ՄԱՄՈՒԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Մամուլը ընկերային աշխարհին լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նախախնամութեան մատը»։

VICTOR HUGO

Գիրք մը՝ որուն թերթերը ամէն լեզուով կը տպուին եւ կը հրատարակուին. աշխարհիս կենդանի՝ կենդանի պատկե՛րն է այն՝ ուր ամենէն բարձր խորհրդածութիւնները, ամենէն ծանր խնդիրները, քաղաքական եւ կրօնական հարցերը, փառքի եւ ազատութեան հակադրութիւնները, գանձային խնդիրները, խաղաղութիւնը, պատերազմը եւ արդարութիւնը ազատ եւ աներկիւղ վիճաբանութիւններու կ՚ենթարկուին, կը յուզուին, կը պարզուին, կը լուսաբանուին, յարմար լուծումներ կը ներկայացուին եւ բոլորն ալ մարդուս առօրեայ շահերը շօշափելով ժողովուրդին՝ մեծ դատաւորին խղճին կը յանձնուին։

Օրական թերթեր, անվերջանալի՜ աշխատութիւններ են անոնք, որոնք ամէն գիշեր կը մեռնին, ամէն առաւօտ կը վերածնին։ Եւ որոնք միշտ աւելի՛ եռանդուն, աւելի՛ անաչառ եւ երբեմն ալ խիստ լեզուով կը խօսին՝ օրուան խորհրդածութիւնը առջի օրուանին կցելով, իմացականութեան ազդ առնելով, ժողովուրդը զարթուցանելով եւ անընդհատ անոնք տեղեակ պահելով ընկերային անցուդարձէն, կազմելով առողջ «հանրային կարծիք» մը։

Օրաթերթ մը ամէն օր դարձեալ կը ծնի եւ անոր նշանաբանը կ՚ըլլայ. «Յառա՛ջ, յառա՛ջ…»։

Մարդկային մտքին արտադրած անսահման պատկե՛րն է այս, որ կը պատկերագծէ օրաթերթը իր ամբողջ անձնակազմով։ Հո՛ն է ոգիին եւ նիւթին յաւիտենական կռի՛ւը, ուր ամէն տեղ յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան իրականացումները կը տեսնուին, եւ ուր մարդկային սեռը կը քալէ՝ անհատապէս դէպի մա՛հ եւ հաւաքաբար դէպի ազատութիւն, երջանկութի՛ւն։

Եւ այս «գիրք»ը՝ որ ամէն լոյսէ օգուտ կը քաղէ, եւ որը ամէն տեսակ գիւտերով եւ գիտութեամբ կը ճոխանայ, կը զարգանայ, կ՚աճի բոլոր տարրերով՝ եւս առաւել կը բազմապատկուի եւ կը տարածուի ամէն տեղ, կը տեղաւորուի ժամանակի անհունութեանը մէջ։

Օրաթերթը կը հրատարակուի եւ բազմաթիւ անձերու ձեռքը կ՚անցնի, բազմաթիւ նայուածքներ անոր վրայ կը հաստատուին։ Թաղէ թաղ, տունէ տուն կը վազէ կ՚երթայ ան՝ բոլոր գլուխները շարժելու, բոլոր սիրտերը յուզելու, եւ ժողովուրդի եւ հաւաքականութիւններու մէջ աղէկը եւ գէշը, մոլորութիւնը եւ ճշմարտութիւնը սփռելու, վերջապէս բարին եւ բանաւորը հասարակութեան մէջ հաստատելու համար։ Ահա այս է այն իմացական եւ անընդդիմակայ զօրութիւնը, որ կրնայ բարեփոխել իրավիճակը։

«Երբ մամուլը ամէն բան ըսելու իրաւունքը ունի, պէտք է որ ամէն բան դատումով ընտրելու տաղանդը ունենան ամէն անոնք, որոնք կ՚օգտագործեն զայն։ Մամուլը ո՛րչափ համարձակ ըլլայ, ա՛յնչան աւելի կը պահանջէ որ իր ընթերցողները անդրդուելի հանճար եւ ուղիղ եւ կորովի միտք մը ունենան։ Ամէն մէկ նոր ազատութիւն՝ իբր հակակշիռ՝ նոր առաքինութիւն մը կ՚ուզէ. ամէն մէկ նոր իրաւունք նոր պարտաւորութիւն մը կը ստեղծէ եւ նոր պատասխանատուութեան կ՚ենթարկէ մարդը. մարդկային իրերու աննուաճելի օրէնքներէն մին է այս», կ՚ըսէ Chasles։

Ահաւասիկ, այս օրէնքը մարդկային ազգը դէպի յառաջդիմութիւն կը մղէ՝ բնութեան մէկ մեծ եւ անայլայլելի օրէնքն է ասիկա։

Արդարեւ, մարդ իր տեսածը կրնայ գրել, բայց լսածը գրելէ առաջ պէտք է լաւ քննէ զայն, ստուգէ լսածը, որպէսզի սխալի մը կամ սուտի մը միջնորդը չըլլայ։ Ամէն խմբագիր ի՛նչ որ կը լսէ եւ կը տեսնէ, կը հրատարակէ բնականաբար, եւ այս կ՚ընէ առարկայական մօտեցումով. իսկ իր հրատարակութեան արժէք մը տալու իրաւունքը ընթերցողներու կը վերաբերի։ Ուստի մէկ անձ մը կը շարադրէ, բայց հազար անձ կը կարդայ… միեւնոյն երգը ամէն ականջի ախորժելի չի կրնար ըլլալ։ Բայց սա անուրանալի՛ է, որ մամուլը շատ կարեւոր եւ օգտակար դեր մը ունի ընկերային կեանքի մէջ։ Ուստի չափազանցած չենք ըլլար, երբ ըսենք, թէ օրաթերթ մը մանաւանդ այնքան անհրաժեշտ է ո՛րքան հացը եւ ջուրը մարդուն ամենօրեայ կեանքին գոյատեւմանը համար։ Ի՛նչ որ է հացը եւ ջուրը մարդուս մարմնին համար, նո՛յնն է օրաթերթը անոր մտային եւ հոգեւոր կեանքին համար։

Եւ երբ խօսքը ընդհանրապէս մամուլի մասին է, այս կէտին յիշենք Վարուժան Քէօսէեանի «Պատրիարքական Աթոռի Պատմութիւնը - Իսթանպուլ, 1999» հատորէն շահեկան հատուած մը՝ ԻԴ գլխուն տակ։

«Ի դարասկիզբին (1900), տասնեւերկուքը Իսթանպուլ եւ մէկն ալ Իզմիրի մէջ լոյս տեսած Հայերէն եւ հայատառ Թրքերէն օրաթերթ, կիսաշաբաթաթերթ եւ շաբաթաթերթերը, ստորեւ կը նշենք, իրենց անուն եւ հրատարակութեանց սկսած թուականներով.

ՕՐԱԹԵՐԹ՝ ՀԱՅԵՐԷՆ

1- ԱՐԵՒԵԼՔ (1884)

2- ԲԻՒԶԱՆԴԻՈՆ (1896)

3- ՍՈՒՐՀԱՆԴԱԿ (1899)

ՕՐԱԹԵՐԹ՝ ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆ

4- ՄԱՆԶՈՒՄԷԻ ԷՖՔԱՐ (1866)

5- ՃԷՐԻՏԷԻ ՇԱՐԳԻՅԷ (1885)

ԿԻՍԱՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ՝ ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆ

6- ՄԷՃՄՈՒԱՅԻ ԱԽՊԱՐ (1884)

ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ՝ ՀԱՅԵՐԷՆ

7- ԱՒԵՏԱԲԵՐ (1855)

8- ՓՈՒՆՋ (1866)

9- ԲԻՒՐԱԿՆ (1882)

10- ԾԱՂԻԿ (1886)

11- ԼՈՅՍ (1894)

12- ՄԱՍԻՍ (8) (1900)

13- ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ (1871)

Նոյն դարասկիզբին, Իսթանպուլահայ եւ գաւառահայ վարժարաններու մէջ գործածելի տասընչորս այլ դասաւանդութեանց համար 146 դասագիրքեր պատրաստուեր են 73 այլ հեղինակներու կողմէ։ Այս գիրքերէն մէկը՝ թարգմանութիւն (օտար հեղինակ), երկուքը՝ Օսմաներէն (երկու այլ Թուրք հեղինակներու կողմէ) եւ մէկը՝ Անգլիերէն (հեղինակը անծանօթ), իսկ մնացեալը 142 այլ դասագիրքերը՝ 69 Հայ հեղինակներու կողմէ պատրաստուած էին։

Այս դասագիրքերը, Պատրիարքարանի Ուսումնական Խորհուրդէն վաւերացեալ եւ 8 փետրուար 1894-ին ալ Հանրային Կրթական Նախարարութենէն հաստատուած էին…»։

Ուրեմն, ընդհանրապէս, իր ամենալայն առումով մամուլը, եւ յատկապէս թերթը ընկերային կեանքի անհրաժեշտ պահանջքներէն է։ Արդէն մամուլի ճոխ եւ հարուստ անցեալն ալ այս իրողութեան ապացոյցն է։ Արդարեւ, Վ. Հիւկոյի խօսքը կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը՝ մամուլը լո՛յս է եւ անոր մէջ ներկա՛յ է Նախախնամութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 11, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020