14 ՅՈՒՆԻՍ 1949-Ի ԱՔՍՈՐԸ

Այսօր պիտի խօսինք հայկական այլ ցաւալի իրականութեան մը մասին՝ որ կը կոչուի Հայոց Պատմութիւն. ցաւալի ո՛չ թէ իր անցեալին ունեցած ելեւէջներով, այլ իր ներկայի անյստակ ու անկանոն դրութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ո՞ր նախարարութիւնը կամ կրթական հաստատութիւնը կը զբաղի մասնաւորապէս դպրոցներու մէջ դասաւանդուող Հայոց Պատմութեան նիւթով՝ չեմ գիտեր, սակայն յստակ է, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ դասաւանդուող հայոց պատմութիւնը նոյնը չէ՛:

Հայոց պատմութեան նոյնը չըլլալը նաեւ պատճառ է գաղափարներու տարբերութեան. եւ որպէսզի այդ տարբերութիւնը յստակ ըլլայ, հետեւեալ փաստը առաջ բերեմ. Լիբանանի հայկական վարժարանները յաճախած ըլլալով թուրքը ճանչցած ենք որպէս թշնամի. սփիւռքի մէջ դասաւանդուող հայոց պատմութեան առանցքը թուրքն է. այդտեղ միայն թուրքն է, որ կը ներկայացուի. ընդհանրապէս շա՜տ քիչ բան յիշատակուած է այդտեղ ազէրիներու մասին: Երբ եկայ Հայաստան, նկատեցի, որ իրենք ոչ թէ թուրքը, այլ ազէրին է, որ որպէս թշնամի կը տեսնեն եւ կ՚ընդունին: Այս մէկը աւելի փաստեցի, երբ հայաստանցի մը առնելիք ապրանքին համար ըսաւ. «ոչինչ որ թուրքական է, հիմնականը ազէրիների գործ չլինի»:

Այս մտածողութիւններու տարբերութիւնը, մանաւանդ սերունդներու վրայ երկարող կու գայ հայը բաժնելու հայէն, որովհետեւ անոնց ստացած կրթութիւնը եւ արժէքները՝ որով հասակ կ՚առնեն, տարբեր են իրարմէ եւ այդ հսկայական տարբերութիւնն է, որ յաճախ հայը հայուն օտար կը դարձնէ եւ կը ստեղծէ «սփիւռքահայ» եւ «տեղացի հայ» հասկացողութիւնները:

Այսօր 14 յունիս է. Լիբանանի վարժարաններուն մէջ երբեւէ լսած չենք 14 յունիս 1949 թուականներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աքսորներուն մասին, որու ընթացքին Հայաստանի սահմաններէն դուրս աքսորուեցան աւելի քան 13.270 մարդ՝ մեծաւ մասամբ թուրքեր, ազէրիներ, յոյներ, ինչպէս նաեւ Դաշնակցական հայեր:

Ցաւ ի սիրտ, պատմութիւնը չէ՛ եղած արդար. անձնական հաշիւներով, հաւանաբար վախի կամ ապագայ ինքնարդարացման նկատառումներով պատմութեան շատ մը էջեր վերացած ու անյայտացած են. նոյն այդ ճակատագիրին արժանացած է նաեւ 1949-ի այս աքսորը:

Խորհրդային Միութեան անկումէն տասնամեակներ ետք, տակաւին յստակ աշխատանք մը տարուած չէ արժեւորելու եւ բացայայտելու այն դէպքերը, որոնք ի գործ դրուեցան Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին:

Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Պարոյր Սեւակի մահուան (սպանութեան) առեղծուածը. Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք արխիւներու մէջ ո՛չ իսկ էջ մը գտնուած է Պարոյր Սեւակի ունեցած ինքնաշարժի արկածին, ինչպէս նաեւ այդ արկածը իրականացնող անհատին վերաբերեալ. այդ իսկ պատճառով մինչեւ օրս հարցական կը մնայ, թէ Պարոյր Սեւակի արկածը բախտի դժբախտ խա՞ղ մըն էր, թէ ոչ ծրագրուած ոճրագործութիւն մը. գուցէ պատասխանը երբեք ալ չունենանք:

Պահ մը կրնա՞ք երեւակայել 14 յունիս 1949 թուականին Հայաստանի մէջ պատահածը. մարդիկ առանց նախապէս զգուշացում ստանալու, առանց հիմնական պատճառը գիտնալու կը ձգեն իրենց տուները եւ կ՚երթան դէպի անորոշութիւն. դէպի անյստակ ապագայ: Շատ անգամ ընտանիքի անդամներուն մէկ հոգիի դատուածութեան պատճառով ամբողջ ընտանիք մը՝ մեծով պզտիկով բռնած են այդ աքսորի անորոշ ճամբան եւ հասած այնպիսի տեղեր՝ որոնց մասին լսած անգամ չեն:

Հակառակ պատմութեան համրութեան, մի քանի գրողներ քաջութիւնը ունեցած են յիշատակելու այդ աքսորները. անոնց փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, մարդիկ առանց զգուշացում ստանալու անվերադարձ եւ ցմահ աքսորուած են Հայաստանէն, չհպատակելու պարագային 20 տարուայ ազատազրկութեան եւ տաժանակիր աշխատանքի սպառնալիքներով, որ աքսորէ մը շա՜տ շատ աւելի վատ էր: Աքսորեալներ պարտաւոր էին շաբաթը մէկ անգամ ներկայանալ իրենց աքսորավայրին մէջ նշուած զինուորական գրասենեակ, ստորագրութեամբ փաստել իրենց ներկայութիւնը այդտեղ:

Աքսորեալներ, առանց նկատի առնելու իրենց կրթութեան ու լեզուական մակարդակն ու կարողութիւնը, պարտաւոր էին աշխատիլ անտառահատման կամ գիւղատնտեսական աշխատանքներու մէջ:

Մէկ կողմէ աշխատանքի ու օրուան հաց գտնելու դժուարութիւնը, միւս կողմէ առանց մեղքի աքսորը հոգեկան դժուար պայմաններ ստեղծած էին մեր հայորդիներուն մէջ. անոնք հազար ու մէկ նամակներով կը փորձէին վերին մարմիններէն գիտնալ իրենց մեղաւորութիւնը, սակայն ինչպէս միշտ բոլորն ալ կը մնային անպատասխան:

Աքսորը հայու ճակատագիրին անբաժան մէկ մասնիկն է. վկայ Արցախի վերջին պատերազմը: Այսօր Հայաստանը լեցուն է այնպիսիներով՝ որոնք ժամանակ մը առաջ Շուշիի մէջ տուն-տեղ ունէին. այսօր անտուն թափառականներու պէս անորոշութեան մէջ կը տապալին՝ կեանքի ապահով կայան մը չունենալով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
(1927-2014)

Մեր թուականէն 8 տարիներ առաջ՝ 14 յունիս 2014-ին Լիբանանի մէջ մահացած է գրող, խմբագիր, արձակագիր, քննադատ եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեան: 

Սնապեան ծնած է 11 օգոստոս 1927-ին, Կիլիկիոյ Պիթիաս գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Երուսաղէմի ժառանգաւորաց բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1950 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ զանազան աշխատանքներով զբաղելէ եւ զանազան պարբերականներու աշխատակցելէ ետք 1962 թուականին մեկնած է Փարիզ, իր ուսումը շարունակելու Սորպոնի համալսարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1964 թուականին: Սնապեան եղած է 1962 թուականին հիմնուած «Բագին» հանդէսի խմբագրակազմի հիմնադիր անդամներէն մին, իսկ 1966-2006 թուականներուն վարած է նոյն ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը. միաժամանակ եղած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի ազգային եւ մշակութային բաժինի պատասխանատու խմբագիր:

Խմբագրութեան աշխատանքի կողքին Սնապեան երկար տարիներ զբաղած է ուսուցչութեան պաշտօնով. դասաւանդած է Այնճարի «Յառաջ», ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Սոֆիա Յակոբեան» երկրորդական վարժարանէն ներս: Սնապեան 1980 թուականին եղած է «Համազգային» բարձրագոյն կաճառի գրական ճիւղի դասախօս: Սնապեան հեղինակ է բազմաթիւ գրութիւններու, արձակներու եւ պատմուածքներու, որոնք թէ՛ մամուլի եւ թէ առանձին հատորներով լոյս տեսած են. անոր յայտնի աշխատանքներէն են «Ժամանակ չկայ», «Յեղափոխութեան համար», «Ես այդ շունն եմ», «Աղքատներու աւանդութիւնները» եւ այլ աշխատութիւններ:

Շնորհիւ իր աշխատանքներուն ու վաստակին, Պօղոս Սնապեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի», ինչպէս նաեւ «Մուսա լեռ» շքանշաններուն. գրողը 1991 թուականին արժանացած է նաեւ Մ. Նալպանտեանի անուան մրցանակին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022