»ներով, որոնց կսկիծը մինչեւ օրս կը կրենք:

Մարդիկ միշտ ալ համոզուած եղած են, որ եթէ կեանքի կոչուէին եթէները, այսօր մարդկային կեանքը շա՜տ աւելի տարբեր վիճակի մէջ կը գտնուէր, գուցէ աւելի արդար, ազնիւ ու բարի:

Այդ եթէներէն մեծագոյնը դարեր շարունակ լսուած հետեւեալն եթէն է. «Եթէ երիտասարդները գիտնային, եթէ ծերեր կարենային...», որուն մենք կու տանք փորձառութիւն անունը, որովհետեւ եթէ երիտասարդները գիտնային, չէին ըներ այն սխալները, որոնց համար տարիներ ետք պիտի զղջան, իսկ եթէ ծերերը կարենային, դարձեալ պիտի չընէին այն բոլորը՝ որոնց համար հիմա է որ կը զղջան եւ այդ երկուքին բախումը՝ երիտասարդին չգիտնալն ու ծերին չկարենալն է, որ կը կոչուի կեանք, ուր մարդ իյնալով է որ քալել կը սորվի:

Կա՞յ արդեօք աշխարհի վրայ մարդ, որ իր մէջ չունենայ եթէ մը... չունենայ եթէներ, որոնք անյստակ ու աղօտ լոյս մը դնելով ներկային վրայ, կը տարուին անցեալով, մտածելով, թէ այդ եթէներէն մէկուն իրագործումը կրնար կեանքը տարբեր դարձնել:

Փողոցը քալած ժամանակ նայեցէ՛ք մարդոց աչքերուն եւ յիշեցէք, թէ անոնց մէջ կայ եթէ մը... այնպիսի եթէներ, որոնք երբեք պատասխան ու գոհացում պիտի չկարենան տալ մարդուն: Սիրոյ մէջ յուսախաբ եղող երիտասարդուհին պիտի մտածէ «եթէ չսիրէի...», զաւակը կորսնցուցած մայրը պիտի մտածէ «եթէ չի մեռներ...», առանց ուսումի ու անգործութեան մէջ տառապողը պիտի մտածէ «եթէ ուսանէի...» ու այսպէս բազմաթիւ եթէներ, որոնք դժբախտ կեանքը աւելի լաւատես մտածումներով կը փորձեն ողողել... եւ մի՛շտ կը մնան մտածում:

Քիփլինկի բանաստեղծութեան առաջին երկու տողերը կ՚ըսէ.-

«Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,

Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ»:

Բանաստեղծը յաջողութեան որպէս առաջին գաղտնիք կը յիշէ առանձնութիւնը, սեփական ուժերու հանդէպ վստահութիւնը, որովհետեւ ներկայ աշխարհը այդ է, որ կը պահանջէ: Դիտէ շուրջդ եւ պիտի տեսնես, որ ամէն մարդ հետաքրքրուած ու զբաղուած է միա՛յն իր շահերով, իր առօրեայով, ի՛ր մտահոգութիւններով եւ անոնց արդարացման համար պատրաստ է այսօր ոտնակոխել ամէն բան: Այսօր խուճապի մէջ շատ անգամ մայր մը կամ հայր մը, իր զաւակէն առաջ ի՛ր կեանքի փրկութեան մասին է, որ կը մտածէ: Մեր կեանքին մէջ չկա՛յ պահ, որ մարդիկ խուճապի մէջ չըլլան, որովհետեւ կեանք կոչուող գնացքը դադար մը չունի... անընդհատ կը յառաջանայ իր մէջէն կամաց կամաց դուրս նետելով հիները եւ ներս առնելով նորերը:

Բանաստեղծին համաձայն, պէտք է գլուխդ առաձին պահես, որովհետեւ ո՛չ ոք քու փոխարէնդ գլուխդ կը պաշտպանէ. իսկ աւելին, ո՛չ թէ միայն չեն պաշտպաներ, այլ հարուած մըն ալ իրենք հասցնել կը փորձեն անկասկած:

***

«Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,

Եթէ ուրիշներ կը կասկածին վրադ»:

Այսօր մարդոց մօտ ամենէն կարեւոր բանը կը նկատուի վստահութիւնը, որ դժուար է ձեռք բերել, սակայն շա՜տ դիւրին է կորսնցնել. մարդիկ սկսած են կարեւորել վստահութիւնը, որովհետեւ շատ աւելի վնասներ ստացած են ամենէն հարազատներէն ու «վստահելի»ներէն, քան օտարէն:

Ներկայիս գոյութիւն ունին երկու տեսակ մարդիկ. խումբ մը մարդիկ կը կարեւորեն ուրիշին իրենց մասին ունեցած կարծիքը, իսկ ոմանք կը կարեւորեն իրենք իրենց հանդէպ ունեցած կարծիքը, որ յաճախ արդար եւ յաճախ ալ կեղծուած կրնայ ըլլալ:

Հանրութեան կարծիքին ականջ տալը վտանգաւոր է, որովհետեւ ժողովուրդը ինքզինքին իրաւունք կը վերապահէ խօսիլ բոլո՛ր այն ամէնուն մասին՝ որ զինք չի հետաքրքրեր ընդհանրապէս:

Տարիներ առաջ կարդացած էի Արփիարեանի «Հաճոյքի համար» աշխատութիւնը, ուր մի քանի չարասիրտ մարդիկ «հաճոյքի համար» կը փորձեն անմեղունակ անհատի մը անունը սեւոտել՝ պարզապէս լաւ համբաւը ոտնակոխելու համար եւ կը յաջողին, որովհետեւ այսօր մարդիկ պատրաստ են չարը աւելի դիւրաւ ընդունիլ՝ քան բարին: Այսօր մարդիկ պատրաստ են կատարուած բարեգործութեան մը կասկածով նայիլ, անոր աղբիւրը գողութիւն անուանել, սակայն զրպարտուած մեղքի մը առանց փաստերու աչքերը գոց հաւատալ, որովհետեւ այդ մէկը «հաճոյք» կը պատճառէ իրենց:

Այս օրերուն բախտաւոր է ա՛յն մարդը, որ կ՚ապրի իր եւ իր անմիջական ընտանիքի անդամներուն համար, որովհետեւ եթէ շուրջինները գոհացնելու համար կեանք մը փորձենք ապրիլ, երբեք աւարտ պիտի չունենայ, որովհետեւ մարդիկ երբեք ալ պիտի չբաւարարուին, երբեք ալ պիտի չկասկածին եւ ինչքան ալ լաւ բաներ ընես, պիտի շարունակեն խոշորացոյցով նայիլ այն սխալներուն, որ ըրածդ բարիքներուն քով աղի փոշի մըն է պարզապէս:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱԲԳԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
(1849-1904)

Մեր թուականէն 173 տարիներ առաջ՝ 14 մայիս 1849-ին, Թիֆլիզի մէջ ծնած է հրապարակախօս, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ եւ Փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթոր Աբգար Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. ապա ընդունուած է Գերմանիոյ Լայպցիկի համալսարանի փիլիսոփայութեան կաճառի տնտեսագիտական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1878 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք, մինչեւ իր մահը Յովհաննիսեան որպէս կառավարիչ աշխատած է Թիֆլիզի վարկային կազմակերպութիւններէն մէկուն մէջ. 1879-1880 թուականներուն Յովհաննիսեան եղած է Թիֆլիզի հայկական թատրոնի տնօրէն:

Յովհաննիսեան 1976 թուականին Թիֆլիզի մէջ ստեղծած եւ ապա մինչեւ 1881 թուականը նախագահած է «Թիֆլիզի հայերէն գիրքերու հրատարակութեան ընկերութիւն»ը: Տպագրութեան կողքին զբաղած է գրականութեամբ. 1876-1881 թուականներուն հրատարակած է «Փորձ» հանդէսը, իսկ 1882-1898 թուականներուն՝ «Արձագանգ» թերթը, որուն մէջ «Մալխաս» գրչանունով հրատարակած է յօդուածներ ու գրութիւններ:

Յովհաննիսեան մեծ մասնակցութիւն բերած է Պերլինի համալսարանին կողմէ հրատարակուած «Հանդէս հայագիտութեան» ժողովածուներու պատրաստման գործին:

Տպագրութեան ու գրականութեան կողքին Յովհաննիսեան զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ. ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներէն հայերէնի թարգմանած է շատ մը յայտնիներու գործերը: Անոր լաւագոյն աշխատնքներէն մէկն է 1902 թուականին հրատարակուած գրող եւ հրապարակախօս Րաֆֆիի «Խաս փուշ» աշխատութեան ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ «Բիբի Շարաբանի»ի գործերը:

Հրապարակախօսը մահացած է 14 ապրիլ 1904 թուականին, Պաթումի մէջ: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 14, 2022